ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ (ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ)
Վարդանանց ճակատամարտը մեր պատմութեան ամենէն շատ քննարկուած եւ ուսումնասիրուած ճակատամարտներէն մէկն է, որու մասին թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուած են ուսումնասիրողներու եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութեան կողմէ: Այսպէս, ոմանք բարձր կերպով գնահատած են Վարդանանց ճակատամարտի իրադարձութիւնները եւ ձգած հետեւանքները, իսկ ուրիշներ թերագնահատած են զայն եւ շատ յաճախ վարկաբեկած՝ պատճառաբանելով, թէ հակառակ որ մենք վառ գոյներով կը ներկայացնենք ճակատամարտը, սակայն պարսիկները իրենց պատմական գիրքերուն մէջ անգամ յիշատակութիւն չեն կատարած այդ մասին: Այլ վարկաբեկումի տեսակ մըն ալ այն է, որ մենք այդ պատերազմին պարտուած ենք եւ այդքան գոյնզգոյն կերպով խօսիլ այդ ճակատամարտի մասին այդքան ալ ճիշդ չէ:
Այս գրութեամբս ո՛չ նպատակ ունիմ փաստարկներ ներկայացնել համոզելու համար թերագնահատողները, ո՛չ ալ նպատակ ունիմ ժխտելու թերագնահատողներուն յառաջ բերած վարկաբեկումները: Այն ինչ պիտի արձանագրեմ այստեղ, իմ անձնական մտածումներս են, թէ Վարդանանց ճակատամարտը ի՛նչ տուած է մեզի:
Արդարեւ, այդ ճակատամարտը ի՞նչ տուած է մեզի:
ա) Ինքնութեան հաստատում:
բ) Արժանապատուութիւն:
գ) Նկարագիր:
դ) Հաւատքի ամրութիւն:
Առնենք առանձին-առանձին:
ա) Ինքնութեան հաստատում. Վարդանանց ճակատամարտը ամէն ինչէ աւելի մեր ժողովուրդի ինքնութեան հաստատումի գրաւականը եղաւ: Պարզ կերպով կարելի է ըսել. եթէ մեր նախնիները չերթային այդ քայլին, այսինքն՝ եթէ անոնք չհակառակէին պարսիկներու թելադրութիւններուն եւ կամքին, այսօր շատ հաւանաբար որպէս հայ ժողովուրդ գոյութիւն չունենայինք:
Ի՞նչ ըրին մեր նախնիները արդարեւ: Անոնց կատարած քայլը շատ հզօր արդիւնք տուաւ մեզի որպէս ժողովուրդ: Նկատի չառած քանակական անհաւասարութիւնը, հաշուի չառած ուժերու աննկարագրելի տարբերութիւնը, մէկ կողմ ձգած ամէն տեսակի փառք ու պատիւ, բարօր եւ բարգաւաճ կեանք, մեր նախնիները սակայն, նախընտրեցին հաւատարիմ մնալ իրենց ունեցածին, հաւատարիմ մնալ իրենց ինքնութեան, հաւատարիմ մնալ իրենց երկրին, հողին, հայրենիքին, հաւատարիմ մնալ իրենց հաւատքին: Այդ հաւատարմութեան շնորհիւ է, որ այսօր Հայրենիքի եւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, որպէս հայ ժողովուրդի մէկ փոքր մասնիկ, իւրաքանչիւր հայ կ՚ապրի, կ՚արարէ եւ կը հպարտանայ իր հայութեամբ:
Աւելի՛ն, մեր նախնիները ո՛չ ըսելով Յազկերտին եւ անոր հրոսակներուն, մերժեցին նախեւառաջ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը, միաժամանակ մերժեցին ուրանալ իրենց հայկական ինքնութիւնը, այսինքն՝ հայութիւնը: Ատոր շնորհիւ, որպէս ժողովուրդ առայսօր յաջողած ենք գոյատեւել: Այո, Վարդանանց ճակատամարտ եւ նման իրադարձութիւններ յաճախակի պատահած են մեր պատմութեան ընթացքին, բայց չէ՞ որ երկաթը կռանելով է, որ կը ձեւաւորուի: Մենք ալ որպէս ժողովուրդ, դարերու ընթացքին ստացած այդ կոփիւններուն շնորհիւ է, որ այսօր տակաւին կանք:
Ճիշդ է, որ 451-ին, Վարդանանց ճակատամարտին մենք պարտուեցանք եւ զոհեր տուինք, բայց շարունակեցինք ապրիլ, մեր ինքնութիւնը ա՛լ աւելիով հաստատեցինք եւ այստեղ է, որ կը թարգմանուի այն գաղափարախօսութիւնը, որ յաճախակի կերպով կը կրկնենք. «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Մեր քաջամարտիկ հերոսները իրենց արեան հեղումով մեր ինքնութիւնը, մեր գոյութիւնն է, որ հաստատեցին:
բ) Արժանապատուութիւն. Պարսիկներուն հակառակելով, մեր նախնիները յաջողեցան անխախտ պահել իրենց ազգային-հայեցի-հոգեւոր արժանապատուութիւնը:
Պիւթակորասը կ՚ըսէ. «Նախ եւ առաջ, մի՛ կորսնցներ ինքզինքդ յարգելը»: Ի՞նչ կը նշանակէ չկորսնցնել ինքզինք յարգելը, եթէ ոչ՝ չկորսնցնել արժանապատուութիւնը: Արժանապատուութիւնը մարդուն ինչութեան հայելին է, եթէ արժանապատուութիւն կայ, ուրեմն կայ նաեւ ի՛նք՝ մարդը: Արժանապատուութիւն չունեցող մարդը ոչ մէկ բանով կը զանազանուի անբան կենդանիներէն:
Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին հզօր կայսրութիւններն ու տէրութիւնները ինչպէ՞ս կը վարուէին իրենց ստրուկներուն եւ կամ իրենց ենթակայ եղող ազգերուն ու ժողովուրդներուն հետ. առաջին հերթին իրենց ենթականերէն կը վերցնէին անոնց արժանապատուութիւնը, որմէ ետք էր միայն, որ կրնային հեշտ կերպով տիրել ու ղեկավարել զանոնք: Նոյն բանը փորձեցին ընել պարսիկները, երբ մեր նախնիներուն թելադրեցին ուրանալ քրիստոնէական հաւատքը եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը, այդ քայլով անոնք փորձ կատարեցին մեզմէ վերցնել մեր արժանապատուութիւնը: Սակայն, մեր նախնիները, որոնք հաստատակամութեամբ յայտարարած էին, թէ՝ «մեր ՀԱՅՐԸ Սուրբ Աւետարանն է, ՄԱՅՐԸ՝ մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին», ատով անոնք նախընտրեցին իրենց արժանապատուութիւնը պահել, քան թէ կորսնցնելով զայն պարսիկներուն ստրուկը դառնալ:
Այսօր եւս բազմաթիւ են այն պարսիկները, որոնք կը փորձեն մեզմէ մեր արժանապատուութիւնը խլել: Արդեօք մենք ի՞նչ կ՚ընենք այդ փորձերուն դիմաց, կը տկարանանք ու կը նահանջենք, թէ մենք ալ մեր նախնիներուն նման մեր արժանապատուութիւնը՝ ազգային-հայեցի-հոգեւոր, ամէն բանէ վեր կը դասենք եւ ամէն ջանք կը թափենք անխախտ պահելու համար զայն:
գ) Նկարագիր. Նկարագիրը ոեւէ մարդու, որեւէ հասարակութեան հայելին է: Մարդուն նկարագիրը՝ իր էութեան արտայայտութիւնն է: Եթէ մարդ նկարագիր ունի, հետեւաբար ունի՛ նաեւ ինքնութիւն, ունի՛ արժանապատուութիւն, ունի որպէս ՄԱՐԴ ապրելու իրաւունք:
Նկարագիր ունեցող մարդը, հասարակութիւնը գիտէ զօրաւոր ու անդրդուելի մնալ կեանքէն եւ շրջապատէն եկած բոլոր փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն դիմաց: Եւ, ո՛չ միայն զօրաւոր ու անդրդուելի մնալ, այլ՝ պայքարիլ այդ փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն դէմ, ամէն ջանք գործադրել մաքուր ու անբասիր պահելու իր նկարագիրը:
Վարդանանց քաջամարտիկները արդարեւ իրենց անդրդուելի կեցուածքով իրենց նկարագի՛րն էր, որ պահեցին եւ իրենց վերաբերմունքով իրենց յաջորդող սերունդներուն կեանքի դաս տուին, թէ մարդ իրեն հանդիպած փորձութիւններուն եւ դժուարոթիններուն դիմաց պէտք չէ ընկրկի, տեղի տայ, նահանջէ, այլ՝ պէտք է տէր կանգնի իր ինքնութեան, իր նկարագիրին:
Մեր օրերուն ալ շատ են Յազկերտները, որոնք կը փորձեն խաթարել մեր նկարագիրը եւ նոր փոխարէն այլ նկարագիր մշակել մեր էութեան մէջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրէս կախեալ է տեղ տա՞լ այդ փոփոխութեան, թէ՞ ոչ: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ Սթիվ Ճոպսի հետեւեալ տողերը. «Ձեր ժամանակը սահմանափակ է, մի՛ վատնէք զայն՝ ուրիշի մը կեանքը ապրելով։ Պարտադրանքներու ցանցին մէջ մի՛ իյնաք, ուրիշներու միտքին արգասիքներով մի՛ ապրիք, թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշներու կարծիքներուն աղմուկը լռեցնէ ձեր ներքին ձայնը։ Եւ ամենէն կարեւորը, ձեր սիրտին ու ներքին ձայնին հետեւելու քաջութիւնը ունեցէք։ Ատո՛նք են, որ գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կ՚ուզէք ըլլալ։ Մնացածը երկրորդական է»։ Մեր նախնիները այս էր, որ կատարեցին իրենց նկարագիրը պահելու համար: Առաջին հերթին մէկ կողմ ձգեցին երկրորդականը: Ուրիշի մը (զրադաշտներուն) կեանքը ապրելու փոխարէն, նախընտրեցին իրենց սեփական կեանքով ապրիլ: Պարսիկներու պարտադրանքներուն չենթարկուեցան եւ իրենց կեանքով պահպանեցին իրենց ազատութիւնը: Քուրմերու միտքին արգասիքները մերժեցին եւ հաւատարիմ մնացին իրենց քրիստոնէական-ազգային միտքի արգասիքներուն: Պարսիկներու կարծիքներուն աղմուկը (ամէն տեսակի բարօր կեանքով ապրելու խոստումներ) չխլացուց զիրենք լսելու իրենց ներքին ձայնը՝ որ կ՚ըսէր. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): Այսօր եւս, նոյն այդ ներքին ձայնը կը խօսի մեզմէ իւրաքանչիւրս համար, սակայն մեր ականջները խլացա՞ծ են, թէ՞ կը լսեն ու կը քաջալերուին այդ ձայնով:
դ) Հաւատքի ամրութիւն. Վարդանանց ճակատամարտն ու ընդհանրապէս այդ ժամանակաշրջանին պատահած իրադարձութիւնները, մեզ՝ որպէս ժողովուրդ աւելիով ամրացուցին մեր հաւատքին մէջ: Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս մեր առաջին լուսաւորիչ առաքեալներուն կողմէ ցանուած քրիստոնէական հաւատքի հունտերը, որոնք յատուկ կերպով խնամուած էին մեր երկրորդ Լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորի կողմէ, այս անգամ Սրբոց Վարդանանց հերոսամարտի նահատակներուն թափած արիւնով ոռոգուեցան, առյաւէտ ծաղկած ու կեանքով լեցուն պահելու համար հայոց քրիստոնէական հաւատքը:
Վարդանանց ճակատամարտին մասնակիցները անվախօրէն իրենց հաւատքի մասին վկայութիւն տալով՝ կ՚ըսէին. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…», եւ այդ հաստատակամութեամբ պայքարեցան իրենց հաւատքին համար, որպէսզի իրենց եւ իրենց յաջորդներուն մէջ վառ մնայ Քրիստոսի լոյս հաւատքը:
Մեր նախնիները Յազկերտին եւ անոր քուրմերուն իրենց կեանքի օրինակով ցոյց տուին, թէ իրենք ո՛չ թէ նիւթը կը պաշտեն՝ ինչպէս իրենք կ՚ընէին, այլ իրենք կենդանի Աստուածը կը պաշտէին, որ Իր Միածին Որդիով բոլոր մարդոց առիթ տուաւ յաւիտենական կեանքին արժանանալու: Յազկերտն ու պարսիկները այդ մէկը չկրցան հասկնալ ու ըմբռնել, այդ պատճառով ալ փորձեցին ուժով եւ բռնութեամբ հեռացնել մեզ մեր հաւատքէն, բայց արդիւնքը իրենց սպասածին հակառակը եղաւ:
Այսօր եւս կան Յազկերտներ ու քուրմեր, որոնք կը փորձեն շեղել մեզ մեր հաւատքէն: Այդպիսի Յազկերտներու եւ քուրմերու երկու տեսակներ կան: Առաջինը՝ անոնք են, որոնք ակնյայտօրէն կը գործեն եւ ասոնք այդքան ալ վտանգաւոր չեն, որովհետեւ իրենց գործերը յայտնի են եւ տեսանելի, եւ կրնանք ի պահանջել հարկին պէտք եղած միջոցներուն դիմել պաշտպանուելու համար անոնց հարուածներէն: Երկրորդ տեսակին պատկանողներն են, որոնք վտանգաւոր են եւ իրենց գործունէութիւնը հոգեկործան է: Ասոնք անոնք են, որոնք քրիստոնեայ անուան տակ ամէն տեսակի պղծութիւն, անկարգութիւն եւ անբարոյութիւն կը տարածեն մարդոց մէջ: Կը քարոզեն, թէ Քրիստոսի հաւատացողներն են եւ զՔրիստոս է, որ կը քարոզեն, սակայն իրենց կեղծ քարոզներով ու կեղծ բարեպաշտութեամբ սատանան է, որ կը քարոզեն: Այդպիսիները իրենց քարոզներով անմիաբանութիւն կը սփռեն ընտանիքներու մէջ, կը պառակտեն հայ ընտանիքի հիմնասիւնը:
Այսօր, առաւել քան երբեք, մենք կարիքն ունինք Վարդանանց օրինակով ամրացնելու մեր հաւատքը, որպէսզի կարողանանք գոյատեւել ապրիլ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ ո՛չ թէ կեղծ քրիստոնեաներ:
Այսօր, առաւել քան երբեք, մենք կարիքն ունինք Վարդանանց օրինակով մաքուր ու անեղծ պահելու մեր նկարագիրը, որպէսզի աջէն ու ձախէն եկած կեղտը չպղտորէ մեր ներքին էութիւնը:
Այսօր, առաւել քան երբեք, մենք կարիքն ունինք Վարդանանց օրինակով տէր կանգնելու մեր արժանապատուութեան, որպէսզի «փոքր ածու» ըլլալով հանդերձ, շարունակենք մեր խօսքը լսելի դարձնել աշխարհով մէկ:
Ի վերջոյ, այսօր, առաւել քան երբեք, մենք կարիքն ունինք Վարդանանց օրինակով հաստատելու մեր ինքնութիւնը, ո՛չ ըսելով ամէն տեսակի սին ու փուճ խոստումներու, որոնք կը խաթարեն մեր ինքնութեան եւ գոյութեան շարունակութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 6 Փետրուար 2018