ԲԱՆՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ

Լոս Անճելըսէն 70 մղոն դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուի Փէրիս (Perris) քաղաքը, որ վերջերս մեծ համբաւ ստացաւ՝ ցաւալի լուրի մը հաղորդումով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Արդարեւ, նկարին մէջ երեւցող բնակարանը վերածուած էր բանտի մը, որուն մէջ արգելափակուած էին ընտանիքի մը 2-29 տարեկան՝ 13 զաւակները (տես նկարը)։ Իսկ բանտապահներն էին ընտանիքին 57 տարեկան հայրն ու 49 տարեկան մայրը (տես նկարը)։ Հոս պէտք է նշեմ, որ զաւակները դեռատի ըլլալով՝ անոնց դէմքերը ծածկուած են։

Իսկ ի՞նչպէս ի յայտ եկաւ այս դառն իրավիճակը։ Ուրեմն այս դժբախտ ընտանիքին 17-ամեայ դուստրը, պատուհանէն փախուստ տալով, ոստիկանութեան լուր տուած է, որմէ ետք ոստիկանութիւնը անմիջապէս ջոկատ մը ղրկած եւ ազատած էր մնացեալ զաւակները։

Ոստիկանները դէմ յանդիման գտնուած էին զարհուրելի տեսարանի մը առջեւ, հետեւեալ նկարագրականով։ Զաւակներէն երեքը շղթայուած էին իրենց անկողիններուն, իսկ մնացեալները ման կու գային բնակարանին աղտերով կուտակուած սենեակներուն մէջ։ Անոնք բոլորն ալ կը տառապէին սնունդի պակասէն (malnutrition):

Ընտանիքին հայրը՝ Տէյվիտ Ալըն Թըր-փին, ասպարէզով երկրաչափ է եւ կար ժամանակ մը, երբ ան կը ստանար տարեկան 140 հազար տոլար։ Սակայն ան 2011 թուականին յայտարարած էր սնանկութիւն (bankruptcy) եւ Թեքսասէն տեղափոխուած Գալիֆորնիա։ Ընտանիքին մայրը՝ Լուիզ Աննա Թըրփին, յատուկ ասպարէզ մը չունենալով՝ ստանձնած էր զաւակներուն «հոգատարութիւնը»։

2015 թուականին ընտանիքը կը տեսնենք Լաս Վեկասի մէջ, ուր գացած էին վերանորոգելու հօր ու մօր ամուսնական ուխտը։ 2016-2017 թուականին ընտանիքի հայրը արձանագրուած է որպէս տնօրէն՝ իր զաւակներէն վեցին համար։ Այս դրութիւնը ընդունուած սովորութիւն մըն է Ամերիկայի մէջ, որ կը կոչուի (home schooling):

Հիմա դժբախտ այդ ընտանիքին զաւակները տարուած են հիւանդանոց՝ ստանալու հարկ եղած բժշկական խնամքն ու հոգեբանական կարեկցութիւնը, որպէսզի շուտով, վերագտնելով իրենց առողջութիւնը, կարենան վերադառնալ ընկերութեան առողջ մթնոլորտին։ Իսկ հայրն ու մայրը տարուած են բանտ՝  ամբաստանուելով զաւակներու չարչարանքի յանցանքով։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ դրացիներուն եւ ազգականներուն միացեալ աշխատանքով կազմակերպուած է նուիրահաւաքի արշաւ մը, որմէ ցարդ գոյացած է 100 հազարէն աւելի տոլար։ Հաւաքուած այդ գումարը պիտի ծախսուի կօշիկներու, հագուստեղենի եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներու համար, որոնց կարիքը ակնյայտ է 13 զաւակներուն նկատմամբ։

ԹՌՉՈՂ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ

Այս դէպքն ալ կը պատահի Գալիֆորնիոյ մէջ։ Այս անգամ՝ Սանթա Անա քաղաքին մէջ։ Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, ինքնաշարժ մը սուրալով՝ իր հանգիստը գտած է ատամնաբուժական դարմանատան շէնքի մը երկրորդ յարկը, որ կը գտնուի գետնէն 60 ոտք բարձրութեան վրայ: Արդեօք ակռայի ցաւ ունէ՞ր…

Բարեբախտաբար վնասի ենթարկուող մը չկայ այս ահաւոր արկածին հետեւանքով։ Իսկ պատճառը պէտք է փընտ-ռել թէ՛ արագութեան եւ թէ՛ գինեմոլութեան եւ կամ ալ թմրեցուցիչներու ազդեցութեան վրայ, որուն ենթարկուած ըլլալ կը թուի մեր վարորդը։

Չես գիտեր ինչո՛ւ՝ երբ մարդիկ ինքնաշարժի անիւին ետեւ կ՚անցնին, կը դառնան մէկական հրէշներու եւ կը սուրան՝ իրենց տեղերը հասնելու, մի քանի վայրկեան առաջ։ Անոնք չեն անդրադառնան, որ արագութիւնը մայրն է արկածներու, որուն հետեւանքն է սարսափն ու մահը, դժբախտաբար:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018