ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր Ս. Զատ­կուան։ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը այս առ­թիւ ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ա­նոնց միա­ցած էին նաեւ շարք մը փոք­րիկ­ներ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին դպրոց սկսե­լու։

Օ­րուան ծրագ­րին շրջագ­ծով, տղա­քը նախ հա­մախմ­բուե­ցան Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ գոր­ծադ­րուե­ցաւ ճոխ յայ­տա­գիր մը՝ եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։

Ա­ւե­լի վերջ թա­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ստա­ցան Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նի օրհ­նու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան։

Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հայկ Աս­լա­նեան, տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ, Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ինչ­պէս նաեւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւս մաս­նակ­ցե­ցան այս խրախ­ճան­քին։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015