ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՈՒ ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԻՒՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին քաղաքս պիտի այցելէ մեծ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռը։ Այսպէս, Հրաչեայ Վիլլէրի Աճառեան առաջին անգամ պիտի այցելէ Իսթանպուլ, ուր արտասովոր ու պատուական հիւր մը պիտի ըլլայ։ Ան այժմէն ոգեւորուած է՝ Սամաթիոյ մէջ իր նախնիներու բնակարանը տեսնելու սպասումով։ Հրաչեայ Վիլլէրի Աճառեան այդ պատմական թաղին մէջ զեկուցում մըն ալ պիտի ներկայացնէ իր լեզուաբան մեծ հօր մասին։

Հրաչեայ Վիլլէրի Աճառեան 1957 թուականին ծնած է Երեւանի մէջ։ Յաճախած է քաղաքի Անգլիական դպրոցը։ Նոյնաժամանակ հետեւած է ձայնասփիւռի եւ հեռասփռումի դասընթացքներուն։ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ մասնակցութիւն բերած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու՝ արժանանալով մրցանակներու։ Աւարտած է Հայաստանի Պետական փոլիթեքնիկ համալսարանը։ Որպէս լապորանտ աշխատանք տարած է նաեւ Կապի կեդրոնական ուսումնարանին մէջ։ Ապագային, որպէս աւագ ճարտարագէտ աշխատած է «Երեւան» հեռատեսիլի ժապաւէններու սթիւտիոյին մէջ, ուր եղած է նաեւ բաժնի վարիչ։ Որոշ ժամանակ գտնուած է Մոսկուայի մէջ, ուր ուսում ստացած է շարժանկարի եւ հեռատեսիլի ճարտարագիտութեան վրայ։

1992 թուականէն սկսեալ եօթ տարի պաշտօնավարած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Նոյն տարին հրաւիրուած է նաեւ Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, ուր ցայսօր կը վարէ տեսաձայնադարանի բաժինը։

Հրաչեայ Վիլլէրի Աճառեան ներակայիս կը զբաղի նաեւ ժապաւէններու եւ ձայնագրութիւններու վերականգնումով եւ թուայնացումով։ Ան միեւնոյն ժամանակ զանազան թանգարաններու համար կը պատրաստէ՝ նոր ցուցադրական ինթերաքտիւ սարքաւորումներ եւ համապատասխան նախագծեր։

Հրաչեայ Վիլլէրի Աճառեան յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսը պիտի անցընէ քաղաքիս մէջ։ Իր ժամանման ընդառաջ ան Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։

*

Հայերէնի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկուն՝ նուիրեալ եւ ականաւոր գիտնական, լեզուաբան, բառարանագիր, բարբառագէտ Հրաչեայ Աճառեանի անունը ոսկեայ տառերով գրուած է հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան պատմութեան մէջ:

Աճառեանի կազմած գիրքերը, հայոց անձնանուններու եւ հայերէնի արմատական բառարանները, անոր միւս աշխատութիւնները միշտ եղած են եւ այսօր ալ ե՛ն հայագէտներու սեղանի գիրքերը: Հրաչեայ Աճառեանի անցած դժուար ճանապարհին եւ իր կրած տառապանքներուն հայեացք մը նետելով կարելի է միայն զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս ան հալածանքներէ, բանտային նուաստացումներէ ոտքի կենալով ստեղծած է իր կոթողային գործերը՝ արհամարհելով անհանդուժողականութիւնը եւ հետապնդումներու այն միջավայրը, որ իր շուրջն էր եւ որ կ՚ակնարկէին իրեն իբրեւ դուրսէն եկած եւ լեզուներու տիրապետող լեզուաբանի: Ոչ միայն Աճառեանէն, այլ դուրսէն Հայաստան եկած այլ մտաւորականներէն Հայաստանի ժամանակի իշխանութիւնները, գիտական միջավայրի ղեկավարները խստօրէն կը զգուշանային եւ ամէն ջանք կը գործադրէին գոցելու այն ուղիները, որոնցմէ պիտի անցնէին այդ մարդիկը հայրենիքի մէջ:

Աճառեան եղած է աննկարագրելի ուժի եւ կամքի տէր մարդ: Ան յոյժ նուիրուած եղած է իր մայրենի լեզուին, անոր ուսումնասիրութեան սուրբ գործին, որ նոյնիսկ բանտին մէջ առիթ ստեղծած է աշխատելու: Այսօր, Աճառեանէն մնացած իրերուն մէջ կը պահպանուի այն կարճ մատիտը, որ ան բանտին մէջ թաքցուցած է լեզուին տակ եւ ատով գրած է բանտարկութեան օրերուն, երբ յաջողած է թուղթ գտնել:

Ծնած ըլլալով Պոլիս, Սամաթիա, Աճառեան ապրած է Ֆրանսա, Կովկաս, Պարսկաստան, ճամբորդած է հայաշխարհի բազում բնակավայրեր, ուր կարելի էր գտնել հայ խօսք, ձեռագիր, լսել հայերէն բարբառ եւ ամենայն բծախնդրութեամբ գրի առած է ամէն բան, որ հայերէնին կ՚առընչուի:

Նշանաւոր լեզուաբանը երկար տարիներ նաեւ ուսուցչութիւն ըրած է Էջմիածին, Շուշի, Թաւրիզ, Նոր Նախիջեւան, Կարին եւ այլուր։ Կարինի մէջ Աճառեան կազմած է Սանասարեան վարժարանի ձեռագիրներու ցուցակը՝ կորուստէ փրկելով հայ մշակոյթի որոշ արժէքներ։ Գաւառական ուսուցիչի թափառական դրութիւնը Աճառեանին առիթ չէ տուած հրապարակելու իր կարեւոր աշխատութիւնները:

Կեանքին վերջին մասը ան անցուցած է Հայաստանի մէջ, ուր եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, Գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ եւ այդ տարիներուն ալ հնարաւորութիւն ունեցած է հրատարակութեան տալու բազմաթիւ գործեր: Երբ ան հիւանդ էր, իր կեանքի յուշերը թելադրելու սկսած է իր միակ դստեր՝ Քնարիկ Աճառեանին, ինչպէս նաեւ՝ իր աշակերտներուն, այդպէսով կազմուած է Աճառեանի «Կեանքիս յուշերէն» հատորը:

Գիրքերէն դուրս շատ նիւթ տակաւին կը պահուի Աճառեանի դստեր որդիին՝ հայագէտին անուն-մականունը կրող Հրաչեայ Աճառեանին քով, ինչպէս նաեւ մեծ մօրմէն լսած բազում պատմութիւններ կը յիշէ թոռը, ունի լուսանկարներու, ձեռագիրներու հազուագիւտ հաւաքածոյ մը... Հակառակ որ ան աղջկայ թոռն է, բայց հայրը դէմ չէ եղած, որ որդին կրէ Աճառեան մականունը:

Սամաթիոյ մէջ, ուր ծնած է Աճառեան, այս օրերուն, սամաթիացիներու նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն Երեւանէն հրաւիրուած է Հրաչեայ Աճառեանի թոռը՝ Հրաչեայ Աճառեան: Գիտնականին նուիրուած այդ յուշ-երեկոյի ընթացքին ան պիտի պատմէ իր նշանաւոր մեծ հօր կեանքին եւ գործունէութեան մասին:

Պոլիս մեկնելէն առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը Երեւանի մէջ, աճառեանական շունչով յագեցած բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հրաչեայ Աճառեանի հետ, որ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ձայնադարանի պատասխանատուն է, եւ մեծ աշխատանք կը տանի հայոց մեծերուն առընչուող տեսանիւթերը, ժապաւէնները, ձայնային բոլոր նիւթերը պահպանելու, ժամանակակից կրիչներով փոխադրելու եւ երկարաժամկէտ պահպանելու ուղղութեամբ: Թանգարանին մէջ այդ բաժինը նաեւ անոր ուժերով ստեղծուած է:

-Պարոն Աճառեան, Դուք պիտի այցելէք այն վայրը՝ Սամաթիա, ուր ծնած է Ձեր մեծ հայրը, ի՞նչ զգացումներ ունիք այդ առումով:

-Պոլիս առաջին անգամն է, որ պիտի գտնուիմ ընդհանրապէս եւ այդ առումով հակասական են զգացումներս: Հակառակ անոր որ առաջին անգամն է, բայց շատ բան գիտեմ Պոլսոյ մասին, անցեալի մասին: Մօտ երեք տարի առաջ հեռատեսիլով ցոյց տուին Սամաթիոյ մասին վաւերական նիւթ մը, ուր ըսուեցաւ, որ Աճառեանի ապրած տունը Սամաթիոյ մէջ տակաւին պահպանուած է: Յուսամ, որ տակաւին կայ եւ կրնամ տեսնել նաեւ այդ տունը, բայց երեք տարիներ անցած են, եւ տեսաշարին մէջ ալ կ՚երեւէր, որ բարձրայարկ շէնքերու արանքը մնացած էր այդ փայտաշէն տունը, հաւանականութիւն ալ կայ, որ քանդուած ըլլայ...:

Կը խորհիմ, որ յուշ-երեկոն, որ իմ մեծ հօրս եւ զիս հրաւիրողներու նշանաւոր հայրենակիցին նուիրուած է, կը հետաքրքրէ պոլսահայութիւնը: Իմ հետս նիւթեր, գիրքեր կը տանիմ, մանաւանդ՝ Հայաստանի անկախութենէն ետք տպուած Աճառեանի բոլոր գիրքերը: Իմ ներկայացնելիք նիւթս ալ պիտի ըլլայ գիտնականի գործերուն՝ յետխորհրդային տարիներուն եղած արժեւորման մասին: Խորհրդային տարիներու աճառեանական գործին մասին շատ խօսուած է, ուստի ես կը ներկայացնեմ նոր շրջանը:       

-Անկախութենէն ետք հիմնականօրէն անտիպները տպուեցան, իսկ կա՞ն տակաւին անտիպ գործեր Հրաչեայ Աճառեանէն:

-Այո, կան, իմ քովս են անտիպները, անոնց տպագրութիւնը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց յոյս ունիմ, որ ձեւ մը կը գտնենք տպելու: Տպուածներուն ձեռագիրներն ալ իմ քովս են, տպուելէն ետք ինծի վերադարձուցած են: Մաս մը նիւթեր ալ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կան:

Պէտք է ըսել, որ Աճառեանի հիմնական գործերը տպուած են, անտիպներուն մէջ հատուկենտ բարբառներու մասին աշխատութիւններ կան, աշխատութիւն մը ունի՝ հայ արձանագրութիւններու ուսումնասիրութիւններուն մասին, որ կրկին անտիպ է: Այդ հայերէն արձանագրութիւնները ան հաւաքած է իր այցելած վայրերու եկեղեցիներուն, շէնքերուն վրայէն եւ շարուածք է, ձեռագիր ալ չէ: Աճառեանին դուստրը՝ իմ մայրս ալ չէր գիտեր, թէ անոնց ձեռագիրները ո՞ւր են:

-Ծանօթ է, որ ինչպէս Ձեր մեծ մայրը փրկած է իր նշանաւոր ամուսինին ձեռագիրներուն մեծ մասը: Այդ հերոսութիւնը ձեւով մը իր ազդեցութիւնը ունեցա՞ծ է այն նուիրումին վրայ, որ յետագային որդեգրած են ընտանիքին միւս անդամները՝ Աճառեանէն ամէն մասունք պահելու, փրկելու առումով:

-Այո, յետագային նաեւ իմ մայրս գիշեր-ցերեկ աշխատած է իր հօր ձեռագիրներուն վրայ: «Պատմութիւն հայ գաղթականութեանց» հատորը, որ անկախութենէն ետք լոյս տեսած գիրքերուն շարքին է, մայրս պատրաստած է: Մենք ամէն բան կ՚ընենք գտնելու, պահելու ամէն ինչ, որ կ՚առընչուի Հրաչեայ Աճառեանին: Դուստրս այդ մէկը կ՚ընէ համացանցի վրայ: Մեր տան մէջ իր իրերուն մէկ մասը կը պահենք, որոշներ՝ թանգարանին մէջ են... Տպագրութեան յանձնած եմ իմ մեծ մօրս՝ Սոֆիկ Աճառեանի յուշերը՝ Աճառեանի մասին, որ մօտ մէկ ամիսէն կը տպուի: Անշուշտ իմ մեծ մօրս բաժին ինկած է Աճառեանի կեանքին ամենէն դժուար շրջանը, աքսորուած է, բայց ան տոկացած է եւ նոյնիսկ կրցած է յուշերու գիրքը շարադրել:

-Դուք պարտաւորութի՞ւն կը զգաք՝ կրելով անոր անունը:

-Ես, քիչ մը տարբեր մասնագէտ եմ, գրականութեան մօտ չեմ, իմ մասնագիտութիւնս զանազան սարքերու մէջ կապի եւ ատոր կառավարման կ՚առընչուի, բայց կրելով իմ մեծ հօրս անունը, ես միշտ պարտաւորութիւններ ունեցած եմ, նախ՝ ունենալ լաւ ընտանիք, չյայտնուիլ վատ շրջապատի մէջ, լաւ երեխաներ դաստիարակել, այսօր ալ թոռնիկս նոյն սկզբունքներով կը խնամենք... Դուստրս՝ Անի Աճառեանը, ծնաւ ամենէն վատ տարիներուն, բայց ուսանեցաւ եւ այսօր գիտութիւններու թեկնածու է, կը դասաւանդէ...

-Տարիներու հեռաւորութենէն Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այն հալածանքը, որ Աճառեանի հանդէպ եղած է եւ չէ ընկճած զինք:

-Նախ այդ տարիներուն բոլոր սփիւռքահայերուն՝ դուրսէն եկածներուն, բնական չէին ընդուներ Հայաստանի մէջ: Մինչեւ 1960-1970 թուականները այդ մէկը կար, գոյութիւն ունէր, սփիւռքահայերուն տեսակ մը տարբեր մօտեցում կար: Եթէ սփիւռքահայը գիտական ասպարէզի մէջ էր, անոր գործերը գրեթէ չէին տպեր, խոչընդոտներ կը ստեղծէին: Նոյնը եղած է նաեւ Աճառեանի հետ: Ան առաջին անգամ որ եկաւ Էջմիածին, անոր այնտեղ այնքան ալ լաւ չէին ընդունած, ժամանակին նոյնը պատահած է նաեւ Կոմիտասի հետ: Միջավայրկ այդպիսին էր, մարդոց հոգեբանութիւնը այլ էր, ժամանակները այլ էին, վերապահութիւն կար այն մարդոց հանդէպ, որոնք օտար էին, ինչ ըլլալնին չէին գիտեր, արդեօք լրտե՞ս են՝ կը մտածէին եւ այլն: Աճառեանի հետ նաեւ իր ընտանիքը կրած է այդ տառապանքները, ինչպէս ըսի՝ մեծ մայրս աքսորած են, Աճառեանն ալ բանտ նետուած է... Լեզուներ գիտնալուն պատճառով բազում անգամներ հարցաքննած են, մեղադրած են չկատարած յանցանքներուն համար...

Աճառեանը մահացաւ 1953 թուականին, բայց մահէն շատ տարիներ ետք՝ 1975 թուականին, տակաւին կը շարունակուէին որոշ վայրագ քայլեր: Մեծ մայրս յանկարծամահ եղաւ, եւ Մաշտոցի պողոտային վրայ այն տունը, ուր ընտանիքը կը բնակէր, բարբարոս կերպով դատարկուեցաւ, անոր իրերը փողոց նետուեցան, քանի որ որոշ մարդիկ աչք ունէին այդ տան վրայ եւ քանի որ մենք՝ ես ու մայրս ալ արձանագրուած չէինք այդ տան մէջ, դիւրութեամբ առին մեր ձեռքէն, պետականացուցին, բայց յետագային տիրացան: Հակառակ որ որոշ իշխանաւորներու դիմեցինք եւ խնդրեցինք, որ գոնէ այն սենեակը, որ Աճառեանի յիշատակի անկիւնն էր, պահուի, խոստացան, բայց բան մը չըրին: Օր մը զիս ու մայրս կանչեցին, սուտ պատրուակով մը բանալ տուին դուռը եւ քսան ոստիկան յարձակեցան, տան իրերը, գիրքերը, պահարանները, ամէն ինչ երրորդ յարկի պատուհանէն նետեցին դուրս՝ երկաթեայ ձողերով կտրտելով: Ես ու մայրս ձիւներուն մէջէն կրցանք Աճառեանի գոնէ ձեռագիրները, գիրքերը հաւաքել, ռոյալը կտրուած էր, ատ ալ հանեցինք, յետոյ վերականգնեցինք, հիմա իմ տանս մէջ է... Մենք կոփուած ենք այդ պատմութիւններուն միջոցաւ, ոչինչ զարմանալի կը թուէր մեզի:

Ես ալ, երբ համալսարանը աւարտեցի, ինծի առաջարկեցին գործ մը լազերային ելեկտրագիտութեան բնագաւառին մէջ, բայց պայման դրին, որ դուրսի հետ կապ չունենամ: Ես չհամաձայնեցայ, որով ինչպէ՞ս կրնայի կապեր չունենալ դուրսի հետ, սփիւռքէն այնքան մարդ կար կապուած մեր ընտանիքին, Աճառեանի հետ: Անոր տան դուռը երբեք չէր գոցուեր, այնքա՜ն մարդ կու գար դուրսէն...

-Հայաստանի անկախութեան տարիները նպաստաւո՞ր եղան հայրենադարձ նուիրեալին անունը վերարժեւորելու առումով:

-Այո, անկախութեան տարիներուն բաւական գիրքեր տպուեցան, թէ՛ Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակութիւնը տպեց, թէ՛ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնն ալ ներդրում ունեցաւ, Սփիւռքի մէջ ալ տպուեցան անոր գիրքերէն: Հայաստանի անկախացումէն ետք ես ձեռք ձգեցի Աճառեանի դատապարտման փաստաթուղթերը եւ բանտային այլ թուղթեր, եւ անոնք ալ կը ներկայացնեմ Պոլսոյ մէջ իմ ելոյթիս ժամանակ: Ճիշդ է, որ այս տարիներուն Մաշտոցի պողոտային վրայ անոր ապրած շէնքին վրայէն Աճառեանի անունը կրող յուշատախտակին ամրացուած անագապղինձէ կիսանդրին գողցուեցաւ, գերեզմանէն ալ շիրմաքարին վրայի կրկին անագապղինձէ կտորը գողցած են եւ իբրեւ գունաւոր մետաղ վաճառած են, բայց միայն Աճառեանինը չէ, շատ մեծերու գերեզմաններ այդպէս վնասուած են:

-«Աճառեանը՝ բժիշկ» խորագիրը կայ այս գիրքերէն մէկուն մէջ, ան, փաստօրէն նաեւ բժի՞շկ եղած է:

-Անոր բժիշկ ըլլալուն պատմութիւնը, որքան որ ես գիտեմ, այն է, որ երբ ինք Պոլիսէն Փարիզ կը մեկնէր, այդ տարիներուն շատ դժուար էր Թուրքիայէն Եւրոպա երթալը, միայն կ՚արտօնէին բժշկութիւն ուսանելու նպատակով գացողներուն, ուրեմն Աճառեան որպէս բժիշկ կը մեկնի եւ հոն արդէն կը խորանայ լեզուաբանութեան, լեզուագիտութեան մէջ:

-Ծանօթ է, որ Սոֆիկ Աճառեան փրկած է ամուսինին ձեռագիրներուն մեծ մասը: Ինչպէ՞ս եղած է այդ մէկը:

-Ես Պոլսոյ ելոյթիս ընթացքին ալ պիտի պատմեմ ատիկա, բայց կարճ ըսեմ. Երբ Աճառեանը բանտարկեցին, անոր դուռը կնիքով գոցեցին, բայց խոհանոցէն մուտք մը կար դէպի պատշգամ, որուն դուռն ալ դէպի սենեակ կը տանէր, եւ մեծ մայրս այդ լուսամուտի փեղկէն կը մտնէ, մինչ այդ՝ լուացքի պարան մը կը կապէ, վրան լուացք կը փռէ, որպէսզի դուրսէն չերեւի, փեղկէն մտնելով ձեռագիրները կը հաւաքէ եւ Աւետիք Իսահակեանի հետ կը տանին, ընկուզենիի մը տակը կը թաղեն, ծառը չեն ջրեր, կը չորնայ, ձեռագիրները կը փրկուին: Քանի մը տարի յետոյ անոնց հիման վրայ իր մեծ գործերը տպագրուեցան: Ի հարկէ, հնարաւոր չէր ամէն ինչ սենեակէն հանել եւ շատ բաներ մեզի չվերադարձուցին, արձակ ստեղծագործութիւններ ալ ունէր ան, եւ շատ բաներ այդպէս կորսուեցան:

Ես շատ ուրախ եմ, որ նոր սերունդը այսօր արդէն վախերով չի մեծնար, աւելի ազատ է, ուզածը կը խօսի, տէր կը դառնայ իր իրաւունքներուն եւ ես մեծ յոյսեր կը կապեմ այս սերունդին, որ իրաւ արժանի է:

«ԿԵԱՆՔԻՍ ՅՈՒՇԵՐԷՆ»

ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ

Մեծ հայրս՝ կօշկակար Յարութիւնը, ռոտոսթոցի էր: Ռոտոսթօն Մարմարա ծովու եւրոպական ափին վրայ գտնուող քաղաք մըն է: Մեծ հայրս Ռոտոսթոյէն գաղթած է Պոլիս եւ հաստատուած Սամաթիա թաղը: Անոր հինգ զաւակներէն երրորդը՝ Յակոբը, իմ հայրս է:

Հայրս կ՚ամուսնանայ Ընծայ Քեմհաճեանի հետ, որ Նարլը-Գաբու թաղէն էր: Ան նախ տան-փեսայ կերթայ Քեմհաճեաններուն տունը, յետոյ եռայարկ տուն մը կը գնէ Սամաթիայի Նոր թաղը ու կնոջ հետ կը փոխադրուի հոն:

Դրացուհիները կ՚ըսեն մօրս, թէ այդ տունը սատանայ կայ, հոն բնակողները խեղդուած կը մեռնին: Հայրս կը հանդարտեցնէ կինը.

-Ես ատ սատանաները կը բռնեմ:

Կ՚երթայ, քանի մը հատ ակնատ կը գնէ եւ ննջարանի քովի սրահին մէջ կը շարէ: Գիշերը, ծնողներուս անկողին մտնելէն քանի մը վայրկեան ետք կը լսուի ակնատի դուռին աղմուկը: Հայրս կ՚երթայ նայելու եւ ձայն կու տայ մօրս.

-Եկուր տե՛ս, սատանաներէն մէկը բռնեցի:

Մինչեւ կէս գիշեր տասնեակ մը մուկ կը բռնուի: Յաջորդ գիշերները՝ նոյնպէս: Սատանաներու պատմութիւնը վերջ կը գտնէ:

Տունը ունէր ախոռ եւ պարտէզ: Հայրս ախոռը վերածեց խանութի, պարտէզն ալ նախ փրկեց վտանգէ, յետոյ ալ վերածեց բացառիկ մրգաստանի մը:

Պատմութիւնը հետեւեալն է.

Հայրս կը նկատէ, որ ծիրանները չհասունցած կը թափին: Օր մը յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընէ եւ կը տեսնէ, թէ կանաչ ճանճ մըն է պտուղներու հիւանդութեան պատճառը: Կ՚առաջարկէ դրացիներուն, որ միասին աշխատին ճանճերը ոչնչացնելու: Անոնք կ՚ըսեն, թէ ժամանակ չունին ճանճորսութեամբ զբաղելու.

-Պարապ մարդու գործ է ատիկա:

Հայրս բարակ շղարշ մը կ՚առնէ, որոշ մեծութեամբ կը կտրէ մկրատով եւ կը կապէ ծիրաններուն շուրջ: Ծիրանները կը փրկուին: Ծիրանի ծառերէն զատ պարտէզին մէջ կային կեռասի, բալի, դեղձի, նուռի, թութի, թուզի, տանձի ծառեր: Թթենիներէն մէկը տնկուած էր իմ ծնած օրս՝ Երկուշաբթի 8 Մարտ 1876-ին: Հետաքրքրական էր պատուաստուած ծառ մը, որ ունէր երեք ճիւղ՝ երեք տարբեր պտուղներով. Առաջինը՝ դեղձ, երկրորդը՝ սալոր եւ երրորդը՝ ծիրան:

Հայրս ունեցած է վեց զաւակ՝ չորս աղջիկ եւ երկու տղայ: Ես շարքին երրորդն եմ:

Իմ անունս անսովոր էր պոլսեցիներուն համար:

Կնքահայրս զայն զատած է մասնաւոր պարագաներու մէջ: Կնքահօրս տան փողոցը կը բնակէր Հրաչեայ աղա Մերկերեանը, որ պատուաւոր մարդ էր: Կնքահայրս, հաւնելով այդ անձը, կը հաւնի նաեւ անոր անունը եւ զայն կու տայ ինծի:

*

Մէկ տարեկան եղած ատենս ծանր դժբախտութիւն մը պատահած է ինծի. կուրցած եմ:

Մայրս կը պատմէր.

-Ամառ էր, քեզ գրկած՝ պարտէզը կը պտտէի: Երկար ժամանակ արեւին նայեցար՝ աչքերդ կարմրեցան, սկսար լալ: Քանի մը օր անցաւ: Դուն կուրցած էիր, բան չէիր տեսներ: Պոլիս ֆրանսացի բժիշկ մը կար: Անոր տարինք քեզ: Ամիսներով դարմանեց, բայց օգուտ մը չտեսանք: Աչքերդ գոց մնացին: Բժիշկը որոշեց բանալ աչքերդ եւ սկսաւ ձախ աչքէդ: Խոշոր, ճերմակ վէրք մը կար բիբիդ վրայ: Ֆրանսացին ըսաւ. «Ես այլեւս բան չեմ կրնար ընել: Ուրի՛շ բժիշկի տարէք»:

Տարինք Ճելալեանին: Ան գրկեց քեզ, սիրեց, յետոյ բարկացած հարցուց.

-Ո՞վ է ասոր հայրը:

Հայրս ըսաւ.

-Ես եմ:

-Ինչո՞ւ առաջ չի բերիր: Կ՚ուզես որ հիմա չբժշկե՞մ:

-Աղաչեցի, պաղատեցայ, որ այդպէս բան չընէ: Մեղմացաւ, սկսաւ դարմանել: Նախ բացաւ աջ աչքդ, տեսաւ, որ մաքուր է, առանց վէրքի: Յետոյ բացաւ ձախը եւ սկսաւ կտրտել սպիտակ վէրքը, բայց կեղեւը ձգեց: «Երեխայ է, կը շարժի, աչքը կը փճանայ,- ըսաւ,- երբ որ մեծնայ, նորէն բերէք, մնացածն ալ կը կտրեմ»:

Այս բիծը մնաց ձախ աչքիս վրայ: Եթէ աջ աչքս գոցէի եւ ձախ աչքս ծռէի, լոյս կը տեսնէի, նոյնիսկ մատներս կը հաշուէի, բայց չէի կրնար կարդալ: Մեծնալէս ետք ալ չկրցանք դիմել Ճելալեանին, որ մասնագիտութիւնը փոխած՝ այլեւս ակնաբուժութեամբ չէր զբաղեր:

Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ էի արդէն, երբ տնօրէնը օր մը ակնաբոյժ Էսմէրեանին տարաւ զիս: Այս վերջինը քննեց աչքս եւ գտաւ, թէ կարելի չէ բուժել զայն:

-Կրնանք բիբը լայնցնել,- ըսաւ,- որպէսզի լոյսը աւելնայ, ճերմակ բիծն ալ ներկենք, որպէսզի տգեղ չերեւի:

Այդպէս ալ ըրաւ:

Երկու անգամ քովը գացի: Առաջին անգամ բիբս ծակեց, երկրորդ անգամն ալ կտածեց: Այնքան լաւ ըրած էր այս գործողութիւնը, որ ներկը մինչեւ վերջ դիմացաւ:

Ամբողջ կեանքիս ընթացքին միականի մնացի ես: Բայց շատ չնեղուեցայ այս անկարութենէն: Ահագին Արմատական բառարանս, հինգ հատոր Անձնանուններու բառարանս, տասը հատոր Լիակատար Քերականութիւնս եւ բոլոր միւս գործերը մէկ աչքով գրած եմ...

(Հատուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018