ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները վաղը ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի մէջ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հերթական անգամ պիտի համախմբուին մեր բարերաները, հաստատութիւններու վարիչներն ու Կեդրոնականի սաները, համակիրները։

Մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային Րաֆֆի Եազմաճը եւ Մինաս Գաբուսուզ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին Կեդրոնականի ներկայ վիճակին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Կեդրոնական վարժարանը երկար ժամանակէ ի վեր թէեւ կը յաջողի պահպանել իր մակարդակը, սակայն նիւթական գետնի վրայ կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Խնամակալութիւնը լուրջ ջանքեր կը գործադրէ այս հակասութիւնը յաղթահարելու համար, սակայն զանազան պատճառներով վերջնականօրէն կարելի չ՚ըլլար Կեդրոնականը դարձնել ինքնաբաւ։

Առկայ պայմաններուն ներքեւ խնամակալութիւնը այս տարի եւս կ՚ապաւինի մեր համայնքի զօրակցութեան՝ որպէսզի գոնէ նուազագոյն ձեւով նիւթական տեսակէտէ երաշխաւորուի Կեդրոնականի յաջող երթը։

Խնամակալութեան ներկայացուցիչները երախտագիտութեամբ ընդգծեցին, որ այս տարուան մատաղօրհնութեան առթիւ ալ իր զօրակցութիւնը չի զլանար դպրոցի սաներէն, յայտնի համայնքային բարերար Հայկ Ասլանեան։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018