Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան տօնը այս տարի կը հանդիպի 6 Փետրուար Երեքշաբթի օրուան։

Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան տօնը մեզ կ՚առաջնորդէ մտածել եւ խորհրդածել հաւատքի եւ խղճի ազատութեան կարեւորութեան մասին։ Ուստի, Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու քաջագործութեան պատճառ եւ արդիւնքին վրայ տարբեր տեսանկիւնէ նայուածք մը, թերեւս արտաքնապէս այնքան ուշադրութեան առարկայ չըլլայ, բայց ներքնապէս խորհրդածելու առիթ կու տայ «ազատութեան» եւ յատկապէ՛ս «խղճի ազատութեան» մասին։

«Ազատութիւն»ը իր ընդհանուր առումով, մարդ էակին նկարագի՛րն է. մարդ կոչուած է ազատ ըլլալու՝ իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ։ Մարդ «ազատ» է, քանի որ բանականութեամբ օժտուած «ազատ կամք»ի տէր միա՛կ արարածն է։ Ազատ ըլլալու է մարդ, որպէսզի «ազատ կամք»ով կարենայ շարժիլ, հաւատքի, հաւատալիքի, համոզումներու, խղճի ազատութիւնը պէտք է վայելէ, որպէսզի բանաւոր միակ արարած ըլլալու արժանաւորութիւնը իրագործէ։

Արդարեւ, ազատութիւնը մարդկային կեան-քի կարեւոր եւ գլխաւոր արժէքներէն մէկն է, որուն միջոցաւ մարդ կրնայ օգտագործել իր բանականութիւնը։ Այս իմաստով չկա՛յ ոեւէ մարդ, որ ազատ ըլլալ չփափաքի։

Անշուշտ «ազատութիւն»ը պէտք չէ հասկնալ որպէս սանձարձակ գործելու եւ շարժելու իրաւունք։ Ազատութիւնը ունի սահման՝ որ է դարձեալ «ազատութիւն»ը։ Այսինքն՝ մարդ ազատ է մինչեւ հոն՝ ուր կը սկսի ուրիշ մէկու մը ազատութիւնը։

Բայց երբ հարցը «ներքին ազատութեան» մասին է, այսինքն բարոյական արժէքներու մասին, զոր օրինակ, հաւատք, հաւատալիք, համոզում, խիղճ եւ այլ ներաշխարհի հետ կապուած ազատութիւններ, որոնք կախում եւ կապ չունին ուրիշներէ, այդ ազատութիւնը պահել, պահպանել եւ տեւականացնել, մարդ էակին բնական եւ բանական պա՛րտքն է։

Մարդ բնականօրէն, ընդոծին մղումով կը ձգտի ազատութեան, եւ եթէ չձգտի եւ չպայքարի ազատութեան համար, իր աստուածատուր կոչումին դէմ շարժած կը համարուի. բանականութեան հակառակ է մարդուն իր ներքին ազատութեան, ներհակ է իր բնութեան եւ իր նկարագրին։ Արդարեւ, եթէ մարդ ներքին ազատութիւն չունի, արտաքին-մարմնական ազատութիւնը ո՛չինչ կ՚արժէ, քանի որ ան լոկ «ձեւական ազատութի՛ւն» է։ Ուստի երբ մարդ ներքնապէս ազատ չէ, «ազատ» չէ՛։

Բայց մարդ, ընդհանրապէս, ազատութիւնը կ՚օգտագործէ իր ստեղծած արժէքներուն համար, ինչ որ եսամոլութիւն կ՚ենթադրէ, եւ իրապէս պատճառ կը դառնայ կորսնցնելու իր ամբողջ ազատութիւնը, քանի որ ասիկա ո՛չ թէ ազատութեան օգտագործում, այլ՝ շահագործում է, եւ փոխանակ օգուտ բերելու, վնաս կը պատճառէ, փոխանակ շահելու, կորսնցնելու առիթ կ՚ընծայէ։

«Ազատութիւն»ը շատ կերպեր եւ շատ աստիճաններ ունի, բայց եթէ ուշի ուշով անոր հիմնական բնոյթը քննենք, պիտի տեսնենք, որ միա՛կ եւ սքանչելի՜ իրողութեան մը վրայ է հաստատուած ան։ Այս իրողութիւնն է մարդուս «ազատ կամք»ը։ Սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ այն տեսակէտը՝ որ մարդուս ամէն տեսակ ազատութիւնը կը ճանչնայ եւ միայն անոր «ներքին ազատութեան» վրայ կը տարակուսի, հիմնովին սխալ է, քանի որ միւս բոլոր ազատութիւններու աղբիւրը ներքին ազատութի՛ւնն է։

Մարդուս խորհրդական ճշմարիտ նկարագիրը այս «ներքին ազատութեան» վրայ կը կայանայ, որ բանաւորութենէն լուսաւորուելով խղճին կը յայտնուի եւ որ մարդոց թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ուրիշներուն վրայ կատարած դատումներուն մէջ կը նշմարուի ամէն ժամանակ։

Ուստի, ամբողջ տիեզերքը զօրութիւններու բաղադրութիւն մըն է։ Միայն մէկ զօրութիւն կայ ազատ եւ տրամաբանող, որ է մա՛րդը։ Ազատութիւնը՝ զինք ընկճելու նպատակ ունեցող ճակատագրային (fatal) զօրութիւններու դրութեան մը մէջ գտնուած ըլլալով, անոնց հակառակ կ՚ընդդիմագործէ՝ նախ զանոնք մեղմացնելու եւ ապա իր օգտին գործածելու համար։

«Հնարագիտութի՛ւն» կ՚անուանուի կանոնաւորապէս շարունակուող այս պայքարը՝ որուն սկզբունքը «մարդկային ազատութիւն»ն է. օգնականները բնական գործակատարներն են եւ նպատակն ալ՝ պիտոյից լրումը։ Եւ քանի որ մարդս անկատար էակ մըն է, մերթ ընդ մերթ կը սխալի, կը խոտորի եւ երբեմն ալ չարիքներու տեղի կու տայ, երբ կ՚օգտագործէ կամ կը վայելէ իր ազատութիւնը։ Ազատութեան սխալանքներու կամ չարիքներու առարկայ դառնալը կը նշանակէ՝ ազատութեան չափազանցութիւնը, որ կ՚ենթադրէ ազատութեան շահագործումը։

Անշուշտ կարելի է մտածել եւ նոյնիսկ քննադատական աչքով նայիլ եւ ըսել, թէ՝ ի՞նչ կապակցութիւն ունի «ազատութեան» նիւթը Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից հետ։ Ամենէն պարզ բացատրութեամբ պատասխանենք, թէ՝ Ս. Ղեւոնդեանց շարժումը՝ խղճի ազատութեան նուիրական արժէքին պահպանման համար արդար եւ պիտանի շարժում մըն է։ Հաւատքի պահպանման, այսինքն խղճի ազատութիւնը պահպանելու արդար եւ իրաւական շարժում մը։ Այլապէս կարելի է խորհիլ, թէ «հոգեւորական»ի պաշտօնը այդ պայքարին մասնակից ըլլալ չէ…։

Յիշեցնենք, սիրելի՜ բարեկամներ, իրաւ հոգեւորականի մը առաջնակարգ պարտականութիւնն է հաւատքը պահել եւ պահպանել եւ այդ մասին տիպա՛ր ըլլալ ուրիշներու։ Ուստի, հոգեւորականին չէզոք, գաղջ կամ միջակ բնաւորութիւն կամ յետսապահի դեր վերագրողներ պէտք է անդրադառնան, թէ՝ հաւատքը եթէ հոգեւորականը չպաշտպանէ, հոգեւորականին ձեռքերուն մէջ ապահովութիւն չգտնէ, ապա ո՞վ տէր պիտի կանգնի, ո՞վ անոր գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը պիտի կարենայ իրականացնել. աւելին՝ հաւատքը, կրօնը եթէ հոգեւորականին չվստահուի, ապա որո՞ւ պիտի վստահուի։ Եթէ «Քաջ Հովիւ»ին չվստահուի հօտը, ապա, «վարձկան հովիւ»ին պիտի յանձնուի՞։ Ուրեմն խղճի, հաւատքի ազատութիւնը ամենակատարեալ կերպով պիտի պաշտպանեն հոգեւորականները՝ որ իրենց առաջնակարգ պարտականութիւններէն մի՛ն է։

«Ազատ կամք»ը ազատութեան նուիրական արժէքին գործօն միջոցն է, եւ ազատ կամքը կ՚ենթադրէ «ազատ խիղճ» ունենալու առաքինութիւնը։ Մարդուս ազատութիւնը՝ անոր արժանաւորութիւնն է եւ արժանապատուութիւնը, եւ անոնց միջոցով է որ ան կը կատարելագործուի, կը զարգանայ եւ կ՚ազնուանա՛յ։

Արդարեւ, ազատութիւնը իր հետ ունի, իրեն անբաժան «պատասխանատուութիւն»ը։ Եւ քանի որ մարդ ունի ազատ կամք՝ ազատ խիղճ, ազատ հաւատք, ուրեմն պարտաւոր է եւ պատասխանատու անոնց պահպանման, անոնց տեւականացման, որ կեանքի ընդհանուր տնտեսութեան ոգի՛ն է։ Եւ իմացականութիւնը այս տնտեսութեան առաջին գործիքը եւ ո՛ւժն է։ Եւ ուրեմն, այս ուղղութեամբ, Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից միջամտութիւնը արդա՛ր շարժում մըն է, եւ մանաւանդ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեան արտայայտութի՛ւնը։

Շնորհաւոր ըլլայ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը բոլորին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018