ՎԱՆԻ ԲԱՐԲԱՌԸ՝ ՄԻՇՏ ԱՊՐՈՂ
«Ժողովրդական բարբառներից օգտուելը ոչ թէ դատապարտելի է, այլ հենց դա է բնական ճանապարհը կայտառ ու կենդանի լեզու ստեղծելու»:
Յովհաննէս Թումանեան
Վերջերս Երեւանի մէջ ուշագրաւ աշխատութիւն մը լոյս տեսաւ՝ «Բառարան Վանի բարբառի» խորագրով, որու հրատարակութեան օժանդակած է «Վասպուրական» հայրենակցական միութիւնը: Գիրքը լոյս տեսած է հայագէտ, բարբառագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի աշխատակից Հայկանուշ Մեսրոպեանի աշխատասիրութեամբ, որ պատրաստուած է հայ պատմաբան, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յարութիւն Թուրշեանի՝ 1959-ին գրած ձեռագիրներուն հիման վրայ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, «Վասպուրական» միութեան փոխ-նախագահ Յարութիւն Մարութեանի ջանասիրրութեամբ հրատարակ-ւած է գիրքը։ Յարութիւն Մարութեան նաեւ ազգակցական կապեր ունի Յարութիւն Թուրշեանի հետ՝ ան քրոջ թոռն է Թուրշեանին:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ բառարանը կազմող Հայկանուշ Մեսրոպեանի հետ, որ մանրամասնութիւններ հաղորդեց նոր լոյս տեսած գիրքին մասին:
-Տիկին Մեսրոպեան, ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ «Բառարան Վանի բարբառի» գիրքին հրատարակութիւնը:
-Յարութիւն Թուրշեան 1959-ին աւարտին հասցուցած է «Բառարան Վանի բարբառի» աշխատութիւնը (աւելի քան 200 էջ ծաւալով): Իմ աշխատասիրութեամբ պատրաստուած գիրքն ալ աւելի կանուխ պատրաստ էր, բայց հնարաւորութիւն չէր եղած հրատարակելու եւ ահաւասիկ, Յարութիւն Մարութեանի ջանքերով այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ: Բառարանը հրատարակութեան նախապատրաստելու գործին մէջ մեծ նախանձախնդրութիւն ու հետեւողականութիւն ցուցաբերած է նաեւ ճարտարապետութեան տոքթոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան հիմնադիրներէն, ծնունդով վանեցի, երջանկայիշատակ Վարազդատ Յարութիւնեան, որ նաեւ հանդէս եկած է իբրեւ բարբառակիր խորհրդատու:
Հայերէնի բարբառները մեր մայրենի լեզուի անքակտելի մասն են եւ անոր հարստութիւնը։ Բարբառներու ուսումնասիրութիւնը հայերէնագիտութեան կարեւորագոյն ոլորտներէն է։ Ան յոյժ անհրաժեշտ է բանասիրութեան, հայոց պատմութեան, ազգագրութեան, միջնադարեան ձեռագիրներու թեքստաբանական վերլուծութեան տեսակէտէն։ Հայերէնի բարբառներու գիտական ուսումնասիրութեան կարեւորութեան մասին, զանազան ժամանակներու ընթացքին, եղած են մտահոգ յիշեցումներ, որովհետեւ գրական լեզուի բուռն զարգացման եւ յառաջընթացի պայմաններուն ներքեւ հակադարձաբար կը տկարանան բարբառներուն յետագայ գոյատեւման հիմքերը, անոնց վերանալուն եւ անհետացման վտանգ կը յառաջանայ:
Այդ մտահոգութեամբ ալ հարկ նկատեցինք հրատարակութեան պատրաստել պատմաբան Յարութիւն Թուրշեանի՝ Վանի բարբառի սոյն բառարանը։
-Վանի բարբառի մասին աշխատութիւն մը ունի նաեւ մեծ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան՝ «Քննութիւն Վանի բարբառի» խորագրով: Ի՞նչ զուգահեռներ կրնաք մատնանշել անոր գործին եւ Ձեր պատրաստած գիրքին միջեւ:
-Այո, Աճառեանի այդ գիրքը կայ, մենք անկէ կ՚օգտուինք, բայց մեր պատրաստած բառարանը առաւելութիւններ ունի այն առումով, որ անիկա գրի առած է բարբառակիր մը՝ Յարութիւն Թուրշեան, որ Վանի բարբառի կրողն էր:
Աճառեան շատ լաւ գիտէր տարածքը, տարածքի բարբառները, բայց Վանի բարբառը չէր գիտեր, ան բարբառակիր չէր, այլ՝ բարբառագէտ-մասնագէտ էր, եւ հիմնականօրէն գրի կ՚առնէր Վանի բարբառին տիրապետող իր աշակերտներէն: Անոր բարբառագէտ ըլլալը ճիշդ է որ առաւելութիւն մըն էր, բայց եթէ մէկը գտնուէր, որ թէ՛ բարբառակիր է, թէ՛ բարբառագէտ, ապա ուսումնասիրութիւնը այդ պարագային կը դառնար աւելի անխոցելի:
Յարութիւն Թուրշեան, ծնած ըլլալով 1900 թուականին, Վանէն դուրս ելած է տասնհինգ տարեկանին: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ կատարելապէս տիրապետած է Վանի բարբառին: Այս պարագային մենք ունինք բարբառակիր մը, որ գրի առած է բարբառը, այսինքն որպէս բարբառակիր անոր փոխանցած տեղեկութիւնը ճիշդ է, բայց միւս կողմէն եթէ նայինք՝ բարբառագիտական տեսակէտէն ճշգրիտ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ բարբառակիրները իրենք չեն զգար իրենց արտասանած հնչիւններուն առանձնայատկութիւնները: Մեր աշխատանքին օգնեց ուրիշ բարեբախտութիւն մը՝ Մարօ Մուրատեանը (Հայրիկ Մուրատեանի դուստրը), որ Վասպուրականի տարածքի բարբառներուն կատարեալ գիտակ էր, նաեւ բարբառակիր, Յարութիւն Թուրշեանէն գրի առած է Վանի բարբառը: Մենք մեր Լեզուի հիմնարկին մէջ ունինք բոլոր տարածքներէն գրի առնուած ձեռագիրներ եւ ունինք նաեւ Վան քաղաքի տետրը, ուր արձանագրուած են Վանի բարբառի բառապաշարային, հնչիւնական եւ այլ առանձնայատկութիւնները։ Այդ ձեռագիրներուն համար իբրեւ բարբառախօս հանդէս եկած էր Յարութիւն Թուրշեանը: Այդ մէկը բարեբախտութիւն մըն էր, որովհետեւ, ինչպէս ըսի՝ բարբառակիրը գրի առած է բարբառագէտը, մանաւանդ՝ բարբառը իմացող բարբառագէտը: Ես այս երկուքը համադրած եմ, եւ բառարանը արդէն գիտականութիւն ձեռք բերած է: Հարկ է նշել, որ Մարօ Մուրատեանի ձեռագիր գրառումները ինծի շատ օգնած են մանաւանդ գիտական տառադարձութեան հարցին մէջ, որ Յարութիւն Թուրշեանի ձեռագիրին մէջ արտայայտուած չէ։
Բառարանը համալրած եմ նաեւ Վասպուրականի տարածքային տարբերակներուն վերաբերող՝ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի կաճառին մէջ առկայ այլ ձեռագիր նիւթերուն հետ եւս։ Վան քաղաքի խօսուածքէն զատ, ներառած եմ նաեւ օրինակներ Վանի մերձակայ գիւղերուն խօսուածքներէն՝ Լիմ (Արճակ), Հուռթուկ (Խոշաբ), Բոլորմարգ (Արճէշ), Կոճերեր (Արծկէ)՝ համապատասխան համառօտագրութեամբ։
-Տիկին Մեսրոպեան, ի՞նչ առաձնայատկութիւններ ունի Վանի բարբառը:
-Վանի բարբառը կը պատկանի արեւմտեան խմբակցութեան բարբառներու կը ճիւղին: Արեւմուտքէն ան սահմանակից է Մշոյ եւ Բաղէշի բարբառներուն, արեւելքէն՝ Ուրմիոյ, Խոյի եւ Սալմաստի բարբառներուն: Հարաւը կը բնակէին քրտախօս եւ արաբախօս հայեր, որով Վանի բարբառը կը դառնար հայերէնի հարաւային սահմանապահը: Բարբառին հիմնական յատկանիշներէն են՝ ձայնեղ բաղաձայնները կը դառնան խուլեր, անոնց յաջորդող ձայնաւորները հիմնականօրէն կը քմայնանան՝ փափուկ քիմքի մասնակցութեամբ կ՚արտասանուին: Տարբեր առանձնայատկութիւններ եւս կան Վանի բարբառին մէջ:
-Իսկ Վանի բարբառով եւ մեր միւս բարբառներով հետաքրքրուողներ կա՞ն:
-Անշուշտ կան, շատ են հետաքրքրուողները: Նախ՝ բարբառագէտ-մասնագէտները: Ես, որպէս բարբառագէտ, գիտեմ, որ նաեւ երիտասարդներ, ուսանողներ այսօր հետաքրքրուած են բարբառներով: Այս բառարանը բացի մասնագէտներէն նաեւ վանեցիները կը հետաքրքրէ եւ երբ գիրքը լոյս տեսաւ, առաջին արձագանգները վանեցիներէն եկան՝ հարցումներ ըրին, թէ ուրկէ՞ կարելի է գտնել գիրքը եւ այլն: Արձագանգները ընդհանուր առմամբ լաւ են: Լեզուի կաճառի մեր բաժինը կը զբաղի բոլոր բարբառներու քննութեամբ, հնչիւնաբանութեամբ, բառագիտութեամբ, իմաստաբանութեամբ, քերականական հարցերով: Պարբերաբար տեղի կ՚ունենան գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին կը փաստենք, որ բարբառներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը զգալի է: Այսօր ընկերային ցանցերուն վրայ եւս նկատելի է բարբառներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը, էջեր բացուած են, շատեր կը ջանան բարբառներով հաղորդակցիլ, փոխանակուիլ բառ ու բանով, մեր այդ հարստութիւնը պահելու միտում մը կը զգացուի: Մարդիկ կարեւորութիւն կու տան բարբառներուն, իբրեւ լեզուի բնական վիճակ եւ նաեւ մարդկային մտածողութեան բնական վիճակ: Պատահական չէ, որ որեւէ գիւղի, բնակավայրի մէջ երեխային լեզուն իր տարածքի բարբառով կը բացուի:
«Բառարան Վանի բարբառի» գիրքին մէջ մենք նաեւ ներկայացուցած ենք բնագրային հետաքրքրական օրինակներ, առածներ, ասացուածքներ, որոնք իւրայատուկ արժէք կրող նիւթեր են ոչ միայն բարբառագէտներուն, այլեւ ազգագրագէտներուն, հայ ժողովուրդի պատմութեամբ զբաղողներուն համար, ինչպէս նաեւ Վանով ու վանեցիներով հետաքրքրուողներուն համար։
Բառարանին մէջ ընդգրկուած են նաեւ պարսկերէնէ, արաբերէնէ եւ թրքերէնէ կատարուած բարբառային փոխառութիւններ։
-Նպատակ կա՞յ գիրքը նաեւ դուրսը տարածելու, մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ, ուր կրնան տակաւին Վանի բարբառով հաղորդակցողներ ըլլալ:
-Ես եղած եմ Թուրքիոյ մէջ, շատ վայրերու մէջ շրջած եմ, զիս հետաքրքրած են բարբառները, բայց նոյնինքն՝ Վանի բարբառով խօսողներու հոն չեմ հանդիպած: Եղած են մարդիկ, որոնք գիտցած են որոշակի բարբառային բառեր, բայց վանեցի բարբառակիրներու չեմ հանդիպած: Ամէն պարագայի, մենք այս գիրքը կու տանք գրադարաններուն, թէ՛ հոս, թէ՛ դուրսը, իւրաքանչիւր հետաքրքրուող կրնայ ձեռք ձգել, կարդալ…:
-Ի՞նչ յայտնի անուններ եղած են, որոնք կրած են Վանի բարբառը:
-Շատ եղած են: Վանի մէջ ծնած մեր բոլոր մտաւորականները, գրողները, բնականաբար, գիտցած են բարբառը:
Սիլվա Կապուտիկեանն ալ գիտցած է Վանի բարբառը, որովհետեւ մօրը հետ ապրած է, Մկրտիչ Խերանեանն ալ գիտէր, շատեր գիտէին, հիմա չկան այդպիսի մարդիկ, հեռացած են կեանքէն, եւ այս գիրքը լոյս կը տեսնէ հեղինակին մահէն քառասուն տարի ետք:
-Տիկին Մեսրոպեան, իսկ Ձեզ ինչպէ՞ս հետաքրքրած են մեր բարբառները, եւ միայն այս մէկը չէ, բազում աշխատութիւններ հեղինակած էք հայերէնի բարբառներուն նուիրուած:
-Ես մասնագիտութեան բերումով հետաքրքրուած եմ, ուսումնասիրած եմ, բայց մեր ընտանիքին մէջ մէկ կողմս Մշոյ, միւս կողմս Կարնոյ բարբառին կը տիրապետէր, մանկութենէս կը լսէի, ինչպէս նաեւ, մեծնալով Վանաձորի մէջ, որ Լոռիի խօսուածքի տարածքն էր, այդ ալ գիտէի, այնպէս որ բարբառագիտութիւնը հարազատ է, որուն ալ նուիրուած եմ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԷՈՐԳԻ ԹՈՒՐՇԵԱՆ
Ծնած է 1900-ին՝ Վան: 1915-ի ինքնապաշտպանութեան օրերուն ան եղած է կամաւոր՝ Այգեստանի դիրքերէն լուրեր տանելով կեդրոնակայան եւ՝ հակառակը։ Թուրշեաններու ընտանիքը 1915-ի Յուլիսին գաղթած է Արեւելեան Հայաստան՝ Էջմիածին, ապա Թիֆլիզ։ Այստեղ ան ուսումը շարունակած է Ներսիսեան դպրոցին մէջ։ 1918-ին, աւարտական դասարանի աշակերտ ըլլալով, պատանի Յարութիւնը ընդունուած է սպայական դպրոց, ապա մեկնած է ռազմաճակատ՝ պաշտպանելու համար հայրենիքը։ Ան զինուորական ծառայութիւնը իրականացուցած է Արարատի հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան լանջերուն, ուր վիրաւորուած է ոտքէն ու տեղափոխուած է Երեւան, աշխատած է սպայակոյտին մէջ, որպէս գրագիր։ 1920-ին Յարութիւն Թուրշեան գերազանց գնահատականներով աւարտած է Ներսիսեան դպրոցը։ 1921-ի Մայիսին (մինչեւ Դեկտեմբեր) Թուրշեան աշխատանքի անցած է Հայաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիտէի տեղեկատուական բաժնին մէջ, միեւնոյն ատեն աշխատած է մանաւանդ արեւմտահայերուն համար լոյս տեսնող «Կարմիր օրեր» թերթին մէջ, որպէս պատասխանատու քարտուղար, ապա՝ խմբագիր։ Կարսի պայմանագրին կնքումէն ետք ան դուրս եկած է Հայկոմկուսի շարքերէն, ապա հեռացած է Երեւանէն եւ երկու-երեք տարի հայոց լեզու դասաւանդած է Սեւ ծովու ափերուն ծուարած համշէնահայկական գիւղերուն մէջ։ Թիֆլիզ վերադառնալէն ետք, համայնավարական ղեկավար Ալեքսանտր Միասնիկեանէն առաջարկ ստացած է՝ աշխատանքի անցնիլ նոր հիմնադ-րըւած Անդրկովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութեան նոր հիմնադրուած գիտական նոր միաւորման մէջ, շարադրել քեմալական շարժման պատմութիւնը։ Մինչ Յարութիւն Թուրշեան կը մտմտար առաջարկին մասին, կը զոհուի Ալեքսանտր Միասնիկեանը։ Թուրշեան կը մեկնի Պաքու եւ ուսումը կը շարունակէ Ատրպէյճանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժնին մէջ՝ միեւնոյն ատեն հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդելով Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոցէն ներս: 1931-1954 թուականներուն Թուրշեան աշխատած է Երեւանի «Սովետական Հայաստան» օրաթերթին մէջ, որպէս ոճաբան եւ թարգմանիչ։
1940-60-ական թուականներուն ան ձեռնարկած է ռուս դասական քանի մը հեղինակներու երկերու թարգմանութեան: Թուրշեան երկար տարիներ ջանասիրութեամբ զբաղած է նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսումնասիրութեամբ։ 1947-ին «Հայ-հապեշական առնչութիւնները VII դարէն մինչեւ XX դարը» նիւթով ատենախօսութիւն մը պաշտպանած է, եւ ստացած՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։ Պատմագիտական պրպտումներուն արդիւնքներէն է 1965-ին լոյս տեսած «Սարդարապատի հերոսամարտը», ան հայ պատմաբաններուն մէջ թերեւս առաջինն էր, որ մատնանշեց հերոսամարտի ժողովրդա-ազատագրական բնոյթը: Արագ սպառելով, գիրքը վերահրատարակուած է նաեւ 1969-ին: Ան մահացած է 1978-ին:
ՀԱՅԿԱՆՈՒՇ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Ան բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, տոցենթ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի աւագ գիտաշխատող է։
1970 թուականին աւարտած է Վանաձորի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան դպրոցը:
1970-1975 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական բաժնի հայոց լեզու եւ գրականութիւն բաժանմունքի մէջ:
1995-1997 թուականներուն հետեւած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աստուածաբանական դասընթացքներուն:
2002-2004 թուականներուն մասնակցած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատան մը-շակոյթի կեդրոնի պարսկերէնի դասընթացքներուն:
1978 թուականէն առ այսօր կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Լեզուի կաճառին մէջ:
1990-1993 թուականներու միջեւ աշխատած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներս:
Աշխատած է «Լուսաւորիչ», «Անկախութիւն», «Շողակն Արարատեան», «Քրիստոնեայ Հայաստան» թերթերուն մէջ: 1998-էն առ այսօր կ՚աշխատի Երեւանի Պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ: Աշխատած է նաեւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան, Արարատեան Հայրապետական թեմի, Հայաստանի Լեզուաբանական, Երեւանի Պետական տնտեսագիտական, Թրակիայի համալսարանններուն մէջ:
Ան մասնակցած է աւելի քան 70 հանրապետական եւ միջազգային գիտաժողովներու (Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ, Սպահան, Քեսապ, Պէյրութ, Մոսկուա, Սեն Փեթերսպուրկ, Իսթանպուլ, Թրակիա, Պուլկարիա)։
Անոր խմբագրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած են երկու տասնեակէ աւելի գիրքեր («Ընտրանի ասոյթներու եւ պատգամներու»՝ Գարեգին Ա.-ի գրական ժառանգութենէն (Սուրբ Էջմիածին, 1999թ.), «Խմորուինք աղօթքով»՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, «Ընտրանի» (Մոնրէալ, 2000թ.), Եդուարդ Գոլանճեան՝ «Երկեր» (Երեւան, 2005թ.), «Միտքէն դէպի սիրտ»՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, «Ընտրանի» (Ս. Էջմիածին, 2010թ.), «Բարութեան սերմեր»՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, «Ասոյթներու ընտրանի» (Պըրպենք, Գալիֆորնիա, 2013թ.) եւ այլն։ Ան հեղինակած է հետեւեալ մենագրութիւնները՝ «Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի երկերու բառարան» (Մոնրէալ, 2000թ., 318 էջ)։
«Գրական լեզու եւ բարբառ» (Երեւան, 2008թ., 44 էջ)։ «Ածականական հոմանիշները հայերէնի բարբառներու մէջ» (Երեւան, 2009թ., 320 էջ)։ «Կրօնաեկեղեցական բառապաշարը հայերէնի բարբառներու մէջ» (Երեւան, 2016թ., 350 էջ)։ Հայկանուշ Մեսրոպեան նաեւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ