ՆՈՐ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը (19-րդ դար-1914 թուական)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հրատարակութիւններու շարքին լոյս տեսած յատկանշական գործ մըն է այս մէկը, որու հեղինակն է հայկական դիւանագիտական անձնակազմի շատ փորձառու եւ հեղինակաւոր դէմքերէն մին՝ Արման Կիրակոսեան։ Այս վերջինը ներկայիս Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպանն է եւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը։ Արման Կիրակոսեան որդին է Սովետական Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներէն Ճոն Կիրակոսեանի, որ նոյնպէս ունեցած է հետաքրքրական գործեր։
Երէկուան գինեձօնին ընթացքին Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց Արման Կիրակոսեանի գիրքը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սա նոր տեսանկիւնով ու նոր փաստաթուղթերով աշխատութիւն մըն է։ Արման Կիրակոսեան, որ անցեալի մէջ եղած է Ուաշինկթընի դեսպանը այդ տարիներուն աշխատանք տարած է ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի գրադարանէն ներս եւ արխիւներուն մօտ։ Սոյն ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ է, որ ան պատրաստած է այս գիրքը, ուր կը վերլուծէ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր սկզբունքները, Օսմանեան կայսրութեան հետ յարաբերութիւններու ձեւաւորումն ու զարգացումը, միսիոնարական շարժման սկիզբն ու գործունէութեան ուղղութիւնները, ամերիկեան դիւանագէտներու եւ բողոքական առաքելութիւններու գործողութիւնները։
Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին Արման Կիրակոսեան յայտնեց, թէ սա միայն պատմական աշխատութիւն մը չէ, այլ քաղաքագիտական-դիւանագիտական նշանակութիւն ունի։ Այնտեղ չկան զգացումներ, կան թիւեր ու փաստեր։ Շնորհանդէսի ընթացքին ան մատնանշեց, որ հաւաքուած նիւթերը ունին շատ մեծ ծաւալ մը եւ ինք չի բացառեր, որ ապագային կը ներկայացնէ նաեւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը 1914-1949 թուականներուն։ Ըստ իրեն, ներկայ գիրքին մէջ տեղ գտած ամերիկեան արխիւները կը ներկայացնեն նաեւ 1894-1896 թուականներու Համիտեան ջարդերը։
Իր կարգին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրազտեանն ալ դիտել տուաւ, թէ հայոց պատմագրութեան մէջ այդ ժամանակահատուածը բաց մնացած էր։ Ուստի, շատ կարեւոր է, որ Արման Կիրակոսեան ներկայացուցած է վերլուծութիւն մը եւ ըստ էութեան նոր հայեացքով ու նոր փաստաթուղթերով կատարած է արժէքաւոր գործ մը։