ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵԶՐՈՅՑԹ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան­նե­րէն Է­թիէն Մահ­չու­պեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ինք թէեւ ազ­գայ­նա­կան չէ, սա­կայն 1915 թուա­կա­նին ապ­րուած­նե­րը կը հա­մա­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Է­թիէն Մահ­չու­պեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լած է Պել­ժիա եւ այն­տեղ ը­րած իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը լայն ար­ձա­գանգ կը գտնեն զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

«Ես կը կար­ծեմ, որ կա­տա­րուա­ծը ե­ղած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ գո­յու­թիւն ու­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան յստակ ձե­ւա­կեր­պում եւ կա­տա­րուա­ծը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ այդ ձե­ւա­կերպ­ման։ Ե­թէ ձե­ւա­կեր­պու­մը փո­խէք, սա կրնայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չհա­մա­րուիլ։ Շատ մար­դիկ գու­ցէ զիս չհաս-կընան։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պատ­մա­կան ձե­ւա­կեր­պում մը չէ, ան ի­րա­ւա­կան եզ­րոյթ մըն է», ը­սաւ Է­թիէն Մահ­չու­պեան։

Միւս կող­մէ, նոյն­պէս Պել­ժիոյ մէջ Է­թիէն Մահ­չու­պեան դի­տել տուաւ, որ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի 100-ա­մեա­կին նուի­րուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը Ապ­րի­լի 24-ին կազ­մա­կեր­պե­լու ո­րո­շու­մը այդ­քան ալ լաւ չէր։ «Բայց ե­թէ այդ ո­րո­շու­մը դի­տար­կենք սառ­նասր­տօ­րէն, ա­պա յստակ է, որ ան առ­նուած է յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ», ա­ւել­ցուց Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան­նե­րէն Մահ­չու­պեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015