ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆ. ԱՌԱՍՊԵԼ ԴԱՐՁԱԾ ՄԱՐԶԻԿԸ

Գանատական մամուլը օրերս անդրադարձած է 4 Դեկտեմբեր 2017 թուականին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած առասպելական հայազգի պասքեթպոլ խաղացող Արմենակ Ալաճաճեանի մահուան: 87 տարեկանին մարզաշխարհի հսկան հեռացած է կեանքէն՝ մնալով մինչեւ հիմա աշխարհի ամենէն նշանաւոր հայ պասքեթպոլ խաղացողը: Արմենակ Ալաճաճեան ութ անգամ եղած է Խորհրդային Միութեան ախոյեան, երկու անգամ՝ Եւրոպայի ախոյեան, երկու անգամ տիրացած է Եւրոպայի ախոյենութեան բաժակին, արժանացած է նաեւ Ողիմպիական խաղերու արծաթեայ մետայլին: Արմենակ Ալաճաճեան իր մարզական գործունէութեան ընթացքին փայլած է նաեւ իբրեւ մարզիչ: Ոչ մէկ հայ պասքեթպոլ խաղացող առայժմ յաջողած է գերազանցել անոր արձանագրած ցուցանիշները: Հակառակ որ պասքեթպոլը իր ծագումով հայկական չէ, բայց, միջազգային ըլլալով, ինչպէս հնագոյն շատ մարզաձեւեր, այս մէկն ալ գրաւած է բազում հայերը: Թէ՛ հայկական գաղութներու մէջ, թէ՛ ալ Հայաստան մեծ տեղ տուած են ամերիկեան ծագումով խաղին, ստեղ-ծըւած են բազմաթիւ խումբեր, ակումբներ եւ այսօր ալ, ողիմպիական համարուող մարզաձեւով շատ հայեր հետաքրքրուած են: Մարզական մեկնաբաններ, սակայն, անգերազանցելի կը նկատեն Ալաճաճեանը, իբրեւ պասքեթպոլի պատմութեան մէջ մտած հայ:

Սփիւռքահայ, հայրենադարձ Ալաճաճեան իբրեւ պասքեթպոլ խաղացող կոփուած եւ յայտնի դարձած է Խորհրդային Միութեան հաւաքականի եւ Մոսկուայի «Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբ» (ԲԿՄԱ) անունով պասքեթպոլի արհեստավարժ խումբին մէջ: 1924 թուականին հիմնուած այդ խումբը՝ ԲԿՄԱ-ն, այսօր ալ փայլուն կերպով յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ, իսկ անոր պատմութեան մէկ հատուածը ուղղակիօրէն առընչուած է եգիպտահայ մարզիկ Արմենակ Ալաճաճեանի անուան հետ: Ան ԲԿՄԱ-ի եւ Խոր-հըրդային Միութեան հաւաքականին մէջ խաղացած է եւ մարզիչ եղած տարիներուն արժանացած է Խորհրդային Միութեան մարզանքի վաստակաւոր վարպետի եւ Ռուսաստանի Վաստակաւոր մարզիչի կոչումներուն: Իսկ ԲԿՄԱ-ն բազմաթիւ անգամներ դարձած է Եւրոպական լիկի ախոյեան՝ նոյնինքն Արմենակ Ալաճաճեանի որպէս մարզիչ եւ որպէս խաղացող հանդէս գալու տարիներուն։ Թոքիոյի 1964 թուականի Միջազգային ողիմպիական խաղերուն ընթացքին անոր մասնակցութեան շնորհիւ խումբը արժանացած է արծաթեայ մետայլի:

Արմենակ Ալաճաճեան ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1930 թուականին՝ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը, պատմական Հայաստանէն հոն փոխադրուած հայկական ընտանիքի մը մէջ: Անոր մայրը զաւակները մեծցուցած է հայկական ոգիով եւ ընտանիքն ալ կապուած եղած է Աղեքսանդրիոյ հայ համայնքին: Ալաճաճեան յաճախած է Եգիպտոսի «Պօղոսեան» վարժարանը, զոր աւարտած է 1947 թուականին։ Դպրոցը աւարտելէ տարի մը ետք, երիտասարդ Արմենակ Ալաճաճեան, կը միանայ Եգիպտոսէն Խորհրդային Հայաստան տեղափոխուող հայրենադարձներու խումբին եւ կը հասնի Մայր Հայրենիք, որուն մասին երազած էր դպրոցական տարիներէն:

Անուանի մարզիկը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է. «Այն թաղը, ուր մենք կը բնակէինք Աղեքսանդրիա, կը կոչուէր «Փոքրիկ Հայաստան», քանի որ այնտեղ բոլորը հայ էին: Այդտեղ ալ, իրարու շատ մօտ կը գտնուէին մեր թաղամասի հայկական դպրոցը, եկեղեցին եւ մարզադաշտը: Մարզանքով ես սկսայ զբաղիլ վեց տարեկանին: Սկիզբը՝ թեթեւ մարզախաղով, յետոյ՝ ոտնագնդակով: Իսկ երբ տասներկու տարեկան էի՝ ի յայտ եկաւ պասքեթպոլը, որ յետագային պիտի դառնար իմ կեանքի գլխաւոր գործը: Բայց աւելի լրջօրէն սկսայ պասքեթպոլով զբաղիլ, երբ 1947 թուականին մենք ընտանիքով ներգաղթեցինք մեր պատմական հայրենիքը»:

Մարզանքի հանդէպ սէրը Հայաստանի մէջ զայն կը տանի Երեւանի Մարզանքի պետական համա-լըսարան եւ հակառակ իր հասակին այնքան ալ պասքեթպոլը չէր վայելեր (174 սմ. հասակ ունէր), մեծ սէր կը ցուցաբերէ մանաւանդ պասքեթպոլին հանդէպ եւ առաջին խումբը, ուր կը սկսի խաղալ, Երեւանի մէջ այդ ժամանակ գործող «ՖԻՄԱ» խումբն էր:

Հայաստանեան խումբին մէջ խաղալէ ետք Ալաճաճեան կը տեղափոխուի Ղազախիստան եւ հոն ալ խումբի մը մէջ կը խաղայ: Իր անսպառ աշխատասիրութեան շնորհիւ ան յաջողութիւններու կը հասնի, կը սիրուի մարզիչներու եւ մարզասէրներու կողմէ:

Ղազախիստանէն ետք Ալաճաճեան 1959 թուականին կը հրաւիրեն Մոսկուա, ուր ան «Բանակի մարզական կեդրոնական ակումբ»ին մէջ կը խաղայ եւ մէկ անգամէն նկատել կու տայ իր արհեստավարժութիւնը: ԲԿՄԱ խումբին միանալէ ետք ԲԿՄԱ խումբին, որ այդ տարիներուն համար ցուցանիշ կը սահմանէ՝ 11 խաղ, 11 յաղթանակ։

Հայրենադարձուելէն վեց տարի յետոյ Արմենակ Ալաճաճեան արդէն Խորհրդային Միութեան հաւաքականի անդամ էր եւ նուաճած էր Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը, բան մը, որուն մասին նոյնիսկ չէր կրնար երազել Եգիպտոսի մէջ:

Հին դարերէն ի վեր հայեր մասնակցած են ողիմպիական մրցումներուն: Պատմութեան յիշած հին ողիպիականներու վերջին յաղթականը հայ մըն է՝ Իշխան Վարազդատ: Ան, Յ.Ք. 385 թուականին, 291-րդ ողիմպիականին, կռփամարտի առնական մրցումին յաղթած ըլլալով, Թէոտոսիոս կայսեր կողմէ հաստատուեցաւ հայկական գահին: Պատմաբանները անվարան կերպով զինք կոչած են քաջասիրտ: Ամենէն շատ հայ ողիմպիականները եղած են խորհրդային տարիներուն, իսկ Ալաճաճեանի մասին կ՚ըսէին, որ ան հայ ողիմպիականներու գործը շարունակողն է:

ԲԿՄԱ խումբը՝ Ալաճաճեանի ընդգրկուելէն ետք, ութ տարի անընդմէջ, Խորհրդային Միութեան ախոյեան դարձած է, մինչ այդ երբեք ախոյեան չէր եղած: Շատեր կը փորձէին ընդօրինակել իր խաղալու ձեւը. Ալաճաճեան փոխանցումներու եւ նետումներու համար ունէր յատուկ մշակուած հնարքներ, ինչ որ միայն ինք կը կատարէր: Այդ մասին նոյնիսկ գիրք գրուած է: «Կը սահմանափակուիմ պասքեթպոլով» խորագիրով գիրքին մէջ ռուս հեղինակը նկարագրած է ամերիկեան խումբին հետ խաղի մը ժամանակ Ալաճաճեանի գործադրած հնարքին մասին։ Իսկ հնարքը հետեւեալն էր։ 1964 թուականին Մոսկուայի մէջ խորհրդային եւ ամերիկեան խումբերու հանդիպման ժամանակ, երբ իր բոլոր խաղընկերները «գոցուած» էին հակառակորդներու կողմէ, եւ խաղը շարունակելու ոչ մէկ հնարք կար, Ալաճաճեան, չգիտնալով թէ ի՛նչ կրնայ ընել, յանկարծ գնդակը կը նետէ հակառակորդի կողովին ուղղութեամբ: Մինչ բոլորը ապշահար կը հետեւէին այդ շարժումին, ան անմիջապէս կը նետուի եւ կ՚ազատէ գնդակը կողովին մէջ իյնալու պահուն: Դաշտին մէջ շարժում կը յառաջանայ եւ ան գնդակը կը նետէ արդէն յարմար դիրք գրաւած իր խմբակիցներուն: Այս հնարքը ան Ղազախիստանի մէջ ալ գործադրած էր, իսկ ամերիկեան խումբին հետ խաղի ընթացքին այդ քայլին համար նոյնիսկ ամերիկացիներու մարզիչը ոտքի կեցած եւ ծափահարած է հայ մարզիկը, իսկ խաղէն ետք նաեւ մրցակիցները ողջունած են զայն:

Արմենակ Ալաճաճեան միշտ խաղացած է 6 թիւը կրելով եւ այդ թիւով զինք կը ճանչնային եւ կը սիրէին մարզասէրները:

Իր մասին պատմութիւններ շատ են: Այդ պատմութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն խաղին, իր ախոյեաններ ըլլալուն, այլ նաեւ՝ ապրած ձեւին, կեանքին: Ալաճաճեան երբեք չէր ծխեր, խմիչք չէր գործածեր, զերծ էր վնասակար սովորութիւններէ, եւ իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն կը յորդորէր զերծ մնալ մանաւանդ շիշերով խմելու սովորոյթէն: Ան մէկ անգամ չէ, որ արտայայտած է իր զարմանքը, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ տղամարդիկ շիշերով կը խմեն եւ յաջորդ օրը ոտքի կը մնան:

Ինչպէս նշեցինք, Ալաճաճեանի մասին պատմութիւնները շատ են, եւ այդ պատմութիւններուն մէջ կար ծանօթ բեմագրութիւն մը, որ յատուկ էր բոլոր հայրենադարձներուն: Ինչպէս          Հայաստանէ ներս հաստատուած եւ իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողած կարգ մը հայերուն, Արմենակ Ալաճաճեանն ալ սկսան հալածել գաղտնի ծառայութիւնները եւ անոր արարքներուն մէջ հակապետական տարրեր փնտռել: 1954 թուականին, Եւրոպայի ախոյենութենէն քանի մը ամիս ետք, Արմենակ Ալաճաճեանը հեռացուցին Խորհրդային Միութեան հաւաքականի կազմէն: Այդ մէկը անսպասելի էր թէ՛ իրեն, թէ՛ երկրպագուներուն, թէ՛ մարզիկի խաղին հետեւող մարզական մեկնաբաններուն համար, որոնք միայն յաղթանականեր արձանագրած էին անոր ան-ւան քով: Պատճառը աւելի քան անհեթեթ էր. Եւրոպայի ախոյենութեան մասնակցելէ եւ յաղթելէ ետք, Խորհրդային Միութեան հաւաքականը քանի մը ընկերային հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ: Խաղերէն ետք, գիտնալով, որ խումբին մէջ սփիւռքահայ անուանի մարզիկը կար, Արմենակին կը մօտենային ֆրանսահայեր եւ իրենց հիացմունքը կը յայտնէին անոր: Ազգային անվը-տանգութեան գործակալները, որոնք կ՚ուղեկցէին խումբին, այդ մասին կը զեկուցեն Մոսկուա, ըսելով, որ Արմենակը կը գործակցի դաշնակցականներուն հետ եւ անոնց հետ Ֆրանսա տեղափոխուելու ծրագիր կը մշակէ: Անշուշտ, մարզիկը այդ ձեւակերպմամբ չէին կրնար հեռացնել եւ գտան ուրիշ ձեւակերպում մը՝ պատճառաբանելով, որ Արմենակ Ալաճաճեան դանդաղկոտութիւն կը ցուցաբերէ խաղերուն ժամանակ: Բոլորը ապշահար էին՝ այդ մէկը ըսուեցաւ Խորհրդային Միութեան նոյնիսկ ամենէն արագաշարժ մարզիկին մասին, զոր «պասքեթպոլի կախարդ» կ՚ան-ւանէին, քանի որ իր արագաշարժութեան շնորհիւ մէկ-երկու ոստումով կը սլանար դաշտի մէկ ծայրէն միւսը: Ութ տարի ան դուրս մնաց Խոր-հըրդային Միութեան հաւաքականէն եւ ատկէ տարիներ ետք հրաւիրուեցաւ ԲԿՄԱ: Ճիշդ է՝ հոս ալ յաջողութիւնները յաջորդեցին իրարու, սակայն Արմենակ Ալաճաճեանի անուան շուրջ մեղադրանքները չէին դադրեր: Արմենակ Ալաճաճեան կը շարունակէր նոր ցուցանիշներ սահմանել մարզանքի ասպարէզին մէջ, իսկ ատոր զուգահեռ կը զարգանային բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնց պատճառաւ ստիպուած եղաւ լքել մարզանքը: Արտասահամանէն գալէ ետք միշտ կը խուզարկէին զայն, կը հսկէին խօսակցութիւնները: Յետոյ արգիլեցին արտասահմանեան խաղերու մասնակցիլ, կ՚արգիլէին այն պատճառաբանութեամբ, որ իր մեծ քոյրը Գանատա կը բնակէր եւ անոր հետ կապը կրնար խըն-դիրներ յառաջացնել Խորհրդային Միութեան համար: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ Ալաճաճեան ըսած է, թէ Պետական անվտանգութեան կոմիտէն բազմիցս փորձած է զինք ներգը-րաւել այդ կառոյցի հետ համագործակցութեան գործին մէջ, սակայն ան միշտ մերժած է, որովհետեւ ինք մարզանքի մարդ էր եւ ոչ՝ քաղաքականութեան եւ քաղաքականութիւնը երբեք չէ հետաքրքրած զինքը: Այդ պայմաններու, ճնշումներու ներքեւ անհնար էր մնալ երկրին մէջ:

Հնար մը գտնելով, Ալաճաճեան 1974 թուականին գաղթեց Գանատա, ուր կային ընտանիքէն ուրիշ անդամներ: Այստեղ, սակայն, հայ մարզիկին համար դիւրին չէր, ան արդէն քառասունը-չորս տարեկան էր, իսկ Գանատան, ուր հաստատուելու մտադիր էր, պասքեթպոլին այնքան ուշադրութիւն չէր դարձներ, որքան՝ ճոկանախաղին (hockey): Ան կապ կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր ընկերներուն հետ, որոնք կ՚առաջարկեն մեկնիլ Ամերիկա եւ մարզական գործունէութեան սկսիլ այնտեղ, սակայն Ալաճաճեանի մանաւանդ մայրը դէմ կը կենայ, ըսելով, որ որդին հազիւ միացած է ընտանիքին եւ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի ան չմեկնի: Ալաճաճեան կը սկսի առտնին գործեր ընել՝ դրամ վաստկելու համար, կ՚աշխատի կայանատեղիի մը մէջ, իբրեւ ինքնաշարժներ կայանող: Օր մը անոր այդ աշխատանքին մէջ կը տեսնէ կրկին Խորհրդային Միութենէն Գանատա տեղափոխուած մէկը, որ իբրեւ գործարար մեծ յաջողութիւններու հասած էր: Արմենակ Ալաճաճեան թխամորթ էր, ունէր նկատելի դիմագծեր, անոր լուսանկարը մէկ անգամ չէ, որ յայտնուած էր Խորհրդային Միութեան գլխաւոր թերթերու գլխաւոր էջերուն վրայ, եւ ան կը ճանչնայ Խորհրդային Միութեան պասքեթպոլին մեծ փառք բերած մարզիկը ու կ՚առաջարկէ փոխել գործը: Անծանօթը պատրաստ էր Ալաճաճեանին գումար տրամադրել, որպէսզի ան գործ մը հիմնէ: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ: Պարտքով գումար վերցնելով զինքը ճանչցած այդ մարդէն, Ալաճաճեան ոսկիի վաճառքի գործի կը սկսի: Այդ հարցին մէջ անոր կ՚օգնէ նաեւ ընտանիքը եւ Թորոնթոյի կեդրոնը Խորհրդային Միութեան եւ Եւրոպայի ախոյեան Արմենակ Ալաճաճեան կը հիմնէ ոսկերչական խանութ՝ AAA Diamonds LTD: Այդ գործը կը տարածուի եւ այսօր ընկերութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակէ Ալաճաճեանի հիմնածը: Ընկերութեան կայքէջին մէջ գրուած է, որ շարունակողները նոյնպէս Ալաճաճեաններ են:

Հակառակ իր հիմնած գործին յաջողութեան, Ալաճաճեանի սիրտին մէջ միշտ կար պասքեթպոլը եւ ան փորձեր կ՚ընէր իր ապրած միջավայրին մէջ գուցէ մարզիչի աշխատանք մը գտնելու, իր գիտցածը նաեւ ուրիշներուն փոխանցելու: Աշխատանք կը գտնէ «Համպըր գոլէճ»ին մէջ, որպէս այդ ուսումնական հաստատութեան պասքեթպոլի խումբի մարզիչ։ Իսկ աւելի ուշ՝ 1990-ականներուն, Արմենակ Ալաճաճեան մաս կը կազմէ Թորոնթոյի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մարզական գործունէութեան մէջ եւ նոյնպէս կը փոխանցէ իր փորձը: Ան նաեւ գրած է գիրքեր, որոնց մէջ կը պատմէ իր անցած ճանապարհին մասին: Յատկանշական է, որ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներու տիրապետող մարզիկը իր գիրքերը գրած է ռուսերէն լեզուով: Հակառակ իր կրած հալածանքներուն, ան չէր կրնար մոռնալ երկիրը, որ իրեն փառք տուած էր եւ լեզուն, որով կը խօսէին այդ փառքի մասին: Իր հայրենիքին մէջ Արմենակ Ալաճաճեան կրկին կ՚արժեւորուի իր մահէն քանի մը տարի առաջ: 2014 թուականին Երեւանի մէջ պասքեթպոլի միջազգային պատանեկան մրցաշարքը կը կոչուի իր անունով:

Նաեւ վերջերս՝ իր մահէն ետք, մամուլին մէջ գրուեցաւ Արմենակ Ալաճաճեանի մասին արդէն նոր լոյսի տակ, իբրեւ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած, ինքնաշխատութեամբ եւ նուիրումով յաջողութիւններու հասած մէկը:

Իր կեանքի վերջին շրջանը Գանատա ապրած ըլլալուն համար, ան «որդեգրուեցաւ» Գանատայի հայկական համայնքին կողմէ, որուն անդամները հպարտութեամբ կը խօսին իրենց հայրենակիցին մասին:

Ընդգծելի հանգամանք մը եւս կայ Արմենակ Ալաճաճեանի կենսագրութեան մէջ. հակառակ հալածանքին եւ կանխակալ վերաբերմունքին, որ կար իրեն հանդէպ, իբրեւ հայրենադարձի, ան, հեռանալով Խորհրդային Միութենէն, ոչ մէկ օր գէշ խօսեցաւ այդ մասին, եւ այդ մէկը թերեւս անոր համար, որ իր մեծ սէրը՝ մարզանքը, ինք հնարաւորութիւն ունեցաւ լիովին ապրելու այդ երկրին մէջ՝ օգտուելով բոլոր այն հնարաւորութենէն, զորս հսկայ կայսրութիւնը ստեղծած էր մարզանքի զարգացման համար: Ապրեցա՞ւ ան հիասթափութիւնը, ինչպէս ապրեցան բազմաթիւ հայրենադարձներ, այսօր արդէն դժուար է ըսել, երբ ան չէ խօսած այդ մասին:

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Արմենակ Ալաճաճեան Հայաստան եկաւ հայրենադարձութեան երրորդ փուլի ընթացքին՝ 1948 թուականին, երբ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 10 հազար հայ հայրենադարձուեցաւ Հայաստան: Անոնք բոլորն ալ, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան միւս փուլերու ժամանակ հայրենադարձուած բոլոր հայերը, տոգորուած էին անսպառ յոյսերով, երազներով… Շատ գրուած եւ խօսուած է այս նիւթին մասին եւ այսօր ալ՝ եօթանասուն տարի յետոյ գնահատականը նոյնն է՝ բազում հայրենադարձներու երազներ փշուր-փշուր եղած են հայրենիքի սառը քարերուն վրայ: Այլ էր սակայն հայրենադարձութիւնը կազմակերպողներուն գնահատականները՝ արտասահմանի մէջ:

1946-1950 թուականներուն Պուքրէշի մէջ լոյս տեսած «Հայաստանեան ճակատ» հասարակական, քաղաքական շաբաթաթերթը իր բոլոր թիւերուն մէջ լուսաւոր պսակներու ներքոյ ներկայացուցած է հայրենադարձութիւնը: Խանդավառութիւնը, որու մասին կը խօսի թերթը, Հայաստան ոտք դնելու առաջին իսկ պահուն մարած է հայրենադարձներուն քով, սակայն թերթը շարունակած է գովերգել հայրենադարձութեան գաղափարը եւ իր էջերուն մէջ քաջալերած՝ սփիւռ-քահայերը: Թերթի այդ տարիներու թիւերուն մէջ կը կարդանք.

ՆԵՐԳԱՂԹԻ ԿԱՐԱՒԱՆԸ ՄԵԿՆԱԾ Է ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ

Ներգաղթողներու առաջին խումբը, բաղկացած 1655 հոգիէ, մեկնեցաւ Աղեքսանդրիայէն, ուղղուելով դէպի Պաթում, սովետական «Վիքթորիա» նաւով: Այս խումբն իր մէջ կը պարունակէ զանազան արհեստներու մէջ որակեալ մասնագէտներ, բժիշկներ, գիտութեան մարդիկ, դերասաններ եւ այլ զբաղումներու ներկայացուցիչներ:

Ներգաղթողներու առաջին խումբի մեկնումը վերածուեցաւ իսկապէս տօնակատարութեան մը այստեղի հայկական գաղութին համար: Հազարաւոր հայ բնակիչներ, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ՝ եկած էին իրենց բարեկամներուն բարի ճանապարհ մաղթելու համար: ԹԱՍՍ գործակալութեան տրուած տեսակցութեան մը ընթացքին բազմաթիւ ներգաղթողներ յայտնեցին իրենց խորին երախտագիտութիւնը Սովետական Միութեան կառավարութեան եւ Սովետական Միութեան ժողովուրդներու ղեկավար Սթալինին, այն ծնողական ընդառաջման համար, որ կը կատարուի ներգաղթողներու հանդէպ:

ԳԱՆԳԷՍԷՆ ՆԻԱԿԱՐԱ

Մանրամասնութիւններ կը հասնին հետզհետէ, Սփիւռքի հայոց ներգաղթի շարժումներու մասին, մանրամասնութիւն՝ մէկը միւսէն աւելի յուզիչ, աւելի խանդավառող:

Հեռաւոր Հնդկաստանէն մինչեւ հեռաւոր զոյգ Ամերիկաները, այնտեղ, ուր հայ զանգուած մը կայ, հայրենադարձի զմայլելի օրեր կ՚ապրի:

Հայրենասիրութիւնը զէնիթին վրայ կանգ առած է. կարծես մրցում կայ հայրենասիրութեան:

Զարամանլի չէ. չորս-հինգ դարերու գեղատեսիլ երազն է, որ մարմին առած է եւ, գեղեցկօրէն շղարշուած եւ վեհօրէն երիտասարդ, հրաւէր կը կարդայ՝ մինչեւ երէկ իր տառապող եղբայրներուն:

Եւ, ինչ որ անըմբռնելիօրէն հրաշալի է, այդ այն է՝ որ ոչ միայն երէկուան կազմուած գաղութները, այլ՝ այսպէս ըսելով՝ տարիներէ ի վեր «հանգչած» գաղութները եւս շարժումի մէջ են ու կը պատրաստուին հայրենիք վերադառնալ: Բոլորը նոյն մտածումը ունին: Ամէնը տարուած են նոյն զգացումէն: Իւրաքանչիւրը կը նայի նոյն հորիզոնին, նոյն երկինքին, նոյն յոյսին՝ Հայրենիքին: Աննախընթաց երեւոյթ մը տարագրութեան մէջ: Անկարելի է թումբ կանգնեցնել մեր ժողովուրդի խանդավառութեան հեղեղին առջեւ: Շատերուն տարօրինակ կը թուի մեր այդ անզուսպ խանդավառութիւնը, շատեր չեն կրնար թափանցել մեր ոգեւորութեան իմաստին, որովհետեւ անոնք վարժուած էին տեսնել մեր ժողովուրդին տառապանքը միայն:

Պէյրութէն եւ Յունաստանէն վերջ ահա ֆրանսահայ եւ եգիպտահայ գաղութին կարեւոր զանգուածները կը նստին սովետական շոգենաւ, որոնք ծովերը կը պատռեն հայրենիքի ուղղութեամբ: Հնդկաստանի եւ Ամերիկայի զանազան երկիրներու մէջ հայոց եկեղեցիները ողջերթի զանգակներ կը հնչեցնեն:

Որքան գրուի ներգաղթի մասին, քիչ է: Լրագրական էջերը չեն, որ պիտի կարենան յաւերժացնել անոր քաղաքական, ընկերային, ազգային նշանակութիւնը: Հայրենադարձը պիտի անմահանայ հայ գիրքերուն մէջ, հայոց դիւցազներգութեան մէջ, հայոց պատմութեան մէջ:

Սփիւռքի հայոց համար անյատակ անդունդներ կան՝ իրենց վիշտով լի անցեալին եւ գեղեցկափայլ ներկային միջեւ:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը, երէկ, առաւել կամ նուազ իր հոգեկան ողբերգութիւնը ունեցաւ: Երէկ մենք մարդկային կերպարանք միայն ունէինք, այսօր՝ ոչ միայն մարդ ենք, այլ հայ մարդ, սովետական մարդ: Բոլորը լքած էին մեզ, բացի յոյսէն, որ անբաժան կը քալէր մեզի հետ, լուռ, երբեմն ծաղիկներու ժպիտով, բայց միշտ տժգոյն, մեր յոյսը, հայոց Յոյսը…:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2018