ՅՈՅՍԴ ԵՐԲԵՔ ՄԻ՛ ԿՏՐԵՐ

Յու­սա­խա­բու­թիւն եւ յու­սա­հա­տու­թիւն կո­չուող «ան­խոր­տա­կե­լի» ու­ժե­րուն դէմ մարտն­չի­լը շա­տե­րու հա­մոզ­մամբ ա­պար­դիւն ջանք մըն է, որ ժա­մա­նակդ կը խլէ եւ քեզ մար­տահ­րա­պա­րա­կին վրայ միայ­նակ կը թո­ղու։ Կեան­քիդ տե­ւո­ղու­թեան մէջ շատ ան­գամ նե­ղու­թիւն­նե­րու կը հան­դի­պիս, տագ­նապ­նե­րու կը մատ­նուիս, եր­բեմն ա­նել կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուիս եւ յա­ճախ տխուր պա­հեր կ՚ապ­րիս։ Հակառակ այս դառն իրողութեանց, կը փորձես յոյսով լուսաշող ապագայ կերտել՝ պատուաբեր ձեռքբերումներ ապահովելու ակնկալութեամբ։ Յոյսեր կը փայփայես, կը փորձես առաջադրած գործիդ վերստին սկսիլ, դուն քեզ լաւատեսութեամբ կը տրամադրես, ձախողած գործդ վերատեսութեան կ՚ենթարկես՝ ապագային դարձեալ նոյն փոսին մէջ չիյնալու համար, բայց եւ այնպէս ձախողութեան թաւալգլոր յորձանուտը քեզ վերստին կը յուսահատեցնէ, հոգիդ տխրութեամբ կը պատէ՝ յառաջդիմութեան քայլափոխդ խափանելով եւ կեանքի ահեղավազ վերիվայրումներուն դէմ պայքարելու ոգիդ կասեցնելով։

Կեանքի նաւաբեկումներէն յուսալըք-ւող մարդը կը զգայ, որ այլեւս իր ոտքին տակ գոյութիւն ունեցող հողը՝ յոյսը վերացած է։ Հող, որ իր կեանքի յենասիւնն էր, որուն վրայ քաջաբար կը քալէր ու կը գօտեմարտէր, կ՚արարէր ու իր նը-պատակին կը հասնէր։ Իսկ հիմա՞։ Յոյսը կտըր-ւած է, յուսահատութեան բանտին մէջ գերեվար-ւած է, կեանքէն եկող դըժ-ւարութիւններուն դիմաց վաղո՜ւց յանձնուած է, վախի, անզօրութեան, կեանքի անիմաստութեան սարսափը պատած է իր հոգին, իսկ չէզոքութիւնը, անշարժութիւնը, ծուլութիւնը, անաշխատութիւնն ու «գաղջութիւն»ը բոյն դրած են իր հոգւոյն մէջ։ Յուսահատ մարդը իր կեանքը ապրելու ոգեւորութիւնը, աշխատելու եռանդը, պայքարելու ոգին, յառաջանալու փափաքը, լաւ ապագայի հասնելու տեսիլքը, խանդավառութիւնը, ստեղծագործելու ձգտումը կորսնցուցած կ՚ըլլայ, ո՛չ մէկ իմաստ ու նպատակ կը գտնէ իր գոյութենական կեանքին մէջ, այլ վհատութեամբ ու նեղմտութեամբ «ինքնավախճան» կեանք մը կ՚ապրի՝ բարոյապէս վատառողջ, հիւանդագին այդ ախտը իր մէջ փայփայելով։

Յուսահատութիւնը մարդուն մէջ ինքնագոյաւորուող, խաւարածին մթութիւն մըն է, որուն մէջ խարխափելով կը քալէ ու մշտապէս սարսափով կ՚ապրի։ Անյոյս մարդը երբեմն կը մոռնայ, որ խաւարի մէջ անտարակոյս լոյսի նշոյլ մը գոյութիւն ունի։ Իսկ երբ կը տեսնէ այդ աննշան, պսպղացող լոյսը՝ իր յուսալքուած, մոլորած ու տրտում վիճակէն կը վերականգնի եւ խաւարած սիրտը կը լուսաւորուի։ Միշտ յիշէ՛, որ ամէն խաւարի մէջ լոյս կայ, իսկ ամէն լոյսի մէջ՝ յոյս։ Առանց յոյսի ապագայատեսիլ պատկերացումները անիրագործելի կը դառնան, մարդու մտահորիզոնը կը սահմանափակուի, եռանդը կը սպառի, կեանքը անհեթեթ կը թուի՝ կորսնցնելով իր իմաստը, որակն ու խորքը։ Առանց յոյսի մարդը վստահաբար պիտի սերմանէր՝ հնձելու իղձին անծանօթ ըլլալով, պիտի գործէր՝ յաջողելու կամքէն զուրկ մնալով, պիտի պայքարէր՝ յաղթելու նպատակէն հեռանալով, պիտի աղօթէր՝ պատասխան ստանալու սպասումին կարեւորութիւնը անտեսելով։

Յոյսն է, որ քեզի ներկան ապրելու եւ ապագային նայելու մղում կու տայ, բարիք ակնկալելու տրամադրութիւն կը ստեղծէ՝ նոյնիսկ երբ առօրեադ մթագնած մթնոլորտով եւ մշուշապատ պատկերով լեցուն ըլլայ։ Յոյսը քեզ հոգեպէս կանգուն, աշխոյժ ու կենսունակ կը պահէ, կ՚իմաստաւորէ ամբողջ կեանքդ եւ զայն ապրելու արժանի ընթացքի կը ձեւափոխէ։ Եթէ կեանքէն դառնացած ու յուսահատած մըն ես, յոյսի միջոցաւ կը դառնաս տառապանքով քաղցրացած, իմաստնացած եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն մը: Երբեմն չորսդիդ գտնուող մարդիկ քեզ նենգամտաբար կը խրախուսեն ու խորհուրդ կու տան նախաձեռնած գործէդ հրաժարելու, իսկ յոյսը անդադրում կերպով քեզի կը յուշէ, որ զայն անձանձրոյթ դարձեալ կրկնես ու յաջողցնես։ Երբ կը հաւատաս կարողութիւններուդ ու շնորհքներուդ, ապա կը կարողանաս ձախողած գործդ յաջողութեամբ պսակել։ Լէոնարտօ տա Վինչի կ՚ըսէ. «Երբ յոյսը կը մահանայ՝ դատարկութիւնը երեւան կ՚ելլէ»։ Իսկ Հելէն Քէլըր յոյսի զօրութիւնը այսպէս կը բնութագրէ. «Յոյսը անտեսանելին կը տեսնէ, անշօշափելին կը զգայ եւ անկարելին կ՚իրագործէ»։

Հոգեբաններ տարբեր հետազօտութիւններ եւ հարցազրոյցներ կատարած են յուսահատ եւ յոյս ունեցող մարդոց հետ եւ դիտել տուած են, որ յոյսը բաղկացած է խնդրոյ առարկայ անձնաւորութենէն ու աշխարհի նկատմամբ անոր վերաբերմունքէն։ Ըստ հոգեբաններու, այն անձը, որ իր ներսիդին յոյս ունի, կը նշանակէ, որ նաեւ կամք եւ վճռականութիւն ունի, որոնց շնորհիւ տարբեր ռազմավարութիւններ, եղանակներ ու ճանապարհներ կ՚որոնէ՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Յոյսը ո՛չ միայն լաւ զգացում է, այլեւ մարդս խթանող, քաջալերող ուժ մըն է, որ զինք կը մղէ աւելի լայն մտածելու, իր բազմադիմի նպատակները կեանքի կոչելու, տարբեր ճամբաներ գտնելու, պայքարի ոգին զօրացնելու եւ զարգացնելու համար։ Բազմաթիւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ մարդիկ կան, որոնք «նպատակասլաց» են, կ՚ուզեն իրենց նպատակը իրագործել, բայց «փխրուն» կամք ունին։ Նման մարդիկ կ՚ուզեն իրենց ուզածը հանգստութեամբ ձեռքբերել, սակայն իսկութեան մէջ մտապէս չեն զարգանար, փորձառաբար չեն հարստանար, իրենց կեանքին մէջ յառաջխաղացում չեն արձանագրեր, այլ տեղքայլի մէջ մնալով՝ շատ հեշտութեամբ կը հրաժարին իրենց կեանքի գերագոյն իմաստէն։ Հետազօտողները եզրակացուցած են ըսելով, թէ վերջիններս անօգնական մարդիկ են, որոնք իրենք զիրենք անկարող կը համարեն եւ չեն կրնար իրենց յոյզերը ղեկավարել ու սեփական մտածումները դրսեւորել։

Հոգեբան Սքոթ Պէրրի Քովմէն խօսելով յոյսի, ինքնավստահութեան եւ լաւատեսութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Ինքնավստահութիւնը եւ լաւատեսութիւնը յոյսին հետ առընչուած նախադրեալներ են, բայց անոնք իրարմէ կը տարբերին։ Ինքնավստահութեամբ մարդ արարածը կը գիտակցի, որ ինք ամէն բան ընելու ատակ է, իսկ լաւատեսութեամբ մարդ կը հաւատայ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ ու իր հունին մէջ պիտի մտնէ։ Սակայն յոյսը այն միակ գործօնն է, որ մարդուն մէջ թէ՛ կամքը կ՚արթնցնէ ու կը կռանէ, թէ՛ անոր միտքը կ՚աշխուժացնէ եւ թէ ուղիներ փնտռել կու տայ՝ նպատակները առանց ձախողութեան իրագործելու համար»։ Իսկ Շէյն Լոփէզ կ՚ըսէ. «Յոյսը իր մէջ շարք մը զգացումներ կը ներառնէ, ինչպիսիք են՝ ուրախութիւն, վախ եւ յուզում։ Յոյսը սրտի ու մտքի, բերկրանքի եւ վախի, յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան համադրութիւնն է։ Լաւատեսութիւնը կեցուածք է, որուն միջոցաւ կը գիտակցիս, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Սակայն յոյսով մարդ կը հաւատայ, որ ապագան լաւ պիտի ըլլայ եւ զայն իրականացնելու համար վայրկեան մը առաջ գործի կը լծուի…։ Մեր նպատակները կեանքի կոչելու երեք միջոցներ կան. յոյս, ինքնավստահութիւն եւ ստեղծարար ոգի»։ 

Ո՛չ ոք կրնայ քեզ վստահեցնել, որ յաջորդ օր անպայման պիտի արթննաս։ Իսկ դուն գիտակցաբար զարթուցիչ ժամացոյցդ ու հեռախօսդ կը լարես՝ առաւօտեան արթննալու, գործի երթալու եւ կեանքդ շարունակելու համար։ Այո՛, Աստուած մեզ այսպէս ստեղծած է, ա՛յս է կեանքին ընթացքը, բայց մարդ այս բոլորը կը կատարէ՝ իր կեանքը յոյսո՛վ լեցնելով եւ յոյսո՛վ ապրելով։ Երբ յոյսդ քու ներսիդիդ մշտարծարծ պահես, ինքնաբերաբար իւրաքանչիւր քայլափոխդ յոյսով ու լաւատեսութեամբ առաջնորդած կ՚ըլլաս։ Մշտավառ լոյսէն ծագած յոյսը կրաւորական չէ՛, այլ՝ ներգործական, որ էութեանդ, հոգեկերտուածքիդ ու մտածելակերպիդ հետ ընդելուզուած կ՚ըլլայ։ Երբեք ականջ մի՛ տար նախանձոտ մարդոց յուսահատեցնող խօսքերուն, որոնք մթամած աշխարհով լուսատ էակներ են, ամպամած ամպերու նման կը ձգտին օրդ խափանել ու մթագնել։ Սամուէլ Սմայլս կ՚ըսէ. «Յոյսը արեւու նման է։ Երբ դէպի իրեն կը քալենք, մեր բեռան շուքը մեր ետեւը կը ձգէ»։

Յոյսդ երբեք մի՛ կտրեր…։ Ջլապնդուէ՛, դուն քեզ զսպանակէ՛ եւ ուժերուդ հաւատա՛, որովհետեւ ուր որ հաւատք կայ՝ այնտեղ յոյս կայ, իսկ ուրտեղ յոյս կայ՝ այնտեղ հրաշքներ կրնան պատահիլ։ Յուսահատութիւնը, այո՛, բացասական յատկութիւն ունի, բայց կրնաս անկէ դրական դասեր քաղել եւ զայն ծառայեցնել քու իսկ բարիքիդ համար։ Յուսալքուելով եւ ապա յուսալով դուն քեզ կը դաստիարակես, տկարացած կամքդ կը զօրացնես, հոգեկան ցնցումներդ կը փարատես եւ կը պատրաստուիս կեանքիդ ծառացող նոր ու անակնկալ մարտահրաւէրները հեշտութեամբ դիմագրաւելու։ Այնըշթայն կ՚ըսէ. «Երէկուայ ապրած կեանքէդ սորվէ՛, այսօրուայ համար ապրէ՛ եւ վաղուայ համար յուսա՛»։ Մի՛ մտահոգուիր, որովհետեւ լոյս-յոյսը ուժեղ է ու անսպառ։ Լաւը անպարտելի է, իսկ վատը ի վերջոյ կը պարտըւի եւ փախուստի կը դիմէ։ Հիւանդ մարմինը միշտ կ՚առողջանայ։ Կրնայ ըլլալ դարձեալ հիւանդանաս, բայց իւրաքանչիւր հիւանդութենէն եւ ապաքինումէն ետք, մարմինդ աւելի եւս կ՚ամրապնդուի ու կը զօրանայ եւ զերծ կը մնայ ամէն տեսակի կեղտերէ ու վարակներէ։ Նոյնպէս ալ յոյսով կատարուած ու յաջողուած իւրաքանչիւր գործդ քեզ աւելի կը գօտեպնդէ եւ հեռու կը պահէ տեսակաւոր ձախորդութիւններէ, փորձութիւններէ ու անյաջողութիւններէ։      

Գերագոյն Յոյսը եւ յոյսի Տուիչը Աստուած Ի՛նքն է։ Աստուա՛ծ է, որ խաւարը լոյսի կը փոխարկէ, գիշերը՝ առաւօտի, տրտմութիւնը՝ ուրախութեան եւ մահը՝ կեանքի։ Դաւիթ թագաւոր կ՚ըսէ. «Ողորմէ՛ ինծի. ո՛վ Աստուած. ողորմէ ինծի. որովհետեւ իմ անձս քեզի կը յուսայ: Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ. մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին» (Սղ 57,1): Դաւիթ մարգարէն այս աղօթքը մատուցեց երբ կը հալածուէր։ Ան ինքզինք յանձնեց Տիրոջ ձեռքերուն, որպէսզի Սաւուղ թագաւորի ձեռքէն ազատէր: Երկնաւոր Հօր ողորմութիւնը կը վայելեն միայն անոնք, որոնք Տիրոջ կը յուսան, որոնց յոյսը Տէրը ինքն է: Աստուծոյ յուսացող մարդը` յուսախաբ չ՚ըլլար, որովհետեւ Ան կը պաշտպանէ Իրեն յուսացողներն ու ապաւինողները։ Ո՛չ ոք քեզ կրնայ տնազուրկ դարձնել, որովհետեւ տունդ երկինքն է։ Ոմանք քեզ կրնայ ըլլալ տրտմեցնեն, բայց չեն կրնար յուսահատեցնել, որովհետեւ յոյսդ Աստուած է։ Կրնան քեզի դէմ պայքարիլ ու թակարդներ լարել, բայց չեն կրնար յաղթել, որովհետեւ ամենակարողն Աստուած թիկնապահդ է։

Աշխարհի ալեկոծ ծովին մէջ նաւարկելու ժամանակ երբ յոյսով «բարի Նաւապետին» կը դիմես, Ան վստահ քեզ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ կ՚առաջնորդէ։ Երբ Աստուծոյ յոյսով լեցուած ես՝ տրտմութեան, տխրութեան, դժուարութեան եւ դառնութեան ժամանակ ժայռի վրայ շինուած տան նման անխորտակելի կը մնաս (Հմմտ. Մտ 7)։ Յոյսո՛վ ապրէ, ինչքան ալ մութ, պղտոր եւ անորոշ երեւին կեանքի օրերդ։ Չէ՞ որ օձի թոյնէն դեղ կը շինուի։ Միթէ Աստուած կարող չէ՞ նեղութեան ընդմէջէն փրկութեան ելք յայտնել քեզի։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, որ Աստուած բարիին գործակից է (Հմմտ. Հռ 8.28)։ Բարի ծրագիր չէ՞ր փրկագործութիւնը, որ Աստուծոյ ցուցաբերած սիրոյն սրբազան պատմութիւնն է։ Քրիստոս փրկութեան հրաւիրեց ո՛չ միայն կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողները, այլ՝ կորսուածները (Հմմտ. Ղկ 19.10)։ Վերստին կեանքի կոչեց ո՛չ միայն մահաբեր ընթացք ունեցողները, այլ՝ հոգեւորապէս մեռածները (Հմմտ. Եփ 2.4-5)։ Հաշտութեան ուխտը կնքեց (Հմմտ. Կղ 1.20), մարդուն մարմինը պատ-ւեց՝ զայն Ս. Հոգիի տաճարի վերածելով (Հմմտ. Ա.Կր 6.19) եւ Իր խնամքին ներքեւ պահելու պատրաստակամութիւնը յայտնեց (Հմմտ. Մր 28.20)։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։

Փոքրիկ տղան ծովեզերքը ողորկ քար մը կը տեսնէ եւ անոր գեղեցկութեամբ կը հիանայ։ Կը խորհի, թէ իր գտածը թանկարժէք քար մըն էր։ Քարը մարդու սրտի տեսք ունէր։ Ափին մէջ դնելով՝ կը վազէ տուն եւ մեծ հրճուանքով հօրը ցոյց կու տայ։ Հայրը քարը տեսնելով՝ անմիջապէս կը գիտնայ, թէ ան սովորական կայծ հանող քար մըն է։ Իր զաւակը չտխրեցնելու համար, ո՛չ մէկ բան կ՚ըսէ։ Տղան իր երազները գունաւորող հեծանիւը ձեռքբերելու համար կ՚որոշէ ձեռքի քարը ծախել, սակայն հայրը թոյլ չի տար։ Փոքրիկը կ՚որոշէ անձամբ շուկայ երթալ։

Ոսկերիչի մը խանութին դիմաց կանգնելով, պահ մը կը նայի ցուցափեղկին մէջ դրուած աչք շլացնող ոսկեայ վզնոցներուն եւ մատանիներուն։  Որոշ ժամանակ մը ետք, ներս կը մտնէ եւ քարը խանութին տիրոջ երկարելով՝ կ՚ըսէ. «Այս ադամանդը ծովեզերքը գտայ, պարո՛ն։ Եթէ կ՚ուզէք ձեզի կը ծախեմ»։ Մարդը հեռուէն աչք մը նետելով՝ կ՚ըսէ. «Այս քարը սովորական կայծքար մըն է։ Ծովեզերքը այս քարերով լեցուն է»։ Փոքրիկը զարմացած կ՚ըսէ. «Ո՛չ։ Եթէ կ՚ուզէք, թրջեցէք եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս պիտի փայլի»։

Փոքրիկին կողքին մեծահարուստ կին մը կանգնած էր, որ լռելեայն խօսակցութեան ականջալուր կը դառնար։ Մարդը կը սկսի մտահոգուիլ, որովհետեւ կրնար իր հարուստ յաճախորդուհին կորսնցնել։ Ուստի, փոքրիկ տղուն թեւէն բռնելով, կ՚որոշէ դուրս հանել։ Կինը փոքրիկ տղային քարին մօտէն նայելով՝ կ՚ըսէ. «Ճիշդ ուզածս է»։ Ապա ժպտալով կը շարունակէ. «Ինծի կը ծախե՞ս»։ Տղան կը հրճուի, որովհետեւ վերջապէս քարին իսկական արժէքը հասկցող մէկու մը հանդիպած էր։ Կինը փոքրիկին ուզած գումարը կու տայ, իսկ անմեղունակ տղան հազար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, վազելով կը հեռանայ։

Կինը ձեռքի քարը ոսկերիչին տալով, անկէ կը խնդրէ քարը շղթայի վրայ անցընել։ Յստակ էր, թէ քարը որպէս գոհարեղէն պիտի գործածէր։ Ոսկերիչը կը մտածէ, թէ հակառակ իր նախազգուշացումին՝ կինը խաբուած էր։ «Նախապէս ըսած էի եւ դարձեալ կը կրկնեմ, որ ձեր գնածը պարզ քար մըն է», ոսկերիչը վրդովուած կ՚ըսէ։ Կինը նախ վզնոցին, յետոյ իր մատի մատանիին նայելով՝ կը պատասխանէ. «Չեմ կարծեր։ Իմ կարծիքովս այս քարը միւսներէն աւելի արժէքաւոր է, որովհետեւ փոքր երեխայի մը յոյսը կը կրէ…»։

Սիրելի՛ ընթերցող, Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Ծովը ինչքան ալ ալեկոծ ըլլայ՝ անպայմանօրէն եզերք մը կ՚ունենայ»։ Ո՛րքան ալ վերիվայրումներէ անցնիս, անյաջողութիւններ ունենաս, առջեւդ դռներ փակուին, մի՛ յուսալքուիր, մի՛ յանձնուիր ու տեղի մի՛ տար։ Քեզի ներկայացող դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ շրջանցելու համար ամենամեծ ուժը՝ յո՛յսը տրուած է քեզի։ Յոյսը ձգտումներուդ թռիչքն է, ապագայիդ կամուրջն է եւ յաղթանակի ուժդ։ Եթէ յոյսդ կտրած ես՝ վաղուան մասին մտածէ, որովհետեւ վաղը «նոր» արշալոյսով ու «նոր» արեւով պիտի սկսի։ «Նոր»ը միշտ փոփոխութիւն կ՚ենթադրէ։ Նախքան յուսալքութեան գիրկը նետուիլդ, վաղուան մասին մտածէ, մէջդ դրուած յոյսի բոյնիդ նայէ, որմէ նոր իղձեր, մտածումներ ու հեռանկարներ պիտի ծնին։ Յոյսիդ սահմանագիծը երբ ընդլայնես՝ ապագային նայելու, ծրագիրներ մշակելու եւ խնդիրներ լուծելու կարողականութիւնդ օրէ օր աճ պիտի արձանագրէ։

Եթէ կ՚ուզես նպատակներդ իրագործել, դժուարութիւններէդ վայրկեան մը առաջ ձերբազատիլ, հոգեբանական բացասական նախատրամադրուածութիւնդ եւ «չըլլալ» բառը մտքէդ հանէ։ Ամէն ինչ նախ քեզմէ եւ ապա արտաքին աշխարհի ազդակներէն կախեալ է։ Եթէ դուն քեզի յաղթական, չնահանջող ոգիով տրամադրես, կեանքիդ ընթացքին դիմացդ ցցուող խոչընդոտները սեփական ուժերովդ կը յաղթահարես։ Որքա՛ն մարդիկ փորձեն քեզի օգնութեան ձեռք երկարել, յոյս ներշնչել, եթէ դուն պատրաստ չես դժուարութիւններդ ու խոչընդոտներդ դիմակայելու ու դէմ կանգնելու, չե՛ս յաջողիր ու ձախողութեան անդունդին մէջ շարունակ շղթայուած կը մնաս։ Կեանքդ դժուարութիւններով մի՛ կալանաւորեր եւ յոյսդ երբեք մի՛ կտրեր…

​Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018