«ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷ՛Ր Է»
«Ասոտւած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 16)։
Արդարեւ, այն որ զԱստուած կը սիրէ, կը սիրէ նաեւ իր նմանը՝ մա՛րդը, քանի որ աստուածային սէրը կը յայտնուի մարդասիրութեամբ՝ եղբայրսիրութեա՛մբ։ Այս ուղղութեամբ, մէկը որ չի սիրեր իր նմանը, կը տեսնէ զայն եւ սիրով չի վարուիր անոր հետ, ի՞նչպէս կրնայ զԱստուած սիրել՝ երբ Ան չի՛ տեսներ։
Մարդ զԱստուած սիրող կը ճանչցուի, երբ իր նմանը՝ այսինքն մա՛րդը կը սիրէ հոգեպէս, առանց խտրութեան։ Արդարեւ սէրը արժէք կը ստանայ երբ ան հոգիով կ՚արտայայտուի՝ սիրտէն, անկեղծութեամբ կը բխի եւ կախում չունի մարմնաւորէն։
Հոգեւոր սէրը բոլորովին տարբեր է մարմնաւոր սէրէն։ Ուստի, այն մարդը՝ որ կը սիրէ՝ կը ճանչցուի Աստուծոյ կողմէ եւ ինք կը ճանչնայ զԱստուած, եւ ան՝ որ կ՚ատէ եւ չի սիրեր իր նմանը, կարեկցութեամբ չի մօտենար անոր, բոլորովին անծանօ՛թ մըն է Աստուծոյ եւ չի կրնար վայելել աստուածային շնորհ։
Իսկ այն՝ որ իր նմանը սուրբ եւ նուիրական սիրով կը սիրէ՝ Աստուծոյ բնակարան կ՚ըլլայ եւ Ան կը բնակի այդ սիրող մարդուն հոգիին մէջ։
Ուրեմն կը տեսնուի, որ սէրը բոլորովին հոգիի արտայայտութիւն մըն է եւ պէտք չէ անոր մարմնական հանգամանք տալ, քանի որ սիրոյ նկարագիրը որեւէ կապ չունի մարմնաւորի հետ։ Եւ քանի որ «Աստուած սէ՛ր է», այս կը նշանակէ, որ սէրը հոգեւոր արժէք մըն է եւ կախում չունի մարմնաւոր որեւէ արժէքի հետ։ Առածը կ՚ըսէ. «Ամենէն երկար հեռաւորութիւնը՝ սիրոյ զգացումէ զուրկ երկու մարդու հեռաւորութի՛ւնն է»։ Ասոր փոխարէն սէրը ամէն հեռաւորութիւն կը մօտեցնէ, ամէն անծանօթ կը մտերմացնէ՝ պատեր կը քանդէ, սառոյցներ եռացող ջուրերու կը վերածէ՝ եւ «դժոխք»ը «դրա՛խտ»ի կը փոխակերպէ։
Սէրը այնքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, քանի որ սէրը կենսատու է, կեանքը սիրոյ արդիւնք է եւ անոր միջոցով է, որ կեանքը կը գոյատեւէ։ Արդարեւ Յիսուս Քրիստոս, սիրեց մարդը եւ ճշմարիտ Հոգին ղրկեց, որպէսզի անոր մէջ բնակի, եւ մարդ տաճար ըլլայ Սուրբ Հոգիին։ Եւ այս միջոցով է, որ մարդուն իմանալի հոգին՝ Աստուծոյ անիմանալի Հոգիին հետ կը հաղորդակցի, կը կապուի։
Ուստի մարդ պէտք է սիրէ իր նմանը՝ ի՛նչպէս Յիսուս Քրիստոս սիրեց զինք՝ մարդը եւ սէրը սահմանեց ըսելով. «Սիրեցէ՛ք զիրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ զիրար սիրեցէք։ Ձեր զիրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք», (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34-35)։ Եւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ով որ կ՚ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ», (ՅՈՎՀ. ԺԴ 21)։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ բացայայտօրէն, թէ՝ սէրը «սէ՛ր» է, երբ կը գործադրը-ւի, այլապէս միայն մտածումով կամ խօսքով սէր ունենալ իսկապէս եւ հոգեպէս «սի-րել» չի՛ նշանակեր, այլ սէրը գործի, աշխատանքի, շարժումի պէտք է վերածուի եւ այդպէս արտայայտուի։ Ուստի «կը սիրեմ», ըսել չի՛ բաւեր, այլ պէտք է գործնապէս եւ հոգեպէս սիրե՛լ։ Սէրը «մտածում» կամ «խօսք» չէ, այլ՝ գործ, աշխատանք եւ շարժո՛ւմ։
Եւ վերջապէս, Յիսուս շեշտը կը դնէ մեծագոյն սիրոյ վրայ, որ մարդիկ կրնան ունենալ, եւ կ՚ըսէ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ի՛նչ որ կը պատուիրեմ ձեզի», (ՅՈՎՀ. ԺԳ 13-14)։ Ահաւասիկ, սիրելի՜ հաւատարիմ բարեկամներ, սէրը ա՜յնքան զօրաւոր զգացում մըն է, որ մինչեւ իսկ մարդ կրնայ զոհել իր կեանքը իր նմանին՝ իր սիրածին՝ մա՛րդուս համար։ Եւ նոյնինքն Յիսուս տիպարը, կենդանի օրինակը եղաւ այս ճշմարիտ, անկեղծ հոգեւոր սիրոյն՝ երբ իր կեանքը տուաւ մարդոց փրկութեան համար խաչին վրայ զոհուելով։ Սիրոյ բարձրագոյն աստիճանն է զոհուիլ ուրիշի փրկութեան եւ որեւէ օգտին համար։ Այն որ յանձն կ՚առնէ այս զոհողութիւնը՝ անձնանուիրութիւնը, այն է որ ըմբռնած է սիրոյ ճշմարիտ իմաստը։ Եւ այս պատճառով, կարելի է ըսել, թէ՝ սէրը ամենէն աստուածահաճոյ, ամենէն աստուածամերձ, ամէն առաքինութենէ վեր եւ ամենէն ազնիւ զգացումն է՝ աստուածատուր պարգե՛ւ մը մարդուն տրուած, որ մարդուս արժանաւորութիւնը կը հաստատէ եւ արժանապատուութեան զարգացման կը նպաստէ, մարդս «մարդ» կ՚ընէ։
Ուրեմն բացայայտ կերպով կ՚երեւի, թէ սէրը Աստուծոյ մօտ որքա՛ն արժէք ունի եւ թէ ի՛նչպէս մարդս Աստուծոյ նման կ՚ընէ։ Եւ եթէ Աստուած սէ՛ր է, ապա ուրեմն մարդ սիրոյ միջոցով հետզհետէ կը մօտենայ եւ աստուածանմա՛ն կ՚ըլլայ։
Արդարեւ, սիրոյ փաստը կը քաղենք Քրիստոսի կեանքէն՝ ո՛չ միայն իր խաչելութեամբ, այլ ամբողջ կեանքէն՝ առակներէն, հրաշքներէն եւ քարոզութիւններէն։ Քրիստոսի ամբողջ կեանքը սիրոյ տիպար մըն է՝ սիրոյ մարմնացումը, ինչպէս ամբողջ Աւետարանը՝ սիրոյ բիւրեղացո՛ւմը։
Արդարեւ, Քրիստոս, բարեկամին կամ հանրութեան օգուտը կը դնէ մարդուս վրայ որպէս ծանր պարտաւորութիւններ, որոնք աւելի՛ բարձր՝ աւելի՛ նուիրական են՝ քան մարմնական գոհացումները՝ հացի խնդիրը եւ այլ մտահոգութիւններ։
Եւ ահաւասիկ սկզբունք մը եւս, թէ՝ «պէտք է մարդ ընէ իր բարեկամին համար այն ամէնը՝ ի՛նչ որ կ՚ուզէ որ բարեկամը ընէ իրեն»։ Ընկերական այդ բիւրեղացած անկեղծ սէրը հոս բոլորովին փոխադարձ է, եւ փոխադարձ սէրը երբեք չարիք չի մտածեր իր մերձաւորին համար, չ՚ուրախանար՝ երբ անիրաւութիւն կը պատահի անոր, այլ կ՚ուրախանայ երբ արդարութիւնը՝ իրաւունքը՝ ճշմարտութիւնը երեւան կու գան, եւ իր բարեկամը անոնց արդիւնքը կը վայելէ, ի՛նչպէս որ իրեն համար նո՛յնը կը ցանկանար։
Չարախօսութիւնը, մանաւանդ ստախօսութիւնը, բամբասանքը ամենամեծ թշնամիներն են սիրոյ, եւ արգելքներ՝ սիրոյ ազնիւ զգացումին։
Ուրեմն, ամենէն առաջ պէտք է զգուշանալ մանաւանդ բանակրկիտ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն՝ սաստիկ զգուշանալ կամայ թէ ակամայ ինքն իր անձին փորձելու այդ տկարութիւնը։ Արդարեւ, Քրիստոսի բոլոր «վա՜յ»երը այդպիսի կեղծաւորներու վրայ են՝ որոնք կը հաւասարին այն ստորին մակդիրներուն՝ որ գործածուած է անոնց դէմ Աւետարանին մէջ։
Ուստի եւ ան որ կը սիրէ, յայտնի է մարդոց եւ համարձակ Աստուծոյ առջեւ, քանի որ ո՛չ մէկ չարիք կը խափանէ սէրը, եւ անկեղծ սէր ունեցողը մահացու մեղքերէ չի վախնար, այլ Աստուծոյ անհո՜ւն սիրովը զինուած կ՚ըլլայ։
Հոն՝ ո՛ւր սէր կայ, այնտեղ վախ գոյութիւն չունի, կ՚ըսէ Յովհաննէս Առաքեալ. «Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ։ Արդարեւ, վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ո՛վ որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ», (Ա ՅՈՎՀ. Դ 18)։
Սէրը երկրայինները երկնայի՛ն կ՚ընէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 10, 2018, Իսթանպուլ