Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ
ՔԱԹԱԼՈՆԻՈՅ ԵՒ ԱՐԱԿՈՆԻ
ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՍԻԿԻԼԻՈՅ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ
ԴԷՄ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր:
Խայմէ Ա.-ի եւ անոր երկրորդ կնոջ՝ Եոլանտայի որդին՝ Փերէ էլ Կրան (Պետրոս Մեծ) հօր մահէն ետք, 1276-ին Արակոնի եւ Վալենսիոյ թագաւոր եւ Պարսելոնայի կոմս հռչակուեցաւ: Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութեան մնացեալ հողերը՝ Մայորքայի թագաւորութիւնը (ներկայ Պալէարեան կղզիները) եւ Փիրէնեան լեռներէն հիւսիս տարածուող քաթալան հողերը՝ Ռուսիյոնի եւ Քոնֆլէնթի կոմսութիւնները, Քափսիրը եւ Մոնփելիէն անցան Փիրէի եղբօր՝ Խայմէի, որ հռչակուեցաւ Մայորքայի թագաւոր:
Փերէ եւ կինը՝ Քոնսթանս Սիկիլիացի թագադրուեցան Սարակոսայի մէջ, 1276 Նոյեմբերին, Թարրակոնայի արքեպիսկոպոս Պեռնարտօ տէ Օլիվելիայի ձեռամբ:
Գահակալութենէն անմիջապէս ետք խռովութիւններ ծայր առին Քաթալոնիոյ մէջ: Քարտոնայի դերկոմսը, Ֆուայի կոմս Ռոժէ-Պեռնար Գ., Առնօ Ռոժէ Փալլար տէ Սոպիրա եւ Ուրկէլի կոմս Էրմենկոլ Ժ. ապստամբեցան: Միաժամանակ Ուրկէլի կոմսութեան մէջ ներքին պայքարներ ծայր առին: Փերէ 1280 -ին զսպեց խռովութիւնները, պաշարեց ապստամբներու կեդրոն Պալակուէրը (Ուրկէլի կոմսութեան գլխաւոր քաղաքը Էպրոյի հարկատու Սեկրէի ափին, գոթական Սանթա Մարիա եկեղեցիով եւ Փոնթ տէ Սանթ Միքէլ կամուրջով) եւ մէկ ամսուան կռիւներէ ետք գրաւեց զայն: Ապստամբութեան ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:
Թունուզի էմիր Մուհամմէտ Մուսթանսիր, որ Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի հպատակութիւն յայտնած էր, մահացաւ 1277-ին, որմէ ետք Թունուզ մերժեց ճանչնալ Փերէ էլ Կրանի գերիշխանութիւնը: Իր իշխանութիւնը հոն հաստատելու համար Փերէ թագաւոր 140 նաւերէ եւ 15 հազար զինուորներէ բաղկացած բանակ մը կազմակերպեց եւ 1282-ին Ալքոյլ (ներկայ Քոլլօ, Ալճերիա) ցամաք ելաւ:
***
Նոյն ժամանակ, 1282-ի Զատկուան տօնին, Մարտ 30-ին, Սիկիլիոյ մէջ ժողովրդային ապստամբութիւն մը բարձրացաւ Շարլ տ՚Անժուի դէմ: Շարլ տ՚Անժու Ֆրանսայի Լուի Ը. թագաւորի որդին էր, Քափեթիական տունէն, եւ 1266-ին Սիկիլիոյ թագաւոր հռչակուած էր: Ապստամբութիւնը սկսաւ Փալերմոյի Սփիրիթօ Սանթօ եկեղեցիէն, հսկումի գիշերը, եւ արագօրէն տարածուեցաւ: Սիկիլիա հաստատուած հազարաւոր ֆրանսացիներ սուրի քաշուեցան: Ալայմօ տա Լենթինի սիկիլիացիներու ժողովրդային հրամանատար հռչակուեցաւ: Շարլ տ՚Անժուի փոխանորդը՝ Հերպերթ իր ընտանիքին հետ Մեսսինայի Մաթեկրիֆֆոն բերդին մէջ ամրացաւ եւ յետոյ, կեանքի ապահովութեան երաշխիք ստանալէ ետք, եւ անգամ մըն ալ Սիկիլիա չվերադառնալու պայմանով, ազատ ձգուեցաւ: Մեսսինա ազատ համայնք հռչակուեցաւ: Այնուհետեւ սիկիլիացիք պատուիրակութիւն մը ուղարկեցին Մարտինոս Դ. պապին մօտ եւ անկէ խնդրեցին, որ սիկիլիական բոլոր քաղաքները ազատ համայնքներ հռչակ-ւին սուրբ աթոռի հովանիին ներքեւ: Բայց ֆրանսացի պապը մերժեց սիկիլիացիներուն խնդրանքը եւ անոնց թելադրեց հասկացողութեան գալ Շարլ տ՚Անժուի հետ:
Պապին մերժումէն ետք սիկիլիացիք պատուիրակութիւն մը ուղարկեցին Փերէ թագաւորին մօտ, անոր խոստանալով Սիկիլիոյ գահը, որովհետեւ Քոնսթանս թագուհի իրաւականօրէն սիկիլիացիներուն ալ թագուհին կը նկատուէր: Քոնս-թանսի հայրը՝ Մանֆրէտ, Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան Ֆրիտրիխ Բ. կայսեր եւ Պիանքա Լանսիայի ապօրինի զաւակը (Ֆրիտրիխի եւ Պիանքայի ամուսնութիւնը ոչ կանոնական հռչակուած էր), 1258-էն 1266 Սիկիլիոյ թագաւորը եղած էր:
Փերէ թագաւորին զօրքը հիւսիսային Ափրիկէ, Սիկիլիայէն շուրջ 300 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր: Փերէ սկիզբը տատամսեցաւ, արկածախնդրութիւն նկատելով Սիկիլիա ցամաքահանում մը, բայց յետոյ համոզուեցաւ եւ նաւատորմին գլուխը անցած 30 Օգոստոս 1282-ին Սիկիլիոյ արեւմտեան ափին գտնուող Թրափանի քաղատարութեան տակ կեդրոնացած էր Պարսելոնայէն շուրջ 85 քիլօմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Լէս Ֆորմիկէս կղզիներուն շուրջ: 4 Սեպտեմբեր 1285-ի արեւածագէն քանի մը ժամ առաջ ֆրանսական եւ ճենովական 30 նաւեր Կիլհէմ տը Լոտեւայի եւ Հենրի տի Մարիի հրամանատարութեամբ հասան Լէս Ֆորմիկէս, եւ ծովամարտը սկսաւ: Ռուճճիերօ տի Լորիա հրամայեց իւրաքանչիւր նաւու վրայ երկուքական լամբար վառել, նաւերուն թիւը հեռուէն աւելի ցոյց տալու համար, եւ գրոհի հրաման տուաւ, նախընտրելով արեւածագէն առաջ կռուին ընթացքը վճռել: Ճենովական 16 նաւերէն 10 փախուստի դիմեցին, իսկ ֆրանսական նաւերը գրաւուեցան, ոմանք ընկղմեցան, ոմանք ալ հրդեհուեցան: Ծովակալ Կիլհէմ տը Լոտեւա եւ շուրջ երեք հարիւր նաւաստիներ գերի ինկան եւ կուրացուեցան բացի մէկէն, որպէսզի ազատ ձգուելէ ետք առաջնորդէ զանոնք Ֆրանսայի թագաւորին մօտ: Կուրացուած եւ ազատ ձգուած գերիներուն միջոցով Լորիա պատգամ մը յղեց Ֆրանսայի թագաւորին, որպէսզի այլեւս նոյնիսկ ձկնորսութեան համար չնաւարկէ Միջերկրականի վրայ առանց Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ թագաւորութեան դրօշին:
Փերէ թագաւորի երէց որդին՝ Ալֆոնսօ, Նաւարայի ճակատին պաշտպանութիւնը ստանձնած էր, ուր սահմանային կռիւներ կը մղուէին: Նաւարայի թագաւոր հռչակուած Ֆիլիփ լը Պէլ միացած էր հօր՝ Ֆիլիփ Գ.-ի բանակին:
Ֆրանսական բանակը 30 Սեպտեմբերին հասաւ Սերրա լ՚Ալպերայի (Մասիֆ տէ Ալպէր, ներկայիս՝ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ սահմանին վրայ) Քոլ տիւ Փերթիւս լեռնանցքը: Այդ եւ յաջորդ օր կատաղի կռիւներ մղուեցան: Քաթալան զօրքերը շրջափակեցին եւ ջախջախեցին ֆրանսական բանակը:
Արդէն ֆրանսական բանակին մէջ սկսած էր թանչի (աղիքային հիւանդութեան) համաճարակ մը եւ Ֆիլիփ Գ. թագաւոր եւս վարակուելով մահացաւ 5 Հոկտեմբեր 1285-ին, Փերփինիանի մէջ եւ Նարպոնի մէջ թաղուեցաւ: Քոլ տիւ Փերթիւսի յաղթանակին առիթով Պարսելոնայի մէջ ութ օր շարունակ տօնախմբութիւն կատարուեցաւ:
Նաւարայի Ֆիլիփ լը Պէլ թագաւոր Փերէի հետ հաշտութեան բանակցութիւններու սկսաւ: Փերէ թագաւոր ֆրանսական արքայական ընտանիքին Փիրէնեան լեռներէն ազատ անցքի արտօնութիւն տուաւ: Իսկ Մայորքայի Խայմէ թագաւորը Փերէի վասալ հռչակ-ւեցաւ:
Փերէ էլ Կրան արուեստներու, գրականութեան եւ թրուպատուրներու հովանաւոր եղաւ: Թրուպատուրները (իգական՝ թրոպէրիզ) շրջիկ աշուղ բանաստեղծներ էին, որոնք ծագում առած էին Օսսիթանիոյ մէջ (հարաւային Ֆրանսա), ԺԱ. դարուն, եւ տարածուած՝ դէպի Սպանիա եւ Իտալիա: Փերէ նաեւ գրած է երկու սիրվենթեսոս (բանաստեղծութիւն):
Փերէ էլ Կրան մահացաւ 11 Նոյեմբեր 1285-ին, Վիլաֆրանքա տէլ Փենետէսի մէջ եւ սիսթերսեաններու Սանթէս Քրէոս վանքին մէջ թաղուեցաւ: Սանթէս Քրէոս կը գտնուի քաթալոնական Այկուամուրսիա գիւղին մօտակայքը:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ