ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶՈՀ ՄԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ կը շա­րու­նա­կուի լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ Յով­սէփ Անդ­րէա­սեան (1995)։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեան յե­նա­կէ­տե­րէն մէ­կուն վրայ Յով­սէփ Անդ­րէա­սեան զոհ գնաց՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժե­րուն կող­մէ ար­ձա­կուած գնդա­կին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ քննու­թեան ձեռ­նար­կուած է դէպ­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յստա­կեց­նե­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015