ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ…

«Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի,
Որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ,
Հո­վիւքն եր­գեն ընդ հրեշ­տակս՝
Տան ա­ւե­տիս աշ­խար­հի:
Ծնաւ նոր ար­քայ
Ի Բեթ­ղե­հէմ քա­ղա­քի,
Որ­դիք մարդ­կան, օրհ­նե­ցէք,
Զի վասն մեր մարմ­նա­ցաւ:
Ան­բա­ւե­լին երկ­նի եւ երկ­րի
Ի խան­ձա­րուրս պա­տե­ցաւ,
Ոչ մեկ­նե­լով ի Հօ­րէ՝
Ի սուրբ այ­րին բազ­մե­ցաւ»:

 

Մարդկութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ իր մէջ ունեցած է պապակը իրմէ վեր, իրմէ աւելի զօրաւոր էակի մը, երեւոյթի մը գոյութեան, որով ջանացած է ապահովագրել իր գոյութիւնը եւ իր ապրելուն՝ կեանքին, իմաստ ու նշանակութիւն փորձած է տալ կամ գտնել:

Այս պապակը բացառապէս նկատուած է թէ՛ բազմաստուածեան եւ թէ ալ միաստուածեան կրօններուն մէջ: Բազմաստուածեան կրօններու պարագային արդարեւ, բազմաթիւ են այն իրերը, երեւոյթները, որոնք մարդուն համար ինչ-ինչ պատճառներով դարձած են պաշտամունքի եւ մեծարանքի առարկայ: Ինչ կը վերաբերի միաստուածեան կրօններուն, ասոնց պարագային ո՛չ թէ իր մը կամ երեւոյթ մըն է պաշտամունքի առարկան, այլ՝ գերբնական էութիւն մը, զոր հրեաները Եհովա կը կոչեն, իսլամները՝ Ալլահ, իսկ քրիստոնեաները՝ Աստուած:

Քրիստոնեաները իրենց պաշտած Աստուածը կ՚անուանեն նաեւ Սուրբ Երրորդութին, այսինքն՝ Աստուածութիւն, որ երեք անձերէ բաղկացած է, որոնք կը կոչուին Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Սուրբ Հոգի Աստուած, որոնք սակայն քրիստոնէական հասկացողութեամբ հակառակ երեք անձեր ըլլալնուն, կ՚ընկալւին որպէս մէ՛կ Աստուածութիւն: Բնականաբար այսօրուան մարդու նիւթականացած տրամաբանութեան համար դժուար ըլլայ հասկնալ, ըմբռնել, եւ աւելին՝ ընդունիլ նման իրողութիւն մը: Սակայն, քրիստոնէութեան համար, որ ազատութեան, ազատ մտածողութեան, ազատ կամեցողութեան, ազատ ընտրութեան եւ այս բոլորէն աւելի եւ կարեւոր հաւատքի կրօն ու վարդապետութիւն է, իր գոյութեան երկհազարամեայ եւ աւելի գոյութեան ընթացքին, իր անխոնջ գրողներու բազմաթիւ գրութիւններով յստակ եւ մանրակրկիտ կերպով բացատրած է, կը բացատրէ եւ պիտի բացատրէ Սուրբ Երրորդութեան իսկութիւնը, եւ մարդուն կը մնայ զայն ընդունիլ կամ մերժել:

Ամէն պարագայի, նպատակս Սուրբ Երրորդութեան ջատագովութիւն ընելը չէ, այլ՝ այս օրերուն, երբ քրիստոնեայ ուղղափառ աշխարհը կը պատրաստուի նշել Քրիստոսի ծննդեան յիշատակը, պիտի ուզէի ընթերցողին հետ բաժնեկցիլ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան շարականներէն մէկուն խորհուրդը, որ մեր ժողովուրդին ծանօթ է «Խորհուրդ մեծ» անունով: Շարականի հեղինակն է մեր քերթողահայր՝ Մովսէս Խորենացին:

Պատանեկութեանս տարիներուն կը յիշեմ, թէ ինչպէս ամէն տարի Յունուար 5-ին գիշերը, Ճրագալոյցի Ս. Պատարագէն ետք, գիւղի պատանիներով եւ երիտասարդներով կազմուած մի քանի խումբերով կը շրջէինք Քեսապի բոլոր գիւղերը եւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...» շարականը երգելով կ՚աւետէինք Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը: Այդ տարիներուն, բնականաբար, շատ բան չէի հասկնար: Մեր գիւղի սովորութեան համաձայն կը մասնակցէի աւետման այդ քաղցրիկ պարտականութեան, զուտ որպէս աւանդութիւն: Հիմա, երբ արդէն այլ կերպով կը նայիմ զիս շրջապատող իրականութիւններուն, կը հասկնամ, թէ այդ տարիքին, առանց հասկնալու ի՜նչ բարդ, բայց միաժամանակ քրիստոնէութիւնը իր մէջ ամփոփող շարական մըն է, զոր համագիւղացի պատանի եւ երիտասարդ ընկեր-ընկերուհիներուս հետ երգած ենք:

Քրիստոնէութիւնը միա՛կ կրօնն է, որու գերագոյն Էակը՝ Աստուած, Իր իսկ ստեղծած արարածներուն համար աշխարհ եկած է, մարդկային մարմին, հոգի եւ միտք առած է, եւ ամենէն կարեւորը Իր արիւնը թափած է, որպէսզի փրկէ մարդ արարածը, որ Իր իսկ ձեռագործն է: Այս կէտին համար ալ քրիստոնէութիւնը շատերու համար անհասկնալի է, որովհետեւ մարդիկ շատ յաճախ չեն կրնար ըմբռնել, թէ Աստուած ինչպէս կրնայ ըլլալ, որ չարչարուի եւ Իր արիւնը թափէ... Իսկ աշխարհ եկողը Որդի Աստուածն էր, որ ծանօթ է Յիսուս, Քրիստոս, Մեսիա, Օծեալ անուններով:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականով, Մովսէս Խորենացին գեղեցիկ եւ ամփոփ կերպով բացատրած է այն մեծ խորհուրդը, որ Քրիստոսի ծնունդով պարզ կերպով յայտնուեցաւ մարդոց: Ինչպէս նշեցի վերը, մարդը միշտ իրմէ գերիվեր էակ մը կամ ուժ մը փնտռած է: Քրիստոսի ծնունդով մարդուն փնտռած այդ գերբնական էակը մարմին զգեցած երեւելի դարձաւ, եւ այդ է, որ շարականգիր Խորենացին կը նկարագրէ իր այս շարականին մէջ:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»: Մարդկութեան պատմութեան ծանօթ ենք, եւ Աստուածաշունչ Մատեանէն գիտենք, թէ ինչպէս Աստուած մարդը ստեղծելէն եւ մարդուն անհնազանդութենէն ետք, մարդը առանձին չձգեց ու չհեռացաւ անկէ, ընդհակառակը դարերու ընթացքին տարբեր-տարբեր մարդոց՝ արդար մարդիկ, նահապետներ, մարգարէներ, միջոցով առաջնորդեց մարդիկը, անոնց խոստանալով փրկութիւնը, որ պիտի իրականանար Իր իսկ ուղարկած Փրկիչին միջոցով: Իսկ այդ Փրկիչը Որդի Աստուածն էր, որու աշխարհ գալուստով այն Աստուածը, որ մինչ այդ մարդոց հետ անտեսանելի ձեւով խօսած էր, աներեւելի կերպով առաջնորդած էր, այս անգամ տեսանելի, շօշափելի կերպով էր, որ կը յայտնուէր, եւ խորհուրդը կը դառնար տեսանելի: Այս մասին էր հրեշտակներուն տուած աւետիսը հովիւներուն. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկասի Աւետարան 2.10-11). Օծեալ Տէրը՝ Աստուած: Իսկ «ծնաւ»ը անհերքելի փաստ մըն է, Աստուծոյ որպէս մարդ ծնելուն, յայտնուելուն: Քրիստոնէութիւնը ամէն տարի այս «ծնունդ»ն է, որ կը նշէ, այլ խօսքով՝ կը վկայէ:

«Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝ տան աւետիս աշխարհի»: Աւետարանական պատումներուն մէջ կը կարդանք, թէ Փրկչի՝ Յիսուսի ծնունդը աւետողները եղան հրեշտակները, իսկ առաջինը աւետիս ընդունողներուն, եղան հովիւները, որոնք աւետիսը ստանալէ ետք, հրեշտակներուն հետ միասին սկսան երգել՝ «բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկասի Աւետարան 2.14). երգ, զոր դարեր շարունակ քրիստոնեաները երգած են, կ՚երգեն ու պիտի երգեն զԱստուած փառաբանելով, խաղաղութիւն խնդրելով եւ ցանկալով, որ մարդոց միջեւ հաճութիւն՝ համերաշխութիւն տիրէ:

«Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի»: Աւետարանական պատումէն գիտենք, թէ Քրիստոսի ծնած օրերուն, Արեւելքէն երեք մոգեր եկած են, երկրպագելու համար «հրեաներու նորածին Թագաւորին» (Մատթէոսի Աւետարան 2.2): Երբ Հերովդէս լսած է մոգերուն այս ըսածը, իր մօտ կանչած է հրեայ կրօնաւորները, եւ հարցուցած է անոնց, թէ արդեօք իրականութի՞ւն է անոնց ըսածը եւ ո՞ւր պիտի պատահէր այդ ծնունդը: Անոնք ալ պատասխանած են. «Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ, որովհետեւ Միքիա մարգարէն այսպէս գրած է.- "Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք,     հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն. որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը"» (Մատթէոսի Աւետարան, 2.5-6)։ Արդարեւ, Բեթղեհէմը նաեւ ծանօթ է որպէս Դաւիթի քաղաք, որովհետեւ Դաւիթ մարգարէն-թագաւորը այնտեղ ծնած է, եւ այդ քաղաքին մէջ է, որ Սամուէլ մարգարէն զինք հրեաներու թագաւոր օծած է: Բեթղեհէմը Յուդայի բարձրավանդակի քաղաքներէն է, որ կը գտնուի Երուսաղէմէն 8 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ հարաւ-արեւմուտք:

«Որդիք մարդկան, օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ»: Այս տողով շարականագիր Խորենացին մարդկութեան օրհներգութեան կոչ կ՚ուղղէ, որովհետեւ, մանկացողը՝ մե՛զի համար մարմնացաւ, որպէսզի մեզ փրկէ: Եւ ինչքա՜ն օրհներգութիւններ ու փառաբանական խօսքեր հիւսած են Քրիստոսի հետեւորդները իրենց Տիրոջ ծնունդի մասին: Այստեղ պատառիկ մը կը ներկայացնեմ այդ գրութիւններէն, որ կը պատկանի հայոց Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոսին. «Այսօր, Հօր անմարմին Բանը կը մարմնանայ, բանական հոգիէն եւ թանձրացեալ մարմինէ միացած՝ կատարեալ միտքով, Աստուած է եւ՝ մարդ, Բեթղեհէմի մէջ վերածնած։ Այսօր, Հօր կերպարանը՝ Բանը կը թանձրանայ եւ անմատոյց լոյսէն ճառագայթելով կոյսին արգանդին մէջ բաղադրուելով կը մանկանայ, մարդկային բնութեան օրէնքին համաձայն իննամսեայ ժամանակով, քարայրին մէջ կը ծնի Աստուած եւ մարդ ըլլալով։ Անսովոր կերպով հրաշափառապէս կը խառնուին բնութիւնները, որովհետեւ Բանին աննիւթ եւ անմարմին բնութիւնը հողեղէնի նիւթական բնութեան կը միանայ մեր փրկութեան համար, որպէսզի մեր կերպարանը զգենու եւ անխառնելիները դարձեալ իրարու խառնէ»:

«Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ, ոչ մեկնելով ի Հօրէ` ի սուրբ այրին բազմեցաւ». Ան, որ երկինքն ու երկիրը չէին կրնար զինք պարուրել, հաճեցաւ խանձարուրի մը մէջ պատուելու, այս մասին է դարձեալ, որ կը վկայէ հրեշտակին տուած աւետիսը, թէ՝ «հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած» (Ղուկասի Աւետարան 2.12): Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ սահմաններ չունի, եւ իր Միածին Որդիին ծնունդը ա՛յդ մասին է, որ կը վկայէ, որովհետեւ հակառակ ծնածը ամէն ինչի ստեղծողն ու Տէրը ըլլալուն, Իր կամքով հաճած էր ծնիլ պարզ քարայրի մը մէջ, որ անասուններու համար որպէս գոմ կը ծառայէր: Այս մասին կը վկայէ այս անգամ հովիւներուն այցը «նորածին Թագաւորին»: Ղուկասի Աւետարանին մէջ արդարեւ կը կարդանք. «Հովիւները իրարու ըսին.- Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց»։

Անոնք աճապարանքով գացին եւ հոն գտան Մարիամն ու Յովսէփը, ինչպէս նաեւ մանուկը՝ մսուրին մէջ դրուած։ Այս տեսնելով անոնք Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին. «Բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային» (2.15-18):

Մարդիկ մինչեւ այսօր կը շարունակեն զարմանալ: Շատեր զարմանալէ ետք կը հասկնան ու կը զգան քաղցրութիւնը «նորածին Թագաւորին»: Ուրիշներ, իրենց զարմանքը փարատելու համար շօշափելի եւ նիւթական փաստեր կը փնտռեն, որպէսզի հաւատան, բայց աւելիով կը հեռանան եւ կը կորսուին: Ուրիշներ, կը զարմանան ու կ՚անցնին... Այս բոլորով հանդերձ փաստը կը մնայ փաստ, թէ Աստուած ժամանակի ընթացքին մարմնացաւ Իր իսկ ստեղծած մարդու փրկութեան համար: Ծնաւ պարզ պայմաններու մէջ, բայց իր ծնունդով յաւիտենականութիւն պարգեւեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին, կը հաւատան եւ պիտի հաւատան Իր այդ պարգեւին:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018