ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։
Հայաստանի ազգային խումբը մրցման սկիզբին ապահովեց մեծ առաւելութիւն։ Տակաւին երրորդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեան գրաւեց Ալպանիոյ դարպասը։ Թէեւ կօլը արձանագրուեցաւ Մովսիսեանի կողմէ, սակայն Հենրիխ Մխիթարեանի վարպետութիւնն ալ անփոխարինելի ազդակ մըն էր այդ ուղղութեամբ։ Առաջին կիսախաղը աւարտին հասաւ հայկական ընտրանիի առաւելութեամբ։
Երկրորդ խաղակէսին ալպանական խումբը սաստկացուց իր ճնշումները՝ համակիրներուն ալ խրախուսանքով։ Հայկական ընտրանին կը փորձէր հնարաւորինս արդիւնաւէտ պաշտպանուիլ, սակայն հաշուարկները խախտուեցան, երբ 70-րդ վայրկեանին Յովհաննէս Համբարձումեան խաղադաշտէն հեռացաւ կարմիր քարտի հետեւանքով։ Այս հանգամանքը արդէն ազդեց խաղի ճակատագրին վրայ։ 77-րդ վայրկեանին ալպանացիները հաշիւը հաւասարեցուցին, իսկ 4 վայրկեան վերջ արդէն հասան առաւելութեան։
Աւագ մարզիչ Պեռնար Շալանտի սաները այս արդիւնքով ամրապնդուեցան աղիւսակի վերջին հորիզոնականին վրայ։ Հայկական ընտրանին արդէն այլեւս որեւէ յաւակնութիւն չունի իր խմբաւորման մէջ։
Հայաստանի ազգային հաւաքականի յաջորդ խաղը Յունիսի 13-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փորթուգալի հետ։