Գործի լծուիլ…

Կրօնական ժողովի երէկուան զեկոյցը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս պատմական տուեալ։ Մեր Աթոռի տարեգրութեանց մէջ այդ զեկոյցը միշտ ուշադրութեան առարկայ պիտի մնայ։ Պատմական տուեալները միշտ չէ, որ միանշանակ բնոյթ կը կրեն՝ լաւ կամ վատ ըլլալու առումով։ Կան այդպիսիներ, որոնք միանշանակ լաւ կամ վատ կը համարուին։ Բայց եւ այնպէս, կան նաեւ այնպիսիներ, որոնց նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ ժամանակի ընթացքին։ Կրօնական ժողովի երէկուան զեկոյցին նշանակութիւնը այդպիսին է։ Անոր նշանակութիւնը պիտի բիւրեղանայ ժամանակի ընթացքին։ Այժմ մակերեսային մօտեցումով մեր ձեռքը ունինք հիմնական տուեալ մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը բաւական մաշած էր եւ այսօր որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնի գլուխ վերադարձած է՝ շատ աւելի ամրապնդուած դիրքով մը։ Դրական երեւոյթը այն է, որ իր դիրքը ամրապնդուած է ո՛չ թէ ուիշներու հաշուոյն, ո՛չ թէ մրցակցութիւններու կամ այլոց պարտութիւններու շնորհիւ, այլ պարզապէս մեր համայնքը հնարաւորութիւն ունեցած է առարկայական բաղդատութիւնով մը գնահատելու իր գործը, իր հնարաւորութիւնները եւ նոյնիսկ թերութիւնները։ Այս բոլորը պաղարիւն ձեւով դրուած են նժարի վրայ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկայ փուլին Պատրիարքարանի ղեկը դարձեալ ստանձնած է՝ մօտաւոր անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի բարձր վարկով։

Մետայլի միւս երեսակին, մօտաւոր անցեալին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անձնական նուազ վարկով մը հանդերձ կը վարէր աւելի բարձր վարկով պատրիարքարան մը։ Այսօր ան վերադարձած է գլուխը պատրիարքարանի մը, որու հեղինակութիւնը անցեալ ամիսներուն բաւական ցնցուեցաւ։ Այսինքն, այսօր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պարտաւոր է իր անձնական վարկը ծառայեցնելու՝ Պատրիարքական Աթոռի հեղինակութեան բարձրացման գործին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ահա այսպիսի հակասութիւնով մը վերստին ստանձնած է Աթոռին ղեկը։ Յամենայնդէպս, մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը Աթոռը պիտի շարունակէ միջանկեալ փուլ ապրիլ ու պիտի շարունակէ դիմագրաւել այդ միջանկեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւնները։

Առկայ հակասութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու համար Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պարտաւոր է անցեալ շրջանէն շատ աւելի յաւակնոտ նպատակներու ձգտիլ։ Ան վստահաբար կը գիտակցի այս բոլորը եւ այդ մեծ մարտահրաւէրին մէջ լուրջ դեր կը վիճակի նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։ Այժմ համախոհութիւնը վերահաստատուած է Աթոռի երկու սրբազաններուն միջեւ, ինչ որ շատ կարեւոր նախադրեալ մըն է յառաջիկայ խըն-դիրները կառավարելի հունի մէջ պահելու համար։

Արդէն հասած է պահը առանց ժամանակ մսխելու գործի լծուելու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2018