ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐ

Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ որոշած են բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները, որոնք վերջին շրջանին հասան խզուելու եզրին։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Անգարա կատարած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի կողմերը շարժման անցնին առկայ փակուղին յաղթահարելու ուղղութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ ամերիկացի պետական քարտուղարը Անգարայի շփումներուն կապակցութեամբ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Այդ յայտարարութեան մէջ Անգարա եւ Ուաշինկթըն պատրաստակամութիւն յայտնեցին ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու ուղղութեամբ։ Համատեղ պայքար մղուելիք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին թէեւ չթուարկուեցաւ ԵՓԿ-ի անունը, սակայն օգտագործուեցաւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շառաւիղը» բանաձեւումը եւ այսպէսով այդ կազմակերպութեան ակնարկուեցաւ անուղղակիօրէն։

Թիլըրսընի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ ԱՄՆ թրքական կողմին խոստում տուած է՝ ԵՓԿ-ի Մենպիչէն քաշուելուն ուղղութեամբ։ «ԵՓԿ-ի դուրս գալէն, վստահութեան վերականգնումէն վերջ ԱՄՆ-ի հետ այս հարցին շուրջ կրնանք քայլ մը առնել։ Սա ամէն բանէ առաջ ԱՄՆ-ի կողմէ մեզի տրուած խոստում մըն է», ըսաւ Չավուշօղլու։

Իր կարգին, Թիլըրսընն ալ յայտնեց, որ Մենպիչի խնդիրը ձեռք պիտի առնուի առաջնահերթօրէն։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թուրքիա եւ ԱՄՆ առկայ խնդրայարոյց նիւթերու շուրջ պիտի ստեղծեն երեք աշխատանքային խումբեր։ Առաջին աշխատանքային խումբը պիտի կեդրոնանայ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի վրայ, երկրորդը՝ ՓՔՔ-ի վրայ, իսկ երրորդը՝ ՖԵԹԷՕ-ի վրայ։ Անգարա հակուած է նաեւ ըլլալ վերապահ՝ տեսնելու համար, որ յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի այլ կառոյցներէն տարբեր ձայներ պիտի բարձրանա՞ն, կամ ոչ։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018