ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Երեւակայեցէ՛ք այնպիսի սահման մը, որ փակ է մարդոց անցքին։ Մինչդեռ, այս աշխարհագրութիւնը, ուրկէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր անընդհատ առեւտրային ճանապարհներ, գաղթեր, բռնագրաւումներ, պատերազմներ եկած-անցած են, բաժնած է նաեւ բազմաթիւ ուրախութիւններ ու ցաւեր։ Նոյնիսկ Պաղ պատերազմի ամենադժուարին շրջաններուն երկաթուղի մը կ՚անցնէր այս սահմանէն, որ ներկայիս աշխարհի վրայ փակ մնացած սակաւաթիւ օրինակներէն մին է։ Անոնք, որոնք կ՚ապրին սահմանի երկու կողմերուն, քիչ թէ շատ ունին հասարակաց պատմութիւն մը եւ հարուստ մշակոյթ մը, որ կը սնուի փոխադարձաբար։
Պատմական արդարութեան եւ համաձայնութեան կաճառը (IHJR), որու կեդրոնը կը գտնուի Լախէյի մէջ, նախաձեռնած է՝ որպէսզի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն երկու լուսանկարիչներ՝ Զաւէն Խաչիկեան եւ Մեսուտ Թուֆան, սահմանամերձ տարածքներու երեք քաղաքներուն՝ Կարսի, Կիւմրիի եւ Անիի մասին տեսողական ճանապարհորդագրութիւն մը պատրաստեն։
Լուսանկարներէն ցոլացած առօրեան, փողոցները, մարդիկ եւ ճարտարապետական մշակոյթի հետքերը, մասնաւորապէս Կարսի եւ Կիւմրիի պարագային, կ՚առթեն երկուորեակ քաղաքներու զգացում մը։ Այս երկու քաղաքներուն միջեւ տեղակայուած եւ դարերէ ի վեր լքուած Անին ալ կը յայտնուի որպէս հնագիտական աննման ամրոց մը։
Լուսանկաները, որոնք տարբեր ժամանակներուն, առանձին-առանձին նկարահանուած են հեղինակներուն կողմէ, կը պարզեն տեսողական երկխօսութիւն մը եւ դիտողներուն հետ կու գան բաժնել՝ մարդոց անցքին փակ, նուրբ սահմանային շրջանի մը բարդ պատմութեան հէնքը։ «Մտքերու մէջ յաղթահարել սահմանները» խորագրեալ ներկայ ցուցահանդէսով անցելուները կը հրաւիրուին յաղթահարելու մտքերու առկայ սահմանները. բան մը, որու փորձը ինչքան դիւրին, այնքան նաեւ դժուար է։
*
Այսպէս ներկայացուած է քաղաքիս Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիսի 7-ը։ «Մտքերու մէջ յաղթահարել սահմանները» խորագրեալ ձեռնարկին բացումը երէկ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի հիւպատոսարանի Թաքսիմի համալիրէն ներս համախմբած էր բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, հետաքրքիրներ եւ հայ-թրքական երկխօսութեան զարգացման հետամուտ շրջանակներէն գործիչներ։
Ֆրանսայի հիւպատոսութեան ենթակայ Ֆրանսական կաճառին եւ Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսին բացումը կա-տարուեցաւ ներկայացուած գործերու հեղինակներէն միայն մէկուն՝ Մեսուտ Եաշար Թուֆանի մասնակցութեամբ։ Դժբախտաբար, Զաւէն Խաչիկեան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ բազմազբաղ վիճակին բերումով։
Երեկոյթը սկսաւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի ողջոյնի խօսքով։ Աւագ հիւպատոսի կողքին էին Իսթանպուլի Ֆրանսական կաճառի տնօրէնուհի Պենենիս Կիւլման եւ լուսանկարիչ Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Աւագ հիւպատոս Տոմենաքի ողջոյնի խօսքէն վերջ Մեսուտ Եաշար Թուֆանն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին երկու կողմերու մօտ չէ հանդիպած կանխակալ կարծիքներու, նախապաշարումներու եւ կարծրատիպերու։ Փակ սահմանի երեւոյթին դիմաց ան ըսաւ, թէ լեռները որքան որ ալ երկարին, միշտ անցքեր կու տան։ Հետեւաբար, խորքին մէջ պէտք է յաղթահարուին անոնք, որոնք ղեկավարման արհեստը կը կառուցեն արգելքներու հիման վրայ։
Ցուցահանդէսի գեղարուեստական ձեւաւորումը իրականացուած է Իզզետտին Չալըշլարի կողմէ։
Սոյն ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ այսօր ալ ասուլիս մը տեղի կ՚ունենայ Պատմութեան հիմնարկի հաւաքատեղիին մէջ։