ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻ՛ ՆԵՐԵՐ

Ներելը տկար, անողնաշար մարդու գործ չէ։ Ո՛չ ալ տկարութիւն կամ պարտութիւն է։ Ներելը զօրաւոր ու «հերոս» մարդու գործ է։ Հերոսութիւն է, երբ քեզ վշտացնողին ու ցաւցնողին կը ներես, անունդ մրոտողին դարձեալ առիթ կ՚ընձեռես, իսկ փոս փորողին՝ հաշտութեան ձեռք կ՚երկարես։ Տկար մարդիկ առհասարակ չեն կրնար ներել ու կատարուածը մոռնալ եւ կատարուած սխալը իրենց հոգիէն ու սրտէն միանգամընդմիշտ ջնջել։ Քեզ ապտակողին ապտակելը շա՜տ դիւրին է, բայց քեզ ապտակողին երեսիդ միւս կողմը դարձնելը՝ հերոսի գործ է եւ մեծ սիրտ ունեցողի արարք է։ Մինչդեռ չներող մարդը, քինախնդրութեամբ եւ ձեւականօրէն ներողը տկար մարդ կը սեպուի, որովհետեւ ան յաղթուած կ՚ըլլայ իր զգացումներուն եւ բարկութեան կողմէ։

Ոմանք ոխակալութեան եւ քինա-խընդրութեան ախտերէն դրդուած, իրենց կեանքին մինչեւ վերջը չե՛ն ներեր եւ «կաթիլ մը մեղր»ի պատմութեան պէս՝ իրենց համակ կեանքը վրէժ լուծելով, վնաս հասցնելով, թշնամութիւն հրահրելով, թակարդ լարելով, անէծքներ տալով ու լուտանքներ արձակելով կ՚անցընեն։ Վրէժխնդրութիւնը հոգեկան ախտ մըն է, որ մարդս գերեվարելով՝ իր ճիրաններուն մէջ կը բանտարկէ։ Իսկ անոխակալ ու մեծահոգի մարդը վեհանձն ու անյիշաչար կ՚ըլլայ, իրեն դէմ պատահող դէպքերը լայն պրիսմակէ կը դիտարկէ, հեռուն կը մտածէ եւ անոնցմէ երբեք չ՚ազդուիր։ Անոխակալ մարդու ամենամեծ առաքինութիւնը ներողամտութիւնն է, որ ընդելուզուած կ՚ըլլայ համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան, ողջմտութեան ու մարդասիրութեան առաքինութեանց հետ։

«Ներումը պարտութիւն է, իսկ չներելը տղամարդկութեան, յաղթանակի նշանակ է»։ Շատերու մտայնութեան մէջ թաջուած է սա կարծրատիպ-համոզումը, որ տհասութեան, թանձրամտութեան, նեղմտութեան եւ չարութեան մարմնացում է։ Յաղթանակը ուրախութիւն է, երբ անոր ընկերակցած են անկեղծութիւնը, սրտբացութիւնը եւ մանաւանդ խաղաղութիւնը եւ ո՛չ թէ «գլուխ ճզմել»ու, վէրքին վրայ մատ դնելու եւ գիտակցաբար տանջելու վատաբարոյ արարքները։ Տղամարդկութիւնը կը կայանայ մեծ մտածելուն, ճղճիմ հարցերով չփոքրանալուն, վրէժ չլուծելուն եւ քինախնդրութեան որոմներէն ձերբազատելուն մէջ։ Սեփական աչքով տեսած եմ, որ երկու ազգականներ նիւթականի պատճառով սպաննած են զիրար՝ այդ մէկը տղամարդկութիւն համարելով։ Ո՞ւր մնաց մարդկային բանականութիւնը, մարդաբար ապրելու ձգտումը, ընկերային կեանքը ամէն բանէ վեր դասելու մտայնութիւնը, հարցերը սառնասրտութեամբ եւ լայնախոհութեամբ լուծելու կարողութիւնը, ոխակալութիւնը մէկդի թողլով՝ ներելու նուիրական եւ անկորնչելի արժէքը։ Շատեր «վա՜յ» կը կարդային ի տես այս գազանաբարոյ եւ անմարդկային արարքին։ Սպաննողը չէ՛ր ներած, իր «արժանապատութիւն»ը գերադասած էր ու «տաք գլուխ»ով իր զարմիկը սպաննած էր՝ իր ետին երկու անմեղ մանուկներ որբացնելով եւ իր ընտանիքի անունը սեւ ձեխի մէջ թաթախելով։

Երեխաներու դաստիարակութեան մէջ ծնողքի վարքագիծը աւելի մեծ դեր ունի, քան՝ տեսութիւն դարձած «մի՛ ըներ» խօսքը: Երբ երեխան իր ընտանիքին մէջ կը տեսնէ, որ ծնողներու միջեւ ծագած վիճաբանութիւնները, անհամաձայնութիւնները երկխօսութեամբ կը լուծուին, հայրն ու մայրը իրենց խնդիրները յաղթահարման ելքեր ու լուծման տարբերակներ կը փորձեն գտնել, փոխզիջումի, փոխհասկացողութեան ոգիով կ՚ապրին, ապա ան իր ծնողներէն այդ վարքագիծը կ՚ընդօրինակէ։ Իսկ երբ տան մէջ պոռալ-կանչելը, ոչ յարգալից վերաբերմունքը եւ ծեծկռտուքը անպակաս են, այն ատեն երեխային մէջ յառաջ կու գան նեղացկոտութեան, կասկածամտութեան, յարձակողապաշտութեան, ստախօսութեան եւ մեծամտութեան նկարագրային գիծերը։ Եւ այսպէսով երեխան երբ չափահաս դառնայ, ընկերային կեանքին մէջ մտնէ՝ կը սկսի մտածել. «Ես ներողութիւն խնդրելու կարիքը չունիմ։ Ես միշտ ճիշդ եմ, ուրիշները մեղաւոր են»։

Մանկավարժներ կը շեշտեն, որ երեխաներ ներողութիւն խնդրելու երկու տարբերակ ունին. ա) կը գիտակցին կատարուած սխալի մասին ու ներողութիւն կը խնդրեն, եւ բ) «լուռ», բայց գործով ներողութիւն կը խնդրեն։ Երբ երեխան իր սխալը կը գիտակցի, իր արարքով կը հասկցնէ, որ իր սխալին անդրադարձած է։ «Լռելեայն» ներողութիւն խնդրելով՝ իր սխալը կ՚ուղղէ, բայց իր արժանապատուութիւնը կը փորձէ պահպանել։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ կան այնպիսի ծնողներ, որոնք իրենց երեխան կը պատժեն ո՛չ թէ կատարուած արարքին սխալը ցոյց տալու, այլ չեն կրնար իրենց կեանքի տագնապները, լարուածութիւնը, թուլութիւնը յաղթահարել եւ այդ իսկ պատճառով իրենցմէ աւելի տկարը՝ երեխան անմտաբար կը պատժեն։ Միշտ մտաբերէ՛, որ պատիժը երեխային նկարագրի «ողնաշար»ը կը կոտրէ եւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մանուկդ այլեւս քեզի չհաւատայ, օտարանայ եւ ինքնամփոփ կեանք մը ապրի։ Իսկ երբ շարունակ ստիպես զինք, որ փոքր սխալի մը համար ներողութիւն խնդրէ, այդ ժամանակ ներողութիւնը կրնայ մեքենաբար կատարուող երեւոյթ մը դառնալ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ երեխային համար «ներողութիւն խնդրել» արտայայտութիւնը սովորական արժէք մը կ՚ունենայ։ Եթէ երեխան չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ համար պէտք է ներողութիւն խնդրէ, այդ պարագային զինք երբեք մի՛ ստիպեր, այլ փորձէ անոր հոգեվիճակը հասկնալ։

Հոգեբաններ դիտել կու տան, որ ներելը մարդ արարածի ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար գլխաւորագոյն «դեղ»երէն մին է։ Ներողամտութիւնը բարութեան դրսեւորման ձեւ է, ինչպէս նաեւ վիճաբանութիւնը կամ խնդիրը իմաստուն կերպով լուծելու լաւագոյն միջոցներէն է: Իր մէջ ներողամտութեան ոգի ու գիտակցութիւն ունեցող մարդը, նախքան վերջնական քայլ առնելը՝ իւրովի կը մտածէ. «Ինչո՞ւ համար սխալը տեղի ունեցաւ։ Ի՞նչն է որ ընկերս դրդեց այդ քայլը կատարելու։ Արդեօք այս պատմութեան մէջ ե՞ս եմ սխալը, կա՞մ ընկերս։ Կ՚արժէ՞ իրեն ներել։ Յետայսու մեր յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է ընթանան…»։

Հոգեբանական ուսումնասիրութեանց արդիւնքները ցոյց տուած են, որ մարդ երբ ներէ՝ լարուածութեան մակարդակը, անհանգստութեան եւ բարկութեան ռիսքերը, սրտանօթային հիւանդութիւնները ակնյայտօրէն կը նուազին։ Հոգեբան Թոմաս Փլենթ խօսելով ներելու երկու երեսակներուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Կան մարդիկ, որոնք չեն ներեր, այլ շարունակ կ՚ուզեն իրենց թշնամիին վնաս հասցնել՝ այդպէսով իրենց վրէժը լուծելու համար։ Նման մարդիկ չեն գիտակցիր, որ սա մտային թոյն մըն է, որ առաջին հերթին քեզ կը վնասէ, առողջութիւնդ կը քայքայէ եւ մտային առողջ դատողութիւնդ ամբողջապէս կը քանդէ։ Մինչդեռ ուրիշին ներելը նախեւառաջ օգուտ է ներող մարդուն համար, որովհետեւ անոր միտքը կը զերոյանայ, կը խաղաղի եւ հոգին բացասական զգացողութիւններէ կը ձերբազատի»։ Իսկ հոգեբան Ժոզէֆ Պուրկօ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք իր սխալը կ՚ընդունի։ Բոլորս կը կարծենք, որ խնդրայարոյց անձ մը չենք, եւ այնպէս համոզուած ենք, որ մեր դէմ ծառացող խնդիրները արտաքին աշխարհէն կու գան։ Բայց ժամանակ մը ետք, երբ մեր սխալին կ՚անդրադառնանք, չենք ուզեր ներողութիւն խնդրել կամ ներել, այլ ընդհակառակը, մենք մեզ կը փորձենք պաշտպանել ու արդարացնել»։

Մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ իսկ ներողութիւն բառը մեղմացուցիչ «բալասան» մըն է։ «Բալասան», որ մեծ հրդեհներու մօտալուտ վտանգը կը կանխարգիլէ։ Գիտակից մարդը, երբ կը տեսնէ իր զրուցակիցի անհասկացողութիւնը, անմիջապէս ներողութիւն կը խնդրէ՝ վիճաբանութիւնը չերկարելու եւ կռիւի չվերածելու համար։ Իսկ ներհակ պատկեր ունեցող աններողամիտ մարդը ո՛չ միայն չի ներեր իր բարեկամին, այլ քարեր կը հաւաքէ՝ հարուածելու, քարկոծելու եւ իր թոյնը թափելու համար։ Չկարծես, որ ծոցիդ մէջ «սնուած» թոյնը միայն դիմացինդ կը թունաւորէ։ Այդ աղէտաբեր մաղձը ամէն բանէ առաջ ներքին արիւնահոսութեան նման հոգիդ կ՚անէացնէ ու կազմախօսական գործիքներդ ամբողջապէս կ՚ախտահարէ։ Աստուածատուր հոգիդ յաճախ կ՚ուզէ քեզ ներքնապէս նորոգել, բայց մարմինդ լեզուիդ միջոցաւ քեզ կը կործանէ։ Ուրիշէն վիրաւորուելու ատեն հոգիդ ներել կ՚ուզէ, իսկ մարմինդ՝ վէրքը փոխադարձել։

Պետրոս առաքեալ գիտնալու համար, թէ մեղանչող եղբօր միայն եօ՞թն անգամ պէտք է ներել, հարց կու տայ Քրիստոսի. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ» (Մտ 18.21)։ Աստուածորդին կը պատասխանէ. «Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը» (Մտ 22.22)։ Քրիստոս Իր առաքեալներուն պատուիրեց ներել մարդոց նոյնիսկ եթէ անոնք մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ մեղանչեն իրենց դէմ։ Եօթն անգամ ներելը եւ եօթանասունեօթն անգամ ներելը տառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ։ Եբրայական մտածողութեան մէջ 7 թիւը եւ 70 թիւը կատարելութիւն ու ամբողջականութիւն կը խորհրդանշեն։ Հետեւաբար, 7, 70 կամ 77 անգամ ներել, պարզապէս կը նշանակէ կատարելապէս եւ ամբողջապէս ներել։

Երբ նոյն աւետարանական հատուածը շարունակենք ընթերցել, կը տեսնենք, որ Քրիստոս աններող ծառային առակը կը պատմէ։ Թագաւոր մը կար, որ իր ծառաներուն հաշիւները կ՚ուզէր քննել։ Երբ հաշուեքննութեան կը սկսի, իրեն պարտապան մը կը բերեն, որ միլիոնաւոր ոսկի պարտք ունէր։ Եւ քանի վճարելու կարողութիւն չունէր, թագաւորը կը հրամայէ, որ զինք իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, իսկ ունեցածը վաճառեն եւ պարտքը վճարեն։ Ծառան թագաւորին ոտքերուն իյնալով՝ կ՚աղաչէ. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի»։ Ծառային տէրը կը գթայ եւ պարտքը շնորհելով՝ կը ղրկէ զինք։ Ծառան երբ դուրս կու գայ, իր ծառայակիցներէն մէկը կը տեսնէ, որ իրեն չնչին գումար մը պարտական էր։ Անգութ ծառան անոր կոկորդէն բռնելով կը խեղդէ ու կ՚ըսէ. «Պարտքդ վճարէ ինծի»։ Ծառայակիցը ոտքերուն կ՚իյնայ եւ կ՚աղաչէ՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի եւ պարտքս շուտով կը վճարեմ»։ Անողորմ ծառան ո՛չ միայն անոր աղաչանքը չի լսեր, այլ զինք բանտ նետել կու տայ՝ մինչեւ որ պարտքը վճարէ։

Երբ միւս ծառաները պատահածը կը տեսնեն, կը զարմանան եւ իրենց տիրոջ կը պատմեն։ Այն ատեն թագաւորը անգութ ծառան կը կանչէ եւ կ՚ըսէ. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի։ Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ընկերոջդ ողորմէիր, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցի»։ Տէրը բարկանալով՝ զինք դահիճներուն կը յանձնէ, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ իր բոլոր պարտքերը վճարէ։ Ապա Յիսուս կ՚աւելցնէ՝ ըսելով. «Ահա նոյն ձեւով Իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները» (Հմմտ. Մտ 18.21-35)։

Առակին մէջ յիշուած թագաւորը Քրիստոս Ինքն է, իսկ ծառաները՝ մարդիկը։ Մեկնիչներ կը հաստատեն, թէ այստեղ «ծառայ» բացատրութիւնը կը գործածուի մարդուն համար, ցոյց տալու որ ան մեղաւոր մըն է, եւ կարօտ՝ քրիստոսապարգեւ ներումին։ Այս իմաստով, այստեղ ծառան մեղքի ծառան է։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին» (Յհ 8.34)։ Ծառան թագաւորէն խնդրեց համբերութիւն եւ ժամանակ, որպէսզի իր պարտքերը կարողանար վճարել։ Իսկ թագաւորը ո՛չ միայն անոր պարտքերը շնորհեց, այլեւ անոր ազատութիւն տուաւ։ Նոյն այս ծառան ո՛չ միայն մերժեց համբերութիւն ցուցաբերել եւ ժամանակ տալ իր ծառայակիցին, այլեւ նոյնիսկ չուզեց լսել անոր տուած կամ տալիք բացատրութիւնները։ Թագաւորը ականջ տուաւ ու լսեց իր ծառային ձայնն ու խնդրանքը, իսկ ծառան՝ մերժեց իր ծառայակիցին աղաչանքը լսել։ Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան կ՚ըսէ. «Ապերախտութիւն է չներել ուրիշը երբ մենք Քրիստոսով քաւած ենք մեր մեղքերը։ Աստուած անտեսեց մեր պարտքերուն շատութիւնը, մենք ինչո՞ւ չանտեսենք մեր նմաններուն պարտքերը։ Ինչո՞ւ յանցապարտ նկատենք մեր նմանը, երբ Աստուած մեր անպարտ ըլլալը հռչակած է Քրիստոսով։ Ինչո՞ւ մեր նմանին «կոկորդէն բռնելով» զայն կը խեղդենք, երբ Աստուած մեղքի տիղմին մէջ խեղդուածներուս դուրս բերաւ մեղքի տիղմէն եւ վերստին կեանք պարգեւեց մեզի։ Ինչո՞ւ կը մտածենք մեր իրաւունքներուն մասին եւ չենք մտածեր ուրիշներուն իրաւունքին մասին։ Այդ ծառայակիցին իրաւունքը չէ՞ր ներում ստանալ իր նմանին կողմէ։ Ինչո՞ւ «տասը հազար տաղանդ»ի մեր պարտքին շնորհուելէն ետք, կը դժուարանանք շնորհել մեր նմանին «հարիւր դահեկան»ը։ Ինչո՞ւ երբ Աստուած մոռցած է իրեն դէմ մեր գործած մեղքերը, մենք չենք ուզեր մոռնալ մեր նմանին մեզի դէմ գործած մեղքերը»։

«Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցի» (Մտ 18.32)։ Աստուած Իր ողորմութեամբ մեզմէ կը սպասէ, որ մեր նմանակիցներուն նկատմամբ ողորմութիւն ցուցաբերենք։ Ներողամտութիւնը ողորմութիւն է, իսկ աններողամտութիւնը՝ անողորմութիւն։ Աստուած մեզի Քրիստոսի միջոցաւ ներեց առանց պայմանի եւ ակնկալութեան։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք»։ Ներող մարդը պէտք է ուրախութեամբ, առանց ոխակալութեան, սիրով ու սրտով ներէ։ Ռիչըրտ Ֆոսթըր կ՚ըսէ. «Ներել կը նշանակէ, որ մեզ միաբանող սիրոյ զօրութիւնը աւելի մեծ է, քան՝ մեզ բաժնող վիրաւորանքի զօրութիւնը»։

Սիրելի՛ ընթերցող, ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը ներողամտութեան թշնամիներն են, որոնք տիւուցայդ մարդուն միտքը կը պղտորեն։ Կեանքիդ մէջ հանդիպա՞ծ ես մէկու մը, որ իր սրտին մէկ անկիւնը ոխ պահած չըլլայ։ Ոխակալը երբեմն իր վրէժխնդրութեան պատճառը մոռցած կ՚ըլլայ, բայց առանց մտածելու՝ կը շարունակէ ատելութիւն դրսեւորել խնդրոյ առարկային նկատմամբ։ Միշտ յիշէ՛, որ երբ կը մերժես քեզ վշտացնողին ներել, ո՛չ միայն զինք կաշկանդումի մատնած կ՚ըլլաս, այլեւ՝ դուն քեզ։ Ամէն անգամ երբ զինք ճամբուդ վրայ տեսնես՝ պիտի ուզես կամ պիտի փորձես ճամբադ փոխել։ Ամէն անգամ երբ դիմացդ ելլէ՝ երեսդ պիտի դարձնես։ Ամէն անգամ երբ աչք-աչքի գաս՝ չտեսնել պիտի ձեւացնես։ Ամէն անգամ երբ իր նիւթը բացուի կամ անունը լսես՝ անհանգիստ պիտի ըլլաս։ Չներելը թունաւորել ու թունաւորուիլ է, կաշկանդել ու կաշկանդուիլ է։ Առ այդ, ես-դ կարեկցութեան, ներողամտութեան, անյիշաչարութեան ու սիրոյ զէնքերով սպառազինէ, որպէսզի ո՛չ միայն քեզ նեղացնողին սրտանց ներես, այլեւ ատելութիւնդ սիրով փոխարինես, մթութեան մէջ լոյս սփռես, իսկ տխրութեան մէջ եղողները երջանկացնես։

Աններողամտութեանդ պատճառաւ դուն քեզ անազատութեան մի՛ մատներ։ Ներելը ազատ արձակելու արարք մը ըլլալէ առաջ, նախ ազատ արձակուիլ է։ Ներող մարդը նախ ի՛նք կը վայելէ իր շնորհած ներումին պտուղը, որ խաղաղութեան ու ազատութեան պտուղն է։ Սրտանց ներէ՛ եւ քինախնդրութիւնդ մէկդի թողէ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018