«ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ» ՍՏՈՒԳԱՆԻՇԸ
«Հոգեւորական» որակումը ցոյց կու տայ ենթակային դիրքը, կեցուածքը եւ ընդհանուր հասկացողութիւնը եւ ըմբռնումը աշխարհային-նիւթական արժէքներու հանդէպ։
Սակայն, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ՝ մարդ, քանի որ կ՚ապրի աշխարհի վրայ, ուրեմն չի՛ կրնար հրաժարիլ բոլորովին աշխարհային-նիւթական արժէքներէ, որովհետեւ ան միայն «հոգի» չէ՛, այլ նաեւ՝ մարմին, եւ այս իսկ պատճառով պէտք է խնամէ, հոգ տանի նաեւ մարմինին։ Մարմինը, արդարեւ «տաճար»ն է հոգիին, ուրեմն մարմինը բոլորովին անտեսել սխա՛լ է։ Բայց կարեւորը՝ չափաւոր կարենալ ըլլա՛լն է, այն ի՛նչ որ մարդիկ ընդհանրապէս չեն կրնար իրականացնել։
Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ Եղիշէ երբ կը նկարագրէ Ղեւոնդեան քահանաները՝ կ՚ըսէ.
«Ընչատեացք էին որպէս զանկարօտս»։
Ստացուածքը՝ ինչքը մարդուս առաջնակարգ նպատակը պէտք չէ ըլլայ, երբ ան կը կրէ «հոգեւորական» անունը։ Բայց ինչպէս ըսուեցաւ, ասիկա չի նշանակեր բոլորովին անտեսել, հեռու ըլլալ ստացուածքէ՝ նիւթեղէն արժէքներէ, այլ կ՚անդրադարձնէ չափաւոր ըլլալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։
Հոս, ահաւասիկ, կը տեսնուի «հանրային ծառայութիւն» ըմբռնումին կարեւորութիւնը՝ թէ ծառայութիւն մը, եթէ հանրութեան օգտին համար մանաւանդ կը մատուցուի, այնտեղ գերադաս է «նուիրական ծառայութիւն»ը քան՝ անձնական շահը եւ օգուտը։
Անշուշտ որ «աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 10)։ Բայց ասիկա համապատասխան պէտք է ըլլայ աշխատողին աշխատութեան՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Եւ այն ատեն ամէն աշխատանք կամ ծառայութիւն կ՚ունենայ իր համապատասխան վարձքը։ Ուստի ծառայութիւնն ալ ունի իր համապատասխան փոխարժէքը. բայց երբ հարցը «հանրային ծառայութիւն» է, վարձքէն առաջ պէտք է նկատի առնուի ընդհանուրին օգուտը եւ շահը։
Արդարեւ աշխատանքի մը վարձքը ձեռք ձգելու համար անտեսել, մոռնալ սխա՛լ է բարոյական արժէքները, մանաւանդ հանրային կամ հոգեւոր ծառայութեան պարագային։ Շահելու շարժառիթը եւ շահուածը օգտագործելու գործելակերպն է որ արդար կամ անիրա՛ւ կ՚ընէ շահը։ Արդար շահ է, արդար վաստակ է այն՝ որ համապատասխան է ծառայութեան կամ աշխատութեան։ Եւ դարձեալ, շահը կը պահէ իր արդարացի հանգամանքը, երբ ան կ՚օգտագործուի բոլորովին արդար եւ օգտակար նպատակներու իրականացման համար։ Ամէն ստացուածք արդար է, երբ ան ձեռք է ձգուած արդար եւ նուիրականութեան ճամբաներու շնորհիւ։ Սխա՛լ է նաեւ կեանքի միա՛կ նպատակը նկատել ստացուածք դիզելը, շահը եւ վարձքը՝ եթէ նոյնիսկ աշխատութեան հետեւանք ըլլայ։
Ուստի միայն «շահել»ու համար պէտք չէ աշխատիլ, այլ պէտք է նաեւ աշխատիլ՝ ծառայելու նպատակով, որուն արդար վարձքն է ուրիշներու շահը, ուրախութիւնը, լիութիւնը եւ գոհացումը։ Մարդ միայն իր ունեցածներով երջանիկ չ՚ըլլար, այլ նաեւ՝ իր շուրջիններուն՝ կարօտեալներու օգտակարութեամբ, հիւանդներու բժշկութեամբ, անօթիներու կերակրումովը՝ ուրիշներու երջանկութեա՛մբը…։
Արդարեւ, «հաւաքականութեան մը մէջ եթէ մէկ հոգի երջանիկ չէ՝ ո՛չ մէկը երջանիկ կրնայ ըլլալ». այս գաղափարը լաւագոյն կերպով արտայայտող խօսք մըն է։
Դրամը՝ ստացուածք կամ որեւէ նիւթեղէն արժէք ո՛ւժ մըն է եւ այն որ ուժ է ո՛չ թէ նպատակ, այլ պէտք է ծառայէ որպէս միջոց մը միայն։ Ճամբայ մը՝ որեւէ նպատակի առաջնորդող, եւ ուրեմն նիւթը որպէս արժէք, «միջոց» մը պէտք է համարուի, եւ երբե՛ք «նպատակ»։ Նիւթը, ընդհանրապէս դրամը՝ որ իր ծագման մէջ բարի է ամէն կերպով, քանի որ ստեղծուած է իբրեւ պահանջքի մը գոհացում՝ որ պիտի դիւրացնէ մարդոց առեւտրական յարաբերութիւնները՝ որպէս միջոց, շարժառիթ տնտեսական գործառնութիւններու՝ որ աշխատութեան առօրեայ արդիւնքը անկորուստ եւ միանգամայն դիւրաւ փոխադրական ձեւի մը կը վերածէ, դրամը՝ այն ատեն միայն յոռեշրջը-ւեցաւ «չարութեան գործիք»ի մը, ա՛յն ատեն միայն սկսաւ նկատուիլ որպէս «չարութեան իր» մը, երբ մարդիկ անտեսեցին անոր բարի յարմարութիւնները եւ ծառայեցուցին զայն իբրեւ գործի՛ք իրենց փառատենչ ցանկութիւններուն։
Եւ սակայն, դժբախտաբար, մարդկային ընկերութեան մէջ, թէ՛ անցեալի մէջ, թէ՛ մեր օրերուն, դրամը ընդհանրապէս աւելի՛ «չարութեան գործիք» մըն է համարուած եւ ընդունուած՝ քան բարութեա՛ն։
Եւ ասիկա մարդուն հոգեկան իմաստութեան անխուսափելի մէկ հետեւանքն է գրեթէ՝ մարդկային բնութիւնը միշտ աւելի՛ յօժար հակում մը ունի «դիւրին գործ»երու՝ քան թէ դժուարներու համար, եւ տխո՜ւր բայց յաւիտենապէս ճշմարի՛տ խոստովանութիւն, մեր բնական թերութեան եւ տկարութեան համար միշտ աւելի՛ դիւրին է գործել չարիքը՝ քան թէ պատճառ ըլլալ բարի գործի մը. աւելի՛ հեշտ է մեզի համար իւրացնել ուրիշներու աշխատութեան արդիւնքը՝ քան թոյլ տալ որ ուրիշները օգուտ քաղեն մեր ջանքերէն, աւելի՛ հաճոյական է մեզի համար «պատրաստուած հարուստ ժառանգութեան» մը վրայ նիրհել անհոգ՝ քան տքնիլ անդադար, անդադրում կարօտեալներու ապրուստին ապահովութիւնը պատրաստելու նախահոգութեամբ, եւ շա՜տ մարդոց համար՝ ուրիշին աշխատութիւնը շահագործելու գերազանց միջո՛ցն է ինքնին դրամը։
Մտածել եւ մտահոգուիլ պէտք է ուրեմն, թէ շա՜տ ձեռքերու յանձնուած այդ «ահաւոր ուժ»ը ի՜նչ ընդարձակ աղէտներու կրնայ դուռ բանալ։
Մարդիկ, ընդհանրապէս, կը խորհին, թէ իրենց իրաւո՛ւնքն է երջանկութեան եւ հանգիստի այն վիճակը՝ որմէ զրկուած են, եւ այս պատճառով է որ կը ծագին այն տանջանքները եւ ատելութեան դառն զգացումը՝ նախանձը, որ կը վերագրեն դրամին չարութեան։
Բայց մարդ երբ անկեղծութեա՛մբ տեսնել գիտնայ իրականութիւնը՝ պիտի տեսնէ, թէ չարը ո՛չ թէ դրամը, այլ մարդուս խորհուրդներն են, չար զգացումները՝ որոնք կը ծնին իր տկար նկարագրէն եւ թերութիւններէն։ Այլապէս «չար»ը գործիքը չէ՛, այլ գործածողը, քանի որ դրամը ի վերջոյ գործիք մըն է, միջոց մը, որ պէտք է ծառայեցնել նպատակի մը. եւ եթէ նպատակը բարի է՝ միջոցն ալ բարի՛ պէտք է ըլլայ, եւ պատճառը եթէ բարի է՝ արդիւնքն ալ բարի կ՚ըլլայ։ Եւ դրամին ստեղծման պատճառը բարի է, եւ ուրեմն պէտք է բարի նպատակի համար գործածուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2018, Իսթանպուլ