ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Սեփական լրատուութիւն.-
«Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. հետազօտութեան հարիւր տարի» խորագրեալ գիտաժողովը երէկ շարունակուեցաւ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած այս գիտաժողովը կը դասուի 2015-ի տարելիցին շրջագծով Սփիւռքէ ներս կազմակերպուած կարեւոր ու ծաւալուն ձեռնարկներու շարքին։ Խորաթափանց աշխատանք կը տարուի մշակուած ծրագրին շրջագծով։ Հայ եւ միջազգային մասնագէտներու առընթեր թուրք մտաւորականներու մասնակցութիւնն ալ տարբեր տարողութիւն մը կը վերագրէ այս գիտաժողովին, որու աշխատանքները երէկ շարունակուեցան խտացեալ թափով։ Սորպոնի համալսարանի մեծ ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր բացումէն վերջ, գիտաժողովի երէկուան հանգրուանը տեղի ունեցաւ Փարիզի Հրէից ողջակիզման թանգարանի երդիքին տակ։ Օրուան սկիզբին հիւրընկալ հաստատութեան անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սոֆի Նաժիսքար։ Այս առթիւ ան բացատրեց, որ 2013 թուականէն ի վեր Շոայի թանգարանէն ներս համեմատական հետազօտութիւններ կը կատարուին Հոլոքոստի, Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն շուրջ։ Այս նիւթերուն կապակցութեամբ կը կազմակերպուին նաեւ գիտաժողովներ։ Սոֆի Նաժիսքար դիտել տուաւ, որ բարոյագիտական հիմքի մը վրայ յառաջ կը տանին աշխատանքը եւ մարդոց ապրած ցաւերը կ՚ուսումնասիրեն՝ առանց նուիրապետութիւն մը հաստատելու անոնց միջեւ։
Օրուան առաջին նիստը խորագրուած էր՝ «Ժամանակ-տարածութիւն, ցեղասպանութեան գործընթացին հանգրուանները»։ Նիստը վարեց Անէթ Պեքէր։ Զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Աքրոնի համալսարանէն պատմաբան Ժանէթ Քլայն, Փոլոնսքիի ակադեմիայէն պատմաբան Էրտալ Քայնար, պատմաբան Քլէր Մուրատեան, Անգարայի համալսարանէն Սայիտ Չեթինօղլու։ Զեկուցումներէն վերջ ընդհանուր մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Սթեֆան Աստուրեան։
Ժանէթ Քլայն զեկուցման մէջ լուսարձակի տակ առաւ Ապտիւլհամիտ Բ.-ի ժառանգութիւնը։ Ան բացատրեց, որ այդ տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան տեսակաւորութիւնը կառավարելու ժամանակ ընդհանրապէս որպէս չափանիշ կ՚ընկալուէր տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը։ Այս առումով, փոքրամասնական կարգ մը իրաւունքները սկսան նկատուիլ որպէս սպառնալիք։ Հայերը կը բնակէին մայրաքաղաքէն հեռու քաղաքներու մէջ, որոնք արդէն կը կառավարուէին դժուարութեամբ։ Հետեւաբար, անոնք աստիճանաբար սկսան մաս կազմել վերոյիշեալ սպառնալիքի ընկալման ծիրին։ Ժանէթ Քլայն դիտել տուաւ, թէ իթթիհատական կառավարութիւնը Ապտիւլհամիտ Բ.-էն ժառանգած էր՝ տարածքային կորուստները կանխելու, կեդրոնաձիգ ղեկավարման եւ երկրի ինքնիշխանութեան նման ղեկավարման առաջնահերթութիւնները։
Էրտալ Քայնար խօսեցաւ օսմանեան ընդդիմութեան, Իթթիհատական կուսակցութեան եւ 1908 թուականի յեղափոխութեան շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ Ապտիւլհամիտ Բ.-ի դէմ հասարակաց պայքարի ծիրէն ներս հայկական կուսակցութիւնները դաշինք կազմած էին իթթիհատականներուն դէմ։ Այդ կուսակցութիւնները ողջունեցին 1908 թուականի յեղափոխութիւնը՝ շատ դրական ակնկալութիւններով։ Բայց եւ այնպէս, համամարդկային բանաձեւումներ զարգացնելու ջանքերով հանդերձ, Իթթիհատական կուսակցութիւնը փափաքեցաւ կայսրութիւնը խարսխել թուրք եւ մահմետական տարրերու հիման վրայ։ Այս հանգամանքը արգելք հանդիսացաւ համամարդկային որակի ապահովման եւ իթթիհատականները հետզհետէ որդեգրեցին հակահայ կեցուածք մը։
Քլէր Մուրատեան բացատրեց, որ 1878-1914 թուականներուն եւրոպական պետութիւնները մարդկային իրաւանց հարցերով կը միջամտէին Օսմանեան պետութեան։ Այդ միջամտութիւնները Երիտ թուրքերու իշխանութիւնը տարաւ արմատական գծի մը։ Երբ արեւելեան նահանգներուն մէջ բարեփոխումները չէին գործադրուեր, եւրոպական պետութիւնները թափ կու տային իրենց միջամտութիւններով, ինչ որ Երիտ թուրքերու յիշողութեան մէջ սկսած էր տեղ գրաւել որպէս վիրաւորանք։ Սա միեւնոյն ժամանակ փոխադարձութեան զգացում մը կը յառաջացնէր։ Քլէր Մուրատեանի խօսքով, Արեւելքի խնդիրը հետզհետէ սահեցաւ դէպի արեւելեան Անատոլու, ինչ որ զգացական կուտակում մը յառաջցուց իթթիհատականներու մօտ եւ պատճառ դարձաւ հայոց պարագային անոնց արմատական կէտի մը երթալուն։
Սթեֆան Աստուրեան մեկնաբանութիւններուն մէջ զուգահեռականներու ակնարկեց 1909 եւ 1915 թուականներուն ապրուածներուն միջեւ։ Իր կարգին, Քլէր Մուրատեան աւելցուց, որ թէեւ հայկական հարցի մեկնարկը ընդհանրապէս կ՚ընդունուի 1878 թուականի Պերլինի խորհրդաժողովը, սակայն իրականութեան մէջ այդ գործընթացը ծնունդ առած է Խրիմի պատերազմով։ Արդարեւ, երբ ծագած էր պատերազմը, Կովկասէն ապաստանած գաղթականները տեղակայուած էին հայաբնակ քաղաքներու եւ մայրաքաղաք Իսթանպուլի մերձակայքին։
Սայիտ Չեթինօղլու առաւել չափով կանգ առաւ «Թեշքիլաթը մահսուսա»ի վրայ եւ արմատականօրէն հարցաքննեց անոր աղերսը՝ 1915 թուականի դէպքերուն հետ։
Ճորճթաունի համալսարանէն Մուսթաֆա Աքսաքալ եւս զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր այս նիստին ընթացքին, սակայն բացակայեցաւ ակամայ։ Իր խօսքը փոխանցուեցաւ գիտաժողովի մասնակիցներուն։ Ան այս շրջագծով կանգ առաւ Օսմանեան կայսրութեան Ա. աշխարհամարտի մասնակցութեան փուլին վերաբերեալ հանգամանքներուն վրայ, 1914-1915 թուականներուն կտրուածքով։ Մուսթաֆա Աքսաքալի համոզմամբ, երբ Օսմանեան պետութիւնը մասնակցած էր համաշխարհային պատերազմի մը, ապա երկրէն ներս առկայ ներքին լարուածութիւնները սաստկանալով վերածուած էին քաղաքացիական պատերազմի մը։ Պատերազմը խանգարած էր Օսմանեան կայսրութեան հասարակական դրուածքը։ Ուստի, հետզհետէ աւելի անվստահելի տարրեր դասուիլ սկսան հայերը, յոյները, արաբներն ու հրեաները։
Գիտաժողովի յետմիջօրէի նիստը վարեց «Տէր Շփիկէլ» գերմանական թերթի նախկին աշխատակիցներէն Վոլֆկանկ Կուսթ։ Վկայութիւններու վերաբերեալ նիստ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին զեկուցեց Ցիւրիխի համալսարանէն Հանս-Լուքաս Քայզէր։ Հայաստանի Պետական արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի ալ մասնակցութիւնը նախատեսուած էր, սակայն ան առողջապահական պատճառներով բացակայեցաւ։ Իրեն փոխարէն արտայայտուեցան Քլէր Մուրատեան եւ Ռայմոն Գէորգեան։ Նիստին որպէս վիճարկող մասնակցեցաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» կաճառի տնօրէն Արա Սարաֆեան։
Հանս Լուքաս Քայզէր զեկուցում մը ներկայացուց եւրոպացի եւ ամերիկացի վկաներու մասին։ Ըստ իրեն, բնականաբար 1915-ին ապրուածներուն առաջին վկաները հայերն էին, սակայն կայ նաեւ երկու խումբ, որու վկայութիւններուն կարեւորութիւնը անանտեսելի է։ Այդ խումբերուն մաս կը կազմեն միսիոնարական կառոյցներն ու գերմանացի եւ ամերիկացի դիւանագէտները։ Միսիոնարներու վկայութիւններու ծիրէն ներս ան առանձնացուց բողոքական միսիոնար Եոհաննէս Լեփսիուսի վկայութիւնները, որոնց վերագրեց մեծ կարեւորութիւն։ Ըստ Հանս Լուքաս Քայզէրի, միսիոնարներու վկայութիւնները ընդհանրապէս կ՚ընդգրկէին քարոզչութեան եւ քրիստոնէական զօրակցութեան հետամուտ տարրեր։ Ճիշդ այս առումով է, որ Լեփսիուսի վկայութիւնները ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ ան այդ վկայութիւնները փոխանցած էր ակամայ ու իր փափաքն էր՝ Գերմանիոյ յաղթական դուրս գալը պատերազմէն։ Բաց աստի, Քայզէր ընդգծեց, որ Գերմանիոյ արխիւներն ալ կը ներկայացնեն կարեւորութիւն, որովհետեւ Գերմանիան Օսմանեան պետութեան դաշնակիցն էր։
Ռայմոն Գէորգեան բացատրեց, որ այդ շրջանին փրկուածները ընդհանրապէս հաւաքուած էին երեք գօտիներու մէջ։ Առաջինը՝ Մերձաւոր Արեւելքն էր (Սուրիա եւ Պաղեստին), երկրորդն էր՝ Կովկասը եւ երրորդը՝ Իսթանպուլն ու մերձակայքը։ Ըստ Գէորգեանի այս հանգամանքը ապահոված է, որ պատերազմէն անմիջապէս վերջ շատ դառն վիճակի մէջ առնուած նոթերու հիման վրայ ստեղծուի հայոց վկայութիւններու մեծ համալիր մը։ Առաջին կարեւոր հայկական վկայութիւնները հաւաքուած էին Պատրիարքարանի կողմէ ստեղծուած գրասենեակի մը միջոցաւ՝ 1918 թուականի հրադադարին յաջորդած ժամանակա-հատուածին։ Երկրորդ կարեւոր աշխատանք մը տարուած էր Հալէպի մերձակայքին, Արամ Անտոնեանի կողմէ։ Հայոց վկայութիւններուն երկրորդ կարեւոր բաժինը կը գտնուի Հայաստանի արխիւներուն մէջ։ Անոնք կազմուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պաքուի կոմիտէին կողմէ։ Իր կարգին, Քլէր Մուրատեան շեշտեց, որ Հայաստանի արխիւներու վկայութիւնները կ՚ընձեռեն բաղդատական ամբողջ մը ու կ՚ընդգրկեն նաեւ վկայութիւններ՝ 1915 թուականին նախորդած կեանքին շուրջ։
Գիտական նիստի հարցում-պատասխանի բաժնին ընթացքին ունկնդիրներու ուղղած հարցումներուն հիման վրայ Վոլֆկանկ Կուսթ անդրադարձաւ իր տեսակէտներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան շրջագծով Գերմանիոյ պատասխանատուութեան առընչութեամբ։ Ըստ իրեն, գերմանները իթթիհատական կառավարութիւնը մղած էին զինուորական շարժման եւ անոնց խրախուսանքը արմատականացուցած էր իթթիհատականները։ Ձեռնարկուած զինուորական շարժումներու ձախողման հետեւանքով իթթիհատականներու արմատականացման մակարդակը բարձրացած էր, սակայն Վոլֆկանկ Կուսթի խօսքերով՝ գերմանները չէին պաշտպանած ցեղասպանութիւնը ու չէին տուած նման խորհուրդ մը։ Ըստ իրեն, գերմաններու պատասխանատուութիւնը սահմանափակուած է այն հանգամանքով, որ անոնք ի զօրու էին ամէն ինչը կանխելու, սակայն այդ բանին արգելք չէին հանդիսացած։
Փարիզի գիտաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ այսօր։