ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, ինչպէս միւս բոլոր աւանդական եկեղեցիները, յատուկ տեղ եւ նշանակութիւն կու տայ այն առաքինի մարդոց, որոնք իրենց օրինակելի եւ սրբակենցաղ կեանքով արժանացած են սուրբ կոչուելու:
Սուրբ ըլլալու երկու կերպ կայ.
ա) Եկեղեցական-կանոնական:
բ) Ժողովրդական:
Եկեղեցական-վարդապետականը այն է, որ տուեալ եկեղեցին ժողովներու եւ որդեգրուած կանոններու հիման վրայ, սուրբ կը հռչակէ այս կամ այն անձը: Իսկ ժողովրդականը այն է, որ ժողովուրդը ի՛նք կը սրբացնէ այս կամ այն մարդը, որ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է եւ իր սրբակենցաղ ու առաքինի վարքով յաջողած է շահիլ ժողովուրդին յարգանքն ու ակնածանքը, եւ տուեալ անձին մահանալէն ետք ժողովուրդը ինքնաբերաբար սրբացուցած է զինք: Այդ սուրբերէն մէկն է Սուրբ Սարգիսը:
Սուրբ Սարգիսը համաքրիստոնէական սուրբ է եւ ազգութեամբ հոռոմ եղած է: Բիւզանդական տիրապետութեան շրջանին հոռոմ կոչած են յոյն քրիստոնեաները: Կոչուած է նաեւ Սուրբ Սարգիս զօրավար, Մար Սարգիս, Սերգիոս: Քրիստոնեայ հաւատացեալները զինք օժտած են հետեւեալ յատկանիշներով. «արագահաս», «բարեխօս», «շնորհատու». պարսիկները զինք կոչած են՝ «անյաղթ վկայ պարսից եւ բոլոր խնդրուածքները կատարող»: Մեր մատենագիրները յաճախակի կերպով անդրադարձած են անոր մասին, ի մասնաւորի Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, որ իր «Թուղթ ընդհանրական»ին մէջ գրած է, թէ «Սուրբ Սարգիսը բարեպաշտ իշխան մըն էր, Մեծն Կոստանդիանոսի եւ անոր որդիին ժամանակ»:
Սուրբ Սարգիսի ծննդեան թուականը յայտնի չէ մեզի: Ան նահատակուած է Պարսկաստանի Տաղման քաղաքին մէջ, 362-ին կամ 363-ին: Իր քաջութեան համար, Մեծն Կոստանդիանոս կայսրը զինք սպարապետ ու իշխան կարգած է Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուող Կապադովկիոյ վրայ, որու մայրաքաղաքը եղած է Կեսարիան: Յատկանշուած է որպէս քաջ եւ ճարպիկ զօրավար ու միաժամանակ քրիստոնէութեան քարոզիչ եւ առաքինի ու աղքատասէր քրիստոնեայ, որ միշտ ջանացած է օգտակար ըլլալ բոլոր կարիքաւորներուն: Մեծն Կոստանդիանոսէն համաձայնութիւն ստանալով, Սարգիս զօրավարը իր ենթակայութեան տակ գտնուող մեհեանները քանդած է եւ անոնց փոխարէն եկեղեցիներ կառուցած է:
Մեծն Կոստանդիանոսին յաջորդը՝ Յուլիանոս Ուրացող կայսրը, սկսած է հալածանքներ կազմակերպել քրիստոնեաներուն դէմ: Ըստ աւանդութեան, Սուրբ Սարգիսը յայտնութիւն մը ստացած է, որու մէջ թելադրուած է անոր հեռանալ Յուլիանոս Ուրացողէն: Սարգիս սպարապետը Կապադովկիայէն անցած է Հայաստան: Հայերը Սարգիս զօրավարին առաջարկած են, որ Պարսկաստան անցնի եւ Շապուհ արքայի բանակին մէջ ծառայէ: Զօրավարը անցած է Պարսկաստան եւ այնտեղ եւս յաջողութիւններու հասած: Սուրբ Սարգիսի ձեռք բերած յաջողութիւնները թշնամութիւն յառաջացուցած են իր դէմ, որով պարսիկ մոգերն ու մոլեռանդ զրադաշտները մեղադրած են զինք, որպէս թէ ան քրիստոնէութիւն քարոզած է պարսիկ բանակին մէջ: Մոգերն ու մոլեռանդները Սուրբ Սարգիսին զաւակը՝ Մարտիրոսը այնքան ծեծած են, որ վերջինս մարտիրոսութեան պսակը ստացած է, իսկ զօրավարը՝ Շապուհի հրամանով բանտ նետուած է: Շապուհ արքան, մոգերն ու պարսիկ մոլեռանդները հրամայած են զօրավարին, որպէսզի ուրանայ իր կրօնքը, ընդունի զրադաշտականութիւնը եւ երկրպագէ ու զոհաբերութիւն կատարէ կրակին, սակայն Սուրբը հաստատ մնացած է իր հաւատքին մէջ եւ չէ ուրացած քրիստոնէութիւնը: Շապուհը տեսնելով Սուրբի հաստատակամութիւնը՝ հրամայած է գլխատել զայն: Ըստ աւանդութեան, գլխատումէն առաջ, Սուրբը աղօթք բարձրացուցած է Ամենակալին, խնդրելով Աստուծմէ, որ ի կատար ածէ իր՝ Սուրբին անունով կատարուած աղօթքներու խնդրանքները: Գլխատումէն ետք պարսիկ տասնչորս զօրականներ առած են Սուրբին մարմինը եւ թաղած են զայն: Լուրը Շապուհին հասնելով՝ ան հրամայած է, որ այդ տասնչորս զօրականները եւս սպաննեն, որով պարսիկ զօրականները իր ընդունած քրիստոնէական հաւատքին համար ընդունած են մարտիրոսութեան պսակը: Քրիստոնեայ հաւատացեալները սուրբ նահատակներուն մարմինները Համիան քաղաքին մէջ ամփոփած են: Յետագաին, ըստ աւանդութեան, «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը Սուրբ Սարգիսի մասունքները կը բերէ Կարբի (նախկին Աշտարակի շրջան)՝ ուր կառուցելով երանելիի անունը կրող եկեղեցի» («Առձեռն Տօնակարգ», Արսէն արքեպիսկոպոս Պէրպէրեան, Գագիկ Մ. Մինասեան, Երեւան 2013, էջ 13):
Անցեալին, Հայ Եկեղեցին Սուրբ Սարգիս զօրավարին տօնը նշած է 31 Յունուարին, սակայն ներկայիս Սուրբին տօնը կը նշէ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող Շաբաթ օրը: Այս տարի, Հայ Եկեղեցին Սուրբին տօնը պիտի նշէ 27 Յունուարին: Եկեղեցական օրացոյցին մէջ հետեւեալ ձեւով արձանագրուած է տօնի մասին. «Սրբոցն Սարգսի զօրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսին եւ չորեքտասան զինաւորացն»: Սուրբ Սարգիսին նուիրուած յատուկ շարական ալ կայ Շարակնոցին մէջ։ Հոս կը ներկայացնենք այդ շարականի առաջին երեք տուները.
«Ամենասուրբ երրորդութեանն ընտրեալ ծառայ եւ հաւատարիմ. յաղթող սպառազէն եւ քաջ նահատակ. երագահաս սուրբդ Սարգիս շնորհաց օթեւան. բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց:
«Թագաւորին երկնաւորի սուրբ զօրապետ եւ մենամարտիկ. սիրով անմահին խաչեալ յաշխարհի. երագահաս Սուրբդ Սարգիս խաչիւ պսակեալ. բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց:
«Արեգականն արդարութեան մեծ կարապետ պայծառ արուսեակ, ցոլացեալ յարեւմտից ի յելս արեւու, երագահաս Սուրբդ Սարգիս անշէջ ճառագայթ. բարեխօս լեր առ Քրիստոս վասն անձանց մերոց»:
(Ամենասուրբ Երրորդութեան ընտրեալ եւ հաւատարիմ ծառայ, սպառազէն յաղթող եւ քաջ նահատակ, շնորհներու օթեւան, արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ:
Երկնաւոր Թագաւորին սուրբ զօրապետ եւ մարտիկ, աշխարհի մէջ Անմահին սիրով խաչուած, խաչով պսակուած արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ:
Արդարութեան արեգակի մեծ կարապետ, պայծառ արուսեակ, արեւմուտքէն արեւելք ցոլացած անշէջ ճառագայթ, արագահաս Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ):
Շատեր անգիտակցաբար Առաջաւորաց պահքը կը կապեն Սուրբ Սարգիսի տօնին, ինչ որ սխալ է: Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին սուրբերու տօներու նախօրեակին պահք չի սահմաներ: Ինչ կը վերաբերի Առաջաւորաց պահքին, ապա ան յատուկ է հայերուն: Պահքը սահմանած է մեր Երկրորդ Լուսաւորիչ Հայրապետը՝ Սուրբ Գրիգորը: Առաջաւորաց պահքը ամէն տարի կը զուգադիպի Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ եւ այդ պատճառով շատեր զայն մեկնած են, որպէս Մեծ պահքը ազդարարող պահք: Ըստ այլ կարծիքներու, Առաջաւորաց կամ Հայոց պահք, որ խորհրդանիշ է մեր ժողովուրդի լուսաւորութեան, այսինքն՝ քրիստոնէութիւնը ընդունելուն: Ամէն պարագայի, պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ Առաջաւորաց պահքը Սուրբ Սարգիսի պահք չկոչել:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ շուրջ տասնեակ մը եկեղեցիներ կոչուած են Սուրբ Սարգիսի անունով: Սուրբ Սարգիսի անունը կրող եկեղեցիներէն ներս, Սուրբի յիշատակութեան օրը կը կատարուի մատաղօրհնէք եւ ջրօրհնէք:
Վերջին տարիներուն Սուրբ Սարգիսի տօնը մեծ խանդավառութիւն ստացած է: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Սուրբ Սարգիսի տօնը հռչակած է երիտասարդներու օրհնութեան օր: Ըստ այնմ, «Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ մեզ մօտ նուիրական աւանդոյթ է: Ս. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՚ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՚աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած: Ս. Սարգիսը սիրոյ երազանքը իրականացնող Սուրբ է» (Աղբիւրը՝ qahana.am, հեղինակ՝ Արմէն Սրկ. Պայատեան):
Ազգագրագէտ Սամուէլ Մկրտչեան իր «Տօներ. հայկական ժողովրդական ծէսեր, սովորոյթներ, հաւատալիքներ (աւանդոյթ եւ արդիականութիւն)» աշխատասիրութեան մէջ անդրադառնալով Սուրբ Սարգիսի տօնին, այսպէս կը գրէ. «Հայոց քրիստոնէական ծիսահամալիրին մէջ պատուաւոր տեղ գտած Ս. Սարգիսի տօնը իր ծագմամբ շատ աւելի հին է: Կենցաղին մէջ Ս. Սարգիսի եւ Առաջաւորաց պասի հետ առընչուող ծէսերու, սովորոյթներու ու աւանդոյթներու համեմատական վերլուծութիւնը հիմք կու տայ ենթադրելու, որ ան եղած է ձյան բքի մարմնաւորում՝ շարունակելով քրիստոնէական սուրբի կերպարի տակ պահպանել հեթանոսական կայծակնային դիցոյթներու յուշը» (էջ 39):
Անդրադառնալով, թէ անցեալին մեր նախնիները ինչպէս նշած են Սուրբին տօնը, ազգագրագէտը կը գրէ. «Զանգուածային ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուէին Ս. Սարգիսին նուիրուած սրբավայրերուն մէջ, որոնց թիւը բաւական շատ էր հայոց աշխարհին մէջ: Սուրբի յիշատակի համար մոմեր կը վառէին, աղօթքներ կ՚ընէին եւ կենդանիներ կը զոհաբերէին: Ս. Սարգիսի ուխտէն վերադարձողը ճանապարհին որեւէ մէկու հանդիպելու ատեն, կ՚ըսէր. «Խաչը քեզ ողջոյն ղարկէ», իսկ պատասխանը կ՚ըլար` «Ողջ մնաս» բարեմաղթանքը:
«Եկեղեցիներու մէջ ամէնուր սուրբ պատարագ կը մատուցուէր, որու նախաձեռնութիւնը շատ յաճախ իր վրայ կը վերցնէր որեւէ գերդաստան: Վերջինս հին ու նոր հանգուցեալներու հոգիներու փրկութեան նպատակով հոգեհաց կը կազմակերպէր եւ կը հրաւիրէր ողջ համայնքը, մասնաւորապէս՝ տարեց անձերը:
«Տօնի նուիրական ուտեստը փոխինդն ու խաշիլն էր, որոնց գործածութիւնը նախընթաց հինգ օրերու ընթացքին կ՚արգիլուէր: Շիրակի, Վաղարշապատի, Վայոց Ձորի, Տաւուշի մէջ եւ այլուր պասի ուրբաթ երեկոյեան փոխինդը կը պատրաստէին եւ անով իսկ` պասը կը լուծէին կամ կը սկսէին: Այդ փոխինդը, կամ փոխինձը կը պատրաստէին բոված եւ երկանքով աղացած ցորենի ալիւրով» (Էջ 40):
Սուրբ Սարգիսի տօնին առընչուած բազմաթիւ այլ աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ ալ կան: Այդ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները բնականաբար տեղէ տեղ կը տարբերին: Այդ սովորութիւններէն ամենէն յատկանշական աւանդութիւնը աղի բլիթն է: Այս սովորութիւնը յատկապէս կապուած է երիտասարդներուն, մանաւանդ՝ չամուսնացածներուն, ըստ որու, անոնք նախքան քնանալը աղի բլիթ կ՚ուտեն եւ կը հաւատան, թէ գիշերը իրենց երազին մէջ, ով որ իրենց ջուր բերէ, ան պիտի ըլլայ իր կեանքի երկրորդ կէսը: Սա բացառապէս մարդկային սովորութիւն է, գուշակութեան կերպ մըն է, որ բնաւ առընչութիւն չունի քրիստոնէութեան եւ հաւատքի հետ: Ադամ Քահանայ Մակարեան խօսելով աղի բլիթի մասին, կ՚ըսէ.
«Այսօր աղաբլիթի հետ կապուած արարողութիւնը երիտասարդներու կողմէ կը դիտուի որպէս գուշակութիւն։ Սուրբ Եղիշէ պատմիչ կը յայտնէ, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ այլ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաները պահքի եւ աղօթքի մէջ էին` իրենց անձերը հոգեսպան վնասներէ հեռու պահելու համար։ Մինչդեռ այսօրուայ քրիստոնեաները յաճախ անգիտութեամբ պահքին կամ տօներուն կը կապեն նաեւ գուշակութիւններ, որոնց հետեւիլը վայել չէ քրիստոնեաներուն։ Կայ սատանայապաշտութեան գիտակցական եւ ոչ գիտակցական ձեւ։ Իրաւամբ արտայայտուած է այն տեսակէտը, որ մոգութեամբ, աստղագուշակութեամբ, ձեռնագուշակութեամբ կամ որեւէ այլ գուշակութեամբ զբաղիլը մարդը կը ներքաշէ սատանայական էնէրկիաներու ոլորտը, որ դուրս է աստուածային լոյսի սահմաններէն, եւ այստեղէն միայն հրաշքը կարող է փրկել մարդը»: Եւ «Աստուածաշունչի մէջ ոչ մէկ տեղ կը հանդիպինք, որ Աստուծոյ հաւատարիմ մարդը գուշակութեան դիմէր` իմանալու համար իր ապագայ կողակիցը։ Սակայն Իսահակի համար կին ընտրելու մեկնած Աբրահամի ծառան կ՚աղօթէ, որպէսզի Աստուած իրեն հասկացնէ, թէ որն է այն աղջիկը, զոր ինքը պիտի ընտրէր Իսահակի համար (Ծննդ. 24.12-14)։ Հետեւաբար, եթէ հետաքրքրուած ենք այս հարցով, մենք կարող ենք աղօթել, սակայն, ըստ Աստուածաշունչի, ով որ գուշակութիւն կ՚ընէ, պիղծ է Աստուծոյ առաջ։ Այս մասին Աստուած Ինք կ՚ըսէ իսրայէլցիներուն. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մէկը, որը … կախարդութեամբ կամ գուշակութեամբ զբաղի, կանխագուշակումներ ընէ, … ոգեհարցութեամբ զբաղի, որովհետեւ Տիրոջ համար պիղծ է ան, որ կը զբաղի այդպիսի բաներով. … մարդիկ կը հաւատան հմայութիւններուն ու կախարդութիւններուն, բայց քու Տէր Աստուածը քեզ այդպէս վարուելու հրաման չէ տուած» (Բ. Օրինաց 18.10-14)»:
Արդարեւ, այս եւ նման սովորութիւնները քրիստոնէութեան, Հայ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական մեր հաւատքին հետ առընչութիւն չունին եւ հետեւաբար չեն կրնար բացասական ազդեցութիւն ունենալ քրիստոնեայ անհատին վրայ, սակայն, երբ այդ սովորութիւններուն հոգեւոր իմաստ կու տանք, բնականաբար այդպէսով ոչ թէ աստուածային արարք կատարած կ՚ըլլանք, այլ՝ սատանայական, ուստի պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ էականն ու առաջնահերթը չխառնել երկրորդականին ու անիմաստին:
Ի վերջոյ կը շնորհաւորեմ բոլոր Սարգիս եւ Մարտիրոս անուն կրողները՝ ձեր անունովը ապրիք:
«Սուրբ Սարգիս. բարեխօ՛ս եղիր մեզի համար Քրիստոսի մօտ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 Յունուար 2018, Երեւան