ՍՐՏԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային կեանքի մէջ սիրտը շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, քանի որ մարդուս ամբողջ կեանքը կախում ունի սիրտէն։ Այս պատճառով է որ հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտ կը դնէ սրտին վրայ՝ որ «խո՛րքն է էակին»։ Հոն է որ մարդ կը վճռէ ըլլալ՝ բարի կամ չար։ Ուրիշ խօսքով՝ սի՛րտն է, որ կը կառավարէ մարդուն կեանքը եւ կ՚որոշէ անոր ուղղութիւնը։
Արդարեւ, սիրտը բնակարանն է, ուր «Ես»ը գոյութիւն ունի, ո՛ւր «Ես»ը կը բնակի, սիրտը անձն է՝ նոյնացած անոր հետ։ Ան մարդուն թաքուն կեդրոնն է, ան կը մնայ անհասանելի թէ՛ մտքին եւ թէ ուրիշին համար. միա՛յն Աստուծոյ Հոգին կարող է հոն թափանցել, զայն խորազննել եւ ճանչնալ։
Սիրտը, այս յատկութիւններով որոշումին վա՛յրն է, թաքնուած հոն՝ մարդուն հոգեկան ձգտումներուն խորը։ Ան վա՛յրն է ճշմարտութեան, հոն ուր մարդ կեանք կամ մահ կ՚ըտրէ։ Ան հանդիպավայրն է՝ ուր Աստուծոյ պատկերին նման, մա՛րդն ալ կ՚ապրի յարաբերումի կեանքին մէջ. սիրտը վա՛յրն է ուխտին։ Արդարեւ, աղօթքի ատեն, որ մարդուն մտերիմ յարաբերութիւնն է Աստուծոյ հետ, «Հա՛յր» կանչը կու գայ սրտին խորերէն, կ՚արտայայտէ անկեղծ փարումը Հօր բարեհաճութեան։ Ուստի Յիսուսի ամբողջ աղօթքը Իր մարդու սրտին՝ Հօր կամքին խորհուրդին հետ սիրազեղ փարումին մէ՛ջն է։
Մաքուր սիրտը՝ անկեղծ, ազնիւ եւ առաքինի մարդուն ստուգանիշն է. սիրտը ամէն բարի զգացումներու աղբիւրն է, իսկ բարիին չարի վերածուած կամ փոխուած վիճակին ալ՝ ակունքը կ՚ըլլայ, երբ չար արտայայտութեան պատճառ ըլլայ։
Արդարեւ, բարի կամ չար, ամէն զգացումի ակո՛ւնքն է սիրտը։
Մարդուս իր շուրջիններուն եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան անկեղծութիւնը կախում ունի սրտին գաղտնիքները յայտնաբերող կամքէ մը, սիրտը վայրն է Աստուծոյ որոնումին եւ հանդիպումին, աղքատութեան եւ հաւատքին մէջ։ Սի՛րտն է, որ կը հաւատայ եւ կը վստահի՛։
Քանի որ Աստուած կարող է ոչինչէն ստեղծել, կարո՛ղ է նոյնպէս Սուրբ Հոգիով թէ՛ մեղաւորներուն հոգիին կեանքը տալ, անոնց մէջ ստեղծելով «մաքուր սիրտ», թէ՛ մարմինի կեանքը տալ մեռելներուն՝ Յարութեա՛մբ։
Եւ Յիսուս Աստուածորդին մարդը ճանչցաւ եւ սիրեց մարդկային սրտի միջոցով։ Մարդուն փրկութեանը համար խոցուած Սիրտը խորհրդանիշն է անհուն սիրոյն, որով Ան կը սիրէ Իր Հայրը եւ բոլոր մարդիկը անխտի՛ր։
Արդարեւ, ո՜րքան մօտ են՝ «սիրտ» եւ «սիրել», որ իրարմէ կու գան, իրարու մէջ են եւ մերձիմա՛ստ։ Եթէ մարդ կը սիրէ անկեղծութեամբ, անիկա կու գայ սիրտէն, եւ եթէ սիրտը մաքուր է եւ բարութեամբ լեցուն՝ անկէ բղխած սէրն ալ անկեղծ է, այսինքն՝ «սրտաբուղխ»։
Ուրեմն պէտք է մաքո՛ւր պահել սիրտը, որպէսզի, գլխաւորութեամբ սէրը, բոլոր զգացումները եւ անոնց արտայայտութիւնը անկեղծ ըլլան, իրական բարիին յստակ ցոլացումը ըլլան։ Ինչպէս, մաքուր աղբիւրէ մը ջինջ եւ վճիտ ջուր կը հոսի, նո՛յնպէս ալ՝ մաքուր սրտէ մը անկեղծ եւ ճշմարիտ սէր կը բղխի։ Մաքուր սի՛րտն է, որ իրական սէրը կ՚արտացոլացնէ՝ եւ միա՛յն «մաքուր սիրտ»ը։ Սիրտը ճշմարիտ գա՛նձ մըն է…։
Աստուած կեանք կու տայ մարդուն՝ անոր մէջ ստեղծելով «մաքուր սիրտ»։ Ուստի, Աստուծոյ ուրախութեան մէջ, հանգիստին մէջ մուտքը կարելի է «սուրբ սիրտ»ով. «Երանի՛ սրտով սուրբերուն, քանի որ անոնք պիտի տեսնեն Աստուած», (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Երանութիւնները մարդը դէմ յանդիման կը դնեն վճռական ընտրանքներու, որոնք կը հային երկրաւոր բարիքներուն։ Անոնք կը մաքրեն մարդուն սիրտը, որպէսզի իրեն սորվեցնեն սիրել Աստուած ամէն բանէ վեր։ Զոր օրինակ, արդարացումը, մարդը կ՚անջատէ մեղքէն, որ կը հակադրուի Աստուծոյ սիրոյն, միանգամայն անոր սիրտը կը մաքրէ մեղքէն։
Արդարեւ, սիրտը «աթոռ»ն է բարոյական անձնականութեան. «Սրտէն կը բխին չար խորհուրդները, սպանութիւնները, շնութիւնները, եւ անառակութիւնները», (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19)։ Մարմնային տենչանքներուն դէմ պայքարը կ՚անցնի սրտի մաքրազտումին եւ ժուժկալութեան գործադրութեան մէջէն։ «Սրտով սուրբ»երը անոնք են, որ իրենց իմացականութիւնը եւ կամքը կրնան ներդաշնակեցնել Աստուծոյ սրբութեան պահանջներուն հետ, գլխաւորաբար երեք մարզերու մէջ. «Եղբայրսիրութեան», «Ողջախոհութեան» կամ «Ուղղամտութեան», «Սէր ճշմարտութեան» կամ «հաւատքին Ուղղափառութեան»։
Սրտին՝ մարմինին եւ հաւատքին մաքրութեան միջեւ կապ մը գոյութիւն ունի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «Հաւատացեալները պարտին հաւատալ Հանգանակին զատ զատ մասերուն.- որպէսզի հաւատալով, հնազանդին Աստուծոյ, հնազանդելով՝ լա՛ւ ապրին, եւ լա՛ւ ապրելով՝ մաքրազտեն իրենց սիրտը, եւ մաքրազտելով իրենց սիրտը՝ հասկնան իրենց հաւատացածը»։
«Սրտով մաքուրներ»ուն խոստացուած է տեսնել Աստուած դէմ առ դէմ եւ Անոր նման ըլլալ։ Սրտի մաքրութիւնը նախապայմա՛նն է այդ տեսութեան։ Ան այսօր եւ միշտ թոյլ կու տայ մարդուն դիտել Աստուծոյ աչքերով, ընդունիլ ուրիշը իբրեւ «մերձաւոր» մը, նոյնիսկ զինք, ան թոյլ կու տայ մարդուն դիտել մարդկային մարմինը, ի՛րը եւ ուրիշինը, իբրեւ մէկ տաճարը Սուրբ Հոգիին, իբրեւ մէկ յայտնութիւնը աստուածային գեղեցկութեան։
Ողջախոհութիւնը մարդուն թոյլ կու տայ սիրել ուղիղ եւ անբաժան սրտով։
Սրտի մաքրութիւնը կը պահանջէ աղօթք, ողջախոհութիւն, դիտաւորութիւն եւ նայուածքի մաքրութիւն։ Սրտի մաքրութիւնը կը պահանջէ նաեւ ամօթխածութիւն՝ որ համբերութիւն, համեստութիւն, խոնարհութիւն եւ գաղտնապահութիւն է։ Ամօթխածութիւնը կը պահանջէ, կ՚ենթադրէ խոհականութիւն, որ կը պահպանէ անձին մտերմութիւնը։
Մարդուն սիրտը ծանրացած է եւ կարծրացա՛ծ։ Ուստի, պէտք է, որ Աստուած մարդուն «Նոր սիրտ» մը տայ։ Այս իմաստով, «հոգեփոխում»ը նախ շնորհի հետեւանք է՝ գործը Աստուծոյ շնորհքին, որ մարդուն սիրտը Իրեն կը դարձնէ. «Դարձո՛ւր մեզ, Տէր եւ պիտի դառնանք», (ՈՂԲ. Ե 21)։ Այս կերպով, Աստուած, մարդուն կու տայ «վերսկսել»ու ուժը՝ ինչ որ նորոգուելու, նոր սիրտ ունենալու առաջին քայլն է։ Աստուծոյ անհո՜ւն սիրոյն մեծութեան գիտակցելով, մարդուն սիրտը կը ցնցուի՛ մեղքին գարշումին եւ բեռին դիմաց եւ կը սկսի երկնչիլ, թէ չըլլայ, որ Աստուած իր մեղքով վշտացնէ եւ Անկէ բաժնուի։ Մարդկային սիրտը դարձի կու գայ, երբ կը դիտէ Ան, զոր մարդոց մեղքերը խոցահարեցին։ Մարդ առանց ինքզինք մեղաւոր ճանչնալու չի կրնար ճանչնալ ճշմարտութիւնը ինքն իր մասին, ի՛նչ որ պայման է ուղիղ գործելու։ Եւ եթէ «ներում» չըլլայ՝ մարդ չի կրնար հանդուրժել այս ճշմարտութեան։ Եւ «Նոր Կեանք»ը կը սկսի «Նոր Սիրտ»ով, որ կը նշանակէ ամբողջական պայծառութեամբ եւ անկեղծութեամբ յայտնել ամէն զգացում։
Արդարեւ, երանութիւնը կը համապատասխանէ երջանկութեան, ուրախութեան բաղձանքին, զոր Աստուած դրա՛ծ է մարդուն սրտին մէջ։
Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր՝ ժուժկալութեամբ, որ ո՛չ մէկ դժբախտութիւն կրնայ խախտել, ի՛նչ որ զօրութիւն է, որ կը հնազանդի միա՛յն Անոր, եւ ասիկա արդարութի՛ւնն է, որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները՝ որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն, եւ սուտէն, եւ ասիկա խոհեմութիւնն է»։ Ուրեմն, կ՚երեւի թէ՝ խոհեմութեան, արդարութեան, զօրութեան եւ ժուժկալութեան գլխաւոր առաքինութիւններու նախապայմա՛նն է «մաքուր սիրտ»ը, որմէ կը բղխի ամէն առաքինութիւն։ Եւ այս իմաստով կ՚ըսէ Առաքեալը. «Ի՛նչ որ ճշմարիտ է, ի՛նչ որ ազնիւ է, ի՛նչ որ արդար է, ի՛նչ որ մաքուր է, ի՛նչ որ սիրելի է, ի՛նչ որ պարկեշտ է, ի՛նչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ի՛նչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը», (ՓԻԼ. Դ 8)։
Սիրտը ամէն ինչ է, սիրտը կեա՛նքն իսկ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 27, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025