ՅԱՒԱԿՆՈՏԻ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահքի շրջանի երրորդ Կիրակին, աւանդաբար կը կոչուի «Անառակին», Ճաշու Աւետարանին՝ «Անառակ որդիին առակը» հատուածին (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32) հետեւողութեամբ։ Արդարեւ, այս հատուածին կից «կորսուած ոչխար»ին եւ «կորսուած դրամ»ին առակներուն պատճառով, այս երրորդ Կիրակին կոչուած է նաեւ «Կորուստնե՛րու Կիրակի»։

Աւետարանական այս երեք «կորսուած»ներուն մէջ «Անառակ որդի»ին առակը ամենէն ազդեցիկն է եւ ուսուցանողը, քանի որ կորսուածը՝ մա՛րդն է։

Անշուշտ, ամէն կորուստ ցաւ կը պատճառէ, եւ ամէն կորուստ դժբախտութեան պատճառ կը հանդիսանայ, բայց կորսուածը եթէ մարդը՝ ինքն է աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէ։

«Անառակ որդի»ն՝ «կորսուած մարդ»ն է, եւ քանի որ մարդ բանականութեամբ օժտուած արարած մըն է, ապա ուրեմն այդ կորուստը «կորսնցնել» չէ, այլ «կորսուի՛լ»։ Մարդ իր իսկ կամքով՝ անգիտակցութեան, անտարբերութեան, անխոհեմութեան, անհնազանդութեան պատճառով է որ կը կորսուի՛. ուրիշ մէկը չէ՛ որ կը կորսնցնէ զայն, այլ մարդ ի՛նք է որ կը կորսուի։ Արդարեւ, ոչխարը կամ դրամը կը կորսնցուի մարդուն կողմէ, բայց մարդ երբ կորսուի, այդ ինքն իր թերութեան եւ տկարութեան պատճառով է։ Ուրեմն՝ մարդ առարկայ մը կամ ուրիշ անբանանասուն մը «կը կորսնցնէ», բայց ինքզինք երբ կորսնցնէ՝ այդ «կորսուիլ» պէտք է նկատուի։

Այս մտածողութեամբ՝ «Անառակ որդի»ին առակին մէջ ալ, անառակ որդին «կորսուա՛ծ» է ինքն իր մարդկային թերութեան եւ տկարութեան պատճառով։ «Ինքնահաւանութիւն» եւ «յաւակնոտ նկարագիր» պատճառներ են կորսուելու, քանի որ այս երկու հոգեվիճակին ալ հետեւանքը՝ յուսախաբութիւն է, որուն բնական հետեւանքն է՝ դժբախտութի՛ւն։

Արդարեւ, այն որ երջանկութիւնը կը փնտռէ անսահման ազատութեան եւ բացարձակ անկախութեան մէջ, եւ ըստ այնմ անհնազանդութեամբ կը մերժէ ամէն արժէք, դատապարտուած է յուսախաբ եւ դժբախտ ըլլալու ի վերջոյ։

Ուստի, մարդ միշտ պահանջքը ունի ուրիշի մը օգնութեան, ուրիշի մը՝ որ պիտի զօրացնէ իր տկարութիւնը եւ պիտի լրացնէ իր տկարութիւնը։

Այս իմաստով, մարդ ինքնաբաւ չէ՛, պէտք է հնազանդի եւ համակերպի տուեալ կանոններու եւ բնական օրէնքնե՛րու։ Արդարեւ, «Անառակ որդի»ի առակին մէջ բացայայտօրէն կը տեսնուի անհնազանդութեան, անհաւատարմութեան, ինքնահաւանութեան, յաւակնոտ նկարագրի վնասները՝ յուսախաբութիւնը եւ թշուառութիւնը։ Ազատութեան սահմաններուն անհաւատարիմ ըլլալ, չգիտակցիլ իր իրաւունքներուն, մարդս ի վերջոյ դժբախտութեան կ՚առաջնորդէ։ Ուստի ժամանակաւոր «անսահման ազատութիւն»ը երա՜զի մը պէս կ՚անցնի կ՚երթայ եւ կը վերածուի դժբախտութեան եւ թշուառութեան։

Այն որ լման երջանկութիւն ապրիլ կ՚ուզէ, ապա ուրեմն պէտք է հնազանդ եւ հաւատարիմ մնայ տուեալ կանոններու եւ օրէնքներու, գիտակցութիւնը ունենայ յարգելու սահմանները իր ազատութեան, եւ իր իրաւունքը վայելէ չափաւոր կերպով։

Անառակութիւնը՝ անհնազանդութիւնը կը հալեցնէ մարդուս թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական հարստութիւնը եւ կը հեռացնէ զայն հետզհետէ երջանկութեան բարիքէն դէպի թշուառութիւն։

Ուրեմն  իմաստութիւնը ունենալու է մարդ՝ հնազանդելու, հաւատարիմ ըլլալու տուեալ կանոն եւ օրէնքներուն եւ յարգէ սահմանը իր ազատութեան եւ չափաւոր ըլլայ իր իրաւունքին վայելմանը մէջ։ Անփորձ եւ յաւակնոտ ըլլալ, իրական կեանքի մէջ ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, այլ եւ միշտ վնա՛ս կը պատճառէ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ իր շուրջիններուն։ Ահաւասիկ, «Անառակ որդի»ին օրինակով, վնասուեցան թէ՛ անառակ որդին իր ինքնահաւանութեան եւ յաւակնութեան պատճառով, եւ թէ իր հայրը, որ կորսնցուց իր որդին։

Ուստի երբ «կորուստ»ի մասին է խօսքը, բոլոր կորուստներն ալ իրենց ազդեցութիւնը եւ հետեւանքը ունին մարդկային կեանքին վրայ, եւ ամէն կորուստ բնականաբար ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ մարդուն։ Բայց պէտք է ընդունիլ, թէ իւրաքանչիւր կորուստ ունի իր յատուկ արժէքը, քանի որ կորուստներու ձեւը եւ եղանակը միշտ տարբեր է, ամէն մէկը ունի իր չափը եւ աստիճանը։ Եւ երբ «Անառակի կորուստ»ը նկատի ունենանք՝ անառակը ի վերջոյ «անձ» մըն է, որ բանականութեամբ օժտուած է՝ մտածելու, դատելու, որոշելու, ընտրելու կարողութիւն ունի, եւ ուրեմն իր իսկ գործունէութիւններէն, արարքներէն պատասխանատո՛ւ է։

«Անձ»ին այս «անձնական պատասխանատուութիւն»ը կ՚ենթադրէ անշուշտ իր խելքին պատասխանատուութիւնը, քանի որ մարդ, իմացական կարողութեամբ օժտուած՝ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ընէ եւ թէ ի՛նչ են իր արարքներուն, կատարածներուն բնական արդիւնքները։

Անձին կորուստը եթէ բաղդատենք անբան-անասունի մը կորուստին հետ՝ ամենակարեւոր տարբերութիւնը անձին բանականութեան եւ իմացականութեան փոխարէն անբան-անասունը բոլորովին բնազդով կը շարժի եւ ուրեմն անոր պատասխանատը-ւութիւնը խնդրոյ առարկայ չ՚ըլլար։ Անձը գիտակցութեան տէր է, սակայն անասունը՝ ո՛չ, եւ ուրեմն պատասխանատու ալ չէ իր արարքներէն, զոր օրինակ՝ իր կորուստէն։

Իսկ որեւէ իր, անկենդան առարկայ զո՛ւրկ է թէ՛ իմացականութենէ եւ թէ՛ անասնային բնազդէ կամ գիտակցութենէ։ Ուրեմն նիւթական որեւէ արժէք, իր կամ առարկայ չի կորսուիր, այլ կը կորսնցուի անձի մը կողմէ՝ զայն պահելու պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունեցող անձի մը կողմէ։ Կորսնցնել կարելի է անուշադրութեան կամ անհոգութեան, անտարբերութեան պատճառով պատահի, ի՛նչ որ անձի պատասխանատուութեան սահմանին մէջ է։ Եւ ուրեմն որեւէ իրի մը կորուստին պատասխանատուն ա՛նձն է, որ իր անհոգութեան պատճառով կորուստին պատճառ է հանդիսացած։ Այս իմաստով կորուստը պէտք է բաժնել երկու տեսակի՝ մին՝ կորսուիլ, իսկ միւսը՝ կորսնցնել։ Ուստի ուրիշի մը անզգուշութեան պատճառով կորսուածներու գիւտն ալ ուրախալի՜ է, քանի որ անհոգութեան անդրադարձման առիթ մը կ՚ըլլայ ան։

Խորհինք, ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, թէ ի՜նչեր կորսնցուցած ենք, եւ փնտռենք զանոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 17, 2018, Իսթանպուլ    

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018