ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԲԺԻՇԿՆԵՐ (DOCTORS WITH DISABILITIES)

«Անկարողութիւն» բառը այս յօդուածին մէջ, ինչպէս անգլերէն թարգմանութիւնը կը բացայայտէ, կ՚ակնարկէ մարմնական թերակատարութեան եւ ոչ թէ մտային կամ մասնագիտական անկարողութեան։

Ընկերութիւնը կ՚ակնկալէ, որ բժշկութեան դիմող թեկնածուները ըլլան կատարեալ կերպով առողջ եւ տէր՝ իրենց բոլոր զգայարաններուն, որպէսզի կարենան կատարել իրենց վստահուած մահուկենաց դժուարին գործը։ Բայց միշտ ալ բացառութիւնները յարգելի են (եւ քաջալերելի ինչպէս նաեւ մարդկային հանդուրժողականութիւն եւ ազնուութիւն ցուցաբերող երեւոյթ), ինչպէս պիտի տեսնէք հետեւեալ իրական կեանքէ առնուած դրուագներուն մէջ։

ԿՈՅՐ ԲԺԻՇԿԸ

Տքթ. Թիմ Քորտէս ստացած է «Պսակաւոր գիտութեանց» իր տիտղոսը 1998-ին Notre Dame համալսարանէն։ Ան ապա կը յաճախէ Ուիսքանսընի համալսարանը՝ Մետիսըն քաղաքի մէջ եւ 2007-ին կը վկայուի որպէս բժիշկ, իսկ 2011-ին՝ որպէս հոգեբոյժ։ Այժմ ան կ՚աշխատի նոյն քաղաքի վեթերաններու հիւանդանոցին մէջ։

Իր մեծաւորը՝ Տքթ. Տին Քրահն, քըն-նարկելով անոր աշխատանքը, հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Տքթ. Քորտէսի մարմնական թերութիւնը խորքին մէջ առաւելութիւն մըն է իրեն համար, որովհետեւ ան ուշի-ուշով կը քննէ իր հիւանդները՝ մտիկ ընելով անոնց շնչառութիւնն ու ձայնի ելեւէջները եւ հետեւաբար աւելի ճիշդ ախտաճանաչում կ՚ընէ»։

Իսկ Տքթ. Քորտէսի հիւանդները, ո»,-րոնք կը տառապին թմրեցուցիչներու մոլութենէ, կը ներշնչուին իրմէ եւ կը խրախուսուին՝ մտածելոէ «Պսակաւոր գիտութեանց» իր վկայականը Իլլինոյ նահանգի Northwestern համալսարանէն, իսկ բժշկութեան վկայականը՝ Ուաշինկթընի համալսարանէն։ Ան իր ընտանեկան բժշկութեան (family medicine) մասնագիտութեան տիրացած է Եութա նահանգի հիւանդանոցներէն։

Այժմ Տքթ. Զազով Միշիկընի համալսարանի ընտանեկան բժշկութեան բաժնի դասախօս է եւ ամպիոնի վարիչ։ Ան կը զբաղի խուլ հիւանդներու հետ եւ գիտահետազօտական աշխատանք կը տանի՝ բարելաւելու խուլերու լսողութիւնը։ Ան կը վայելէ համաշխարհային ճանաչում։

ԱՆԴԱՄԱՀԱՏՈՒԱԾ ԲԺԻՇԿԸ

Տքթ. Կրէկ Կալիատծի բժշկական իր ուսման չսկսած՝ ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ՝ որպէս հրամանատար (Captain) եւ առ այդ գործուղղուած է Աֆղանիստան։

2011 թուականին ճամբուն եզերքը զետեղուած ռումբի մը պայթումին հետեւանքով՝ ան կը կորսնցնէ իր երկու ոտքերն ու աջ ձեռքին մեծ մասը։ 50 վիրաբուժական բարդ գործողութիւններէ եւ անհատնում բժշկական դարմանումներէ (therapy) ետք ան կը դատապարտուի հաշմանդամներու յատուկ անիւներով կառքի (wheel chair) մը։

Սակայն Կրէկ Կալիատծի երբեք չի կորսնցներ իր կամքն ու կորովը եւ կը հաւատայ, որ մարմնական իր թերութիւնը պիտի չկրնայ կասեցնել իր երազի իրականացումը։ Եւ ահա այս տարուան Մարտ ամսուն ան կ՚ընդունուի Հարվըրտ համալսարանի բժշկական դպրոցը։ Ան 165 բժշկական ուսանողներուն մէջ միակն է, որ անիւներով կառք կը գործածէ դասարան երթալու համար։

Կրէկ Կալիատծի նախաբժշկական իր ուսման ընթացքին կը հանդիպի պարմանուհիի մը՝ Ճեզմին Ռոմերօ անունով, որուն հետ կը ծրագրէ ամուսնանալ յառաջիկայ տարի։

ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՎԻՐԱԲՈՅԺԸ

Տքթ. Քրիս ՄըքՔալլահ, տունը աշխատած ժամանակ սահելով, ինկած է եւ որպէս հետեւանք այդ արկածին՝ վնասած է իր ողնայարի մէկ օղակն ու դատապարտուած է անդամալուծութեան։

Այժմ ան կ՚աշխատի Նիւ Ճըրզի նահանգի Մորիսթաուն քաղաքի հիւանդանոցին մէջ եւ որպէսզի կարենայ վիրաբուժական գործողութիւն կատարել, օժտուած է ջրաքարշ անիւաւոր կառքով (hydraulic wheel chair) մը, որ, բարձրանալով, իրեն կը շնորհէ ուղիղ կեցուածք։

Տքթ. ՄըքՔալլահ 2013-էն ի վեր օրական 3-5 վիրաբուժական գործողութիւն կը կատարէ վերոյիշեալ հիւանդանոցին մէջ եւ շատ սիրուած է հիւանդանոցի անձնակազմին եւ հիւանդներուն կողմէ։ «Կամենալը կարենալ է», կ՚ըսէ հայկական ասացուածքը եւ որքա՜ն ճիշդ է այս որակումը, եթէ նկատի առնենք ցարդ յիշեալ դրուագները։

Վստահ եմ, վերոյիշեալ «պակասաւոր» բժիշկներու կողքին կան շատ աւելի ուրիշներ, որոնք կը գործեն Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններուն մէջ՝ օգտակար հանդիսանալով մարդկութեան։ Սա կը նշանակէ, որ մարմնական թերութիւնը չի կրնար կաշկանդել մտքի թռիչքը, որ կրնայ հրաշքներ գործել, եթէ առիթը տրուի իրենց…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018