ՅԱՐԱՏԵՒ ՇԱՐԺՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղի տնօրէն Նիքոլա Դաւիթեան այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-Եւրոպա այս տարի եւս մասնակցութիւն պիտի բերէ Իսթանպուլի մէջ Ապրիլի 24-ին նախատեսուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Եւրոպայի հակացեղապաշտական շարժման (EGAM) եւ «DurDe» հարթակի հետ համագործակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի մասնակցութիւնը։ Երէկ, այս տարուան ոգեկոչումներու նախապատրաստական աշխատանքներուն շրջագծով Նիքոլա Դաւիթեան երկու խորհրդակցութիւններու մասնակցեցաւ քաղաքիս մէջ։ Այդ հաւաքոյթներէն մին տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի սրճարաններէն մէկուն մէջ, իսկ միւսը՝ «Պիլկի» համալսարանի համալիրէն ներս։ «Սանթրալիսթանպուլ»ի մէջ կազմակերպուածը ասուլիսի ձեւաչափով հաւաքոյթ մըն էր, «Էր երբեմն հայեր կային» խորագրին ներքեւ։
Այս երկու հաւաքոյթներուն ալ ատենախօսներն էին Նիքոլա Դաւիթեան, EGAM-ի նախագահ Պենժամէն Ապտան եւ «DurDe»ի բանբեր Լեւենտ Շէնսեւէր։ Այս երեք կազմակերպութիւններուն կողմէ այս տարի եւս Ապրիլի 24-ի շրջանին կեանքի պիտի կոչուի նախորդներուն նման ծրագիր մը։ Ապրիլի 21-24-ին Իսթանպուլի մէջ ձեռնարկներու մասնակցելէ վերջ Ապրիլի 25-էն սկսեալ եռօրեայ ծրագիր մըն ալ պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ։ Նիքոլա Դաւիթեան յայտնեց, որ երեք տարիէ ի վեր ՀԲԸՄ-Եւրոպա EGAM-ի հետ համագործակցութեամբ կու գայ Իսթանպուլ եւ այս տարուան հարիւրերորդ տարելիցի ոգեկոչումները վստահաբար պիտի ըլլան շատ աւելի բովանդակալից։
Նիքոլա Դաւիթեան, Պենժամէն Ապտան եւ Լեւենտ Շէնսեւէր երէկ ընդհանուր գիծերու առմամբ շեշտը դրին մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն վրայ։ Անոնք համոզուած են, որ ուրացումը կը նշանակէ շարունակութիւն մը։ Հետեւաբար, ճշմարտութիւնները պէտք է արտայայտուին եւ այս ուղղութեամբ պէտք է հանդէս գալ ժողովրդավարական պայքարով մը։ Այս ծիրին մէջ է, որ անոնք կ՚ընկալեն 2015 թուականին զուգադիպած հարիւրերորդ տարելիցը։ Իրենց տեսանկիւնէն առաջնահերթ կը նկատուի, որ թուրքերը, հայերը կամ ամէն տեսակ պատկանելիութենէ անդին՝ մարդկային հարթութեան մը վրայ պայքար պէտք է մղել այս խնդրին առընչութեամբ։ Ատենախօսները բացատրեցին, որ իրենց ցանկութեամբ մարդկութեան դէմ կատարուած այս յանցագործութիւնը պէտք է ոգեկոչուի բոլորին կողմէ ու բոլորը պէտք է արտայայտեն իրենց հակազդեցութիւնն ու ակնկալութիւնները՝ ժողովրդավարական չափանիշներու շրջագծին մէջ։