ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ՝ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ - Ա -
Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի «Վասն Քահանայից» կանոնները, բացատրական ծանօթութիւններով պարզաբանուած են Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի կողմէ։ Իսկ յաւելուած տեղեկութիւններ կատարուած են Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի կողմէ։ Ս. Սահակ Հայրապետի պատուէրները հակառակ երկա՜ր դարերու հոլովումին, կը պահեն իրենց այժմէութիւնը։ Ուստի, պէ՛տք է մտադիւր ուշադրութեամբ կարդալ եւ օգտուիլ անոնցմէ։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՔԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ
Շատ տեղեր ժողովուրդին կողմէ ամբաստանութիւն եղաւ քահանաներուն մասին, թէ ծուլութեամբ կը կատարեն եկեղեցւոյ պաշտամունքը եւ աղօթքները, եւ ամէն բան որ կարեւոր է առաջնորդութեան համար։ Մանաւանդ անոնց ուսումնատեցութեան, այսինքն ուսումը ատելու մասին սապէս կ՚ըսեն.
-Իրենք սորված չեն, եւ իրենց զաւակներն ալ դպրոց չեն դներ, ուստի տգիտութեան պատճառով քահանայութեան արժանի չեն ըլլար. ասիկա մեզի զըր-կանք եւ նեղութիւն կը պատճառէ, քանի որ անոնցմով եւ անոնց պատճառով խոպան մնացած ենք ամէն բանի մէջ, բոլորովին տգէտ ենք, եւ զուրկ Սուրբ Գիրքի մխիթարութենէ։
Այս ամէնը անոնցմէ իմանալով՝ ինչ որ արդէն գիտէինք, շա՜տ տրտմեցանք. վասնզի բաւական տեղեր մարդ չենք գտած քահանայութեան արժանի՝ տգիտութեան պատճառով եւ ժողովուրդը անխնամ կը մնար եւ մենք տարակոյսի ու վարանքի մատնուած՝ չկրցանք այսպիսիները քահանայութեան մէջ պահել. այլ զանոնք բնակութենէ հրաժարեցնելով, պիտանի եւ գիտուն օտարներու տուինք անոնց ժառանգութիւնը։ (Տգիտութեան պատճառով անարժան համարուած երէցները իրենց պաշտօնէն դադրեցնելով եւ տեղերնէն հեռացնելով՝ ուրիշներ -թէեւ օտար- կը կարգէր անոնց տեղ, որպէսզի եկեղեցիին հոգեւոր գործը չխափանի։ Այդ օտարները հաւանաբար հայագէտ ասորի կամ յոյն երէցներ էին, ինչպէս կանուխէն ալ՝ Լուսաւորչի օրով՝ այդպիսիներու պէտքն զգացուած էր մեր մէջ)։
Արդ. ինչպէս որ ամէն ժամանակ պատուէր տուած էինք ձեզի, գրելով եւ հրաման տալով Եկեղեցւոյ ամէն կարգերուն եւ ձեր անձնական պատրաստութեան համար, պէտք էր որ խրատուա՛ծ ըլլայիք ցարդ, եւ ժողովուրդէն այսպիսի տրտունջ չէր հասներ մեզի, ու զձեզ նո՛յն թերութեան մէջ տեսնելով զղջում ու վիշտ չէինք զգար։ Ի՞նչ բանի համար են Եկեղեցւոյ մուտքերն եւ պտղիները, զոր դուք ժողովուրդէն կ՚առնէք եւ մենք ձեզի թողուցած ենք, եթէ ձեր բոլոր պատիւը գիտութեան շնորհիւ չէք ապահովեր, ու արժանաւորապէս չէք կատարեր Եկեղեցւոյ կարգերը եւ ժողովուրդը կարող չէք յորդորելու բարի խրատներով եւ պատկառանքով ու հոգեւոր երկիւղածութեամբ։ Արդ, վերցուցէք ձեր մէջէն այսուհետեւ այդ նախատինքը, ձեր զաւակները դպրոց դրէք, որպէսզի բանգէտ ըլլան։ Գիտցէք որ ինչպէս աչքի կուրութիւնը անհաճոյ է մարդոց, նո՛յնպէս հոգիի տգիտութիւնը ատելի է Աստուծոյ. մանաւանդ քահանայից տգիտութիւնը։
Լսեցինք Եզեկիէլ մարգարէէն (Եզեկիէլի տեղ պէտք է կարդալ Զաքարիա, որուն ԺԱ 17 համարն է վկայութեան կոչուած խօսքը. «Ո՛վ պարապ բաներ արածող հովիւ, քու աջ բազուկիդ եւ աջ աչքիդ յանձնեցի իմ խաշներս…»։ Եօթանասնից թարգմանութիւնը, ըստ այնմ եւ մերը, տարբեր է հոս գրուածէն։ Ասորերէն բնագրին համաձայն է մարգարէին այն համարը. Բաղդատել՝ ԶԳՕՆ ճառ Ժ. էջ 195), որ կը գոչէ հոգիով եւ կ՚ըսէ. «Ո՜վ հովիւ տարապարտ արօտ, իմ ոչխարներս թողուցի քու աջ բազուկիդ եւ աջ աչքիդ»։ Այլ որպէսզի չլսենք նոյնին պատուհասը, ձեր անձը ճշմարիտ օրինակ ցուցէք ձեր ժողովուրդին, միեւնոյն պարկեշտութեամբ, աղօթքի եւ պահքի հոգ տանելով անձանձրոյթ, եւ լա՛ւ ըմբռնելով Մաղաքիա մարգարէի ըսածը, թէ «Քահանային շրթունքը պէտք է պատրաստ ըլլայ գիտութեան, վասնզի օրէնքը անոր բերնէն կը հարցնեն, քանի որ անիկա հրեշտա՛կն է հզօր Աստուծոյ»։
Ամառը (կը թուի թէ սոյն կանոնով պահանջուած կարգադրութիւնը աւելի անհրաժեշտ էր նկատուած «ամառուան» համար, նոյնը քիչ մը աւելի ընդլայնումով կրկնուած կը գտնենք Ներսէս Բ Աշտարակեցիի ԺԳ կանոնին մէջ) գլխաւոր քահանան մի՛շտ եկեղեցին պիտի կենայ, եւ միւս ընկերները շաբթէ շաբաթ փոխն ի փոխ անոր մօտ պիտի գտնուին, որպէսզի ցորեկուան եւ գիշերուան պաշտամունքը չխափանուի. ասիկա՛ է հոգեւոր մշակութեան գործն ու պատիւը։
Մկրտութիւնը պէ՛տք է կատարել երկիւղածութեամբ, եւ կիները մկրտութեան ժամուն պէտք չէ՛ համարձակին քահանային քով կենալ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրած են, եւ կը յանդգնին նոյն իսկ անոր հետ մկրտութիւն կատարել, այլ պէտք է որ իրենց տեղը մնան, եւ միայն աղօթեն։
(Չներուիր կիներու, այսինքն Եկեղեցիի պաշտօնէութեան մէջ գտնուող այրիներու կամ սարկաւագներու, քահանային գործակցիլ մկրտութեան արարողութեան միջոցին։ Արգելքը սակայն չէր զօրած իբր հարիւր տարիներ վերջն ալ։ Համեմատել՝ ԺԶ եւ ԺԷ կանոնները Ներսէս Բ-ի)։
Սարկաւագներն ալ մկրտութիւն ընելու պէտք չէ՛ համարձակին. իսկ եթէ ընեն, պէ՛տք է լուծուին սարկաւագութենէ՝ պատիժ ընդունելով հանդերձ, որովհետեւ սարկաւագը քահանայ չէ՛, այլ սպասաւո՛րն է քահանային։
(Առաքելական Եկեղեցին այդպիսի արգելք մը չունէր նախապէս, բայց գուցէ զեղծումներ տարբեր խորհելու հարկն ստեղծեցին գրեթէ ամէն կողմ)։
Պատարագի ընծաները գլխաւոր քահանային տունը պիտի ղրկուին բոլոր ժողովուրդին կողմէ, եւ երէց եղբայրներն ու անոնց միւս ընկերները պէտք չէ համարձակին իրենց տունը պատարագիք ընդունելու. («Պատարագիք»ը կամ Պատարագի ընծաները գլխաւորաբար կը բաղկանան ալիւրէ եւ գինիէ, եթէ Ս. Հաղորդութեան համար նուիրուէին, իսկ «ագապի» կամ «մատաղ»ի առթիւ նուիրուած ընծաներուն մէջ «հորթ»ը կամ «գառն» իր կարեւոր տեղը ունէր, թերեւս եւ հաւեղէնները։ Զգօնի թարգմանիչը կը գրէ. «Պատարագիքն՝ որ մատչի յեկեղեցւոջ Աստուծոյ, ի կրակի խորովեն զնա, եւ ո՛չ եփեն. էջ 261), եթէ մէկը իր տունը տանի զանոնք, պիտի պատժուի՛, եւ թող գիտնան որ արժանաւոր հատուցում պիտի ընդունին մեզմէ, իրենց զանցառութեանը համեմատ։
Գլխաւոր քահանան մի՛շտ եկեղեցին գտնուելուն համար, իր ընկերներէն երկու երրորդ աւելի պիտի առնէ, եթէ գիւղը մեծ է։
Մեր իշխանութեան ենթարկուած ամէն տեղերէն տարուէ տարի Ս. Զատկէն ետքը, հարկ է որ մկրտութեան իւղը մեզի բերեն քահանաները, եւ մեզմէ պէտք է ընդունին օրհնուած իւղը, անձամբ պէտք չէ՛ օրհնեն իրենց տան մէջ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրին տգիտութեան պատճառով. վասնզի ատիկա ո՛չ թէ քահանաներուն, այլ եպիսկոպոսապետներուն իրաւասութի՛ւնն է։
(Ծ. «Մկրտութեան իւղ»ը կամ ըստ Օձնեցի Հայրապետին՝ «Օծման իւղ»ը -Ս. Միւռոնը- որ Դրոշմի համար կը կիրարկուէր՝ եպիսկոպոսներու կամ եպիսկոպոսապետի ձեռամբ կ՚օրհնուէր)։
Կը լսենք, թէ եկեղեցւոյ սպասներէն վարագոյրը փոխ կը տրուի փեսայի եւ հարսին սենեակի իբրեւ առագաստ գործածելու, եւ սկիհն ալ զինուորներուն՝ գինի խմելու համար…։
- Պիտի շարունակուի Ս. Սահակ Պարթեւի «Վասն Քահանայից» կանոնները ներկայացնել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2018, Իսթանպուլ