ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ (Դ.)

5) Շարականագիրներու մէջ ամենաբարձր գագաթը Ներսէս Շնորհալին է, որ բազմապիսի ու բազմատեսակ շարականներու հեղինակ է։ Անոր վաստակը մեծ է, որովհետեւ «Շարակնոց» գանձարանին մեծագոյն մասը իրե՛ն կը պատկանի, եւ ժողովուրդին կողմէ ամենէն սիրուած ու ճանչցուած երգերու հեղինակն է։ Ն. Կ. Թահմիզեան Ներսէս Շնորհալիի մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Որպէս երգիչ, Շնորհալին ինքն է եղել առնուազն իր բազմապիսի ստեղծագործութիւնների առաջին կատարողը։ Եւ նրա գործերին միջնադարում տրուած՝ «քաղցր եղանակաւ» ու նման գնահատականները ենթադրել են դրանց հեղինակի երգչական յատկութիւնները եւս, ինչպէս դիտել տուեց Ալիշանը ու շատ ճիշդ եզրակացրեց, «թէ արդեօք գեղեցիկ գրուածոց եւ եղանակաց նման գեղեցիկ եւ անուշ ձայն ալ ունէ՞ր. հաւանական կրնանք ըսել, եւ եթէ չկրնանք հաստատել բնական գործարանաց կամ բազմուածքին տուրքը, չեմք տարակուսիր կրթութեամբ, արուեստով եւ շնորհօք քաղցրութեանը վրայ» (Թահմիզեան Ն. Կ., Ներսէս Շնորհալին Երգահան եւ Երաժիշտ, Երեւան, 1973, էջ 13)։

Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրած շարականները այնքան բազմաթիւ են, որոնց քանակը հարիւրներու կը հասնի։ Սակայն հարկ կը սեպենք անոր գործերէն մաս մը թուել. «Կանոն Անտոնի Անապատականի», «Կանոն Վերացման Սրբոյ Խաչին է Աւուրն», «Շարական Յովհաննու Ոսկեբերեանի», «Շարական Բարսղի Հայրապետի», «Կանոն Ծննդեան Յովհաննու Մկրտչի», «Կանոն Ծաղկազարդի Կիւրակէի Գալստեան Տեառն յԵրուսաղէմ», «Կանոն Մեծի Երկուշաբթին», «Կանոն Մեծի Երեքշաբթին», «Կանոն Մեծի Չորեքշաբթի» եւ այլն...։

Արդ, այս բոլորէն պիտի բաւականանք Շնորհալիին պատկանող քանի մը շարականներ բացատրել, որոնք սրտախօսիկ են եւ ճանչցուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։

«Առաւօտ Լուսոյ» երգին եւ «Աշխարհ ամենայն» երկու երգերը իրենց պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ամենէն շատ տարածուած ու ամենէն շատ սիրուած երգերն են։

«Առաւօտ Լուսոյ» երգին մէջ Ս. Ներսէս արդար Արեգակէն՝ Քրիստոսէն կը խնդրէ «առ իս լոյս ծագեա՛», եւ ողորմութեան դուռը բանալով զինք ալ դասէ հրեշտակներուն հետ։ Ապա հեղինակը ձեռքերը բարձրացնելով կ՚աղաչէ, կը պաղատի Աստուծոյ, որ Իր երկնային բարի շնորհքներն ու պարգեւները ղրկէ իրեն։

«Ձայնիւս աղաչեմ
Ձեռօքս պաղատիմ.
Ձիր Բարեաց շնորհեա՛»։

Ապա հեղինակը քրիստոնէական վարդապետութեան հիմը եւ սկզբունքը եղող բաները կը խնդրէ Աստուծմէ՝ հաւատք, յոյս, սէր.

«Հաստեա՛ հաւատով,
Հաստատեա՛ յուսով,
Հիմնեցո՛ սիրով»։

«Առաւօտ Լուսոյ»ն, իր ժողովրդական պարզութեան համար, հինէն ի վեր եղած է սիրելի, ո՛չ մէկ շարական կամ տաղ այնքան ժողովրդականութիւն չէ վայելած, որքան՝ «Առաւօտ Լուսոյ»ն։ Այս երգը երգուած է ու կ՚երգուի տակաւին թէ՛ հոգեւորականին, թէ՛ աշխարահականին կողմէ, թէ՛ գործաւորին, թէ՛ դպրոցականին կողմէ, թէ՛ ծերուկին, թէ՛ մանուկին կողմէ։

Իր ձեւով «Աշխարհ ամենայն»ը եւս նման է «Առաւօտ Լուսոյ»ին, սակայն նուազ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։ Այստեղ բանաստեղծը կը ներկայացնէ իր մոլորեալ կեանքը, յանցանքները, եւ Գրիգոր Նարեկացիի ազդեցութեամբ կոչ կ՚ընէ ամբողջ աշխարհին, որ իրեն հետ վշտակցի ու ողբայ, իսկ ինք մեղքի ցանկութեան տակ կը հառաչէ եւ ինքզինք խարազանելով, պախարակելով կը յիշէ իր մեղանչական գործերը, ըսելով.

«Գող եղէ մեղաց՝
Գտող կորստեան.
Գուբ ինձ փորեցի։       
Դաւեցի զանձն իմ,
Դաւաճանեցի.  
Դարան գործեցի»։

Ամբողջ երգի մէջ տիրող գաղափարը ողբն ու դատապարտութիւնն է ուղղուած իր անձին, որովհետեւ հեռանալով սուրբ խորհուրդէն ու երկնային լոյսէն՝ ինկած է խաւարի ու մահուան ստուերին մէջ, մարած է իր լապտերը, չարերը խաբած են զինք՝ ու հիմա իր վրայ կը ծիծաղին։ Եւ այս վիճակին մէջ.

«Չարաչար վշտօք
Չարչարի անձն իմ,
Չունիմ դադարումն»։

Երկու երգերը երբ բաղդատենք՝ կը տեսնենք, որ «Առաւօտ Լուսոյ»ն մեղքի նկարագրումին կողքին յոյսը ներկայ է, մինչ «Աշխարհ ամենայնի» երգին մէջ լոյս չկայ, այլ՝ ինքնաքննադատութիւնն է։ Միով բանիւ, առաջին երգը գրուած է խոր լաւատեսութեամբ, մինչ երկրորդը՝ յուսահատ ողբերգութեամբ։

Արեւագալի ծանօթ երգերը, որոնք դարձեալ կը վայելեն ժողովրդականութիւն եւ սէր, իրենց արտայայչական ձեւերով կը տարբերին սովորական շարականներէն եւ կը հանդիսանան հեռաւոր արձագանգն ու արտայայտութիւնը հայ հեթանոսական շրջանի կրօնական կեանքին։

Պարսից արեգակի եւ լոյսի աստուած՝ Միթրայի (Միհրի) կրօնը, վստահաբար որոշ չափով ազդած է նաեւ մեր հոգեւոր բանաստեղծութեան եւ նպաստած է Լոյսին եւ Արեւին նուիրուած երգերու զարգացման։ Լոյսի պաշտամունքը եւ փառաբանանքը ուժեղ եղած է Հայաստանի մէջ, ո՛չ միայն հեթանոսական հին դարերուն, այլ նոյնիսկ՝ Շնորհալի հայրապետին ժամանակ եւ անկէ ետք։ Քրիստոնէութեան մէջ լոյսի եւ խաւարի հին կռիւը նորոգուելով՝ իմանալի կամ գիտութեան լոյսը կը պայքարի անգիտութեան կամ կռապաշտութեան խաւարին դէմ։

Ս. Ներսէս, իմանալի լոյսին պապակով տարուած, հոգիով վերանալով դէպի Լոյսի աշխարհը՝ կը դիմէ Լոյսի Արարիչին՝ Աստուծոյ, որ իր հոգիին մէջ իմանալի լոյսը ծագեցնէ.

«Լո՜յս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս,
Բնակեալդ ի լոյս անմատոյց հայր երկնաւոր։
Ի դասուց լուսեղինացն օրհնեալ,
Ի ծագել լուսոյ արաւօտուս՝
Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»։

Շարականներու մէջ Քրիստոս մեզի կը ներկայանայ որպէս «իշխան մահու եւ կենաց», որմէ դժոխքը դողալով կը սարսափի, մահուան իշխանութիւնը կը խափանուի։ Քրիստոս ո՛չ միայն լոյս եւ կեանք է, այլեւ՝ «հուրն Աստուած», որ իջնելով երկրի խորքը՝ կ՚այրէ մահուան դռները, եւ այնտեղ փակուածներն ու կապուածները ազատ կ՚արձակէ, այդպիսով կոտրած, ջախջախած ըլլալով չարին գլուխը։     

Բաց աստի, եթէ Քրիստոս Լոյս էր եւ արեգակ, ապա բնականաբար Իր մայրն ալ՝ Ս. Կոյսը պիտի նկարագրուէր որպէս «Մայր Լուսոյ, լոյս ի լուսոյ, արեւելք գերարփին, առաւօտ խաղաղութեան, արուսեակ զուարթաբեր, սիւն լուսոյ, տաճար լուսոյ, նոր խորան արեգական, նոր տաճար՝ անճառ լուսոյն, մարգարիտ լուսափայլ, անվայրափակ արփի, լուսաթին օթարան», ա՛յս եւ նման հարիւրաւոր մակդիրներով եւ համեմատութիւններով։

Շնորհալին հոգեւոր երգերով ստեղծեց ու գծագրեց լոյսի փառաբանման սքանչելի պատկերներ, զորս ցայսօր ունկնդրողին հոգին կը մաքրեն ու կը խաղաղեցնեն։

Ս. Ներսէս Շնորհալին նաեւ յօրինած է ազգային կամ աշխարհիկ թեմայով շարականներ, ինչպիսիք են «Յիշեսցուք»ը, «Զարթիք փառք իմ»ը, Տրդատ թագաւորին, Աշխէնին ու Խոսրովիդուխտին նուիրուած երգերը։

«Յիշեսցուք»ը եւ «Զարթիք» երգերը Շնորհալին յօրինած է Հռոմկլայի բերդի պահապան զինուորներուն համար, որպէսզի այլազգի «վայրապար» երգերու փոխարէն հայ զինուորները հայերէն երգեն։ Բերդի պահապան զինուորներու փոխարէն զինուորներու համար գրուած այդ երգերը Եկեղեցւոյ հայրերը վերցուցած են եւ զետեղած գիշերային ժամերգութեան մէջ։

Կէս գիշերին, երբ աշխարհը խոր քունի մէջ կը նիրհէր, Շնորհալին, արթուն, կը մտածէ իր ժողովուրդի վիճակը բարելաւելու մասին։ Եւ արշալոյսին հետ, որպէս կոչնակ, ձա՛յն կու տայ պահակներուն եւ մարդոց.

«Զարթի՛ք, նոր ժողովուրդք,
Նոր երգս առեալ նորոգողին. ալէլուիա»։

Ջերմ զգացումներով գրուած այս բանաստեղծութիւնը 10 տուներէ բաղկացած է, իւրաքանչիւր տուն՝ երկու տողով։ Բոլոր տուները կը սկսին «Զարթի՛ք» բառով։

Շնորհալիին կը պարտինք նաեւ հայրենասիրական այն շարականը, որ կը կոչուի՝ «Նորահրաշ պսակաւոր», նուիրուած Աւարայրի հերոսամարտին ինկած Քաջ Վարդանին ու իր քաջազուն քաջերուն։ Շնորհալիի այս շարականի առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ հեղինակը միայն Վարդանը կամ Շավարշան դաշտի մէջ նահատակուած նշանաւոր քաջ մարդիկը չէ որ կը փառաբանէ եւ կը գովերգէ, այլեւ՝ այն բոլոր հայ զինուորները, որոնք իրենց կեանքը չխնայեցին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։

Հայրենասիրական այս մարտի երգը այնքան ժողովրդականացուած է, որ ո՛չ միայն Եկեղեցիներու մէջ, այլ նաեւ Վարդանանց նուիրուած ներկայացումներու ընթացքին երգուած է ու կ՚երգուի։ Բանաստեղծութեան առաջին տունը նուիրուած է հայոց բանակի սպարապետ՝ Վարդան Մամիկոնեանին, որ գիտակից մտքով եւ հոգեկան կամաւորութեամբ քաջաբար մահուան դէմ կ՚երթայ։ Եւ թէպէտ քաջ սպարապետը հերոսական մահով իր մահկանացուն կը կնքէ, բայց այնուհետեւ թշնամին դուրս կը վանէ հայրենի երկրէն։

«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց,
Վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու,
Վարդան, քաջ նահատակ, որ վանեցեր զթշնամին,
Վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի»։

Եւ կարգով յիշելէ ետք նշանաւոր հերոսներէն Խորէնը, Արտակը, Հմայեակ Դիմաբեանը, Տաճատ Գնթունին, Վահան Գնունին, Արսէնը, Գարեգին Արուանձտեանը, վերջընթեր տունին մէջ կը գովերգէ բոլոր հայ մարտիկները՝ ըսելով.

«Րամկական խումբ հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից,
Որք ընդ նոսին նահատակեալ արիաբար պատերազմաւ,
Եւ հեղին զարիւնս իւրեանց ի նորոգումն եկեղեցւոյ,
Ընդ նոսին պսակելով ի երկնաւոր հանդիսադրէն»։

Բացի Վարդանանց շարականէն, Շնորհալին գրած է նաեւ Ղեւոնդեանց նահատակներուն նուիրուած երգեր, որոնց մէջ ներկայացուցած է համազգային մեծ հերոսներուն քաջութիւնը, անձնուրացութիւնը, կրօնասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը։

Շնորհալին գրած է նաեւ վկայաբանական շարականներ, թիւով երեք հատ, նուիրուած՝ Ս. Սարգիսին, Ս. Գէորգին եւ Սեբաստիայի Քառասնից Մանկանց Նահատակաց։ Առաջին երկու երգերը Շնորհալին վերցուցած է ասորական աղբիւրներէն՝ անսալով հաղբատցի վարդապետներու խորհուրդին։ Իսկ վերջինը Քառասնից Մանկանց Շարականը՝ վկայաբանական տուեալներ են։

ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն, Սեւ լեռներու փէշերուն յոյն եւ ասորի վանականներ կը բնակէին։ Ասորական մենաստաններէն մէկուն մէջ ասորերէն լեզուով Ս. Սարգիսի վկայաբանութիւնը կը գտնուէր։ Սանահնեցի Գէորգ Վարդապետի խնդրանքով Ներսէս Շնորհալին վերցնելով այդ վկայաբանութիւնը, հայերէնի թարգմանեց եւ երգ հիւսելով Ս. Սարգիսին՝ «Ամենասուրբ Երրորդութեան» անունով յայտնի «Օրհնութիւն»ը մէջտեղ բերաւ։

Օրմանեան Պատրիարքը խօսելով Շնորհալիի մասին՝ կ՚ըսէ. «Իբր պատմական պարագայ պէտք է յիշենք Ներսէսի վրայ երեւցած բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան ձիրքերը, զոր առատօրէն գործածեց եկեղեցական արարողութիւնները հարստացնելու եւ բարեկարգելու համար» (Օրմանեան Մ.ա Արք., Ազգապատում, Ա. Հատոր, Անթիլիաս, 2001, էջ 1401)։

***

Երկու շաբաթներու վրայ տարածուած մեր այս համեստ ուսումնասիրութիւնը ամփոփելով, կրնանք ըսել, թէ մեր շարականները երեք շրջաններու մէջ կը խմբաւորուին.

1) Սկզբնական շրջան՝ Ե. դարէն մինչեւ Ը. դար, ուր մեր շարականները մեծաւ մասամբ թիւ կ՚արտասանուէին։

2) Զարգացման շրջանը կը սկսի Է. դարէն եւ կը հասնի մինչեւ խազերու գիւտը։

3) Մենք նաեւ ունեցած ենք բարեփոխուած շարականներ, որոնք օտարամուտ էին, սակայն հայ վարպետ երաժիշտները այդ բոլորը հայացուցին եւ հայու ոգին դրին անոնց մէջ։

Շարակնոցը գրուած է զանազան ժամանակներուն, զանազան հեղինակներու կողմէ, այնպէս որ իրենց բովանդակութիւնը կը ներկայացնեն տարբեր դարերու եւ ժամանակներուն կրօնախօսական, գրական, մշակութային եւ ժողովուրդի հոգեկան վիճակները։

«Շարականի մէջ կը կարդանք եւ կ՚երգենք, կ՚ողբանք, կ՚աղօթենք, կ՚օրհնենք, կը գովենք, կը գովաբանենք, կը մեծուցանենք։ Հոգեւոր կեանքի ամբողջ արտայայտութիւնն է «Շարակնոց»ը այլազան ձեւերով եւ դրուագներով» («Լոյս», Ա. Հատոր, անդ՝ էջ 964)։

Նկատի պէտք է ունենալ, որ բացի այսօրուան մեր «Շարակնոց»ին մէջ ներմուծուած շարականներէն, նաեւ ունինք քանի մը հարիւր հաշուող պարականոն կամ անվաւեր շարականներ, որոնք մատենագրական գիրքերու կամ ձեռագիր շարականներու մէջ կը մնան։

«Շարականները կրօնական գաղափարներու կողքին միաժամանակ արտայայտեր են նաեւ մարդուն պատկերացումներն ու հասկացողութիւնները բնութեան եւ կեանքի այս կամ այն երեւոյթի մասին, հետեւաբար անոնց ազգային մշակոյթի տեսակէտներէն մէկն են եւ կապուած են հայ իրականութեան հետ» (Ներսէս Շնորհալի, անդ՝ էջ 100)։

Ս. Եփրեմ կ՚ըսէ. «Վեհ երգերը կրնան նոյնիսկ քարէ սիրտերը յուզել, լացնել։ Զգացուած երգել՝ հրեշտակներուն գործն է»։

«Եկեղեցական երգը բառին բուն նշանակութիւնով եւ իմաստով ժողովուրդին զուտ հոգու երգն է. բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներն ալ ունին եկեղեցական երգեր, որոնք հարուստին ու աղքատին, մեծին ու փոքրին մէջ առհասարակ կ՚արթնցնեն կրօնական, բարոյական, հաւատքի ու աստուածութեան, մխիթարութեան, շնորհակալութեան, սիրոյ ու երախտագիտութեան ազնիւ զգացումները, բայց մեր եկեղեցական երգերը, մանաւանդ շարականները, ո՛չ մէկին մօտ չկան. օտարներ իսկ երբ կը զարմանան անոնց վրայ, մենք ի՞նչ պիտի ըլլանք» («Լոյս», Ա. Հատոր, էջ 965)։

Դրուագով մը կը փակենք մեր այս ուսումնասիրութիւնը. քաղաքական յանցանքի կասկածներով բանտարկուած անմեղ հանճար մը, օր մը, երբ բանտին մէկ կողմը նստած միւս անկիւնէն կը լսէ իրեն վիճակակից հայ բանտարկեալի մը սրտաշարժ շարականը՝ կ՚ըսէ. «Այն սիրտը, ուրկէ այս ձայնը կ՚ելլէ՝ չի՛ կրնար չար սիրտ մը ըլլալ», որովհետեւ «չարերը երգ չունին», կ՚ըսէ Շիլլէր։

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

- Աբեղեան Մ., Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, Ա. Հատոր, Անթիլիաս, 2004։

- Աղբալեան Ն., Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան, Պէյրութ, 1970։

- Աճառեան Հ., Հայերէն Արմատական Բառարան, Գ. Հատոր, Երեւան, 1977։

- Աւետիքեան Հ. Գ., Բացատրութիւն Շարականաց, Վենետիկ, 1814։

- Դուրեան Ե. Արք., Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան, Երուսաղէմ, 1933։

- Թանգեանի Ն. Վ.Մ., Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը, 2005, Թեհրան։

- Ժամագիրք, Անթիլիաս, 1969։

- «Լոյս»՝ Եկեղեցագիտական Շաբաթաթերթ, Ա. Հատոր (1905), Անթիլիաս, 1987։

- «Լոյս»՝ Եկեղեցագիտական Շաբաթաթերթ, Բ. Հատոր (1906), Անթիլիաս, 1987։

- Կռանեան Ա. Ծ. Վրդ., Հայ Ծիսական Պաշտամունքը, Պէյրութ, 2001։

- Մալխասեանց Ս., Հայերէն Բացատրական Բառարան, Գ. Հատոր, Պէյրութ, 1983։

- Յակոբեան Գ., Ներսէս Շնորհալի, Երեւան, 1964։

- Նոր Կտակարան, Անթիլիաս, 2001։

- Պողարեան Ն. Արք., Ծիսագիտութիւն, Նիւ Եորք, 1990։

- Չէպէյեան Ղ. Արք., Ծիսական Գիտելիքներ, Անթիլիաս, 1986։

- Սարգիսեան Գ. Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, Գանատա, 2003։

- Տաթեւացի Գ., Գիրք Հարցմանց, Երուսաղէմ, 1933։

- Տնտեսեան Ե. Մ., Նկարագիր Երգոց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1933։

- Քրիստոնեայ Հայաստան՝ Հանրագիտարան, Երեւան, 2002։

- Օրմանեան Մ. Արք., «Ազգապատում», Ա. Հատոր, Անթիլիաս, 2001։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

(Վերջ)

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018