ԼԱՊՏԵՐՍ

-Ի՞նչ կոչուեցաւ եկեղեցին,- կը հարցնեմ սարկաւագին, որ խորանին առջեւ մոմը բռնած Տեառնընդառաջի լոյսը կը սփռէ մօտեցող հաւատացեալներուն մոմերը լուսաւորելով:

-Ս. Խաչ, աղջի՛կս,- կը պատասխանէ:

Մոմով լապտերիս պատրոյգը կը բոցավառեմ, մանուկներու պէս ուրախ ու զուարթ, քանի այս տարի վերջապէս պիտի կարողանամ լոյսը քալելով տուն հասցնել, ինչպէս վարժ էի ընել ծննդավայրը, ուր տղոց մանկապարտէզի մէկ լապտերը պահած էի ու անով լոյսը տուն կը հասցնէի ամէն տարի: Այնպէս խնամք կը տանէի ձագուկիս այդ ձեռակերտին, կը պահէի, որ չփճանայ ու տարի մը եւս դիմանայ, չէի ուզեր զայն փոխարինել նոր ու շքեղ լապտերով մը:

Չեմ գիտեր՝ այդ լապտերին կարօ՞տն էր, ծննդավայրի տանս մօտակայ եկեղեցիներուն գոյութեան կարօ՞տն էր, կամ օտարութեան զգացումն էր տակաւին ներսս եռացող, որուն որպէս հետեւանք հեռու կը տեսնէի տունէս մի քանի կանգառ անդին գտնուող եկեղեցիները եւ ինքզինքս կը զրկէի այս արարողութենէն, կը զրկէի՞, մենաստանիս դռներէն դուրս ելլել չէի՞ փափաքեր, պատճառ մը կար սակայն, որ ոտքերս կը կապէր ու թոյլ չէր տար քայլ մը առաջ երթալու:

Բայց ամէն անգամ, որ կ՚անցնէի այս նոր եկեղեցւոյ կողքէն, ուր խաչքար մը տեղադրուած է, հաւանաբար որպէս հիմնաքար եկեղեցւոյ կառուցման առիթով, քանի վրայի արձանագրութիւնը կը յուշէ 2011 թուականը. «Արդեօք վեց-եօթ տարին բաւարար չէ՞ եկեղեցւոյ մը կառուցման համար, մանաւանդ որ արտաքնապէս կատարեալ տեսք ունի, ինչի՞ կը սպասեն», կը խորհէի ու երկիւղածութեամբ կը դիտէի անոր գմբէթին երկնալսալաց խաչը: Միշտ այդ վեց-եօթ թիւերը կը կրկնուէին ենթագիտակցութեանս մէջ, պատերազմի տեւողութեան տարիներուն թիւերն են անոնք, բայց ի՛նչ աղերս ունին անոնք այս թիւին հետ, ունի՞ն աղերս ընդհանրապէս...:

Ու կարծես ամէն հոնկէ անցնելուս փափաքը կ՚աճէր մէջս ներս մտնելու, այլ իմ շուրջս հիւսուած ոստայնէն դուրս ելլելու, որուն թելերը կը կարծեմ այլեւս անկարող են զիս պահել իրենց մէջ, հիմա է որ կ՚անդրադառնամ անոնց գոյութեան, ինչո՞ւ գոյացած են, ի՞նչ էր պատճառը կամ պատճառները...: Կեանքի հարուածները մարդս կը հզօրացնեն կ՚ըսեն յաճախ, բայց նախ պէտք է զգալ այդ հարուածին ցաւը, չէ՞: Հիւանդը երբ ուշաթափած է, ի՞նչ կը զգայ, կը զգա՞յ մինչեւ սթափիլը ու սթափելէն ետք դեղերու ազդեցութենէն յաճախ մեքենայական շարժումներ է որ կ՚ընէ միայն, մինչեւ որ կազդուրման ուղին մտնէ ու կամաց-կամաց գիտակցի ցաւը, պատճառը, ընտելանայ անոր հետ ու անով շարունակէ իր կեանքը: Քիչ բան չըրաւ պատերազմը...:

Լապտերը ձեռքս կը հետեւիմ եկեղեցւոյ շրջափակի հանդիսութեան, պարարուեստի հաստատութեան մը սաները եկեր կը պարեն, խումբ-խումբ համաչափ շարժումներով տրամադրութիւն կը բարձրացնեն, կ՚աւետեն այս եկեղեցւոյ բացումը գարնան գալուստին հետ: Խարոյկը հոն կը բոցկլտայ, զոյգեր կը ցատկեն անոր վրայէն, շուրջը կը դառնան հաւատացեալներ: Հոն կին մը առանձինն, խարոյկին բոցին շատ մօտ կ՚ոստոստէ, չբեր ըլլալու է, կ՚երեւի եկած, կրակին այրուցքը կ՚ուզէ զգալ մինչեւ քղանցքին տակի ներքնազգեստը, այնպէս կ՚ընէին չբերները եւ Տիրի ու Վահագնի հովանին կը խնդրէին, որպէսզի բեղմնաւորեն զիրենք, կը հաւատային ու ոմանք ալ անդրանիկներ՝ արու զաւակներ, կը ծնէին: Մինչ երէկ, դիմատետրի էջերուն մէջ, մէկը կը գանգատէր, որ նոր սերունդին ինչպէս կարելի է հաւատացնել, շարունակել տալ մեր աւանդութիւնները:

-Էս կրակի վրէն, մի լաւ քապապ կարելի ա սարքել,- կ՚ըսէ կողքս կեցող վաթսուննոց մարդ մը իր ընկերոջ:

Այ քեզ բա՜ն...:

Լապտերս ամուր բռնած կը քալեմ. հով կայ, չըլլայ որ մարի, անձրեւ ալ սկսաւ կաթկթիլ, կարծես Տեառնընդառաջին միշտ անձրեւ կը տեղայ, չեմ յիշեր տարի մը այս արարողութենէն տուն դառնալս առանց թրջուելու: Ի՛նչ ալ ըլլայ պիտի հասցնեմ լոյսը տուն, պայուսակէս կերպընկալէ տոպրակ մը հանեմ ու լապտերս մէջը տեղաւորեմ, այսպէս աւելի ապահով է: Պիտի հասցնեմ, չէ՛ որ այս լոյսը կը խորհրդանշէ բնութեան զարթօնքը, ձմրան աւարտն ու գարնան սկիզբը:

Գարո՛ւն, բարդոյթ մը գոյացաւ մեր՝ պատերազմը ապրողներուս, մէջ այս բառէն, անմոռանալի է այդ գարունը, անկրկնելի, Աստուած մի արասցէ, թող չկրկնուի այնպիսի դիւային գարուն, ոչ մէկ երկիր տեսնէ այնպիսին:

Լոյսը տուն պէտք է հասցնեմ, լուսաւորելու խաւարը, ջնջելու անցեալը, բանալու նոր էջեր ու ծաղկեցնելու ընտանիքս ներքուստ, մարելու անոր մէջ ինչ որ ցաւ է, ինչ որ բիծ է, սպի, վախ նոյնիսկ, մաքրելու սառերը ձմեռներուն, կեանքի շարունակութեան նոր փուշերուն մէջ ծաղիկներ ցանելու, տունկեր, ծառեր, կանաչ, դալար ու պայծառ, հաւատքով զինուելու եւ հզօրանալու:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018