ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ՔԷՐՄԷՍ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին բերումով։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան նախագահելէ վերջ, «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ բացուած քէրմէսին պատուոյ հիւրը եղաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ան տաղաւարները շրջեցաւ ուղեկցութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեանի, Մանուկ Գալայճըի եւ Շնորհք Պէշիկթաշլեանի։
Ժանէթ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը, Թանիա Պալճըի կողմէ գլխաւորուած քէրմէսի կազմն ու Նատիա Տէր-Ղազարօղլուի կողմէ գլխաւորուած Մէրամէթճեան սանուց միութեան ձեռագործ աշխատանքներու խումբը միասնաբար կազմակերպած էին այս ծրագիրը, որ կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Քէրմէսի այցելուները տաղաւարներուն մօտ գտան շատ ճաշակաւոր իրեղէններ, որոնք ընդհանրապէս ձեռագործ աշխատանքներ էին։ Ս. Զատկի տաղաւարի նախօրէին զուգադիպած քէրմէսը կ՚ընդգրկէր նաեւ աւանդական ուտեստեղէններ։
Կազմակերպիչ տիկինները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ ստացան իր օրհնութիւնը։
Հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի սաներուն կողմէ տրուած այցելութիւնը, մինչ խումբ մը տղաք երախտագիտական զգացումներով ու սիրով շրջապատեցին վաստակաւոր կրթական մշակ Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեանը։
Այսպէսով այս տարի եւս Ֆէրիգիւղի ընտանիքին աւանդական քէրմէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։