ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍԷՐԿԷՅ ՆԱՐԻՇՔԻՆԸ
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ռուս բարձրաստիճան խորհրդարանականը։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Նարիշքին քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութեան, համագործակցութեան բոլոր ոլորտները ներառնող երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակագրին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ կարեւոր դեր ունին միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, որոնք արդիւնաւէտօրէն կը դրսեւորուին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներու շրջանակներէն ներս։
Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ միջխորհրդարանական կապերը ունին կայուն եւ աշխոյժ բնոյթ եւ կը զարգանան երկկողմանի համագործակցութեան հետ ներդաշնակ։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն՝ համարկման նոր գործընթացներու համատեսքին մէջ։
Զրուցակիցները միեւնոյն ժամանակ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ, այդ ծիրին մէջ անդրադառնալով նաեւ Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն։