ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

«Այսօր ցնծան երկինք ի վերուստ մեծապայծառ աւետեօք.
Եւ արարածք ամենայն զգեցան հանդերձ փրկութեան»
(Շարական Աստուածայայտնութեան)

«Այսօր երկինքը մեծապայծառ աւետիսով կը ցնծայ վերէն.
Բոլոր արարածները փրկութեան հանդերձ զգեցան»
(Շարական Աստուածայայտնութեան)

Սիրելի հաւատացեալներ,

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Յուսախաբութեան առաջնորդող աշխարհին դիմաց, մանաւանդ այսօր որքա՜ն մեծ կարիքն ունինք աստուածային զօրութեամբ զեղուն յոյսի մը եւ «ահա կոյսը կը յղանայ եւ որդը մը կը ծնի, որուն անունը կը կոչուի Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ է» (Հմձ. Մատթ. 1.23)։ Ս. Ծննդեան յիշեցումը լաւ առիթ է, որպէսզի յիշելով մեր առջեւ դրուած պատգամը՝ յոյսով ներշնչուինք ու գոհութիւն յայտնենք Տիրոջ ըսելով. «Մեծ ես դուն եւ սքանչելագործ, միակ Աստուածը դուն ես» (Սղմ. 86.10)։ Կը տեսնենք, թէ Աստուծոյ Միածին Որդին յանձն առաւ մարմնանալ, որպէսզի երկրի վրայ տեսնենք երկինքը։ Եկէ՛ք, դուք եւս դիտեցէ՛ք երկնակամարը եւ ուշադրութեամբ հետեւեցէ՛ք խաւարին մէջ շողշողացող փայլող աստղերուն, որոնցմէ մին Աստուածայայտնութեան տաղաւարին ընդմէջէն կ՚առաջնորդէ հաւատացեալներս դէպի Բեթղեհէմ։ Ցնծագին վայելե՛նք է այս հիանալի տեսարանը, որուն փառաբանական երգերով կը միանան սերովբէներ ու քերովբէներ։ Մանուկ Յիսուսի ծնունդով, ծածկեալ խորհուրդը 2018-ին եւս կը յայտնուի մեր մէջ իր աստուածային զօրութեամբ։ Հիանալի զօրութեամբ՝ անտեսանելին տեսանելի կը դառնայ ու մեր մէջ կը յայտնուի հրեշտակներու աւետիսի ձայնով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»: 

Անոնք որոնք Ս. Գիրքի ամբողջութեան մէջ չեն ըմբռնած զՔրիստոս, դժուար հարցում մըն է, թէ՝ ինչո՞ւ «Աստուած մարդացաւ եւ ծնաւ կատարելապէս»։ Պահ մը մտածենք. երկինքը կը ցնծայ երկրով, հզօրը կ՚ուրախանայ տկարով, որովհետեւ Բեթղեհէմի մէջ մարդու կերպարանքով յայտնուեցաւ Մանուկ Յիսուսը։ Ինչպէ՞ս չուրախանայ երկինքը, քանի իր թագաւորը կը յայտնուի, որպէսզի մեղաւորներ փրկութեան արժանանան ու առաջնորդուին դէպի նոյն երկինքը։ Ինչպէ՞ս չուրախանալ, քանի մեծ աւետիս մը կը հաստատէ Աստուծոյ խոստումը, թէ «Մանուկ մը պիտի ծնէր, որդի մը պիտի տրուէր մեզի» (Հմձ. Ես. 9.6)։ Աստուած՝ Ստեղծիչը, մարմին առաւ, որպէսզի մարդը, որ մեղքի պատճառաւ հեռացած էր Աստուծմէ եւ Իր Թագաւորութենէն, կրկին վերադառնար իր Հօրենական երկնային ժառանգին։ Պօղոս առաքեալի բառերով՝ «Նմանի՛նք Աստուծոյ, իբրեւ սիրելի զաւակներ եւ ընթանանք սիրով, ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց մեզ» (Եփես. 5.1)։ Ո՜վ հաւատացեալներ, «Այսօր ՏԻՐՈՋ յաղթանակին օրն է. եկէ՛ք ցնծանք եւ ուրախանանք։ Ո՜վ Տէր, եկուր փրկէ՛ մեզ. Առաջնորդէ՛ մեզ, ո՜վ ՏԷՐ» (Սղմ. 118.24-25)։

2018-ի Ս. Ծննդեան տաղաւարի տօնակատարութեան օրերուն, մենք թէ՛ շարականի բառերով պիտի միանանք երկինքի մեծապայծառ աւետիսի ցնծութեան եւ թէ՛ պիտի նշենք որոշ հանգրուաններ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ եւ Գատըգիւղի համայնքային կեանքէն ներս իւրայատուկ նշանակութիւններ ունին։

Տարուայ տեւողութեան ընթացքին, թաղիս մէջ նախ պիտի յիշատակենք Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն հոգեւորականներէն՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախ-ճանման 100-ամեակը։ 1918-ին Գատըգիւղի մէջ վախճանած այս մեծաշնորհ հոգեւորականին մասին շատեր արտայայտուած ու գրած են։ «Այն երէցները՝ որոնք լաւ վերակացութիւն կ՚ընեն, կրկնապէս արժանի թող ըլլան պատուի» (Ա. Տմթ. 5.17)։ Ս. Գիրքի խօսքերը, որպէս պատգամ կը լսենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարին եւս, քանի Բեթղեհէմի մսուրը՝ եկեղեցի է եւ փառաբանիչ հովիւներէն մին՝ Մաղաքիա Պատրիարքը։

Մաղաքիա Պատրիարք, Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան գծով աւելի քան քառասուն տարի նուիրուած է հայ ժողովուրդին։ Պիտի ուզէինք յիշեցնել Իր վախճանման սեմին Երանաշնորհ Հովուուապետին Գատըգիւղի մահուան անկողնին մէջ արտասանած խօսքը. «Տղաքս, հայ մնացէք, պատիւ է հայ ազգին համար աշխատիլ»։

Իսկ, յաջորդ յիշատակութիւնը, որ հաստատուած է Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաբերդ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, աւելի լայն հորիզոններ պիտի բանայ մեր առջեւ։ Այս տարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած է ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ տարի։ 2018-ի նախասեմէն սկսեալ, երբ Հայ Եկեղեցին՝ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միահամուռ պիտի տօնախմբէ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ տարին, Մաղաքիա Պատրիարքի վերջին շունչին մէջ յայտնուած գաղափարն ու յորդորը, պէտք է ընդունինք որպէս սրբազան կտակ ու վերածնունդի նշանաբան՝ Հայ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։

Սիրեցեալ երէցներ ու մանաւանդ երիտասարդներ,

Բաղդատելով անցեալն ու ներկան, տեսանելիօրէն պիտի զգանք, թէ դարեր անցած, անուններ եկած ու անցած, մտայնութիւններ այլակերպուած են։ Յստակ է, թէ ժամանակը փոխուած է, բայց կայ ճամբորդ մը, որ միշտ անցեալն ու ապագան շաղկապած է։ Երիտասարդ սերունդն է այդ ճամբորդը. յոյսը՝ ընդդէմ յուսախաբութեան։ Ս. Ծնունդին, Քրիստոսի ներկայութեամբ վերստին ծնելու կոչուածներս, երբե՛ք յուսախաբ չըլլանք, բաղդատելով մեր անցեալն ու ներկան։ Մեր տկար միտքերը չեն կրնար գուշակել, թէ ի՞նչ կրնայ դուրս գալ մեր ներկայ սերունդէն։ Անցեալէն մեզի հասածը, դէպի ապագայ փոխանցելու ուղղութեամբ պիտի ուզէի յիշեցնել երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքը։ Երանաշնորհ Հայրապետի արտայայտութեան մէջ տեսանելիօրէն կը յայտնուի թէ՝ քրիստոնէական հաւատքով, Աստուծոյ զօրութեան վրայ յոյս դնելով եւ հայ քրիստոնեայ ինքնութեան նկատմամբ հաւատարմօրէն սէր ունենալով ի՜նչ հրաշքներ կը կատարուին. «Եթէ մեր պարտքը կատարենք Աստուծոյ՝ Ան ալ իր բաժինը կը լրացնէ։ Մենք մեր հայրերուն հիմքերուն վրայ պատերը պատենք, Աստուած երկինքէն գմբէթը կը հագցնէ»։

Ծուլութենէ, թուլութենէ եւ տկարութենէ փրկուելու կարեւորութեան յիշեցումն է Փրկչի Ս. Ծնունդը։ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներու իրականութեան մէջ արժէքները պահպանելու եւ ստեղծելով զանոնք զօրացնելու տօնակատարութիւնն է սա։ Երբ պահպանողն ու ստեղծողը փնտռենք Փրկչի իրականութեան մէջ, պիտի զգանք, թէ Աստուծմով զօրացած հայն է միայն իր հաւատքին ու մշակոյթին պահապանն ու զանոնք փոխանցողը։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի իր շնորհները առատացնէ Գատըգիւղի ընտանիքին վրայ։ Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները։ Տիրոջ փառաւոր ծնունդը, մեր անհատական, եկեղեցական, դպրոցական, ընկերային կեանքին համար ըլլայ վերըստին ծնունդի առիթ, որպէսզի հետեւինք բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին։ Եկէ՛ք միանանք մեծն պատմաբան՝ Սուրբ Մովսէս Խորենացիի գրի առած «Խորհուրդ Մեծ» օրհնութեան շարականի բառերուն եւ յիշենք, թէ փրկութեան հանդերձը հագած ենք։ Մանուկ Յիսուսը, Բեթղեհէմի մսուրէն կ՚աղաղակէ.

Ո՜վ Եկեղեցւոյ զաւակներ, բացէ՛ք ձեր ականջները ու լսեցէ՛ք Ս. Ծննդեան պատգամը.

Ո՜վ Եկեղեցւոյ զաւակներ, կեդրոնացէ՛ք աստուածային կենսալից խօսքերուն վրայ.

Ո՜վ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ հայրեր ու մայրեր, արտօնեցէ՛ք որ Մանուկ Յիսուսը գործէ ձեր ընտանեկան յարկերէն ներս, որպէս Փրկիչ.

Շէն մնաք, պայծառ մնաք, Ձեր Տէրն ու Փրկիչը երբեք չմոռնաք. Ամէն։

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018