ԱՆԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉՈՎ
Եթէ մարդ տեղեակ ըլլայ, թէ գործիք մը ի՞նչպէս կ՚աշխատի եւ գիտնայ անոր մասին մանրամասնութիւններ, զայն գործածելը կը դիւրացնէ եւ գործիքը աւելի օգտակար կ՚ըլլայ։ Կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. կեանքը ճանչնալ, կեանքի փորձառութիւն ունենալ՝ կեանքը դիւրատար կ՚ընէ, կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն դէմ պայքարը աւելի հեշտ կը դարձնէ, կեանքը ապրիլ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ, մէկ խօսքով՝ կեանքը աւելի դիւրատար կը հանդիսանայ։
Ոմանք կեանքէն, կեանքի ընթացքէն դժգոհ են՝ գանգատ կը յայտնեն եւ մինչեւ իսկ «բե՛ռ» մը կը նկատեն եւ կը հարցնեն իրենք իրենց թէ՝ ինչո՞ւ աշխարհ եկած են, ինչո՞ւ ծնած են։
Բայց կեանք մը ունենալ՝ գոյութիւն ունենալ կը նշանակէ, եւ գոյութիւն ունենալ՝ գոյութիւն չունենալէ աւելի լա՛ւ է։ Պիտի ըսուի, որ եթէ գոյութիւն չունենար մէկը, դժգոհութեան առարկան ալ գոյութիւն պիտի չունենար, նեղութեան, անձկութեան զգացումն ալ պիտի չըլլար արդէն։ Քանի որ նեղութիւն կա՛յ, երբ մարդ գոյութիւն ունի։ Այլապէս, պարապութիւնը, անէութիւնը պարապութեամբ կարելի չէ՛ լեցնել՝ անպայման «գոյութի՛ւն» մը պէտք է ըլլայ։
Արդարեւ, իր լայն առումով՝ կեանքը բնութի՛ւնն իսկ է, որ միշտ գոյութիւն ունի, քանի որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է։ Իսկ նեղ եւ յատուկ իմաստով՝ կեանքը մա՛րդն է, եւ այդ նշանակութեամբ կեանքը կախում ունի մարդուն գոյութենէն, այսինքն՝ եթէ մարդը կա՛յ, կեա՛նքն ալ կայ, եթէ ո՛չ՝ կեանք գոյութիւն չունի՛։
Ուրեմն կ՚երեւի, որ կեանքը, իր յատուկ նշանակութեամբ, կախում ունի մարդ էակէն՝ անոր գոյութենէն։ Եւ երբ կ՚ըսենք. «կեանքը կը շարունակուի», այս կը նշանակէ, թէ՝ բնութիւնը, որպէս «կեանք» կախում չունի մարդուն գոյութենէն՝ մարդէն անկախ կայ եւ կը մնա՛յ։ Այս իմաստով, մարդուն կեանքը, որ ժամանակաւոր է, պէտք է զանազանել «կեանք»էն, այսինքն բնութենէն եւ ըստ այնմ հասկնալ «մարդկային կեանք»ը եւ «բնութեան կեանք»ը։ Այս ուղղութեամբ՝ մարդկային կեանքը մաս կը կազմէ ընդհանուր բնութեան, այսինքն իր ամենալայն իմաստով՝ «կեանք»ին, եւ այսպէս ուրեմն, երբ մարդկային ժամանակաւոր կեանքը, ի լրումն ժամանակի իր աւարտին հասնի՝ վերջանայ՝ լրանայ, կը շարունակէ իր ընթացքը որպէս «բնութեան կեա՛նք», եւ յաւիտենականութիւնն ալ կը խտանայ այս ճշմարտութեան մէջ։
Ուրիշ բացատրութեամբ, «մարդկային կեանք»ը երբ աւարտի, կը վերածուի «բնութեան կեանք»ի՝ որ ըստ էութեան անժամանակ է, անվերջ, այսինքն՝ յաւիտենակա՛ն…։
Եւ եթէ «մարդկային կեանք»ը իր լրումին հասնի, որ այդ լրումը, այսինքն վերջը, «մահ» կ՚անուանուի եւ «մահ»ը կը հասկցուի այս կերպով, եւ աւելի՛ ըմբռնելի եւ առարկայական՝ իրեղէն կը դառնայ։ Երբ «ունայնապաշտ» (=nihiliste), կամ «ոչնչապաշտ» վարդապետութեան հետեւողներ, հաւանական է, որ «կեանք»ը կ՚ըմբռնեն միա՛յն իր նեղ եւ մասնաւոր իմաստով, եւ չեն տեսներ աւելի հեռուն, կը մնան միայն ժամանակաւորին վրայ։ Մինչդեռ տեսնելու, յստակ տեսնելու համար անհրաժեշտ է ուշադրութեամբ եւ մտադրութեամբ նայիլ, դիտել բազմակողմանի կերպով, թափանցել եւ խորը հասնիլ իմաստին, եւ գտնել ճշմարիտը՝ ճշմարտութի՛ւնը։
Ուրեմն, անմահութիւնը եւ յաւիտենականութիւնը ըմբռնել՝ հեռատեսութեան հարց մըն է, իսկ ոչնչապաշտութիւնը՝ կարճատեսութեա՛ն։
Մարդ երբ գիտնայ շրջահայեաց ըլլալ, բազմակողմանի եւ լայն դիտել երեւոյթները, բուն իսկ իմաստին թափանցել՝ վերէն դէպի խորը՝ ամբողջ իր տարածութեամբ, ընդարձակօրէն ուսումնասիրելու, խորաթափանց մտածելու վարժութիւնը, հմտութիւնը եւ անշուշտ համբերութիւնը ունենայ, շատ աւելի դիւրին պիտի կարենայ հասկնալ «ժամանակաւոր»ին եւ «անժամանակ» կեանքին իմաստը եւ նպատակը՝ որ կոչուած է մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ։
Մարդկային սրտին մէջ լա՜յն տեղ կը գրաւէ հաւատքի եւ յոյսի զգացումները՝ որոնք կ՚ենթադրեն վստահութի՛ւն։ Հաւատքը կը զօրանայ եւ կատարեալին կը հասնի յո՛յս ունենալով։ Արդարեւ, յո՛յսն է որ մարդուս հաւատքը կ՚ամրացնէ, կը կատարելագործէ։ Ուստի մարդուս գութի, բարութեան, ճշմարտութեան նման ազնիւ զգացումները, իրերօգնութեան սեւեռուն գաղափարներ, ապացոյցներ են, որ կեանքը «ոչնչութիւն» մը՝ «ունայնութիւն» մը չէ՛ երբեք, ինչպէս աննպատակ ընթացք մըն ալ չէ, այլ՝ աւելի բարձր նպատակի մը պատրաստութեան շրջա՛ն մը։ Ընթացք մը՝ ճամբայ մը՝ որ կը բացուի լայնատարա՜ծ բուրաստանի մը, կամ ալեկոծ ծովի մը՝ որ ի վերջոյ կը հասնի խաղա՜ղ նաւահանգիստ մը։
Ահաւասիկ, «ժամանակաւոր»ին եւ «անժամանակ»ին, վերջ ունեցողին եւ անվերջին, այսինքն յաւիտենականին տարբերութիւնը։
Արադարեւ, զօրաւոր անհատականութիւններ, հաստատ նկարագրի տէր անձեր, եւ կամ հոգեկան անտեսանելի ազնիւ գործեր եւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսանձ մոլութիւններ, մոլորութիւններ, նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր, բոլո՛րն ալ ապացոյցներ են, թէ մարդկային կեանքը՝ վտանգներով եւ դառնութիւններով լեցուն փշոտ, եւ երբեմն քարոտ «ճամբա՛յ» մըն է, կամ «ալեկոծ ծո՛վ» մը, եւ թէ ամէն փշոտ ճամբայ, եւ ամէն ալեկոծ ծով ի վերջոյ վե՛րջ մը կ՚ունենան՝ հանդարտ եւ հանգիստ, խաղա՜ղ կայան մը։
Արդարեւ, կարելի՞ է խորհիլ, թէ բարի, գթացող, սիրոյ աղբիւր, իմաստուն Աստ-ւած ստեղծէ մարդը՝ չարչարուելու, տառապելու, տանջուելու համար միայն, որպէսզի ցաւեր, վիշտեր, նեղութիւններ ունենայ միայն։
Ո՛չ։ Արարիչը ստեղծած է մարդը՝ երջանկութեան կոչումով, քանի որ ան ստեղծը-ւած է Ի՛ր նմանութեամբ եւ Ի՛ր պատկերով։ Այս կը նշանակէ, որ մարդն ալ իր Արարչին նմանութեամբ անմահ է՝ յաւիտենական կեանք ունի, բայց անիկա երկրային ժամանակաւոր կեանքը չէ՛։ Արդարեւ, ո՛չ միայն Աստուած, այլ մարդ՝ որպէս ծնող, կ՚ուզէ՞ որ իր զաւակը ցաւեր, վիշտեր ունենայ։ Եւ եթէ ունենայ, միշտ պատրա՛ստ է անոր օգնութեան հասնելու եւ ո՞ր ծնողը կ՚ուզէ իր զաւկին մահը՝ որպէս բոլորովին կորուստ…։
Թէ ինչո՞ւ կան ուրեմն նեղութիւններ այս աշխարհի վրայ։ Սա պէտք է յիշուի, թէ մարդուն երբեք չէ՛ խոստացուած որ նեղութիւններ պիտի չպատահին աշխարհի վրայ, աշխարհ բուրաստան մը չէ՛ մարդուն համար, երբեք ալ եղած չէ՛, այլ պատուէր տրուած է դիմադրել անոնց եւ քա՛ջ ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս.
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Ուրեմն աշխարհը մարդուն չէ՛ խոստացուած որպէս հանգիստ, խաղաղ վայր մը, որպէս վարդաստան մը, այլ՝ նեղութիւններու միջավայր մը, որմէ զերծ մնացած չէ նոյնինքն՝ Աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոս։ Բայց Ան յաղթեց աշխարհի նեղութիւններուն, ուրեմն մարդուն ալ կը մնայ քա՛ջ ըլլալ, դիմադրել, համբերութեամբ տանիլ ամէն նեղութիւն, տոկալ անոնց, եւ Քրիստոսի օրինակով՝ տիրանալ փառքին։
Ապա ուրեմն, անէութիւն մը, ոչնչութիւն մը, աննպատակ ընթացք մը չէ՛ այս աշխարհային-ժամանակաւոր կեանքը, այլ՝ հանգրուան մը՝ ա՛նցք մը դէպի կատարելութիւն՝ երջանկութիւն եւ երանութի՛ւն։
Անէութիւնը, ոչնչութիւնը անընդունելի՛ է, երբ կա՛յ հաւատք, երբ կա՛յ յոյս եւ մանաւանդ, երբ կա՛յ սէր՝ որ է աղբի՜ւրը կեանքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 6, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024