ԶՂՋՈՒՄԸ՝ ԱԶՆԻՒ ՆԿԱՐԱԳՐԻ ՓԱՍՏ
Մեծ պահոց շրջանի ամենակարեւոր ապրումն է «զղջում»ը, որ հետեւա՛նքն է ներհայեցողութեան, ինքնաճանաչութեա՛ն։ Արդարեւ, այս շրջանը առիթ մըն է անդրադառնալու ամէն մէկը իր ներաշխարհին եւ հոն փնտռելու եւ գտնելու՝ այն ամէն ինչ որ կ՚արատաւորէ, կ՚ապականէ հոգին եւ արդէն պղտոր միտքը՝ աւելի եւս պղտորութեան եւ անորոշութեան կը մատնէ։
Սխալին անդրադառնալ, սխալը ճանչնալ՝ պզտիկութիւն կը համարուի ոմանց կողմէ՝ այնպիսիներուն համար, որ զղջումը, անկայուն հոգեվիճակի տէր ըլլալ, տեւականութիւն եւ հաստատամտութիւն չունենալ, «նկարգիր» ըսուած բանէ զուրկ ըլլալ եւ բարոյական տոկունութիւն չունենալ կը նշանակէ։ Բայց անոնք չեն գիտեր, թէ՝ զղջումի կեանքին մէ՛ջ է մարդուս իսկական երջանկութիւնը։
Կարելի է մտածել, թէ «զղջում»ը իր կրօնական իմաստով շատ խորթ կը հնչէ ականջներու, հոգ չէ՛, ճշմարտութիւնը երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը սխալ կամ թիւր կարծիքներու, մտածումներու առջեւ։
Զղջումը նոյն ինքն «ինքնաճանաչութի՛ւն» է։
Իսկ ինքնաճանաչութիւնը՝ ճշմարտութեան երեւան գալը՝ ներքինին, ծածուկ իրողութիւններու բացայայտութիւնն է։ Մարդ, ընդհանրապէս, իր շուրջը աւելի շատ կը դիտէ, կը ճանչնայ, քան ինքզի՛նք։ Եւ այս իսկ պատճառով, առանց ինքզինք ճանչնալու եւ գիտնալու, կը քննադատէ ուրիշները եւ երբեմն ալ կը գնահատէ։ Բայց ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք գիտնալ՝ ուրիշը ճանչնալու նախաքա՛յլն է՝ անհրաժեշտ պայմա՛ն է՝ նա՛խ ինքզինք ճանչնալ եւ յետոյ ուրիշը քննադատել կամ գնահատել։
Մարդ հարցնելու է ինքն իրեն. «Ո՞վ եմ ես, որ կը քննադատեմ կամ կը գնահատեմ ուրիշ մէկը…»։
Ուստի, ինքնաճանաչութիւնը եւ զղջումը մերձիմաստ են, զիրար կ՚ամբողջացնեն, զիրար կ՚աւարտեն։ Այս իմաստով, ուրեմն, մարդ ապրելու համար ինչպէս որ է՝ այդպէս երեւելու է, կամ երեւելու՝ ի՛նչպէս որ պարտաւոր է ըլլալու։
Զղջումը կրօնական պահանջք մը ըլլալէ առաջ, ուրեմն, մարդկային է՝ հոգեկան պահանջք մըն է, եւ եթէ կրօնքը կը զօրացնէ, կ՚ամրապնդէ զայն, այսինքն երբ կրօնքը կը զարգացնէ ինքնաճանաչութեան այդ ազնիւ զգացումը մարդուն ներաշխարհը, կ՚ուզէ ատով բա՛րձր եւ վեր բռնել նոյն ինքն մարդը, բա՛րձր՝ իր արժանիքին, իր արժանապատուութեան, իր հարազատ կարողութիւններուն եւ տարողութեան գործունէութեան գագաթնակէտին վրայ։
Ուրեմն, զղջումը, ըստ էութեան, երբե՛ք նուաստացուցիչ, երբե՛ք նկարագրի տկարութիւն եւ անկայունութիւն արտայայտող վարմունք մը չէ՛, քանի որ մարդիկ, ընդհանրապէս սխա՛լ կ՚ըմբռնեն մեծութեան գաղափարը։
Արդարեւ, մեծութիւնը՝ սխալները ծածկե՞լ է…։
Ո՛չ անշուշտ. սխալներուն անդրադառնալ եւ զանոնք անկեղծօրէն բացայայտել՝ անկեղծութիւն է, ազնուութիւն է, վեհանձնութիւն է, ճշմարտասիրութիւն է՝ որ այս բոլորը կ՚ենթադրեն «ուղղամտութի՛ւն»։
Եւ ո՞վ կրնայ պնդել, թէ՝ ուղղամտութիւնը պզտիկութիւն է, նուաստացուցիչ վարմունք է։
Անոնք որ պզտիկութիւն կը համարեն զղջումը՝ կը կարծեն, թէ սխալները ճանչնալ, սխալները ընդունիլ եւ արտայայտել՝ բան մը կը պակսեցնէ իրենց արժէքէն, իրենց յաւակնութենէն։ Բայց, ընդհակառակը, սխալները կը պզտիկցնեն, կը նուաստացնեն մարդը, եւ առիթ կու տան հպարտութեան կամ ամբարտաւանութեան, յանդգնութեան եւ լկտութեան… եւ հպարտ, ամբարտաւան եւ լկտի մարդը մեծ չէ՛ երբեք, չի կրնար ըլլալ։
Եւ ընդհակառակը, մարդ ո՛րքան քիչ սխալի, այնչափ կը մեծնայ։ Ինքզինք խոնարհեցնողը կը բարձրանայ, կը մեծնայ. աւետարանական այս ճշմարտութիւնը՝ ճշմարտութի՛ւն է ամէն մարդու եւ ամէն ժամանակի համար։
Անկեղծ ըլլալ, խոնարհիլ իր սխալները տեսնելու եւ ճանչնալու, բացարձակ եւ միա՛կ միջոցն է՝ մեծութեա՛ն, երբ «մեծութիւն» ըսելով կը հասկցուի մարդուն անկեղծ, անխարդախ եւ իսկական արժանիքին, արժանաւորութեան յայտնութիւնը։ Ուստի, այսպէս ըմբռնուած «մեծութիւն» մը միայն կրնայ փայլիլ անհատին վրայ, եւ ազդել իր շուրջը, տպաւորել նոյնիսկ իր միջավայրին ալ վրայ։
Մեծութեան յայտնի յատկութիւնն է անկեղծութի՛ւնը։ Եւ սխալներն ալ կ՚աւրեն անկեղծութիւնը, սխալներն են, որ կը խաթարեն ճշմարտութիւնը, եւ անոնք, որ չեն զղջար՝ «պզտիկութիւն» համարելով, տկարութիւն սեպելով զայն եւ չեն ճանչնար իրենց սխալները՝ անկեղծ եւ ճշմարտասէր չե՛ն։ Անկեղծութիւնը ազնուութիւն է, առաքինութիւն մը՝ որ կը կրկնապատկէ մարդուն արժանաւորութիւնը եւ կը զօրացնէ արժանապատուութիւնը։ Եւ ի՞նչպէս կարելի է սպասել որ անկեղծ, ազնիւ եւ մե՛ծ ըլլան ընկերութեան մէջ անոնք՝ որ նոյն ինքն իրենց անձին, իրենց «Ես»ին, իրենց ինքնութեան հանդէպ անկեղծ չեն եւ անկեղծ չեն վարուիր։
Երջանիկ կեանքի մը ապահովութեան հարցին՝ շատ կարեւոր պայման մըն է զղջումը կամ սխալներուն անդրադառնալը եւ ճանչնալը, քանի որ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, սխալներ կը դառնացնեն, կը դժուարացնեն կեանքը, կը նուաստացնեն մարդը, որ ի՛նչ ալ ըլլայ՝ մեծութեան եւ անսխալականութեան կը ձգտի. բնական զգացում մըն է այդ, բայց պէ՛տք է այդ տենչանքը եւ բաղձանքը ազնուացնել գիտնալ, ապա թէ ոչ կը խեղդուին, կը կորսուին անոնք իրենց սխալներուն կուտակումներուն տակ, եւ մարդ՝ հետզհետէ կը սկսի հպարտանալ կամայ ակամայ եւ կ՚ամբարտաւանի, ինքնահաւան կը դառնայ, եւ ի վերջոյ կը զգայ իր պզտիկութիւնը եւ մինչեւ իսկ ոչնչութիւնը՝ այս սխալ ըմբռնուած մեծութեան վտանգաւոր եւ նո՛յնքան վնասաբեր անհակակշռուած սաւառնումներուն մէջ։
Հոգեբանական այս վիճակը կարելի է տեսնել մանաւանդ անկում կրող «մեծամիտ»ներու մօտ, որոնք իրենք զիրենք չհասկցած կա՛մ սխալ հասկցած, իրենք իրենց անծանօթ ըլլալու պատճառով անակնկալ կերպով հոգեպէս կը սայթաքին եւ իրենց կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «մեծութեան» գինը կրկնապատիկ հատուցանելու կը ստիպուին։
Ուրեմն, պէտք չէ՛ հեռացնել այս իրողութիւնը, այս կենդանի պատկերը մեր աչքէն, ինչ որ կրնայ պատահիլ ամէն ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «մեծ»ի, քանի որ այդ մեծութիւնը ժամանակաւոր է, եւ ի վերջոյ կը յայտնուի ճշմարտութիւնը իր ամբողջ յստակութեամբ։
Գոնէ Մեծ պահքի շրջանը առիթ մը ըլլայ անդրադառնալու մեզի համար, տեսնելու եւ սրբագրելու մեր սխալները։ Զղջալ եւ խոստովանիլ երբե՛ք պզտիկութիւն, նուաստացուցիչ վիճակ պէտք չէ համարել, եւ ընդհակառակը՝ ազնուութիւն, առաքինութիւն եւ ճշմարիտ մեծութի՛ւն։ Քանի որ զղջումը՝ ազնիւ եւ տոկուն նկարագրի մը ապացո՛յցն է, «նկարագիր»ը՝ մարդու բարոյական յայտնի եւ որոշ մէկ յատկութիւնն է. մարդուն նոյն ինքն բարքն ու վարքն է։ Նկարագիրը նոյն ինքն մա՛րդն է՝ անձը իր բոլոր երեսակներով՝ ամբողջութեամբ՝ ներքին աշխարհով եւ արտաքի՛նով։
Ուրեմն, մարդ պէտք չէ՞ պահանջքը զգայ՝ կարելի եղած չափով զգոյշ ըլլալու, որպէսզի նկարագիրը չժանգոտի, չեղծանի սխալներով եւ չկորսնցնէ իրեն յատուկ երկաթի տոկունութիւնը։ «Պողպատանման նկարագիր» մը ամէն արժէք կը գերազանցէ, քանի որ ուղղամիտ, վստահութիւն ներշնչող անձնաւորութեան մը գրաւակա՛նն է անիկա։
Այս իսկ պատճառով, մարդուս կեանքը պէտք է ըլլայ շարունակ «զղջման կեանք» մը, որ կը նշանակէ կեանքին սրբագրութի՛ւնը։ Սխալներու սրբագրութիւնը կը զօրացնէ նկարագիրը եւ կը կատարելագործէ մարդը։ Արդարեւ, մարդ երբեք չի յուսահատիր, չի վախնար, չի վհատիր եւ չի յուսալքուիլ երբ ունի այն զօրաւոր նկարագիրը՝ հանդէպ նիւթական եւ բարոյական ամէն տեսակ դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ դժբախտութիւններու։
Մեծ պահքը, ահաւասիկ, լաւագոյն առի՛թն է վերլուծելու մարդկային-անհատական եւ հաւաքական կեանքի արժէքները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 8, 2018, Իսթանպուլ