ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ Յունուար 6-ին։ Տօները, ընդհանրապէս կը տօնուին եւ այդ օրը իսկ կը վերջանայ մարդոց հետաքրքրութիւնը, խանդավառութիւնը եւ դժբախտաբա՛ր մոռացումի կ՚ենթարկուին մինչեւ յաջորդ օրը՝ տօնախմբութեան, որ կը նշանակէ՝ յաջորդ տարի։
Ուրեմն մոռացութիւնը, որ մարդկային տկարութեան եւ թերութեան բնական մէկ արդիւնքն է, դարմանելու լաւագոյն միջոցն է զայն յաճախ յիշել եւ յիշեցնել, առանց սպասելու յաջորդ տօնախմբութեան, այսինքն յաջորդ տարուան։ Եւ այս իսկ պատճառով, կ՚արժէ յիշել եւ աւելի՛ ընկալելի դարձնել եւ վա՛ռ պահել Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան իրողութիւնը՝ այս հրաշալի՜ իրադարձութիւնը։
Երբ Գաբրիէլ հրեշտակ յայտնուեցաւ եւ յայտնեց Մարիամին Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան պարագան, ան զարմացած հարցուց. «Ատիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ, քանի որ ամուսնացած չեմ», (ՂՈՒԿ. Ա 34)։
Աստուած արդէն ընտրած էր «ամենախոնարհ», «ամենահեզ», «ամենառաքինի» եւ Տիրոջը «ամենահաւատարիմ» կինը։ Այս տեսանկիւնէն եթէ նայուի, Սուրբ Կոյս Մարիամի այս հարցումը ո՛չ թէ թերահաւատութեան արտայայտութիւն մը, այլ ճշմարտութի՛ւնը հասկնալու համար էր։ Եւ հրեշտակին բացատրութիւնը լսելէն յետոյ, Սուրբ Մարիամ ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ», (ՂՈՒԿ. Ա 38)։
Ահաւասի՛կ, հաստատ համոզումի, վստահութեան եւ մանաւանդ հաւատարմութեան անկեղծ արտայայտութիւն մը, որ դժբախտաբար պէտք է խոստովանիլ, թէ այսօր ընդհանրապէս կը պակսի մարդկութեան գոնէ մէկ մասէն։ Ուստի, կան մարդիկ, որոնք առաջարկի մը հարցումով պատասխանելը «թերահաւատութիւն» եւ «անվստահութիւն» կը համարեն։ Եւ յատկապէս Սուրբ Կոյս Մարիամի պարագային՝ այս հարցը կը ներկայացնեն նախ որպէս թերահաւատութիւն եւ երբեմն ալ ծաղրանքով եւ հեգնանքով կ՚ըսեն. «Ինչպէ՞ս կրնայ կոյսը որդի ունենալ»։
Արդարեւ, ո՛չ միայն այս պարագային, այլ ամէն աստուածային իրողութիւններ, դըժ-բախտաբա՛ր տարակուսանքով կը դիմաւորուին մարդոց կողմէ։
Աստուած միշտ նախապատրաստուած է մարդոց այսպիսի մեծ իրադարձութիւններ ներկայացնելու եւ հրաշքներ կատարելու, որպէսզի անոնք տեղի ունենան, տեսնեն, հաւատան եւ փորձութեան եւ գայթակղութեան մէջ չիյնան։ Բազմաթիւ դէպքեր, որոնք կատարուած են Հին կտակարանի մէջ, նախօրինակը եւ ստուերն էին այն մեծ իրադարձութիւններու, որոնք պիտի կատարուէին Նոր կտակարանի մէջ։
Աշխարհի արարչագործութեան ժամանակ առանց սերմի եւ առանց աշխատանքի, եւ միա՛յն Աստուծոյ խօսքով, թէ՝ «Ըլլա՛յ», երկիրը բոյսեր աճեցուց եւ ամբողջ պտղաբերեց (ԾՆՆԴ. Ա 11)։
Ահաւասիկ, Աստուած երբ ոչինչէն ստեղծեց տիեզերքը, ճիշդ նո՛յն կերպով ալ, Յիսուսի Ծննդեան պարագային, այս դէպքին առանց մարդկային սերմի, միա՛յն Աստուծոյ ամենակարողութեան զօրութեամբը Կոյսը յղացաւ եւ Որդի ծնաւ։ Ուստի եւ Աստուծոյ համար անկարելի բան գոյութիւն չունի, ինչպս Սուրբ Կոյս Մարիամի յղացումը եւ Որդի ծնիլը։
Յիսուս Քրիստոս ծնաւ Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ։
Աւետարանի մէջ այս մասին գրուած է, որ երբ Մարիամ եւ Յովսէփ Բեթլեհէմ հասան, Մարիամի ծննդաբերելու օրերը լրացան, եւ ան ծնաւ իր անդրանիկ Որդին, խանձարուրի մէջ փաթթեց զԱյն եւ դրաւ մսուրի մէջ. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Եւ ահաւասիկ այս փաստէն՝ թէ ծննդաբերութեան ժամանակ ոեւէ կողմնակի անձի ներկայութիւնը չի յիշատակուիր եւ չի յիշուիր եւ չի նշուիր, որ Աստուածամայրը ինքը մանուկը խանձարուրի մէջ փաթթեց, Եկեղեցիի հայրերը հետեւեալ եզրակացութեան յանգած են։ Աստուածամայրը մինակը ծնաւ իր Որդին առանց կողմնակի օգնութեան, եւ այդ ծննդաբերութիւնը Սուրբ Կոյսի համար չէր կատարուած ծննդաբերող կիներու յատուկ ցաւերով։ Քրիստոս ծնաւ մսուրի մէջ՝ քարայրի մէջ։ Այդ քարայրին վրայ աւելի վերջի շրջաններուն, Հեղինէ թագուհին տաճար մը կառուցանեց՝ Աստուածածնի պատուոյն։
Որոշ Եկեղեցիներ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնեն Դեկտեմբեր 25-ին։
Այս տարբեր թուականներու գոյութեան պատճառը հետեւեալն է։ Նախապէս Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները միասին կը տօնուէին՝ Յունուար 6-ին, բայց յետոյ այդ փոխուեցաւ Բեթլեհէմի եւ Յորդանանի՝ իրարմէ հեռու ըլլալուն պատճառով։ Անոր համար Երուսաղէմի բնակիչները Ծննդեան տօնը փոխեցին Դեկետմբեր 25-ի։ Նաեւ հեթանոսական ժամանակներուն, արեւին նուիրուած տօն մը կար Դեկտեմբեր 25-ին, եւ մարդիկ այդ օրը, ըստ հաստատուած սովորութեան տօնախմբութիւն կը կատարէին։
Ահաւասիկ, հեթանոսական տօնախմբութիւնը քրիստոնէականով փոխարինելու համար Սուրբ Ծննդեան տօնը տեղափոխուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ի։ Իսկ հայ քրիստոնեաները, ինչպէս սկիզբէն վարժուած էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն, նոյնպէս պահեցին՝ շարունակելով Փրկչի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները տօնել ճշգրի՛տ օրը՝ Յունուար 6-ին։
«Աստուածայայտնութիւն» ըսելով՝ կը յիշատակուի Փրկչի Մկրտութիւնը։ Աստուածայայտութիւնը ա՛յն է, որ Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ յայտնուեցան աստուածային երեք Անձերը՝ Սուրբ Հոգին՝ Քրիստոսի վրայ «աղաւնակերպ իջմամբ» (ՄԱՏԹ. Գ 16), (ՄԱՐԿ. Ա 10), (ՂՈՒԿ. Գ 22), Հայրը՝ վերէն հնչող ձայնով. «Դա՛ է Իմ սիրելի Որդին, որն ունի Իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը» (ՄԱՏԹ. Գ 17), (ՄԱՐԿ. Ա 11), (ՂՈՒԿ. Գ 22)։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը»՝ գիտելիքներ հաւատացեալներուն հաւաքածոյէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 10, 2018, Իսթանպուլ