ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը այս առթիւ տուաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Արտա Սրկ. Թագւորեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խմբավարութեամբ Մուրատ Կսրկ. Իչլինալչայի։ Այս տարուան Մեծ պահոց շրջանի Արեւագալի վերջին ժամերգութիւնն էր այս մէկը եւ Գուզկունճուքի եկեղեցին դարձեալ լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մը կողմէ։ Ժամերգութեան յաջորդեց աւանդական խաչահանգիստը։
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին՝ սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024