«ԲԱՐԻՆ» ԸՆԵԼ…

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայի շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ պատահած «սպանդը» իր կրկնուող հոլովոյթներուն մէջէն եկաւ դարձեալ յուզելու տեղացի ժողովուրդը, բայց նաեւ՝ աշխարհը ամբողջ: Եւ կը սկսիս մտածել, թէ այս կրկնուող ողբերգութիւնը մէկը միւսին ետեւէն ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնը: Կայ նաեւ նոյն կրկնուող յանկերգը, թէ սպաննողն ու նախկին պատահած նման ոճիրներ գործողները «խելագարած» ու տակաւին «հոգեկան խանգարումէ» տառապող անձիք են: Այս հոգեվիճակով անձիք կրնան մտնել անմեղ դպրոցական շէնք մը եւ սպաննել նոյնքան անմեղ մանուկներ եւ պատանիներ. Ֆլորիտայի պարագային՝ աւելի քան տասնեօթը մահ եւ նոյնքան մըն ալ վիրաւոր:

Եւ հարց կրնաս տալ. «Ո՞ւր կ՚ուղղուի աշխարհը ներկայ ժամանակներուն մէջէն»:

Այս ողբերգական վիճակները իրենց տարբեր պարունակներով ակնյայտ կը դառնան քիչ մը ամէն տեղ: Իմ երկար տարիներու վրայ երկարած ճամբորդական աշխատանքներուս ընթացքին, ուր որ այցելած եմ, տեսած եմ այս դժուար վիճակը քիչ մը ամէն տեղ: Եթէ պատերազմական ողբերգութիւններ, բայց նաեւ՝ քաղաքական-ապահովական մարտահրաւէրներ ու տակաւին, ի՜նչ խօսք, տնտեսական-ընկերային բարդ իրավիճակներ: Եւ դարձեալ կը ստիպուիս հարց տալ. «Աշխարհի ո՞ր կողմը ապահով է ապրիլ այս օրերուն…»: Եւ այս կ՚ըլլայ իմ հարցումը իւրաքանչիւր երկրի պարագային, երբ կը հանդիպիմ տեղական պայմաններուն՝ ա՛լ աւելիով կը համոզուիմ, որ աշխարհը դժուար վիճակներու մէջ է:

Դարձեալ՝ Ֆլորիտան եւ իր ողբերգութիւնը: Տեղեկատուութեան ցանցերը խճողուած են այս լուրով: Չեն զլանար իւրաքանչիւր պատկեր ներկայացնելու իր հարազատութեամբ… տակաւին՝ իւրաքանչիւր ականատես եւ զոհուած պատանիներու ծնողք: Բայց միտքս եւ երեւակայութիւնս պիտի շեղին դէպի նոյնանման ողբերգութիւններ՝ այլ տարածաշրջաններու մէջ: Անոնց մէջէն յատկանշական է ներկայիս տեղի ունեցող Եմէնի ողբերգութիւնը, եւ՝ այն բազմաթիւ երեխաները, որոնք կը մահանան ու կը սպաննուին պատերազմին պատճառով ու անոր հետեւանք համաճարակ հիւանդութիւններու եւ բժշկական ու դեղօրայքի անբաւարարութենէն: Այս նոյնանման ցաւալի եւ դժբախտ պատահարներուն մէջ ո՞ւր են աշխարհը եւ անոր տեղեկատուութեան ցանցերը, որոնք պիտի ներկայացնեն նաեւ Եմէնի եւ այլ շրջաններու մանուկներու ողբերգական վիճակները եւ անոնց ալ մահը…

Ու՝ դարձեալ Ֆլորիտան: «Խելագարած» եւ կամ «հոգեկան խանգարումով» տղան ու տղաքը, որոնք յենլով «զէնքի» մշակոյթին՝ կը սպաննեն մեծ թիւով անմեղ հոգիներ: Բայց ինչպէ՞ս զարգացաւ այս մշակոյթը…

Եւ արժէ կեանքի պատմութեան սլաքը տանիլ քիչ մը ետեւ՝ մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերու մշակոյթներուն: Հեռատեսիլի եւ պատկերասփիւռի այն օրերու արտադրած ժապաւէնները եւ անոց դրուագները, որոնք որքան անմեղ էին ու բարոյական կեանքեր կերտող մշակոյթներ: Եթէ կը սիրէի «Պոնանզան» ու, տակաւին, «Հայ շափարալը» եւ, ինչ խօսք, «Մանիքս»ն ու աւելին, բայց անոնք հիմնուած էին շարժապատկերի արուեստի կենցաղի մը վրայ, որոնք կը սորվեցնէին մեզի ընկերային ու ընտանեկան կեանքերու բովանդակութիւն, որ կը դառնար նաեւ այն օրերու մշակոյթ: Մշակոյթ մը, որ հեռու էր արիւնէ, վայրագութենէ եւ սպանդէ… Եթէ նոյնիսկ այն օրերու ժապաւէններուն մէջ կար քիչ մը «կռիւ», բայց անոնք նոյնքան անմեղ էին…

Բայց կայ կեանքի պարտադրած իրականութիւնը, թէ՝ կեանքը կայուն չէ, այլ կը շարժի եւ կ՚երթայ յառաջ: Յառաջը զարգացումն է եւ անոր հետ՝ փոփոխութիւնները. իմ ու մեր բոլորին կեանքերը, որոնք կը յառաջանան, կը փոխուին, եւ փոխուելուն հետ կու գան զարգացումները եւ անոնց ստեղծած նոր մշակոյթները:

Եւ այս նորերուն մէջն է տեղեկատուութեան ստեղծած ներկայ օրերու մշակոյթը: Նորը, որուն մէջ կայ այսքան զէնք, կոտորած, աւեր, մահ ու սպանութիւն: Որքա՞ն փոխուեցան շարժապատկերի արուեստի ու տեղեկատուութեան բովանդակութիւնները՝ մեր պատանեկան օրերէն մինչեւ այսօրը, ուր արիւն ու աւերը եղան մեր այսօրուան մշակոյթը: Անոնք այսօր եղած են մեր կեանքերուն մէկ մասը, կամայ-ակամայ կատարուած իրողութիւններ, որոնք դարձան «ընդունելի» արժէքներ՝ մեր աշխարհի ներկայ օրերու չափանիշներուն…

Բայց կան, տակաւին, հոգեբանական ու ընկերային իրավիճակները: Մարդիկ այսօր շատ աւելի մինակ ու առանձին կը զգան, քան՝ անցեալին: Եւ կեանքի ու ճարտարարուեստի այս յառաջխաղացքին մէջ մինակութիւնը դարձած է պայքար… Անգլիա այսօր կը համարուի աշխարհի առաջին երկիրներէն, ուր մարդիկ ամենէն շատ մինակ կը զգան եւ կ՚ապրին: Այն աստիճան, որ կառավարութիւնը իր պետական վարչամեքենային մէջ հիմնած է «առանձնութեան» նախարարութիւն՝ հետաքրքրուելու համար այս ընկերային աղէտալի հիմնահարցին: Ու տակաւին, չհաշուած՝ զիրար հրմշտկող հոգեբանական ու ընկերաբանական այլ իրավիճակներ, եւ՝ քիչ մը ամէն տեղ…

Եւ դարձեալ իմ երկար տարիներու վրայ երկարած բոլոր ճամբորդութիւններուս եւ հանդիպումներուս լսած ու տեսած այս տարբեր կեանքերու այլազան յառաջխաղացքներուն մէջէն արժէ հարց տալ. «Ի՞նչ պիտի ընել»:

«Բարին» ընել եւ անպայմանօրէն շարունակել «բարին» ընել: Այն «բարին», որով Աստուած ստեղծեց աշխարհն ու անոր էութիւնը: Աստուած աշխարհը չար չստեղծեց: Չարը, դժբախտաբար, մարդուն հնարքն է…

Եւ պէտք է «բարին» ընել, որպէսզի Աստուծոյ ստեղծած «բարի» աշխարհը վերադառնայ ու գտնէ իր տեղը… Եւ այս նոյն մարդուն գործն է: Ա՛յն մարդը, որ այսօր այլ մշակոյթներ կը հետապնդէ ու կը ստեղծէ: Նոյն մարդը կրնայ եւ պարտի «բարին» ընել, որպէսզի ստեղծագործութեան «բարիի» հիմքը եւ էութիւնը զօրանայ: Եւ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը ըլլայ ապրելու:

Ֆլորիտայի աղէտէն ետք կար տխուր եւ ոչ իրական այս դիպուկ կատակը, որ դրուած էր շրջագայութեան մէջ: Սպաննուած մանուկներուն մէկուն մայրը կը հարցնէ Աստուծոյ. «Ինչո՞ւ չի կասեցուցիր այս սպանդը Ֆլորիտայի այս դպրոցին մէջ»: Եւ Աստուծոյ պատասխանը. «Ես այդ դպրոցին մէջ ընդունուած չեմ»:

Աստուծոյ ստեղծած աշխարհը ունի իր մշակոյթը, որ «բարիին» մշակոյթն է: Բայց մարդը ստեղծեց եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ստեղծել իր աստուածները, որոնց մշակոյթը այլ է. մարդը հեռացուց «բարին» ստեղծագործողը իր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն եւ մէջտեղ հանեց նոր ստեղծագործութիւն մը, որուն մշակոյթը աշխարհը վերածեց անելի…

Բայց այսօր աշխարհը պէտք ունի դառնալու ստեղծագործողի մշակոյթին՝ «բարիին»…

«Բարին» պէտք է ընենք, որպէսզի կերտենք եւ ա՛լ աւելիով զօրացնենք նոյնինքն «բարիի» մշակոյթը:

Ֆլորիտայէն մինչեւ Եմէն ու տակաւին… Կայ անմեղ կեանքերը պահելու գրաւականը: Ու կայ, տակաւին, կեանքեր շինելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, ուր մինակութիւնը կը վերանայ, եւ մարդը կը գտնէ իր ապրած ու ապրելիք կեանքերուն համար նպատակ ու արժէք:

«Բարին» ընել, որպէսզի «բարիին» մշակոյթը կերտենք եւ մարդկային կեանքերը դառնան արժէք, որուն համար արժէ ապրիլ նոյնինքն այս կեանքը…

Կեանքը «բարին» ընելու եւ ստեղծելու տեսլականովը… Եւ այս «բարին» դնել կեանքի յառաջխաղացքին ու փոխոխութիւններու հոլովոյթներուն մէջ՝ որպէս ապրող ու ապրելու համար նոր մշակոյթ:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018