ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հարուստ է աւանդութիւններով: Աւանդութիւններ, որոնք հաւատացեալներուն համար իւրայատուկ իմաստ եւ արժէք ունին: Աւանդութիւններ, որոնք հաւատացեալին համար խորհրդածելու, ինքնաքննութիւն կատարելու առիթ կ՚ընծայեն: Աւանդութիւններ, որոնք հակառակ նիւթական եւ շօշափելի կերպով կատարուելուն, սակայն իրենց մէջ կը պարունակեն հոգեւոր խոր ըմբռնումներ, որոնց նկատմամբ եթէ հաւատացեալը ճիշդ կերպով վերաբերի, կը հարստացնէ իր հոգեւոր ներաշխարհը եւ ա՛լ աւելի կը մօտենայ իր Արարիչին:
Այդ աւանդութիւններէն երկուքի մասին պիտի անդրադառնամ այս գրութեամբ. Ջրօրհնէք եւ Տնօրհնէք: Դժբախտաբար, այսօր, շատեր կը քարկոծեն Հայ Եկեղեցին յատկապէս այս երկու աւանդութիւններուն համար, զանոնք համարելով շատ ատեն հեթանոսական եւ խաբուսիկ աւանդութիւններ, որոնք մարդը կը հեռացնեն Աստուծմէ, աւելին՝ կ՚ըսեն, թէ այդ աւանդութիւնները ու սովորոթիւնները չեն կրնար նպաստել մարդուն փրկութեան: Սակայն, կոյրը ինչպէ՞ս հասկնայ, թէ լոյսը ի՛նչ է: Մարդ, որպէսզի գնահատէ իրեն տրուածը, պէտք է հասկնայ թէ ի՛նչ կ՚ուզէ։
Անցնինք աւանդութիւններուն:
ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Ջրօրհնէքը կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը: Այս ուղղութեամբ մեր Լուսաւորիչ Հայրապետը՝ Ս. Գրիգորը կ՚ըսէ. «Ի՛նք, Յիսուս, ջուրին մէջ իջաւ եւ ջուրը մաքրող ու նորոգող դարձուց: Ինք ջուրին մէջ իջաւ, երկիրին ջուրերը մաքրեց, որոնք մարդոց մեղքերուն պատճառով պղծուած էին: Արդ, Իր ոտքերով կոխելով՝ մաքրեց ջուրը, զայն սրբող դարձնելով: Եւ, ինչպէս Հոգին անցեալին ջուրերուն վրայ կը շրջէր, նոյնպէս Ի՛նք, ջուրերուն մէջ պիտի բնակի եւ պիտի ընդունի բոլորին, որոնք վերստին կը ծնին: Ինք ջորին մէջ իջաւ, որպէսզի բոլորը Հոգիին միջոցով ջուրին մէջ նորոգուելով՝ հրեշտակ դառնան: Նոյն Հոգին մինչեւ յաւիտենականութիւն բոլորը որդեգրութեան կը կոչէ՝ ջուրին միջոցով»:
Ջրօրհնէքի արարողութեան հաստատողները, ըստ աւանդութեան, առաքեալներն են, իսկ Ս. Բարսեղ Կեսարացին մշակած ու կազմած է արարողակարգը: Հայերուս մօտ, ջը-րօրհնէքի արարողակարգը հայերէնի թարգմանած ու Հայաստան բերած է Խոսրովիկ Թարգմանիչը՝ Սահակ Պարթեւ Հայրապետին հրամանով:
Աւանդութեան համաձայն, նախապէս ջրօրհնէքի արարողութիւնը մի միայն Երուսաղէմի եկեղեցիին յատուկ եղած է, եւ Երուսաղէմի եկեղեցին ջրօրհնէքը կատարած է Յորդանան գետին մէջ: Յետագային է, որ ջրօրհնէքի արարողութիւնը սկսած է տարածում գտնել այլ եկեղեցիներու ծիսական-արարողական կեանքին մէջ, որոնց կարգին նաեւ Հայ Եկեղեցին:
Անցեալին, ջրօրհնէքը ընդհանրապէս կատարուած է գետերու, լիճերու եւ ծովերու ափին, յետագային է որ ան սկսած է կատարուիլ եկեղեցիներէ ներս:
Յովհան Օձնեցի Հայրապետը ջրօրհնէքի մասին կանոն ունի. «Անհրաժեշտ է, որ ջրօրհնէքը Յայտնութեան օրը կատարուի, ջուրին վրայ Միւռոն կաթեցուի եւ աղօթքներէն ետք յիշատակուի Փրկիչին Յորդանան գետին մէջ մկրտուիլը»:
Մեր պատմութեան էջերուն մէջ գետերու ափերուն կատարուած երկու ջրօրհնէքներ արձանագրուած են, առաջինը 1022-ին, Տրապիզոնի մօտակայքը, Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսի օրով: Գետադարձ անունն ալ եկած է այդ ջրօրհնէքէն: 11-13-րդ դարերուն հայերն ու բիւզանդացիները դաւանաբանական մնայուն վէճերու մէջ եղած են: 1022-ին, Պետրոս Կաթողիկոսը բիւզանդացիներու ներկայութեամբ կատարած է ջրօրհնէքի արարողութիւնը գետի մը ափին: Բիւզանդացիները, նենգամտաբար Պետրոս Կաթողիկոսի եւ իր ընկերակիցներու կանգնած տեղէն աւելի ներքեւ կանգնած են, որպէսզի հայերու օրհնած ջուրը անգամ մը եւս օրհնեն, որով մտադրութիւն ունեցած են անարգել հայոց կաթողիկոսին կատարած ջրօրհնէքը: Եւ, ըստ աւանդութեան, Պետրոս Կաթողիկոսին ջուրը օրհնելէն ետք գետը կանգ առած է եւ հակառակ ուղղութեամբ սկսած է հոսիլ: Այս դէպքին հետ կապուած է նաեւ Պետորս Կաթողիկոսի Գետադարձ ածականը: Երկրորդ պատմական ջրօրհնէքը, որ արձանագրած է մեր պատմութիւնը, այս անգամ Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքին մէջ կատարուած, 1211-ին: Այս ջրօրհնէքին ներկայ եղած է Լեւոն Բ. մեծագործ թագաւորը:
Ջրօրհնէք, երկու բառերէ կազմուած է, ջուր եւ օրհնել, այսինքն՝ ջուրը օրհնել: Ջրօրհնէքը եկեղեցական արարողակարգին մէջ մտած է: Երկու տեսակի ջրօրհնէք կայ. առաջին՝ մեծ կամ գլխաւոր, որ կը կատարուի տարին մէկ անգամ՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստ-ւածայայտնութեան տօներուն առիթով: Երկրորդը, մեծ սուրբերու տօներուն առիթով եւ տուներու մէջ:
Ջրօրհնէքի բաղադրիչներն են, ջուր, Ս. Խաչ, Ս. Միւռոն: Ըստ աւանդութեան՝ իւրաքանչիւր ջրօրհնէք պէտք է ունենայ իր կնքահայրը, որ տուեալ տարուան ընթացքին կը դառնայ տուեալ եկեղեցիին գլխաւոր օժանդակողը:
Ջրօրհնէքը ներկայիս կը կատարուի Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին: Ջրօրհնէքի արարողութեան ժամանակ սուրբ գրային ընթերցումներ եւ աղօթքներ կը կատարուին, շարականներ կ՚երգուին, կ՚արտասանուի Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին գրած «Յամենայն ժամ» քարոզը, ինչպէս նաեւ Ս. Միւռոնը աղաւնիի մէջ դրուած կը բերուի արարողութեան նախագահող հոգեւորականին, որ իր հերթին Ս. Միւռոնը կաթիլ առ կաթիլ կը կաթեցնէ ջուրին մէջ: Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները օրհնուած ջուրէն իրենց հետ կը տանին իրենց տուները: Անոնք, որոնք հաւատքով կը մօտենան օրհնուած ջուրին, իրենց հաւատքին համաձայն ալ պատասխան կը ստանան Աստուծմէ: Այն հիւանդները, որոնք հաւատքով կը խմեն իրենց բերուած օրհնուած ջուրը, կ՚առողջանան իրենց հիւանդութիւններէն: Հաւատքով, որովհետեւ առանց հաւատքի այդ ջուրը սովորական ջուրի կը վերածուի, բայց երբ հաւատքով կը մօտենայ, այդ պարագային այն օրհնութեան կը վերածուի իր կեանքին մէջ:
Այստեղ հատուածներ կը ներկայացնեմ Ս. Բարսեղ Կեսարացիի գրած ջրօրհնէքի աղօթքէն.
- «Օրհնեալ ես ամենակալ եւ ամէն բանի մէջ հզօր ու սքանչելագործ Աստուած, որ աննիւթ եւ անպատրաստ խաւարային անդունդէն ստեղծեցիր երկինքը, երկիրը եւ ծովը, եւ քու հոգիդ կը շրջէր ջուրերուն վրայ»:
- «Կենդանի Աստուած, որ ոչինչէն սկիզբ առնելով, նախիշխանութեամբ բոլոր եղածներուն սկիզբը եղար, բոլորին գոյանալ պարգեւեցիր եւ ամէն բան ստեղծեցիր»:
- «Աղաւնիի նմանութեամբ Քու Ս. Հոգիդ տեսնելով Նախակարապետն ու Մարգարէն, աղաղակեց ըսելով. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքերը կը վերցնէ»»:
- «Հիմա՛ եւս, բարերար Տէր, Ս. Հոգիիդ շնորհքները ղրկէ այս ջուրին, եւ Քու աներեւոյթ Աջով եւ ամենայաղթ Խաչիդ զօրութեամբ օրհնէ՛ † զայն: Քու շնորհքներդ տուր այս ջուրին, որպէսզի բոլոր խմողները իրենց հիւանդութիւններուն բժշկութիւն գտնեն եւ ցաւերուն՝ փարատում:
«Ս. Խաչիդ զօրութեամբ օրհնէ՛ † այս ջուրը, Տէր, որպէսզի ասկէ խմող հօտերն ու նախիրները ցաւերէ զերծ ըլլան եւ ծնանին: Ս. Խաչիդ այս նշանով օրհնէ՛ † այս ջուրը, Տէր, ծառայիդ ձեռքով եւ այս ժողովուրդին խնդրանքով, որպէսզի ո՛ր տունկերուն ու բոյսերուն վրայ որ ցօղուի՝ ժանգէն, թրթուրէն եւ ամէն պատահարներէ անվնաս մնան, եւ աւելի եւս պտղաբերին՝ մարդոց կարիքներուն եւ քու պաշտամունքիդ իբրեւ սպաս ծառայելու համար»:
- «Արդ, Տէր Աստուած մեր, օրհնէ այս ջուրը եւ զայն ծառաներուդ մաքրութեան միջոց ըրէ, հալածելով անկէ բոլոր չար եւ վնասակար աղտերը, բոլոր ախտերն ու սատանայական բռնութիւնները, ու հաստատէ անոր մէջ ամենազօր Ս. Հոգիիդ շնորհքները՝ բժշկութիւնը, առողջութիւնը եւ յաղթութիւնը չարի զօրութեան դիմաց»:
- «Եւ մենք բոլորս ասով արժանանանք Քու օգնականութեանդ եւ Քու ընդունելութեանդ, բժշկութեանդ, օրհնութեանդ եւ սրբութեանդ, եւ անդադար փառաւորենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Տնօրհնէք: Բառը կազմուած է տուն եւ օրհնել բառերէն, այսինքն՝ տունը օրհնել:
Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին, տնօրհնէքը հաստատած է նոյնինք մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս. «Յարութենէն ետք, Քրիստոս վերնատուն մտաւ եւ օրհնեց աշակերտները, այդ պատճառով՝ Խաչն ու Աւետարանը -որ զՔրիստոս կը խորհրդանշեն- տուն տանելով, մեր բնակարանները կ՚օրհնենք»:
Տարուան մէջ գլխաւորաբար երկու անգամ կը կատարուի Ս. Ծնունդի եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք: Տնօրհնէք կը կատարուի նաեւ նոր տուն ունենալու պարագային կամ երբ հաւատացեալները դժուարութիւններու եւ ձախորդութիւններու հանդիպին, կը խնդրեն հոգեւորականէն, որպէսզի իրենց տուները օրհնէ, որպէսզի կարողանան յաղթահարել դժուարութիւններն ու ձախորդութիւնները:
Ըստ աւանդութեան, Տիրոջ երկինք համբառնալէն ետք, առաքեալները Տիրոջ ծննդեան եւ յարութեան յիշատակի օրերուն, հաւատացեալներուն տուները կ՚այցելէին, աւետելով Տիրոջ ծնունդն ու յարութիւնը:
Տնօրհնէքը կը կատարեն օծեալ քահանաները: Թէեւ անունը տնօրհնէք է, բայց հիմնականին մէջ է նաեւ Տիրոջ ծնունդն ու Տիրոջ յարութիւնը աւետելու առիթ, այսինքն՝ տունը օրհնող քահանան տան անդամներուն առաջին հերթին Տիրոջ ծննդեան եւ յարութեան աւետիսն է, որ կը փոխանցէ եւ ապա կ՚օրհնէ տունը եւ տան անդամները:
Ստեփանոս Ա. Քահանայ Մանդինեանցը իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» -առաջին հրատարակութիւն 1872, Վաղարշապատ, վերահրատարակութիւն 2010, Անթիլիաս- գիրքին մէջ, պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ է տնօրհնէքը, կը գրէ. «Տնօրհնէքը առաքելական դարէն սկսած է, որ Աստուածայայտնութեան եւ Զատկի տօներուն առաքեալները եւ իրենց հետեւորդները, հաւատացեալներուն տուները կը շրջէին, աւետելով Քրիստոսի Ծնունդը կամ Յարութիւնը։ Ներկայիս, քահանաները դպիրներուն հետ միասին ժողովուրդին տուները կ՚երթան, ըստ պատշաճի կ՚երգեն շարականը եւ Աւետարան կը կարդան։ Տնօրհնէքը, քրիստոնեայ բոլոր ազգերուն մօտ կայ, սակայն չորրորդ դարուն կարգ մը վայրերու մէջ թուլցաւ այս աւանդութիւնը։ Այդ պատճառով, Մեծն Բարսեղ Կեսարացին, նզովք դրաւ չկատարողներուն վրայ. «Քահանան, որ Մեծ Զատկին եւ Յայտնութեան, ժողովուրդին բոլոր տուները չաւետարանէ, նզովեա՛լ թող ըլլայ»»:
Տնօրհնէքի ժամանակ Ս. Աւետարանէն հատուած մը կ՚ընթերցուի, Ս. Ծնունդին՝ «Խորհուր մեծ», իսկ Ս. Յարութեան «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականները կ՚երգուին, ջուրը -որպէս մկրտութեան խորհրդանիշ-, հացը (նշխար) եւ աղը -որպէս առաքինի կեանքի եւ մաքրութեան խորհրդանիշ- կ՚օրհնուին, եւ աւարտին օրհնող քահանան հետեւեալ աղօթքը կ՚ըսէ. «Հաւատացեալներուն պահապան եւ յոյս Քրիստոս Աստուած մեր, սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին տակ խաղաղութեան մէջ պահէ, պահպանէ՛ եւ օրհնէ՛ այս տունը եւ անոր բնակիչները, եւ այս ջուրը, հացն ու աղը: Փրկէ՛ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն, եւ արժանի ըրէ գոհութեամբ փառաւորելու Քեզ, Հօր եւ Ս. Հոգիին հետ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:
Արդարեւ, տնօրհնէքի ժամանակ ըստ էութեան Տիրոջ օրհնութիւնն է, որ առատապէս կը բաշխուի տան եւ տան անդամներուն վրայ: Տնօրհնէքի ժամանակ, Տէրն է, որ այցելութեան կու գայ մեզմէ իւրաքանչիւրին տունը, եւ ի՜նչ մեծ երանութիւն է ընդունիլ Տէրը մեր տուներէն ներս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
9 Յունուար 2018