ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հարստութիւնը դարեր շարունակ մարդ արարածի ականչին հնչող ամենէն ցանկալի ու հեշտ բառերէն մէկը եղած է։ Շատեր կ՚ուզեն հարստանալ, որովհետեւ կը խորհին, թէ ստացուածքը կերպով մը աշխարհի դժուարութիւններուն դէմ դնելու միջոցը պիտի ըլլայ իրենց համար։ Ոմանք կը կարծեն, թէ հարստութիւնը այն կարողութիւնը պիտի տայ իրենց, որպէսզի ընեն այն ամէն ինչը, զոր կը ցանկան. ոմանց համար՝ բոլոր դռները բանալու միակ միջոցն է. իսկ ոմանց համար ալ՝ հարստութիւնը կը քօղարկէ բոլոր ամօթները ու պատուաւոր ըլլալու, նաեւ այդպէս երեւելու թիւ մէկ միջոցն է։
Ոմանք երբ իրենց դիրքը կորսնցուցած են, դժբախտաբար, այդ վիճակին չդիմանալով՝ իրենց կեանքին վերջ տուած են։
Շատ քիչեր չեն ազդուած հարստութեան հրապոյրէն։ Յիսուսի անապատի մէջ ունեցած փորձութիւններէն մէկն ալ հարստութեան դէմ կենալը եղած է, երբ փորձիչը աշխարհի հարստութիւններու փոխարէն Իրմէ երկրպագութիւն պահանջած է՝ Յիսուսի պատասխանը յստակ եղած է, որ միայն պէտք է Աստուծոյ երկրպագել. (Մատ. 4-8)։
Հարստութիւնը մերժել. ո՞վ կրնայ մերժել զայն եւ ինչպէ՞ս կարելի է։
Միթէ հարստութիւնը մերժելով կամ չաշխատելով՝ մենք զմեզ աղքատութեան մատնելո՞ւ ենք։
Մարդոց հարստութեան կամ աղքատութեան մասին թեր ու դէմ կարծիքները բազմաթիւ են։ Բայց եթէ նայինք Աւետարանի խօսքերուն՝ պիտի տեսնենք, որ թէ՛ հարստութիւնը եւ թէ աղքատութիւնը հաւասար ձեւով գովուած կամ ստորագնահատուած են։ Ուրեմն լաւ պէտք է ըմբռնել անոնց բուն արժէքն ու իմաստը։
Յիսուս «Աստուծոյ արքայութեան մտնելու համար ինչ պէտք է ընել» ըսելով հարցում ուղղողի մը պատասխանեց. «Գնա՛ ունեցուածքդ ծախէ՛ ու աղքատներուն տուր, երկինքի մէջ գանձեր պիտի ունենաս»։ Բայց հակառակ որ մարդը պատուիրանները իր մանկութենէն ի վեր կը պահէր, այս խօսքը տրտմեցուց զինք ու հեռացաւ այդտեղէն։
Աւետարանը կ՚ըսէ, որ այս մարդը շատ հարստութիւն ունէր. (Ղուկ. 18-22)։
Ուրեմն Յիսուս կը հետեւցնէ, թէ հարուստի մը արքայութիւն մտնելը աւելի դժուար է՝ քան ուղտի մը ասեղի ծակէն անցնիլը։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս խօսքը։ Այս խօսքի եւ Յիսուսի փորձութեան պատճառը ըմբռնելու համար օգտուելու ենք Աւետարանէն առնուած առակէ մը եւս։
Մեծահարուստի մը արտերը առատ բերք տուին, այն աստիճան, որ զանոնք ամբարելու համար իր շտեմարանները բաւարար չեղան։ Ան խորհեցաւ վար առնել զանոնք ու անոնց տեղ աւելի մեծերը շինել եւ հոն ամբարել բոլոր ցորենն ու բարիքները, որպէսզի դիտելով զանոնք ըսէր՝ ո՜վ իմ անձս ուրախ եղիր, կեր ու խմէ, քանի այս հարստութիւնը կը բաւէ քու բոլոր կեանքի օրերուն։ Մինչդեռ Աստուած ըսաւ անոր, թէ իր հոգին այդ գիշեր պիտի պահանջուի իրմէ. (Ղուկաս 12-19)։
Ուրեմն ինչի պիտի ծառայէր իր հարստութիւնը, զոր վստահութիւնը դրած էր անոր վրայ։
Յիսուսի հարստութեան դէմ այսքան յստակ խօսքերը հակասութիւն ըլլալով կարելի է ընդունիլ, երբ Աւետարանի ուրիշ առակի մը մէջ կը գովէ այն մարդը, որ մէկ մնասի փոխարէն տասը մնաս շահած ու տասը քաղաքներու վրայ իշխանութեան իրաւունք շահած է։ Աւելի՛ն. մէկ մնաս ունեցող ու չարժեւորող մարդուն մնասն ալ իրմէ առնուելով տասը մնաս ունեցողին տրուած է ու աւելցուցած է. «Ով որ ունի անոր աւելի պիտի տրուի, իսկ ով որ չունի իրմէ պիտի առնուի ունեցածն ալ». (Ղուկ. 19-26)։
Գալով աղքատութեան…
Աւետարանի աղքատութեան մասին ըսած հետեւեալ խօսքը ձեւով մը բոլոր այս հարցումներուն պատասխանը կ՚ըլլայ.
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկինքի արքայութիւնը». (Մատ. 5-3)։
Հոգիով աղքատութիւն չի նշանակեր պարզ ժլատութիւն, այլ հոգիով աղքատ կը նշանակէ՝ հարուստ հաւատքով։ Այսպէս, Աստուծոյ առջեւ սիրտով խոնարհ մէկը միայն կրնայ գիտնալ իր ունայնութիւնը եւ այպէսով կրնայ ընդունիլ Քրիստոսի իրեն ձրի շնորհած փրկութիւնը։
Այո՛ սիրելի ընթերցող, աշխարհի վրայ միշտ պիտի ըլլան հարուստներ ու աղքատներ, բայց պիտի յիշուին միայն հոգիով աղքատներն ու Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի ժառանգեն այդպիսիք, որոնք հարստացած են Քրիստոսով։
Ինչպէս Ղազարոսի քոյրը՝ Մարիամ չխնայեց մէկ լիթր ազնիւ ու թանկագին իւղը, որ թափելով օծեց Յիսուսի ոտքերը, Յիսուս ըսաւ. «Աղքատները ամէն ժամ ձեզի հետ ունիք։ Զիս միշտ ձեզի հետ չունիք». (Յովհաննէս 12-3)։
Այսպէսով արժանացաւ Տիրոջ գնահատանքին։
Երբ մենք կը հարստանանք Քրիստոսով՝ աշխարհ իր արժէքը կը կորսնցնէ ու կը բացուի մեր առջեւ Աստուծոյ թագաւորութեան տեսարանը։
Պօղոս առաքեալի խօսքով. «Պէտք է գիտնանք ապրիլ զրկանքով, եւ գիտնանք առատութեան մէջ ըլլալ». (Փիլիպ. 4-11)։
Եւ երբեք պէտք չէ մոռնալ՝ «Յիսուս Քրիստոս որ մեզի համար աղքատացաւ, ինք որ մեծատուն էր, որպէսզի իր աղքատութեամբ մենք հարստանանք». (Բ Կորնթ. 8-9)։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ