ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ
Սեփական լրատուութիւն.-
Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենան եզրափակիչ փուլի գիտական նիստերը։
Երէկ, գիտաժողովի աշխատանքները տեղի ունեցան Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն հետազօտութեանց վարժարանին մէջ։ Հետաքրքրական քննարկումներու առիթ հանդիսացաւ պատերազմի տրամաբանութեան, տնտեսութեան եւ գաղափարախօսութեան նիւթերուն ձօնուած նիստը, զոր վարեց Պրիւքսէլի համալսարանէն Եոէլ Քոթէք։ Ատենախօսներն էին՝ Համիտ Պոզասլան, Վենսան Տիւքլէր, Փեթէր Հոլքիստ, Էրիք-Եան Զիւլքէր եւ Մեհմէտ Փոլատէլ։ Յաջորդած հարցում-պատասխանի բաժինը ղեկավարեց Սթեֆան Օտուէն-Ռուզօ։
Գիտաժողովի ծրագրին վրայ նախատեսուած էր նաեւ պատմագրութեան վերաբերեալ նիստ մը, զոր վարեց Միշէլ Մարիան։ Այս քննարկումներուն շրջա-գըծով պատմագրութիւնը լուսարձակի տակ առնուեցաւ որպէս հետազօտութեան նոր բնագաւառ մը։ Ատենախօսներն էին Կայծ Մինասեան, Սթեֆան Աստուրեան, Այհան Աքթար, Ճենիֆըր Տիքստըն։ Այս նիստին ընթացքին Այհան Աքթար շեշտեց, որ հայոց տեղահանութեան վերաբերեալ որոշման գործադրութիւնը տարբերութիւններ ներկայացուցած էր շրջանէ շրջան։ Ան բացատրեց, թէ կարգ մը դիւանակալներ փորձած էին գործադրութիւնը որոշ չափով մեղմացնել, սակայն որպէս հետեւանք անոնք ալ իրենց հերթին սպաննուած էին։
Կայծ Մինասեան խօսեցաւ ըստ ժամանակաշրջաններու հաշուի առնելով այս նիւթին առընչակից պատմագրութիւնը։ Ան բացատրեց, որ 1915-1970 թուականներուն պատմագրութիւնը ունէր աւելի նկարագրական բնոյթ։ Յաջորդած տասնամեակին զգալի դարձաւ բաղդատութիւնը։ Իսկ 1990-ականներէն սկսեալ ստացաւ մեծ թափ մը, որովհետեւ համաշխարհայնացման ազգեցութեամբ նիւթը սկսաւ բովանդակել տարբեր պատմագրութիւններու հանգամանքները։