Հայ­կա­նոյշ ­Մառք. ­Հայ Կնոջ Հա­սա­րա­կա­կան Զար­թօն­քին Ար­ժա­նա­ւոր Պատ­գա­մա­բե­րը

14 Փետրուարի ծնունդ է հայ մտքի եւ գրականութեան երախտաւորներէն, յատկապէս հայ կնոջ հասարակական զարթօնքին արժանաւոր դէմքերէն Հայկանոյշ Մառք։

Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանոյշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին հեղինակներու փաղանգին մէջ։

Բանաստեղծական խոր զգացողութեան եւ մտաւորական լայն հորիզոնի տէր գրողն է Մառք, որ ոչ միայն հայ կնոջ յուզաշխարհը շնչաւորող գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին, այլեւ՝ անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ հայ կնոջական շարժման՝ հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրաբերելով իր գրիչն ու իմացական ուժերը։

Կնոջական աշխարհին, հայ կնոջ ընկերային հարցերուն եւ յատկապէս կանացի իրաւունքներուն ու դատին պաշտպանութեան նուիրուած իր հրապարակագրական հարուստ ժառանգութեամբ, յատկապէս իր հոգեզաւակը հանդիսացող «Հայ Կին» թերթով՝ Հայկանոյշ Մառք (1883-1966) իրաւամբ կը հանդիսանայ 20-րդ դարու առաջին յիսնամեակին ամենէն աւելի լայն ժողովրդականութիւն վայելող գրիչներէն մէկը։

Հայկանոյշ Մառքի գաղափարական կտակը խտացնելու կը ծառայէ «Հայ Կին»ի առաջնորդող յօդուածներէն քաղուած հետեւեալ պատգամը.
«Մեր ետին կը թողնենք արահետ մը, որ թէեւ տօնական կամ փայլուն ոչինչ ունի, բայց արահետ է, որուն առանց ամչնալու կը նայինք, գիւղի նեղ արահետ մը, որմով անցած ենք՝ կատարելով մեր պարտականութիւնները իբրեւ կին, իբրեւ ամուսին եւ իբրեւ մայր: Հիմա նոր ուղի պիտի հարթենք, անիկա պիտի ըլլայ քաղաքի լուրջ ճանապարհ մը, աւելի լայն, աւելի ուղիղ, աւելի ձիգ՝ դէպի նպատակը: Այդ ճամբուն վրայ պիտի կրենք մեր պատասխանատուութիւնը, պիտի ստեղծենք մեր իրաւունքները, պիտի դարբնենք մեր գործը՝ ամենեւին չհեռացնելով մեզ մեր կանացի բնազդներէն, մեր տունէն: Անիկա պիտի տանի մեզ բարձունք մը, ուր կը մղեն մեզ մեր սեռի, մեր ազգի, մեր հայրենիքի վերածնունդին ջղապիրկ իղձերը»։

Հայկանոյշ Մառք ծնած է Պոլիս, 14 Փետրուար 1883-ին։ Ուսումը ստացած է Էսաեան վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Զապէլ Ասատուրի, որուն արժանաւոր յաջորդը դարձաւ։ Հազիւ երիտասարդ՝ նետուեցաւ ազգային-հանրային գործունէութեան ասպարէզ՝ մէկ կողմէ կնոջական իր ներաշխարհը թրթռացնող քերթուածներ ու արձակ էջեր լոյս ընծայելով, իսկ միւս կողմէ՝ 20-որդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային խնդիրներու արծարծման նուիրուելով։

Հայկանոյշ Մառքի կեանքին ու գործունէութեան դարձակէտը կազմեց հրատարակութիւնը «Ծաղիկ» թերթին, որ թէեւ լոյս տեսաւ միայն երեք տարի (1905-1907), բայց անմիջապէս ընթերցող գրաւեց ու հայ կնոջական շարժումը խթանող գլխաւոր բեմ մը դարձաւ։ Ատենի երիտասարդ հայ կին գրողները կապուեցան թերթին եւ թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ իմացական-բանասիրական մարզերու մէջ իրենց աշխատակցութեամբ՝ կանացի շունչ բերին հայ հոգեմտաւոր կեանքի ատենի վերածնունդին։

Հայկանոյշ Մառքի կոթողական իրագործումը կը հանդիսանայ հրատարակութիւնը «Հայ Կին» հանդէսին, որ Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Մեծ եղեռնի բացած խորագոյն վէրքը դարմանելու առաջադրանքով ճամբայ ելաւ 1919-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1932 թուականը։ «Հայ Կին»ը կամուրջ մը եղաւ ոչ միայն նախաեղեռնեան շրջանի ազգային մեր արժէքներուն հետ նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր կապը ստեղծելու եւ ամրապնդելու առումով, այլեւ՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ, խորհրդահայ ու սփիւռքահայ հաղորդակցութիւնը պահպանելու եւ խորացնելու իմաստով։

Հայկանոյշ Մառքի գրական ստեղծագործութիւնները, արձակ բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներ, հաւաքոած ու առանձին հատորով լոյս տեսած են «Ծուլութեան պահերէս» խորագրին տակ։ Իսկ «Ծփանքներ կեանքէս» խորագրով հրատարակուած հատորի մը մէջ, Հայկանոյշ Մառք ներկայացուցած է իր ինքնակենսագրական յուշագրութիւնը։
Ինչպէս իր գրական-գեղարուեստական, այնպէս ալ հրապարակագրական էջերուն մէջ։ Հայկանոյշ Մառք օգտագործեց յստակութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող լեզու մը, որ աւելիով ժողովրդականութիւն ապահովեց իր հաճելի գրելաոճին։

1954-ին, Պոլսոյ մէջ, մեծ շուքով տօն-ւեցաւ Հայկանոյշ Մառքի գրական գործունէութեան 50-ամեակը։ Այդ առիթով հրատարակուեցաւ իր բանաստեղծական եւ հրապարակագրական գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ «Հայկանոյշ Մառք. կեանքն ու գործը» խորագրին տակ։

Հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան կնոջական ձայնը շնչաւորող եւ հայ կնոջական շարժումը ժողովրդականացնող նուիրեալը ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն։ Վերջին տարիներուն առողջական վիճակը վատթարացած էր ու Մառք տեղափոխուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, ուր եւ մահացաւ 7 Մարտ 1966-ին՝ իր սեփական ճոխ գրադարանն ու բոլոր իրեղէնները կտակելով Սուրբ. Խաչ դպրեվանքին։

Ոգեկոչելով հայ կնոջական շարժման արժանաւոր պատգամաբերին յիշատակը՝ ահա նաեւ ճաշակ մը անոր բանաստեղծական յուզաշխարհէն.

ԻՆՉՊԷ՞Ս

Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, սի­րե­լիս­
Որ սէրս ըլ­լայ միշտ տե­ւա­կան ու տար­բեր,
Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, իմ հո­գիս,
Որ նմա­նը չը­րած ըլ­լան ու­րիշ­ներ …։
Ինչ­պէ՞ս, ը­սէ՛, ե­րա­զեմ քեզ որ յոգ­նած
Չ­ծան­րա­նան աչ­քերս ար­թուն ու ցած
­Ձայ­ներն չվրդո­վեն հան­գիստ - ­քուն՝­
Երբ մտնեմ քուն։
Ինչ­պէ՞ս գգո­ւեմ զքեզ սէ­րովս րո­լոր,
Որ նա­խան­ձին սիւ­քե­րը, ծի­լերն ալ ո­լոր,
Ինչ­պէ՞ս կազ­մեմ տար­րե­րը սի­րոյս կրա­կին­
Որ հոն բո­լոր իղ­ձերս ալ բոբ­բո­քին:
Ինչ­պէ՞ս ը­սեմ թէ չաս­տո­ւած մ­­՛ես դուն կամ ան­կէ
Ա­ւե­լի վեր,
Հո­գի մը վառ կրա­կէ,
Անձ­նո­ւէր…­
Ինչ­պէ՞ս սա­կայն ինչ­պէ՞ս սի­րեմ քեզ, ա­նոյշ սի­րա­կան
Որ սա խենթ սէրս ըլ­լայ յա­ւէտ տե­ւա­կա­ն։

«Լոյս», 1904։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018