ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը տարեմուտի շրջանին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ 2018 թուականը շիշլիցիները դիմաւորեցին վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքներու մասնակիցներուն համար նախատեսուած տօնական հաւաքոյթով։ Տօնածառի շուրջ համախմբուած շիշլիցի փոքրիկները Կաղանդ պապուկին ձեռամբ ստացան նուէրներ եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Բաց աստի, ակումբի բոլոր մարզիկները, մարզիչներն ու պատասխանատուները ի մի հաւաքուեցան տարեմուտի առթիւ։ Ակումբի երդիքին տակ համախմբուեցան անոնք, որոնք բարձր տրամադրութեամբ իրարու հետ բաժնեցին նոր տարի մը դիմաւորելու ուրախութիւնը։ Ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Կաղանդ պապուկի դերին մէջ էր Արտա Էրօլ։ Պատուասիրութիւնը պատրաստուած էր ակումբի տիկնանց կազմին կողմէ։

Բոլոր շիշլիցիները իրարու յղեցին բարեմաղթութիւններ։ Անոնց հասարակաց մաղթանքն էր՝ յառաջիկայ շրջանին եւս մարզակումբի միշտ վերելքի մէջ ըլլալը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018