ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներէն Իւմիտ Յուսիկ Գույումճու հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ, կէսօրուան ժամերուն, իր հրաժարականը պաշտօնապէս յայտարարելու եւ հիմնաւորումներուն շուրջ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար ան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը իր կողակցին՝ Ժինէթ Գույումճուի հետ։ Թաքսիմի «Փոյինթ» պանդոկին մէջ, կէսօրուան ճաշի սեղանի մը շուրջ ան զրուցեց մեր համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իւմիտ Գույումճու յայտնեց, որ հոգելոյս Չոլաքեան Գերապայծառի խրախուսանքով 1995 թուականին մաս կազմած էր Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Անցնող շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին ան աշխատած է իր կարելիութիւններուն ներած չափով, նուիրումով ու փորձած է իր ձեռքէն եկածը ընել թէ՛ հաստատութեան եւ թէ ընդհանրապէս Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կեանքին նպաստ բերելու առաջադրութեամբ։ Ներկայիս ան բաւ համարած է այդ ծառայութիւնը ու որոշած՝ ներկայացնել իր հրաժարականը։ Ուստի, արդէն պաշտօնապէս հոգաբարձութեան տեղեկացուցած է, որ կը հրաժարի թէ՛ փոխ-ատենապետի պաշտօնէն եւ թէ ընդհանրապէս անդամութենէն։ Իւմիտ Գույումճու հրաժարականին մասին իրազեկած է նաեւ պատկան պաշտօնական մարմինները։

Անմիջական զրոյցի տեւողութեան Իւմիտ Գույումճու յայտնեց, որ ծնած է Ատըեամանի մէջ, աւելի վերջ ընտանեօք գաղթած են Մալաթիա եւ ի վերջոյ հաստատուած Իսթանպուլ։ Քաղաքիս մէջ ան նախ հաստատուած է Կէտիկփաշա, անցեալի մէջ մաս կազմած է Զուարթնոց եւ Գողթան երգչախումբերուն։ Նման պայմաններով կեանքի պայքարի նետուելէ եւ հասակ առնելէ վերջ ան մասնակցութիւն բերած է հանրային կեանքին՝ մատուցելով կարեւոր ծառայութիւն։ Իւմիտ Գույումճու յայտնեց, որ անցեալ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ ընկերներու հետ, հոգաբարձութեան զանազան կազմերու մէջ աշխատած է՝ միշտ գերադասելով Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի շահերը։ Ներկայիս իր մօտ գոյացած է այն համոզումը, թէ այլեւս պէտք է լքէ այդ պաշտօնը։ Հրաժարականը ներկայացնելու ժամանակ Իւմիտ Գույումճու շնորհակալութիւն յայտնեց շարք մը անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց աջակցութիւնը չեն զլացած իր գործունէութենէն։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Գույումճու նպատակայարմար չնկատեց ունենալ այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք բանավէճի ծնունդ կրնան տալ։ Յամենայնդէպս, համայնքային կեանքէ ներս շրջանառութեան մէջ են լսումներ, ըստ որոնց ան հոգաբարձութեան ներկայ կազմին հետ վերջին շրջանին ունեցած է լուրջ տարակարծութիւններ։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018