ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ վերջերս ստեղծեց նոր նախարարութիւն մը՝ առանձնութեան նախարարութիւն եւ նախարար նշանակեց Թրէյսի Քրաուչը:
«Կ՚ուզեմ վերցնել այս մարտահրաւէրը՝ մեր ընկերութեան համար: Կ՚ուզեմ, որ բոլոր միջոցները ձեռք առնուին, որպէսզի առանձնութենէ տառապող տարեցները, սիրելիներ եւ հարազատներ կորսնցնողները զրուցակից ունենան, լսող ունենան եւ իրենց փորձառութիւնը բաժնեն ուրիշներու հետ», յայտարարեց վարչապետ Թերեզա Մէյ մամլոյ ասուլիս մը ընթացքին:
Տուեալներու համաձայն, առանձութիւնը այնքան վնասակար է առողջութեան, որքան՝ օրական 15 ծխախոտ ծխելը:
9 միլիոն բրիտանացի երիտասարդներ եւ տարեցներ կը տառապին առանձնութենէ:
75-ը թեւակոխած տարեցներուն 50 տոկոսը, շուրջ՝ 2 միլիոն տարեց՝ օրեր եւ շաբաթներ կ՚անցընէ չորս պատերու մէջ փակուած, ամբողջական առանձութեան մէջ: