ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՔԱՋԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկային ընդհանուր կեանքը ո՛չ մէկ իմաստ, ո՛չ մէկ արժէք կ՚ունենար եթէ անոր պակսի հաւատք տեսիլք եւ ոգի՛։ Պատմութեան մէջ անջնջելի՛ կը մնան այն անձերը՝ որոնք մեծագործութիւններ են կատարած եւ այն դէպքերը՝ որոնք քաջագործութիւններ են իր իսկակա՛ն իմաստով։

Բայց ո՛չ մեծագործութիւնը, ո՛չ քաջագործութիւնը պատահական իրողութիւններ են, այլ արդիւնք են՝ տեսիլքի, հաւատքի եւ անպարտելի ոգիի։ Արդարեւ, զօրաւոր հաւատքը, երեւակայութեան զօրաւոր մարմնացումը՝ տեսիլքը եւ յատկապէս ամուր ոգին է, որ մարդս քաջագործ եւ հերոս կ՚ընէ։ Ուստի մեծ ըլլալու համար մեծագործութիւն մը եւ հերոս ըլլալու համար ալ քաջագործութիւն մը իրականացնելու է մարդ։ Մա՛րդ «մեծ ե՛մ», ըսելով մեծ, եւ «քաջ ե՛մ», ըսելով քաջ չի՛ կրնար ըլլալ. ո՛չ թէ խօսք, այլ՝ գործ պէտք է որ մարդ «մեծ» կամ «քաջ» ըլլայ։ Որեւէ արժէք, իրապէս «արժէք» կարենալ ըլլալու համար պէտք է որ չափուի, կշռուի եւ կերպով մը օգտագործուի։

Զանազան առիթներով յիշած ենք ամերիկացիներու մէկ խօսքը, թէ՝ իրապէս մեծ եւ յաջող մարդ ըլլալու համար, մարդ պէտք է սովորական գործէ մը դուրս, եզական եւ բոլորովին տարբեր, աննախընթաց գործ մը ընէ, եթէ չի կրնար այդ ընել, թող սովորական, ամէն մարդու ըրած գործը ընէ, բայց լաւագո՛յնը ընէ։ Ահաւասիկ, մեծագործութեան կամ քաջագործութեան ստուգանիշը. աննախընթաց գործ մը, եզական, թերեւս յարակարծիք գործ մը կատարել, եւ կամ եթէ կարելի չըլլար այդպիսի գործ մը կատարել, սովորական գործ մը ընել, բայց լաւագո՛յնը ընել…։

Դառնանք Ս. Վարդանանց քաջագործութեան։ Քաջագործութիւնը ըստ ինքեան եթէ ո՛չ սովորական, բայց աննախընթաց գործ մը չէ. պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ քաջագործութիւններու դարերու ընթացքին, զանազան քաջագործներու, հերոսներու, բոլորն ալ իր շրջանի, իր ժողովուրդի համար սխրագործութիւններ են եղած, ինչ որ կարելի չէ ուրանալ կամ անտեսել։

Ս. Վարդանանց քաջագործութիւնը անոնց մէջ լաւագո՞յնն է. վիճելի է, քանի որ «լաւագոյն»ը որոշ չափանիշ մը, ստուգանիշ մը չունի, չի կրնար ունենալ, քանի որ «լաւագոյն»ը յարաբերական արժէք մըն է։

Ի՞նչ է ուրեմն Ս. Վարդանանց «մեծագործութեան» իսկական արժէքը։

Ս. Վարդանանց մեծագործութեան արժէքը կը կայանայ, իր ոգիին մէջ, իր հաւատքին մէջ, իր հաստատակամութեանը մէջ եւ այն տեսիլքին մէջ, որ էապէս կարելի է համարել եզական եւ աննախընթաց։

Իսկ գալով «լաւագոյն»ը ըլլալու հարցին, իր հետեւանքները եթէ նկատի առնուի, ժողովուրդին համար «լաւագո՛յն»ն է, քանի որ դրական է եղած քաջագործութեան հետեւանքը։ Եւ այս իմաստով, ըստ ամերիկացիներու խօսքին, Ս. Վարդանանց մեծագործութիւնը թէ՛ աննախընթաց եւ թէ՛ լաւագոյն գործն է։ Ժողովուրդի մը հաւատքը անոր ամենակարեւոր հարստութի՛ւնն է, ըսենք, արժանապատուութիւնը, գոյապահպանման եւ գոյատեւման ազդակը. գանձը իր էութեան։ Հաւատքը պահպանել գոյապահպան առաջնակարգ պայմաններէն մէկն է, քանի որ ժողովուրդ մը կ՚ապրի եւ կը շարունակէ ապրիլ իր հաւա՜տքով։

Եւ եթէ խնդիրը աննման, անօրինակ եւ աննախընթաց, եզական ըլլալ է մեծագործութեան մը իրականացման համար, Ս. Վարդանանց քաջագործութիւնն ալ, եթէ ո՛չ իր պատմական, ընկերային եւ այլն պատճառներով, բայց իր արդիւնքով հազուադէպ հետեւանք մը ունեցած է, եթէ ո՛չ եզական կամ աննախընթաց։

Թէ՛ հետեւանքներով եւ թէ՛ իրադարձութիւններով սխրագործութիւն մը, քաջագործութիւն մըն է անիկա, քանի որ ըստ երեւոյթի «պարտութիւն» մը մեծ յաղթանակ եղած է։ Եւ ահաւասիկ, Ս. Վարդանանց քաջագործութեան իսկական արժէքը հո՛ն է, թէ պարտութիւն մը վերածուած է յաղթանակի, քանի որ ակնկալուած արդիւնքը ձեռք ձգուած՝ հաւատքը պաշտպանուած է։

Ուրեմն, այս իմաստով Սուրբ Վարդան միայն հերոս մը, քաջ մը չէ՛, այլ նաեւ սո՛ւրբ մը, քանի որ ան հաւատքը չէ կապած նիւթական, աշխարհային պայմաններու, արժէքներու եւ մարդկային զօրութիւններու, երեւոյթներու։ Ան յաղթանակին չէ՛ նայած մարմնական աչքով, այլ հոգեւոր աչքով, չէ՛ տեսած արտաքինը, սովորականը, այլ տեսած է ներքի՛նը։

Սուրբ Վարդան, պարտութեան եւ յաղթութեան ըմբռնումները բոլորովին փոխած է. պարտութենէն կրցած է քաղել յաղթանակը, ինչպէս կ՚ընեն սուրբեր, եւ չարիքէն կրնան արտաբերել բարի՛ք։ Եւ պարտութենէն յաղթանակ հանել ո՛չ միայն հերոսի, այլ սուրբի գործ է։ Պարտութենէն յաղթութիւն արտադրել եզական, գոնէ շատ հազուադէպ պարագայ մըն է եւ թէ մարդկային գործերուն լաւագո՛յնն է։

Ահաւասիկ, այս պատճառներով, Ս. Վարդանանց քաջագործութիւնը կը տարբերի սովորական քաջագործութիւններէ եւ կը դառնայ նուիրագործութիւն, սրբագործութի՛ւն։ Եւ այդ նոյն պատճառով, Վարդան «հերոս» մը ըլլալէ աւելի՝ սո՛ւրբ մըն է։

Վարդան ունէր զօրաւոր հաւատք, ան ունէր նաեւ հեռատեսութիւն՝ տեսիլք եւ ամենէն կարեւորը՝ ոգի՛։ Այն ոգին, որ չ՚ապաւինիր միայն իր սեփական մարդկային ուժերուն, տարիներու փորձառութեան, գիտութեան եւ յատկութեան, այլ ան ունի լայնատեսութիւն՝ Գերագոյն իմաստութեան, Գերագոյն զօրութեան հասնելու եւ Անոր ապաւինելու ոգի՛։

Եւ կարելի է կարծել, թէ Ս. Վարդանի մեծութիւնը, ո՛չ թէ միայն իր անձնական հմտութենէն, ուժերէն, փորձառութենէն, այլ Գերագոյնին հասնելու եւ ապաւինելու ոգիէն կու գայ։ Այս աչքով եթէ դիտել փորձուի Սուրբ Վարդան, այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ ըմբռնել անոր իսկական արժէքը։

Ան կ՚ապրի եւ կը խօսի թէեւ պարզ մարդու պէս, բայց կը տեսնէ աւելին, շատ վերը՝ աստուածայինը, քանի որ կը խորհի «աստուածանմա՛ն»։ Եւ հաւատքի մը պաշտպանութիւնը, պահպանումը եւ տեւականացումը արդի՛ւնք է այս լայնատեսութեան՝ հեռատեսութեա՛ն։

Հայ ժողովուրդին համար ի՛նչ որ է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, ի՛նչ որ է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, նո՛յնն է Սուրբ Վարդան, իր «սրբագործութեա՛մբ»։

Մե՜ծ ըլլալով, մեծագործութիւններ, սխրագործութիւններ կատարողներ ընթացք կու տան ժողովուրդներու պատմութեան եւ երբեք չեն մոռցուիր, կ՚ապրին սրտերու եւ միտքերու մէջ յաւիտեան…։

Շնորհաւո՜ր ըլլայ Ս. Վարդանանցի յիշատակութեան տօնը բոլորին՝ որ ունի նոյն ոգի՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018