ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ հա­սա­րա­կաց ջան­քե­րուն վրայ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան Սու­րիոյ մէջ մեղմ ընդ­դի­մու­թիւ­նը խրա­խու­սե­լու, մար­զե­լու եւ զի­նե­լու շուրջ։ Ա­նոնք ար­ծար­ծե­ցին նաեւ օ­տար հայ­դուկ­նե­րու Սու­րիա ներ­թա­փան­ցու­մը կան­խե­լու նպա­տա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խնդիր­նե­րը։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Պա­րաք Օ­պա­մա բարձր գնա­հա­տան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Թուր­քիոյ կող­մէ Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն ա­պաս­տա­նած շուրջ եր­կու մի­լիոն ան­ձին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար։ Օ­պա­մա­յի շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէր նաեւ օ­տար հայ­դուկ­նե­րու դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով թրքա­կան կող­մին բե­րած նպաս­տը։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա շօ­շա­փե­ցին Ե­մէ­նի եւ Ուք­րայ­նոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ վե­րո­յի­շեալ հար­ցե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այլ խնդիր­նե­րու շուրջ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պէտք է աշ­խա­տին սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը պայ­ման­նե­րով։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015