ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԼՈՎԵՆԻԱ, ՍԼՈՎԱՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՄԱՆԻԱ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր ու­ղե­ւո­րու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Սլո­վե­նիա, Սլո­վա­քիա եւ Ռու­մա­նիա։ Ե­ռօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու այս շար­քին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նին կ՚ու­ղեկ­ցին նա­խա­րար­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ, դի­ւա­նա­կալ­ներ եւ գոր­ծա­րար­ներ։

Շրջա­գա­յու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կը հան­դի­սա­նայ Սլո­վե­նիան, ուր­կէ Էր­տո­ղան կ՚անց­նի Սլո­վա­քիա եւ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին՝ Ռու­մա­նիա։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռըն­թեր օ­րա­կար­գի վրայ կու գան նաեւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ խնդիր­ներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015