ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻ՛ՒՆ

Հոն ուր կայ ի­րա­ւունք, ի­րա­ւունք վա­յե­լում եւ ա­զա­տու­թիւն, հոն կայ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի՛ւն։

Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ մարդ ա­րա­րա­ծին ա­րար­չու­թիւնն ալ հիմ­նուած է այս մշտնջե­նա­ւոր սկզբուն­քին վրայ։ Ա­մէն ի­րա­ւունք կը փո­խա­րի­նուի պարտ­քով մը եւ ա­մէն ա­զա­տու­թիւն կը չա­փա­ւո­րուի սահ­մա­նով մը։ Ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նը ե­թէ նկա­տի չառ­նուի՝ հոն կը սկսի հա­տուց­ման պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Կեան­քը ա­հա­ւա­սիկ այս ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ հիմ­նուած է եւ այս ներ­դաշ­նա­կու­թեան շնոր­հիւ է, որ կ՚ըն­թա­նայ անվ­տանգ կեր­պով։

Պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ «երկ­րորդ հան­դի­պում» մը։ Պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը նշա­նա­կէ նա­խա­պէս տրուա­ծին հա­շի­ւը պա­հան­ջել, հա­շուե­պա­հանջ մըն է ան, եւ ու­րեմն եր­կու հանգ­րուան­նե­րու երկ­րորդն է պա­տասխա­նա­տուու­թիւ­նը։ Մարդ ի­րա­ւուն­քի մը կը տի­րա­նայ, զայն վա­յե­լե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ, այս ա­ռա­ջին հանգ­րուանն է, բայց այդ վա­յե­լու­մին փո­խա­րէն՝ հա­շուե­պա­հան­ջը, այս ըն­թաց­քին երկ­րորդ հանգ­րուանն է։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս եր­կու հանգ­րուան­նե­րու մի­ջեւ կը գտնուի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը՝ որ են­թա­կան կը պար­տադ­րէ ու­շադ­րու­թեամբ գոր­ծա­ծե­լու ի­րեն տրուած ի­րա­ւունք­նե­րը եւ զա­նոնք վա­յե­լե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը։

Եւ ե­թէ հո՛ս, երկ­րի վրայ կեանք մը կ՚ապ­րի մարդ, ու­նի ի­րա­ւունք­ներ, զա­նոնք վա­յե­լե­լու ա­զա­տու­թիւն, բնա­կան է, որ այս բո­լո­րը պէտք է ու­նե­նայ վարձք մը կամ հա­տու­ցում մը՝ որ կ՚ո­րո­շուի ըստ հա­շուե­պա­հան­ջի մը տրուած հա­շի­ւին։ Երկ­նա­յին հա­շուե­յար­դա­րը ա­հա­ւա­սիկ, կը կո­չուի «վեր­ջին դա­տաս­տան» եւ ըստ հա­ւատ­քի պի­տի կա­տա­րուի Յի­սուս Քրիս­տո­սի «Երկ­րորդ Գա­լուստ»ին։ Հա­կիրճ ակ­նար­կով մը՝ Յի­սուս ե­կաւ ա­ռա­ջին ան­գամ տա­լո՛ւ, իսկ երկ­րորդ ան­գամ պի­տի գայ հա­շի­ւը պա­հան­ջե­լի տուա­ծին գոր­ծա­ծու­թեան։

Ար­դա­րեւ, Յի­սու­սի գալս­տեան յի­շա­տա­կը՝ այս­պի­սի մէկ գալս­տեան մը յի­շա­տակն է։ Ուս­տի, հար­ցը փա­փուկ է՝ հա­ւատ­քի ու հա­ւա­տա­լիք­նե­րու ա­մե­նէն կա­րե­ւո՛­րը։

«Երկ­րորդ Գա­լուստ»ը վեր­լու­ծել, ան­շուշտ հմուտ եւ խե­լա­մուտ մաս­նա­գէտ­նե­րու գործ է։ Բայց մարդ­կա­յին կեան­քի ա­ռօ­րեայ հարց մըն է «հա­տու­ցո՛ւմ»ը։

«Հա­տու­ցում» բա­ռը, սի­րե­լի­նե՜ր, հա­յե­րէն լե­զուի ճիշ­դի­մաստ բա­ռե­րէն մէկն է եւ կը նշա­նա­կէ՝ փո­խա­րինու­թիւն՝ բա­րի կամ չար գոր­ծի մը։

Ա­զատ կամ­քի, ա­զա­տօ­րէն գոր­ծե­լու հե­տե­ւանքն է հա­տու­ցու­մը՝ որ կը կա­ռա­վա­րուի «պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեան» կող­մէ։ Սա­պէս կա­րե­լի է  ը­սել՝ «Ա­զա­տու­թիւն»ը կը պա­հան­ջէ «Հա­տու­ցում» եւ կը պար­տադ­րէ շար­ժիլ ըստ «Պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեան»։ Ուս­տի, հոն՝ ուր ա­զա­տու­թիւն կայ, բայց կը պակ­սի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, ա­պա հոն կը տի­րէ ա­նիշ­խա­նու­թիւն, սան­ձար­ձակ, քմա­հա­ճու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­կարգ շար­ժա­ռիթ նկա­տող կեանք՝ ո­րուն բնա­կան բայց ցա­ւա­լի հե­տե­ւանքն է վիհ՝ քաո՛ս։

Ա­զա­տու­թի­ւնը հա­ւա­սա­րակշ­ռող տարրն է՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Ուս­տի, այդ ա­զատ վա­յե­լու­մի ար­դիւն­քը ե­թէ «բա­րի» է՝ ա­նոր հա­տու­ցու­մը վարձք է, իսկ ե­թէ «չար» է՝ պա­տիժն է անոր բնա­կան հա­տու­ցու­մը։

Ու­րեմն, ա­մէն մէկս մտա­ծե­լու ենք մեր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու մա­սին եւ նկա­տե­լու ենք, թէ «ա­զատ եմ, ու­զածս կ՚ը­նեմ»ի նման ան­պա­տաս­խա­նա­տու մտա­ծում­ներ մարդս եր­բեք չեն ա­ռաջ­նոր­դեր ու­ղիղ ու շի­տակ ճամ­բայ, քա­նի որ կեան­քը հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու, ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­նե­րու, հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու ըն­թացք մըն է եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը չա­փա­ւո­րու­թեան մէ՛ջ է։ Ուս­տի նախ խոր­հինք, եւ յե­տոյ գոր­ծենք, խո­հե­մու­թիւ­նը ա՛յդ կը պա­հան­ջէ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015