ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ՝ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել՝ Սուրբ Սահակ Հայրապետի «Վասն Քահանայից» կանոնները՝ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի եւ Եղիշէ Արքեպս. Դուրեանի բացատրութիւններով։ Այս կանոններու մէջ կը տեսնենք քահանաներու պարտաւորութիւնները եւ ժողովուրդին ալ փոխադարձ հնազանդութեան տարրական կէտերը։
Անշուշտ որ կանոններ կրնան բարեփոխուիլ ժամանակի ընթացքին՝ անհատական եւ հաւաքական կեանքի պահանջներուն համեմատ, առանց սակայն փոխուելու անոնց էական եւ հիմնական ամբողջութիւնը։ Ուրեմն, տեսնենք թէ ինչեր են Սուրբ Հայրապետին պատուէրները քահանաներուն, որոնց մէջ կա՛ն նաեւ այժմէական արժէք ներկայացնողներ՝ մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի ճշմարտութիւններ։ Ուրեմն հետեւինք Հայրապետին պատուէրներուն։
… Կը լսենք թէ եկեղեցւոյ սպասներէն վարագոյրը փոխ կը տրուի փեսային եւ հարսին սենեակի իբրեւ առագաստ գործածելու, եւ սկիհն ալ զինուորներուն՝ գինի խմելու համար։ (Ծ. Եկեղեցիի այս կամ այն սպասը հարսանեկան հանդէսներու առթիւ գործածութեան տալու անպատշաճ սովորութիւնը տակաւին կը շարունակուէր Ներսէս Բ-ի օրով ալ -Կանոն Ը վերջին մասը-։ «Զինուոր» բառը կանոնական լեզուի մէջ «աշխարհական» կամ «ժողովրդական» նշականութեամբ կը գործածուի)։
Պէտք է որ կարգազո՛ւրկ ըլլայ այն քահանան որ այդպիսի յոռի եւ չար գործ մը կը յանդգնի ընել. այսուհետեւ ո՛չ մէկը համարձակի այդ բանը ընելու. եթէ ընէ, պիտի լուծուի քահանայութենէ, երբեք թողութիւն չունենալո՛ւ պայմանով։
Քահանայ մարդ մը, կամ քահանայական ժառանգութենէ (Ինչպէս Ա կանոնին մէջ՝ նո՛յնպէս եւ հոս «ժառանգութիւն» բառը քահանայական այն իրաւունքն է՝ որ իբրեւ «հասոյթ» սահմանուած էր քահանային եւ անոր ընտանիքին անդամներուն։ «Ժառանգութիւն» բառը օտար լեզուով «կղերն» է. ժառանգական այդ իրաւունքին համաձայն «ժառանգաւոր»՝ «կղեր», «կղերական» կը կոչուի եկեղեցականը ըլլա՛յ ամուսնաւոր՝ ըլլա՛յ ամուրի։ Ըստ այսմ որ եւ է «ժառանգաւոր»՝ որ իր հոգեւոր պաշտօնէն դուրս ազատ կամ հարուստ մարդոց մօտ այս կամ այն գործով կը պարապի, կը զբաղի -անշո՛ւշտ վարձք ընդունելով- կը զրկը-ւի եկեղեցիի բաժինէն, նոյնիսկ եւ քահանայութենէ) ժողովրդակալներ, ազատներու եւ իշխաններու տուներու մէջ դայեկութիւն կամ ուրիշ գործակալութիւն պիտի չկրնան ընել, որովհետեւ այդ իսկ պատճառով կը զրկեն ու կը նեղեն իրենց ժառանգակիցները, ինչպէս եւ շատեր ալ յանցաւո՛ր եղած են այդ մասին։
Իսկ եթէ մէկը յանդգնի ընել, իր կարգէն պէտք է դադրի եւ ժողովրդեան եւ եկեղեցւոյ բաժնին տէր պէտք չէ՛ ըլլայ, եւ իր ընկերները յարաբերութիւն պիտի չընեն անոր հետ, եւ ժողովուրդն ալ այնպիսին իբրեւ քահանայ պէտք չէ՛ ճանչնայ։
Տգէտ երէց եղբայրները պիտի չկարենան ժողովուրդ ունենալ։ Երկրորդ անգամ ամուսնացած երէց եղբայրները «զինուորներ»ու կարգին մէջ պիտի մտնեն, թէ՛ եկեղեցական պաշտօնէ եւ թէ՛ եկեղեցւոյ բաժնէն պիտի զրկուին, որովհետեւ «մարմնասէր» եղան։
(Նոյնը տեսնել նաեւ Ներսէս Բ-ի Ե կանոնին մէջ՝ ուր խօսքը սակայն «գրակարդաց»ներու կամ «դպիր»ներու համար է եւ ո՛չ քահանաներու)։
(«Զինուոր» ինչպէս վերը յիշուած է, կանոնական լեզուով կը նշանակէ՝ «աշխարհակա՛ն»)։
Անկարգ սովորութիւն մը մուտ գտած է, քահանաներուն եւ անոնց կիներուն համար եկեղեցիներուն մէջ սրբավայրին մօտ գերեզմաններ շինելու սովորութիւնն է այն, այսուհետեւ պէտք չէ՛ համարձակին այդպէս ընել. այլ հասարակ ժողովուրդին թաղին մէջ պէտք է ըլլան նաեւ քահանաներուն, թաղերը, որպէսզի սրբավայրը պարկեշտութեամբ մեծարուի։
(Ծ. Բնագրին «տեղիք սրբութեան» բառովը՝ զոր «սրբավայր» թարգմանուած է՝ պէտք է հասկնալ մանաւանդ Ս. Սեղանին մօտը կամ ներքեւը, ուր բացարձակապէս կ՚արգիլէ Հայ Եկեղեցին որեւէ թաղում կատարել կամ նոյնիսկ Սուրբի ոսկորներ պահել։ Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի՝ քահանաները եւ իրենց կիները չե՛ն որ այդ սովորութիւնը մուծած են, ինչպէս տպագրեալ կանոնէն կրնայ հասկցուիլ, «կանանց» բառին վրայ դրուած բութին հետեւելով, այդ բութը պէտք է փոխադրել «սովորութիւն» բառին վրայ, բաղդատել նաեւ Ներսէս Բ-ի «Ի» կանոնը, ուր որոշ հրահանգ մըն ալ կայ «տեղը մաքրել»ու՝ վերցնելով հոն թաղուած դին։ Եղիշէ Արքեպս. Դուրեան)։
Եկեղեցիէն դուրս քահանաները պէտք չէ՛ համարձակին «Օրէնք»ը (=Սրբութիւնը) շինականներու տունը տանիլ եւ հոն հաղորդել, բացառութիւնը միա՛յն հիւանդներուն համար է։
Սորվեցուցէ՛ք ժողովուրդին՝ ամէն տեսակ անառակութիւններէ փախչիլ. որկրամոլութենէ, արբեցութենէ, հակառակութենէ, աղքատները եւ իրենց ընտանիքները զրկելէ. պէտք չէ՛ ըլլան կռուող , ծեծող կամ չարասէր. պէտք է ատեն՝ շնացողները, գողերը, պոռնիկները, աւազակները։ Երբեք պէտք չէ՛ յարաբերութիւն ունենան անոնց հետ, կամ հիւրընկալեն այնպիսիները, որպէսզի իրենք ալ անոնց հետ «կորըս-տեան որդի»ներ չըլլան։
Իրենց զաւակները պէտք է սնուցանեն եւ խրատեն Աստուծոյ պատուիրաններուն երկիւղովը, որպէսզի այսպիսի զգուշութիւններով իրենց հոգիներուն համար բարիք յուսան Աստուծմէ, եւ իրենց մարմինը առողջութեամբ զարդարուի։
Պատուէր տուէք անոնց՝ որպէսզի տղոց կիներ չնշանեն, ոչ ալ կատարեալներուն՝ առանց նախապէս մէկզմէկ տեսնելու եւ հաւնելու։ Դուք ալ, քահանաներդ, տղայոց պսակ մի՛ օրհնէք բնաւ մինչեւ որ չափահաս ըլլան։ Իսկ չափահասներուն ալ, երբ իրար տեսած եւ հաւանութիւն տուած չեն, պիտի չկրնաք պսակ դնել առանց քննութեան եւ առանց իրենց հարցնելու, մի՛ գուցէ ծնողքին բռնադատութեամբը ակամայ հաւանած ըլլան։
Այս պայմաններու ներքեւ, այնպիսի հարսնիք մը յանձն առնելէ զգուշացէք, վասնզի այդպիսի անկարգութիւններու եւ ապօրինութիւններու երեսէն մինչեւ այսօր թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր շատ վնասներ պատահեցան երկրին մէջ։
(Մանկահասակներու եւ չափահասներու ամուսնութեան պայմանները նո՛յն կերպով կը յանձնարարէ յարգել Ներսէս Բ իր ԻԴ կանոնով)։
Ուստի եթէ քահանաներէն մէկը որեւէ կերպով յանդգնի եւ մեր հրամանին հակառակ՝ այնպիսիներուն պսակը օրհնէ. թող գիտնայ որ պիտի պատժուի իբրեւ յանցաւոր, եւ ծնողներն ալ զերծ պիտի չըլլան պատիժէ։
Քահանաներ միասին պէտք է կատարեն «ագապ»ի պաշտօնը եւ պատարագը։ Առանց Աւետարան կարդալու պէտք չէ՛ որ կատարեն այդ ամէնը։ Իսկ եթէ անոնցմէ մէկը՝ պատարագէն առաջ կերած ու խմած ըլլայ, պատարագի հացին պիտի չկարենայ երթալ եւ ընկերներէն զատուած պէ՛տք է մնայ…։
Ինչպէս վերը ըսուեցաւ, օրէնքներ կը բարեփոխուին մարդկային կեանքի բարեշրջման համընթաց կերպով, բայց սկզբնականը եւ էականը միշտ անփոփո՛խ կը մնայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 6, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024